Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Այբ Թու Զէտ» Ակադեմիոյ Շրջանաւարտներու Վկայականաբաշխումն Ու Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած «Գունաւոր Առաջին Տասնամեակ» Խորագրեալ Ցուցահանդէս

April 17, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-17-15_PUBLIC-1Հովանաւորութեամբ հռչակաւոր քանդակագործ, նկարիչ եւ բանաստեղծ Ռուտի Ռահմէի, գործակցութեամբ Հայոց

Վաչէ Նաճարեան
Վաչէ Նաճարեան

ցեղասպանութեան  100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին եւ կազմակերպութեամբ «Այբ Թու Զէտ» ակադեմիոյ, ուրբաթ, 10 ապրիլ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ «Գունաւոր առաջին տասնամեակ» խորագրեալ  ցուցահանդէսին բացումը, Ժէլ էլ Տիպի «Սիւրֆաս լիպր» սրահին մէջ:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնականա մարմինին խօսքը փոխանցեց Վաչէ Նաճարեան, որ լուսարձակի տակ առաւ արուեստին կարեւորութիւնը` իբրեւ հիմք մշակոյթի եւ մարդկայնութեան: Ան դիտել տուաւ, որ 100 տարի առաջ ոճրագործ թուրքը այս պատկերին հակառակը բեմադրեց, երբ կոտորեց ազգ մը ամբողջ` փորձելով ոչնչացնել զայն ու անոր մշակոյթը: Բայց եւ այնպէս հայութիւնը վերապրեցաւ, կազմակերպեց մեծաթիւ նախաձեռութիւններ եւ մշակութային ձեռնարկներ, որոնց կարգին այս ցուցահանդէսը, ըսաւ Վ. Նաճարեան` աւելցնելով, որ այդ բոլորը փաստ են հայութեան վճռականութեան եւ այն իրողութեան, որ հայութիւնը կարողութիւն ունի միջազգային մշակոյթ ստեղծելու եւ տաղանդը ունեցող ժողովուրդ է:

Վաչէ Նաճարեան խօսեցաւ «Այբ թու զէտ» արուեստի ակադեմիոյ կարեւոր ու շնորհակալ առաքելութեան մասին` հաստատելով, որ տարուած գործունէութիւնը մարմնաւորումն է Ցեղասպանութենէն ճողոպրածներու թոռներուն կամքին` կառչելու գեղեցիկին, վսեմին եւ մարդկային վեհ արժէքներւոն:

Աւարտին ան ողջունեց ուսուցիչ Մարալ Փանոսեանը` շնորհակալութիւն յայտնելով տարուած արդիւնաւէտ ու կարեւոր աշխատանքին համար:

Ռուտի Ռահմէ
Ռուտի Ռահմէ
Ժիրայր եւ Մարալ Փանոսեաններ՝ Ռուտի Ռահմէի հետ
Ժիրայր եւ Մարալ Փանոսեաններ՝ Ռուտի Ռահմէի հետ

Օրուան հովանաւորը` հռչակաւոր քանդակագործ, նկարիչ եւ բանաստեղծ Ռուտի Ռահմէն փոխանցեց իր սիրտի խօսքը: Ան անդրադարձաւ 1915-էն` Մեծ Եղեռնէն վերապրած հայերուն, որոնք հասան Լիբանան` դառնալով անբաժան մաս մը Լիբանանի ընկերութեան: Ռահմէ նաեւ շեշտեց կարեւոր դերակատարութիւնը լիբանանահայուն, որ միշտ ալ դերակատարութիւն ունեցած է  լիբանանեան մշակոյթը մշակելուն եւ տարածելուն մէջ: Ան տպաւորիչ ասմունքով փակեց իր խօսքը:

Ապա տեղի ունեցաւ երկու մրցանակներու յանձնում` «Այբ թու զէտ» ակադեմիոյ տնօրէնութեան կողմէն ակադեմիոյ երեք լաւագոյն աշակերտներու: Առաջին մրցանակը, որ նուիրուած էր 100-ամեակին, ստացաւ Սիլվիա Սէրայտարեանը, երկրորդ մրցանակը, որ նուիրուած էր Փայլակ եւ Աստղիկ Փանոսեաններուն կողմէ, ստացան Մարիա Գասպարեանն ու Քարլա Ապի Զէյտ:

«Այբ թու զէտ» ակադեմիոյ տնօրէնութեան խօսքը փոխանցեց Մարալ Փանոսեան: Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, որոնք ոչ մէկ ճիգ խնայեցին սոյն հանդիսութիւնը յաջողցնելու համար: «Մենք ամբողջացուցինք մեր ճանապարհի առաջին վտանգաւոր հանգրուանը` ունենալով տասը գունաւոր տարիներ: Այսօր Լիբանանի արուեստասէր հանրութեան այս ցուցահանդէսով կը ներկայացնենք մեր ակադեմիոյ երրորդ շրջանաւարտ հունձքը, որ կը բաղկանայ 21 տաղանդաւոր  շրջանաւարտներէ»: Ան բախտաւոր նկատեց ինքզինք, որ կրցած է Ժիրայր Փանոսեանի  հետ գործակցաբար  ի յայտ բերել 21 տաղանդաւոր շրջանաւարտներու գործերը` զանոնք նուիրելով Լիբանանին եւ իբրեւ ծաղկեփունջ զետեղելով Ցեղասպանութեան նահատակներու կոթողին առջեւ:Փանոսեան իր խօսքը փակեց բարի երթ մաղթելով շրջանաւարտներուն:

Ապա Մարալ եւ Ժիրայր Փանոսեաններ յուշանուէրով մը պարգեւատրեցին օրուան հովանաւորները:

Նշենք, որ շրջանաւարտներուն ստեղծագործութիւններուն մէջ զգալի էր անոնց թէ՛ ակադեմական մեթոտի բծախնդրութիւնը, որուն ազդեցութիւնը կու գայ իրենց ուսուցիչէն` Ժիրայր Փանոսեանէն, թէ ա՛լ շօշափելի էր անոնց անձնական երեւակայութեան անսահմանութիւնը, զոր Մարալ Փանոսեանի ցուցմունքներով կրցած էին բացայայտել գեղարուեստական գեղեցիկ նկարչութիւններով:

Ապա տեղի ունեցաւ վկայականի բաշխում` Ժիրայր եւ Մարալ Փանոսեաններու եւ օրուան հովանաւորներ Ռուտի Ռահմէի եւ Սեդա Խտըշեանի ձեռամբ:

Նախորդը

«Թուրքիայում Ինքնութեան Մասին Խօսելը Մեծ Խիզախութիւն Է». Համշէնահայ Երիտասարդները` Իրենց Ինքնութեան Մասին*

Յաջորդը

Մենք Հզօր Ենք, Երբ Մեր Բանակը Հզօր Է. (Լիբանանի Թեմի Ազգային Իշխանութեան Անունով` Ազգ. Լ. Եւ Ս. Յակոբեան Քոլէճի Տնօրէն Վիգէն Աւագեանի Ողջոյնի Խօսքը, Հ.Հ. Պաշտպանութեան Նախարար Զօր. Սէյրան Օհանեանի Ընդունելութեան Ի Պատիւ)

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.