Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

14 Ապրիլ 1919-Նախագահ Ուիլսընի Հանդիպումը Աւետիս Ահարոնեանի Եւ Պօղոս-Նուպար Փաշայի Հետ

Ապրիլ 18, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-18-15_ՈւիլսընԱպրիլ ամսու այս օրը, 96 տարի առաջ, Փարիզի մէջ պատմական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ մէկ կողմէ ատենի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի եւ միւս կողմէ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը ներկայացնող զոյգ պատուիրակութեանց նախագահներ Աւետիս Ահարոնեանի եւ Պօղոս-Նուպար փաշայի միջեւ:

Ա. Աշխարհամարտը նոր աւարտած էր եւ Փարիզի մէջ իր աշխատանքները սկսած էր Խաղաղութեան խորհրդաժողովը, որ ամիսներու վրայ երկարեցաւ, որովհետեւ իր օրակարգին վրայ ունէր աշխարհի քաղաքական նոր քարտէսը ձեւաւորելու մեծ խնդիրը:

Յաղթական Դաշնակիցները ուղղակի «պատերազմական աւար»-ը իրենց միջեւ բաժնելու խօլ մրցապայքարի մը մէջ էին: Յատկապէս Մեծն Բրիտանիան եւ Ֆրանսան ստանձնած էին Ա. Աշխարհամարտի յաղթանակին «պտուղներ»-էն առաւելագոյնս օգտուելու եւ իրենց մեծ ու փոքր դաշնակիցներուն ալ այդ աւարէն «փշրանք»-ներ բաժին հանելու դերակատարութիւնը: Ռուսիան վերջ տուած էր իր ցարական կայսրութեան եւ ինկած էր մեծ յեղափոխութեան մը ներքին գալարումներուն մէջ` մեկուսանալով նոր աշխարհակարգի ձեւաւորման մեծապետական մրցապայքարէն: Կայսերական Գերմանիան ջախջախիչ պարտութիւն կրած էր եւ ակամայ ձեռնածալ նստած կը դիտէր ու կը սպասէր, թէ ինչպէ՛ս պիտի աւարտի համաշխարհային տարողութեամբ յառաջ ընթացող գաղթատիրութեան մրցապայքարը…

Միջազգային բեմի վրայ յայտնուած էր նոր մրցակից մըն ալ` յանձին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն, որ թէեւ ուղղակիօրէն մաս չկազմեց Ա. Աշխարհամարտի բռնկումին եւ ծաւալումին, բայց անոր աւարտի փուլին աշխուժ մասնակցութիւն բերաւ` պարէնով, զինամթերքով, մարդուժով ու տեղահաններու եւ գաղթականներու պատսպարման ու հոգատարութեան ծառայութիւններով:

Ահա այդ պայմաններուն մէջ, նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն բազմանդամ պատուիրակութեամբ մը եկած էր Փարիզ, ուր շուրջ վեց ամիս մնաց եւ մօտէն հետեւեցաւ ու մասնակից դարձաւ աշխարհի քաղաքական նոր քարտէսի ձեւաւորման տենդոտ բանակցութիւններուն:

Մեծն Բրիտանիա ու Ֆրանսա պատերազմական գողօնին իրենց միջեւ բաժանումը եւ նոր գաղթատիրութեան հաստատումը գաղափարականօրէն կը դիմայարդարէին փոքր ազգերու ազատագրման եւ բռնատիրական լուծերը ժողովրդավարական ու ազատական իշխանութիւններով փոխարինելու գրաւիչ կարգախօսներով: Միացեալ Նահանգները բնականաբար յայտնուեցան այդ կարգախօսներու դրօշակիրի յառաջապահ դիրքին վրայ: Ի վերջոյ Մ. Նահանգներու օրուան նախագահը` Վ. Ուիլսըն ինքնին ախոյեան մըն էր մարդկայնական վեհ գաղափարներու հռչակման ու պաշտպանութեան մէջ:

Փարիզի խորհրդաժողովին կարեւորագոյն օրակարգերէն մէկը, եթէ ոչ առաջնայինը, բնականաբար, փլուզուած Օսմանեան կայսրութեան աւերակներուն վրայ Արեւելքի նոր քարտէսին ձեւաւորումն էր: Եւրոպայի «Հիւանդ մարդը» ոչ եւս էր եւ Մեծն Բրիտանիա ու Ֆրանսա, Հիւսիսային Ափրիկէէն մինչեւ Միջին Արեւելք ու Փոքր Ասիայէն մինչեւ Կասպից ծով, պէտք է վերադասաւորման ենթարկէին… հին աշխարհը:

Դաշնակից ախոյեաններուն գլխաւոր շահագրգռութիւնը, անկասկած, «Սեւ ոսկի»-ի պաշարներուն վրայ սեփական տիրապետութիւնը հաստատելն էր` միաժամանակ բաւարարութիւն տալով դաշնակից, այլեւ ազդեցիկ ուժերու ախորժակներուն, ինչպիսին էր մանաւանդ հրէական օճախի մը ստեղծման պահանջով սիոնականութեան եւ մասոնականութեան աշխուժացումը:

Բայց ո՛վ աւելի իրաւացիօրէն, եթէ ոչ հայ ժողովուրդը ինք ամէն հիմք ունէր ինքնավստահութեամբ իրաւատէր ու պահանջատէր ներկայանալու յաղթական Դաշնակիցներուն: Փաստօրէն թէ՛ ռուս-թրքական ռազմաճակատի ամբողջ երկայնքին, թէ՛ Միջին Արեւելքի ռազմաճակատներուն վրայ, հայ կամաւորական գունդերով եւ Արեւելեան լեգէոնի հայկական ստորաբաժինով` մեր ժողովուրդը քաջաբար կռուած էր Դաշնակիցներու կողքին եւ եկած էր ժամը քաղելու «Փոքր դաշնակից»-ի իր մեծ զոհաբերութեան արդարացի պտուղները:

Պատմաքաղաքական զարգացումներու այս խճանկարին մէջ կը տեղաւորուի 14 ապրիլ 1919-ին կայացած Աւետիս Ահարոնեանի եւ Պօղոս-Նուպար փաշայի միացեալ ու բախտորոշ հանդիպումը նախագահ Ուիլսընի հետ:

Ահարոնեան կը գլխաւորէր նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, իսկ Պօղոս-Նուպար` Արեւմտահայոց համագումարին կողմէ կեանքի կոչուած Ազգային պատուիրակութիւնը:

Շատ գրուած է եւ վէճերով խճճուած ամբողջ թղթածրար մը գոյութիւն ունի Հայկական հարցը զոյգ պատուիրակութիւններով աշխարհին ներկայացնելու պատմական այս նախադէպին մասին: Նաեւ զոյգ պատուիրակութիւնները իրենք անհարկի եւ ծանրակշիռ իւղ թափած են ազգային երկպառակութեան ինքնին թէժ կրակին վրայ: Պօղոս-Նուպար, իր կողքին ունենալով Անդրանիկը, շարունակ յամառեցաւ «Արարատեան Հանրապետութիւն» կոչել Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ մերժեց ճանչնալ ամբողջ հայ ժողովուրդը ներկայացնելու անոր բնական իրաւունքը: Մինչ Թիֆլիսի Ազգային խորհուրդի արեւելահայ մտածողութեան դրօշակիրն ու պատգամաբերը` Աւետիս Ահարոնեան, բնաւ չհաշտուեցաւ արեւմտահայ մտածողութեան այն պնդումին հետ, որուն համաձայն, «ծովէ ծով» Հայաստանի ստեղծումն էր նախապայմանը Հայկական հարցի իրա՛ւ լուծումին:

Բայց յանուն պատմական ճշմարտութեան, պէտք է ընդգծել, որ ներքին այդ բոլոր տարակարծութիւններով հանդերձ, զոյգ պատուիրակութիւններն ու անոնց ետին կանգնած հայկական ուժերը, պատմական այդ բախտորոշ շրջանին կրցան համակարգել իրենց ուժերը եւ գործակցաբար ներկայանալ աշխարհի ճակատագիրը վճռող ուժերուն` դրսեւորելով պետական մտածողութեան անհրաժեշտ մակարդակը, որ մեծապէս ուսանելի կը մնայ հայ քաղաքական մտքի առաջնորդներուն համար նաեւ մեր օրերուն:

Փաստօրէն նախագահ Ուիլսընի հետ Պօղոս-Նուպարի եւ Աւետիս Ահարոնեանի միացեալ հանդիպումը լաւագոյն վկայութիւնը կը հանդիսանայ համակարգուած գործելու եւ զիրար լրացնելու պետական հասունութեան:

Հայ ժողովուրդի զոյգ պատուիրակութեանց նախագահները նախապէս` 26 փետրուար 1919-ին, Փարիզի խորհրդաժողովի պաշտօնական նիստին ունեցած էին առանձին ելոյթներ եւ ներկայացուցած էին իրենց պատուիրակութեան անջատ պահանջները: Ահարոնեանի ելոյթը կը պահանջէր Հայաստանի Հանրապետութեան ընդարձակումը դէպի Տրապիզոնի եւ Կարնոյ նահանգները` անցնելով Վանի եւ Պիթլիսի նահանգներէն, որպէսզի հայ ժողովուրդը ելք ունենար Սեւ ծովու վրայ: Իսկ Պօղոս-Նուպար պահանջած էր Կիլիկիոյ մէջ ստեղծումը Հայկական օճախի, որ պիտի դրուէր Հայաստանի Հանրապետութեան հոգատարութեան տակ:

Պօղոս-Նուպար փաշա
Պօղոս-Նուպար փաշա
Աւետիս Ահարոնեան
Աւետիս Ահարոնեան

Զոյգ պատուիրակութեանց առաջադրած լուծումներուն նկատմամբ յաղթական մեծ դաշնակիցներէն իւրաքանչիւրը անշուշտ ունէր իր ուրոյն դիրքորոշումը: Այդ պատճառով ալ յատկապէս Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի ուղղութեամբ դիւանագիտական աշխուժ գործունէութիւն ծաւալեցին հայոց զոյգ պատուիրակութիւնները, որպէսզի մեծապետական սակարկութեանց խոհանոցին զոհ չերթայ հայկական իրաւունքին վերականգնումը: Իսկ Մ. Նահանգներու նախագահին հետ հանդիպումը յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէր, որովհետեւ խորհրդաժողովը սկզբունքային համաձայնութիւն գոյացուցած էր արդէն իրաւարարի դերը վստահելու Վուտրօ Ուիլսընին:

Պատմական փաստաթուղթերը, պետական արխիւները եւ մասնակիցներու յուշերը կը հաստատեն, որ նախագահ Ուիլսըն ամբողջական համակրանքով ու համաձայնութեամբ ընդառաջեց թէ՛ Ահարոնեանի, թէ՛ Պօղոս-Նուպարի առաջարկած Հայկական հարցի լուծման տարազներուն: Խոստացաւ այդ հիման վրայ կատարել իր իրաւարարութիւնը, որուն պսակումը եղան թէ՛ Կիլիկիոյ մէջ հայկական օճախի ստեղծման գաղափարին որդեգրումը, թէ՛ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կատարուած պետական սահմաններու միջազգային միակ փաստաթուղթին մշակումը, որ յայտնի դարձաւ «Ուիլսընեան սահմաններ» անունով:

92 տարիներ անցած են ապրիլ 1919-ի այդ պատմական հանդիպումէն ասդին: Թէեւ հանդիպումը արդիւնաւորուեցաւ եւ Սեւրի դաշնագիրը ստորագրուեցաւ, բայց չգործադրուեցաւ, որովհետեւ պատմութիւնը բոլորովին տարբեր հոլովոյթ արձանագրեց եւ Սեւրի դաշնագիրը… մնաց սոսկ միջազգային իրաւաթուղթ մը:

Տեղը չէ քննելու, թէ ինչո՛ւ Հայկական հարցը իրողապէս չգտաւ իր քաղաքական արդար լուծումը:

Այսուհանդերձ, յուշատետրի այսօրուան էջը տեղն է անպայման յիշեցնելու եւ շեշտելու, որ իր ներքին բոլոր տարակարծութիւններով հանդերձ, հայ քաղաքական միտքը ի վիճակի եղաւ, այդպէս ալ է նաեւ այսօր, համակարգուած ու միացեալ մօտեցումով ներկայանալու աշխարհին` պահանջատէր կանգնելով հայոց ազգային իրաւունքներուն եւ արդարութեան:

Ն.

 

Նախորդը

Հալէպի Խոնարհներէն. Անխօս Նուիրեալը` Թաուիլ Եուսուֆ

Յաջորդը

Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակ Հայասպանութեան «Մոխիրներն Ու Արիւնը»

RelatedPosts

«Նախ Ձեր Սիրտերը Նետեցէք…»
Անդրադարձ

«Նախ Ձեր Սիրտերը Նետեցէք…»

Մարտ 25, 2023
Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)
Անդրադարձ

Մեր Եկեղեցին Եւ Ազգային Սահմանադրութիւնը (Վաւերացման 160-Ամեակին Առիթով) Գ. Մաս

Մարտ 25, 2023
Մեծ Պահքի Կիրակիներ.  Գալստեան Կիրակի Եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն Ի Վիրապ
Անդրադարձ

Մեծ Պահքի Կիրակիներ. Գալստեան Կիրակի Եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն Ի Վիրապ

Մարտ 25, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In