Armenians` հայեր բառը Դիմատետրի ընկերային ցանցին վրայ 13 ապրիլին գրաւած է աշխարհի ամէնէն հետաքրքրական 10 նիւթերու երկրորդ դիրքը` զիջելով միայն Միացեալ Նահանգներու նախագահական յաջորդ ընտրութիւններուն մասնակցելու մտադրութիւն յայտնած Հիլըրի Քլինթընի անուան:
Վերջին մէկ շաբաթուան ընթացքին Հայաստանի, հայերու եւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող որոնումները մեծապէս աւելցած են համացանցին վրայ` Քիմ Քարտաշեանի եւ ընտանիքի միւս անդամներուն Հայաստան այցելութեան եւ Վատիկանի մէջ պապին մատուցած Ս. պատարագին պատճառով:
Մետիափորձագէտ Գեղամ Վարդանեան «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ եթէ աշխարհին մէջ մեծ իրադարձութիւններ տեղի ունենան, բոլորը կը խօսին այդ մասին, նոյն չափանիշով էր նաեւ Քիմ Քարտաշեանի այցելութիւնը:
«Աշխարհը խօսում էր մի քանի թեմայի մասին: Հանրայայտ Քիմ Քարտաշեանն իր ընտանիքով Հայաստանում էր, եւ դրան զուգակցուած թեմաները` Հայաստանի մասին ընդհանրապէս. յօդուածներ էին գրում Հայաստանի տեսարժան վայրերի մասին, պատմութեան, հայերի մասին: Միւս թեման Հայոց ցեղասպանութիւնն էր, որովհետեւ ակնյայտ էր, որ Քիմ Քարտաշեանն իր այցով նաեւ այդ խնդրին մեծ ուշադրութիւն հրաւիրելու նպատակ էր հետապնդում», նշած է Վարդանեան:
Ըստ փորձագէտին` Ֆրանչիսկոս պապին յայտարարութիւնը, թէ` «Հայոց ցեղասպանութիւնը 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն էր», պատճառ դարձաւ, որ համացանցի աշխարհի մէջ հետաքրքրութիւնը աւելնայ: «Այս շաբաթուայ ընթացքում միջազգային մետիան գրեց Հայաստանի մասին այն չափաբաժնով, որով վերջին մի քանի տարիներին երեւի չէր գրել», յայտնած է փորձագէտը:
Վարդանեան նաեւ ըսած է. «Սոցիալական մետիան եթէ դիտարկենք, օրինակ` «Թուիթըր»-ը, որը որ շատ չափելի գործիք է, հետաքրքրութիւնը հսկայական էր Քարտաշեանի այցի, Ուեսթի փոքրիկ իմպրովիզացիոն համերգի նկատմամբ: «Թուիթըր»-ն ուղղակի պայթում էր այդ լուսանկարներից, տեսանիւթերից, անիմացիոն գիֆերից, եւ այդ ժամակահատուածում Հայաստանը ընդգրկուել է թրենդինգ թոփիկների մէջ», յայտնած է Վարդանեան:
«Թուիթըր»-ի մէջ «Հայաստան» բառին օգտագործումը վերջին շրջանին քիչ մը աւելցած էր Ալպանիա-Հայաստանի խաղին օրը, սակայն անիկա մեծապէս աւելցած է նախորդ շաբաթ` 8 ապրիլէն, երբ Քիմ Քարտաշեան հասաւ Հայաստան, իսկ առաւել եւս աւելցած է 12 ապրիլին` Քանյէ Ուեսթի երեւանեան համերգին եւ Վատիկանի մէջ մատուցուած Ս. պատարագին օրը:
Աշխարհահռչակ ռեփըրի համերգէն ետք «Երեւան» բառին օգտագործումը եւս մեծապէս աւելցած է: #Armenian Genocide «հեշթեք»-ը եւս «Թուիթըր»-ի վրայ 12 Ապրիլին ամէնէն աւելի օգտագործուած է: «Թուիթըր»-ի որոնումներուն մէջ անգլերէնով #Armenian Genocide «հեշթեք»-ը փնտռելով կարելի է գտնել Ցեղասպանութեան առնչուող նիւթերը, արձանագրութիւններ, Հռոմի Ֆրանսիս պապին պաշտօնական էջը, երգչուհի Շերի լուսանկար` 14 ապրիլին Ցեղասպանութեան վերաբերող արձանագրութիւն կատարելէ ետք:
«168 ժամ» իր կարգին կը գրէ, որ «Google Trends»ի տուեալներուն համաձայն` վերջին 1 շաբաթուան ընթացքին փնտռտուքի Google համակարգին մէջ «Armenia» բառի որոնումը աճած է 60 տոկոսով: Աւելի ուշագրաւ է այն, որ «Where Is Armenia» հարցումը ուղղողներուն թիւը աւելցած է 7.5 անգամ ով (650 տոկոսով): Այսինքն, 1 շաբթուան ընթացքին մեծապէս աճած է թիւը այն անձերուն, որոնք ուզած են գիտնալ Հայաստանին ո՛ւր գտնուիլը: Ասիկա կը վերաբերի Քարտաշեաններուն Հայաստան տուած այցելութեամբ, որուն պատճառով աւելցած է Հայաստանով հետաքրքրուած օտարներու թիւը: Նշենք նաեւ, որ «Kardashian Armenia» արտայայտութեան որոնման յաճախականութիւնը աւելցած է 18.5 անգամ, «Kardashian in Armenia», «Kim in Armenia» եզրերով փնտռողներուն թիւը շատ աւելի բարձրացած է:
«Քիմի էֆեկտ»-ը բաւականին լաւ երեւում է նաեւ Wikipedia օնլայն անվճար հանրագիտարանի վիճակագրութիւնից: Այսպէս` Wikipedia-ում անգլերէն լեզուով Հայաստանի էջը վերջին 1 ամսուայ ընթացքում դիտուել է օրական միջինը 5000 անգամ: Քիմը Հայաստան այցելեց ապրիլի 8-ին եւ նոյն օրը Wikipedia-ում անգլերէն լեզուով Հայաստանի էջի դիտումների քանակը հասաւ 8208-ի: Ապրիլի 9-ին թիւը հասաւ 14 հազարի, 10-ին` 15,600-ի: Ապրիլի 11-ին ցուցանիշն ընկաւ 9100-ի: Կոպիտ հաշուարկը ցոյց է տալիս, որ Քիմ Քարտաշեանի այցելութեան օրերին` նրանց շնորհիւ, Wlkipedia-ի Հայաստանի էջն ունեցել է շուրջ 35,000 լրացուցիչ այցելու: Այսինքն` այսքան մարդ ոչ միայն լսել է Հայաստանի մասին, այլեւ կոնկրէտ հետաքրքրուել` փորձելով ինքնուրոյն տեղեկութիւններ քաղել մեր երկրի մասին», կը գրէ «168 ժամ»-ը: