Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Փարիզ
«Սիփան-Կոմիտաս» Երգչախումբին
Առաջին Ելոյթը
Մարտ 14-ին, Փարիզի հարաւարեւմտեան արուարձաններէն` Սեւրի Սեն Ռոմեն եկեղեցւոյ մէջ ելոյթ ունեցաւ ութսունամեայ վարկ ունեցող «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբը, մօտ 70 անդամներով, խմբավարութեամբ Հայկ Սարգիսեանի: Երգահանդէսը նուիրուած էր Ցեղասպանութեան 100-ամեակին:
Խումբի անդամ եւ նախագահ Գաբրիէլ Քեփեքլեան իր բացման խօսքին մէջ նշեց, թէ 100 տարի առաջ` ապրիլ 24-ին, երբ թրքական կառավարութիւնը ձերբակալեց հայ մտաւորականները, անոնց մէջ կը գտնուէր համբաւաւոր երաժշտագէտ Կոմիտաս վարդապետը, որ հազուագիւտ փրկուողներէն եղաւ, սակայն հետագային հոգեկան խանգարումի պատճառով Փարիզ փոխադրուեցաւ, ուր մահացաւ 1935-ին:
Այդ թուականէն տասը տարի վերջ, իր սաներէն մին` Նշան Սերգոյեան, կրկին Փարիզի մէջ հոգեւոր երգերու խումբ մը հիմնելով` զայն կոչեց «Կոմիտաս», եւ «Սիփան» անունով այլ երգչախումբի մը միացումով ծնունդ առաւ «Սիփան-Կոմիտաս»-ը:
Երգահանդէսին առաջին բաժինը նուիրուած էր Կոմիտասի ստեղծագործութիւններուն: Երկրորդ մասով ներկայացուեցաւ տոհմիկ եւ հայրենասիրական երգերու փունջ մը:
Լոնտոն
Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութեան
«Հայ Համայնքներու Կրթամշակութային Հիմնահարցերու
Լուծման Աջակցութիւն» Ծրագիրի Շրջագիծին Մէջ
Վերապատրաստուեցաւ Լոնտոնի Հայկական Դպրոցներու 39 Ուսուցիչ
Հայաստանի սփտւռքի նախարարութեան «Հայ համայնքներու կրթամշակութային հիմնահարցերու լուծման աջակցութիւն» 2014-2015 ծրագիրի շրջագիծին մէջ 13-22 մարտին Լոնտոնի Գէորգ Թահթայեան կիրակնօրեայ եւ Հայկական շաբաթօրեայ դպրոցներուն մէջ տեղի ունեցաւ վերապատրաստման դասընթացք` կատարողութեամբ հայերէնի ուսուցչուհի Աստղիկ Բալայեանի:
Վերապատրաստման դասընթացքներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 39 ուսուցիչներ եւ կրթական յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ: Դասընթացքներուն նպատակն էր աշակերտներու գրաճանաչութեան գործին արդիւնաւէտ կազմակերպման, կարդալու կարողութեան զարգացման ժանանակակից մօտեցումներուն, խօսքի զարգացման աշխատանքներու, ինչպէս նաեւ գրաւոր խօսքի կատարելագործման արդիւնաւէտ միջոցներու առանձնայատկութիւններուն:
Աստղիկ Բալայեան ծանօթացաւ դպրոցներու առօրեային, մասնակցեցաւ ուսումնական աշխատանքներուն, եւ զրուցեց աշակերտներուն եւ անոնց ծնողներուն հետ:
Ան դպրոցներուն յանձնեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նուէրները եւ կոչ ուղղեց աւելի գործօն մասնակցութիւն բերելու հայրենիք-սփիւռք կապերու մօտեցման եւ հայրենիքը ճանչնալու առումով կազմակերպուած ծրագիրներուն եւ ձեռնարկներուն:
Ան հաստատեց, որ Լոնտոնի հայկական դպրոցներու հիմնական դժուարութիւնները կապուած են ուսումնական սեփական տարածքի բացակայութեան հետ. ուսուցիչները ստիպուած են իւրաքանչիւր ուսումնական օր իրենց ուսումնական նիւթերը տեղափոխել մէկ հաստատութենէն միւսը: Նկատելի են նաեւ աշակերտներու թիւի պակասը, որովհետեւ ընտանիքներուն մէջ հետզհետէ կը նուազի հայերէնի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը:
Գ. Թահթայեան կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէն Ռուզաննա Թաթուլեան եւ Հայկական շաբաթօրեայ դպրոցի տնօրէն Ռամելա Ղազարեան շնորհակալական նամակ յղեցին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան` ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիրի կազմակերպման համար, նշելով, որ Ա. Բալայեանը ուսուցիչներուն փոխանցեց անհրաժեշտ վերապատրաստման նիւթեր եւ իր աշխատանքով մեծ խանդավառութեամբ համակեց ուսուցիչներն ու աշակերտները:
Տնօրէնները նաեւ յոյս յայտնեցին, որ նման ծրագիրներ ունենան շարունակական բնոյթ:
Միացեալ Նահանգներ
Ազգ. Ռոզ Եւ Ալեք Փիլիպոս Վարժարանի
Հիմնադրութեան 45-Ամեակի Նշում
Վերջերս Հոլիվուտի «Տաղլեան» սրահին մէջ նշուեցաւ Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի հիմնադրութեան 45-ամեակը:
Այս առիթով վարժարանի տնօրէնութիւնը յուշանուէրներ յանձնեց վարժարանի հիմնադիր սերունդի անդամներուն եւ նախկին տնօրէններուն:
Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց վարժարանին տնօրէնութիւնը, դաստիարակներն ու զօրակից մարմինները: Ան վեր առաւ տեսիլք ունեցող հիմնադիր ազգայիններուն դերը, որոնք աւելի քան 45 տարիներ առաջ հեռատեսութիւնը ունեցան հայկական ուսումնարանի մը հաստատման, իսկ յաջորդող տասնամեակներուն, տնօրէններ, դաստիարակներ եւ Հայ Դպրոցի նուիրեալներ ու բարերարներ վարժարանը առաջնորդեցին նոր զարգացումներու: Ան բարձր գնահատեց սկսուած գործը այսօր աննահանջ կերպով շարունակողները եւ մաղթեց, որ հաւատքի ջահը, յոյսի լոյսն ու սիրոյ կրակը անմար մնան այս վարժարանին յարկին տակ, որպէսզի անիկա շարունակէ մնալ հայ հոգիի ամրոց մը:
Համազգայինի Շրջանային Ժողովը
Նոր Ղեկավար Մարմին Կ՛ընտրէ
Մարտ 22-ին Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը գումարեց իր 20-րդ Շրջանային ժողովը, Կլենտէյլի նստավայրին մէջ:
Ժողովին ընթացքին ներկայացուեցան մասնաճիւղերու եւ Շրջանային վարչութեան գործունէութեան տեղեկագիրները: Արծարծուեցան համազգայնական մտահոգութիւններ` կազմակերպչական կեանքի, կանոնագիրի, Համազգայինի կրթական եւ հայ մշակոյթի որակի ապահովման ու բարձրացման տեսակէտներէն:
Ժողովը օրակարգի քննարկման վերջաւորութեան ընտրեց յառաջիկայ երկու տարուան գործունէութեան համար նոր Շրջանային վարչութեան կազմը: Վարչութեան անդամ ընտրուեցան` Անիթա Հաւաթեան, Նարկիզ Մուրիեան, Սեդա Գոնեալեան-Ֆրունճեան, Մարալ Զաքարեան, Մակի Իսթիլեան-Ճարլըքեան, Մանուկ Չուխաճեան, Ռոժէ Խատարեան, Րաֆֆի Հարպոյեան, Արա Քէօրօղլեան:
Ժողովի աւարտին խօսք առաւ ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վիգէն Եագուպեան, որ բարձր գնահատեց Համազգայինին վերջին շրջանին արձանագրած վերելքը` նկատի ունենալով կարգ մը իրագործումներ, ինչպէս` թատերական փառատօնի այնքա՛ն ծաւալուն եւ ծախսալից հսկայական աշխատանքը` իրերայաջորդ երկու տարիներուն, կամ երիտասարդ ուժերու ներգրաւումը որոշ շրջաններէ ներս, միաժամանակ վերահաստատելով իր ակնկալութիւնները` Համազգայինի գործունէութեան վերանորոգման, զայն ժամանակակից սերունդի հետաքրքրութիւններուն պատշաճեցման եւ արդիականացման անժամանցելիութեան ի խնդիր:
ՀՅԴ «Ահարոնեան» Կոմիտէութիւնը Նշեց
Իր Հիմնադրուեթեան 40-Ամեակը
Վերջերս նշուեցաւ ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէութեան հիմնադրութեան 40-ամեակը: Օրուան հանդիսավար Հուրիկ Ֆուռնուզեան իր բարի գալուստի խօսքին մէջ անդրադարձաւ ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէին տարած հայանպաստ ու ազգաշէն աշխատանքներուն ի նպաստ հայ ժողովուրդի գոյատեւման:
Կլենտէյլի Հայ դատի յանձնախումբի անունով Տիգրանա Զաքարեան առաջին հերթին կարեւոր նկատեց Հայ դատի աշխատանքները, ապա կեդրոնացաւ ընտրական աշխատանքներու փուլին` ներկայացնելով հայ դատի զօրակցած թեկնածուներուն եւ գնահատեց ներկայութիւնը քաղաքապետարանի անդամներուն:
Կոմիտէին անունով Յարութ Յովասափեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ գաղութին մէջ կոմիտէին տարած յոյժ կարեւոր աշխատանքին:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որմէ ետք տեսաերիզի ցուցադրութեամբ ներկայացուեցաւ ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէին, ինչպէս նաեւ յարակից միութիւններուն ու կառոյցներուն 40 տարիներու վրայ երկարող աշխատանքներուն պատկերը, որուն ընդմէջէն յատուկ յիշատակութեան արժանացան չորս աւագ ընկերներ` Լուսին Մելիքեան, Անդրանիկ Պետրոսեան, Արա Մարտիրոսեան եւ Արիս Մուրատեան, որոնք կոմիտէութեան հիմնադրութեան առաջին օրէն իսկ անդամակցած են «Ահարոնեան»-ի շարքերուն: Ապա անոնց յանձնուեցաւ յուշանուէր մը, նաեւ` ոսկեայ զինանշան զարդասեղ մը:
Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Եւ
Համազգայինի Կազմակերպած` Հրանդ Մարգարեանի
100-Ամեակին Նուիրած Գիրքին Շնորհահանդէսը
Նիւ Եորքի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտգ Հրանդ Մարգարեանի «Մեծ եղեռնին նահատակուած 13 գրողներուն 1915-1922- ծաղկաքաղ» անգլերէնի թարգմանուած գիրքին շնորահահանդէսը:
Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ հովիւ Մեսրոպ քահանայ Լագիսեան Սուրբ Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ եւ Համազգայինի Նիւ Եորքի մասնաճիւղին անունով ողջունեց ներկաները` դիտել տալով, որ ասիկա Նիւ Եորքի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն առաջինն է:
Օրուան հանդիսավար Զարմինէ Պօղոսեանը իր բացման խօսքին մէջ ձեռնարկը «տօնակատարութիւն» նկատեց, որովհետեւ, ըստ անոր, սգահանդէսը մեր մեծ մայրերուն աղիողորմ արցունքներն էին, որոնց մէջ տակաւին կը կրէին իրենց որբութեան զգացումները: «Բայց այսօր ցնծութեան օր է, ուրախութեան օր է, որովհետեւ 100- տարի ետք մեր նահատակներուն տողերն են, որոնք կը թարգմանուին եւ կը հասնին բոլոր անոնց, որոնք բախտաւորութիւնը չունին հայերէն կարդալու եւ հասկնալու», շեշտեց ան:
Ան նաեւ նշեց, թէ դոկտ. Մարգարեանի այս խիզախ քայլով 13 մտաւորականներու, ոմանց անունները անծանօթ էին, գործերու թարգմանութիւնը իրականութիւն դարձուց ժողովուրդին եւ հանրութեան: «Թարգմանութիւնները կատարուած են գեղեցիկ տողերով, որոնց աղբիւրն է մեր նահատակներու հոգին եւ սիրտը», աւելցուց ան:
Հանդիսութեան ընթացքին օրուան հանդիսավարը կարդաց երեք գնահատական եւ շնորհաւորական նամակներ, որոնք ուղղուած էին դոկտ. Մարգարեանին:
Առաջին նամակը Համազգայնի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ էր կազմը կը շնորհաւորէր գիրքին հրատարակութիւնը` նշելով, որ «Մարգարեանին աշխատանքը միաժամանակ կը ծառայէ հայ մշակոյթին եւ գրականութեան համաշխարհային ծանօթութեան». երկրորդ նամակը յղուած էր Համազգայնի Հայաստանի գրասենեակէն: «Եղեռնազարդ մեր գրողներու ստեղծագործական թարգմանական այս ժողովածուն կու գայ լրացնելու համար մեր վաւերական մշակութային արժէքները»: Իսկ երրորդ նամակը տեսերիզի միջոցով ուղղարկուած էր սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի կողմէն:
Յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան չորս երիտասարդներ,որոնք անգլերէնով կարդացին գիրքէն որոշ հատուածներ :
Գիրքը համապարփակ բացատրութիւններով եւ վերլուծումներով սահիկներու ցուցադրութեամբ` ներկայացուց Մարգարեան, որմէ ետք խօսք առաւ գրագէտ Արամ Հայկազի դուստրը` Այիրիս Չեքենեանը, «Մերձաւոր Միջին Արեւելքի» կազմակերպութեան նախագահ` Շանթ Մարտիրոսեանն ու Հայաստանի դեսպան Զոհրապ Մնացականեանը, ինչպէս նաեւ` բժիշկ Ճորճ Տէր Մսխեանն ու Անուշաւան եպս. Դանիէլեանը, որոնք ջերմ գնահատանքի խօսքերով արժեւորեցին Մարգարեանին կատարած թարգմանութեան աշխատանքը:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Նիւ Եորքի Համազգայնի վարչութեան անունով` Աւօ Հաճեանի շնորհաւորանքի խօսքով:
Աւստրալիա
Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի
Առաջին Գեղարուեստական Ելոյթը
Հովանաւորութեամբ Աւստրալիոյ թեմի առաջնորդ Հայկազուն եպս. Նաճարեանի, կազմակերպութեամբ Հարիւրամեակի ոգեկոչման պատմամշակութային յանձնախումբին, 14 մարտին, Չացուուտի Քոնքորսի համոյթներու սրահին մէջ, ներկայութեամբ շուրջ 600 հայ հանդիսատեսներու տեղի ունեցաւ պատմամշակութային գեղարուեստական երեկոյ` նուիրուած` Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, նիւթ ունենալով Հայոց պատմութեան վերջին 100 տարիները, ներկայացուած` երգով, պարով, ասմունքով, տեսերիզներով, նուագով եւ ընթերցումներով:
Բացման խօսքէն ետք ներկայացուեցաւ փոքր տեսանիւթ` մոնկոլ-թաթարական արշաւանքներուն մասին տալով ենթահողը Օսմանեան կայսրութեան հիմնումին եւ Բիւզանդական կայսրութեան քանդումին: Յաջորդաբար կատարուեցան պատմական ներկայացումներ համապատասխան պաստառի վրայ սփռուած տեսանիւթերով Երիտասարդ թուրքերու, հայ ազատագրական պայքարի, Եղեռնի, Հայ դատի միջազգայնացման, Սարդարապատի, առաջին հանրապետութեան հիմնումին, խորհրդային շրջանին, ղարաբաղեան պայքարին, Հայաստանի անկախութեան եւ երրորդ հանրապետութեան ստեղծման եւ սփիւռքի ու հայրենիքի զարգացման ու գօտեպնդման մասին: Ապա ելոյթ ունեցան Սիտնիի մէջ գործող հայկական պարախումբերը, եւ ներկայացուեցան` երգեր, ասմունքներ եւ նուագներ:
Թեմի առաջնորդը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ապրիլ 23-ին տեղի ունենալիք 1.5 միլիոն նահատակներու սրբադասման: Ան նկատել տուաւ, որ մեր հողը կորսնցուցած ենք, բայց հաւատք ունինք եւ զայն պայքարի պիտի վերածենք, որովհետեւ մեզի համար պատերազմը չէ վերջացած: Ան հաստատեց, որ իւրաքանչիւր ընտանիք մէկական ամրոց է, եւ եթէ լեզուն, կրօնն ու մշակոյթը պահպանէ, այն ատեն պատերազմը կը շահինք եւ կրնանք գոյատեւել:
Արժանթինի Արտաքին Գործոց Նախկին Նախարար
Խորխէ Տայանա Պարգեւատրուեցաւ
«Մխիթար Գօշ» Մետալով
Արժանթինի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մէջ ունեցած մեծ ներդրումին համար Արժանթինի արտաքին գործոց նախկին նախարար Խորխէ Տայանա Հայաստանի նախագահի որոշումով պարգեւատրուեցաւ «Մխիթար Գօշ» մետալով:
Մետալը Տայանային յանձնեց Արժանթինի մէջ Հաաստանի դեսպան Ալեքսան Յարութիւնեան: Արժանթինի արտաքին գործոց նախկին նախարարը յայտնեց, որ զգացուած է նման պատիւի համար եւ իր որոշումներուն մէջ եղած է անկեղծ` առաջնորդուելով մարդասիրական մղումներով:
Ան նշեց նաեւ, որ իրեն համար շատ կարեւոր է նման պարգեւի արժանանալը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին: Արժանթինի մէջ Հայկական մշակութային կեդրոնի նախագահ Ուկօ Գույումճեան կարեւոր համարեց այն հանգամանքը, որ Տայանա որեւէ ձեւով տեղի չտուաւ թրքական ճնշումներուն դիմաց եւ իր առաքելութիւնը շարունակեց մինչեւ վերջ: