Հայ Գիրքի Տօն
Արեւմտեան Կողմն Աշխարհի
Հերթական Նախաձեռնութիւն Ֆրանսահայ
«Մշակոյթի Տան» Մը
(Ալֆորվիլ-Փարիզ)
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ
«Հայկական» Ալֆորվիլը կպած է արեւմտեան մեծաքաղաքի մը` «Լոյս-Քաղաք» Փարիզի կողին:
Հայկական, անկասկած ո՛չ` ինչպէս կը հասկնանք հայախօս արեւելեան Սփիւռքի տարածքին: Անկասկած ո՛չ` հայերէնը իր մայթերուն վրայ հնչեցնող, մեսրոպեան տառերը իր վաճառատուներուն եւ հաստատութիւններուն ճակատին ցուցադրող հայաքաղաք բնորոշումին յաւակնորդ աւաններու նման:
Նուազ երեւցող, նուազ լսուող, հայեցիութիւնը հոս` համայնք է աւելի. համայնքային կազմակերպութիւն, կենսունակ եկեղեցի է, դպրոց է` ամէնօրեայ, վերջին տասնամեակներուն հիմնադրուածներէն, մանկապարտէզէն նախակրթարան, եւ որ թափով կ՛աճի, կը մագլցի դէպի միջնակարգ-երկրորդական, մինչ միւս կողմէ կը կանգնի իր նոր համալիր-շէնքը (շնորհիւ հայ մշակոյթի նուիրեալ անստգիւտ հոգեւորական գործիչի մը եւ նուիրեալ գործակիցներու, անոնց խմբած մարդուժին եւ միջոցներուն), որուն կողքին դեռ կը գործեն մէկէ աւելի միօրեայ վարժարաններ:
Ալֆորվիլը դեռ մանեակ մըն է մշակութային-գեղարուեստական կազմերու եւ ձեռնարկներու, որոնց մասին հոս տեղը չէ տարածուելու: Ու կը բաւէ անոնց խտացումը տեսնել իր «Մշակոյթի տան» մէջ: Ֆրանսայի տարածքին փռուած տասնեակ Հայ մշակոյթի տուներէն մէկը, բայց ո՛չ որեւէ մէկը: Անարդար չ՛ըլլար ըսել` բոլորէն առաւել գործօնը, կենսունակը:
* * *
Ալֆորվիլահայութիւնը անկասկած արժանի է ուշադրութեան, ինչպէս արժանի է իր «Մշակոյթի տուն»-ը: Բայց անոնց մասին խօսելու անզանցառելի, միանգամայն եւ անկրկնելի առիթն ու դրդապատճառը հոս` այս սիւնակին տակ` հայ գիրքի իր ցուցահանդէս-վաճառքն է, Armen’Livre-ը, կազմակերպուած անցեալ ամսու` մարտի առաջին շաբթուն: Հայերէն կամ հայանիւթ հարիւրաւոր տիտղոս-անուններ, հազարաւոր հատորներ, մէկտեղուած-հրամցուած` սփիւռքի չորս ծագերէն, ե՛ւ Հայաստանէն ու Թուրքիայէն, բազմատասնեակ հրատարակչատուներէ: Ձեռնարկ մը` յամառ, յարաճուն ջանքերով կազմակերպուած – տասը տարիէ ի վեր:
Այսպէս, կարելի է պատկերացնել Armen՛Livre-ի ցուցադարաններուն ու սեղաններուն վրայ իրար հրմշտկող հարիւրաւոր տիտղոսներու, հեղինակներու, լեզուներու եւ հրատարակիչներու այլազանութիւնը: Հայերէնը` իր երկու ճիւղերով, առաւել` երբեմն գրաբարով. անգլերէնը, ֆրանսերէնը, արեւմտեան այլ լեզուներ, ապա եւ թրքերէնը, այս վերջինը` նոր ձգտումներով նորագոյն հրատարակութիւններու մէջ…:
Մարզերէն` ներկայ են մանաւանդ պատմա-քաղաքականը, եւ հայ մշակոյթի գլխաւոր ճիւղեր գրականութիւնը, ազգագրական մշակոյթը, ճարտարապետութիւնը: Ընտրութիւններուն մէջ, իբր գերակշռող ձգտում, դիտելի է շեշտադրումը ազգային Դատին եւ հայրենաճանաչումի:
Մինչ նախապէս, ամէն տարի, հաստատուած ստեղծարար աւանդութեամբ մը կը պատւուէր մարզ մը` հրաւիրեալ թէ ոգեկոչուող մշակութային գործիչի մը կամ հիմնարկութեան մը ընդմէջէն (յաջորդաբար, օրինակ, ակադեմական դասախօսներ Ռ. Յովհաննիսեան եւ Ա. Տէր Մինասեան, «Յառաջ» օրաթերթ եւ այլն),- այս տարի, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, նաեւ ձեռնարկի տասնամեակը նշելու ինքնուրոյն ձեւով մը` 2015-ի Armen՛Livre-ը յայտարարուած է յատուկ արժեւորման տարի Հայ գիրքին, «ԳԻՐՔ-ը` յանուն յիշողութեան, ճանաչման, արդարութեան, հատուցման եւ վերածնունդի», ուղղակի մէջբերելու համար ձեռնարկի ծանուցման էջին (եւ Մշակոյթի տան կայքին) հնչեղ ու խորիմաստ բառերը:
Ցուցահանդէսի ծիրին մէջ, այս տարի, զուգահեռ կազմակերպուած մշակութային ձեռնարկներէն նշելի են զոյգ ցուցադրութիւններ, յաջորդաբար գեղանկարչական եւ լուսանկարչական: Շաբթուան բացումը կատարուած է երաժշտական ձեռնարկով («Նայիրի հնգեակ», Հ. Դաւթեան, մասնակցութեամբ Աննա Մայիլեանի): Իսկ փակումին նախորդած է կլոր սեղան ու զրոյց` «Հայկական հարցէն մինչեւ նանսէնեան անցագիր. ազգ, պետութիւն եւ բռնագաղթ» թեմայով (Արա Գրիգորեան եւ Ծովինար Գեւոնեան):
Կ՛արժէ յամենալ ձեռնարկի շրջապատին մէջ, ճանչնալ բուռ մը կիներն ու այրերը, որոնք կը կենդանացնեն այս մշակութային ոլորտը` համայնքին ապրող մարմի՛նն իսկ: Եւ եթէ ձեռնարկը, իր տեսակով, զուգորդաբար մտածել կու տայ միջինարեւելեան հայահոծ համայնքներու նման նախաձեռնութիւններու մասին, ինչպէս օրինակ` Կիլիկեան Աթոռի ամէնամեայ Հայ գիրքի ցուցահանդէսը Անթիլիասի մէջ, պատկառելի իր ծաւալով եւ միջոցներով, համապատասխան արձագանգումով, բայց եւ բազմամարդ ու անանձնական կազմակերպութեամբ,- հոս պատկերը` այլապէս արհեստավարժ` հակառակ հասկնալիօրէն աւելի համեստ ծաւալի մը, բայց, կրնամ ըսել, հերոսական է աւելի:
Այո՛, այս է վայրէն ու անոր մթնոլորտէն բխող խորհուրդը` հոս, խորհուրդը հերոսական մարտնչումի մը, խորհուրդը ռազմաճակատի կրակի գիծի…: Միանգամայն, խորհուրդը հոգեմտաւոր ընտանիքի մը մտերմութեան – իր հիւրերը ընդունող Մշակոյթի տան տնօրէն Յասմիկ Գեւոնեանի մը հարազատութիւնը. գիրքերու պատասխանատու Սօսի Յակոբեանի մը բեռին տակ կքած, բայց գոհունակ հեւքը: Վերատեսութեան անվերապահ ուրախութիւնը, բաժնուած` Տան յանձնախումբի նախագահուհի Արշալոյս Սարգիսեանի մը եւ դեռ ուրիշ նուիրեալներու հետ – Մշակոյթի տան սիւներէն` բոլորն ալ, նաեւ բարեկամներ ու ընկերներ` փարիզեան թէ պէյրութեան օրերէ – Արա Գրիգորեան մը, Եդուարդ Մատիլեան մը, Հերմիկ Բաբայեան մը…
* * *
Ահա Ալֆորվիլի Հայ գիրքի ցուցահանդէս-վաճառքի մթնոլորտը – ջերմութիւն եւ ընտանութիւն` անվիճելի արհեստավարժ կազմակերպութեամբ մը պաշտպանուած, պատկառելի իրագործումը սահմանափակ քանակով բայց կենսունակ համայնքի մը: Ձեռնարկ` ուր հինգ օր անդադրում հոսանքով կու գան-կ՛անցնին ամէն տեսակի հայեր – անմիջականօրէն կորիզին պատկանող յանձնառուներու կողքին` հայութենէ հեռացած, բայց ծածուկ ձգողութեամբ մը բռնուած-քաշուած մարդիկ: Համեմատաբար նոր Արեւմուտք հաստատուած լրիւ հայախօս միջինարեւելքցիներու քով` Հայ դատի եւ մշակոյթի վերադարձ ապրող տեղացիներ, նոր վերանուաճուող հայերէն մը վարանքը` շրթունքին: Փարիզեան շրջանի կամ ուղղակի Ալֆորվիլի դպրոցներու` իրենց ուսուցիչներուն հետ սրահ խռնուող մանուկ-պատանի աշակերտներու կողքին` դրացի բայց ոչ այնքան մերձակայ Պելճիքայէն, Զուիցերիայէն կամ Գերմանիայէն յատուկ ժամանած անհատներ, ընտանիքներ:
Հայ գիրքի ցուցահանդէսի ելքին` անկէ բխող տպաւորութիւնը, տիրող զգացումը այս պահուն` մխիթարութեան ջերմիկ զգացում մըն է: Բայց որուն տարօրէն կ՛ընկերանայ խուլ ափսոսանքը: Ափսոսանք` ի տես ուժականութեան այս փաստին, փաստերուն` սերունդի մը մօտ, սերունդի մը մէկ թեւին մօտ, անոր մէջ եռացող բուռն հայեցիութեան, որուն քայքայումը այնքան արագ եւ դիւրին շեփորած էին նախորդող սերունդներ, դեռ սփիւռքի առաջին տասնամեակներուն…:
Հայեցի ապամշակութայնացման տխուր այս փաստին` կորիզի՛ իսկ կիսահայախօս վիճակին, ահա, կը հակադրուի անոր ուժականութիւնը, բնակութեան երկրի մշակոյթին ու կառոյցներուն համարկուած բայց անոր կարելիութիւնները յօգուտ իր հայ ինքնութեան օգտագործելու ատակ, նուազ տեսանելի ու շօշափելի, նուազ բովանդակալի, բայց ոչ նուազ ապրուած այս հայեցիութիւնը…: Հակադիր տուեալներու այս կուտակումը, խիղճ կիզող ձայներով, որքա՜ն կորսուած կարելիութիւններու մասին կը յուշէ…: Եւ դե՜ռ` անմշակ ձգուող որքա՛ն ներկայ կարելիութիւններու…:
Բայց չանցնիմ անդին` պարզ նկարագրա-պատումային վերի հաստատումներէն. վկայութեան դիրքէն: Դիրք` որ կրնայ, կարծրատիպ «գաղութային կեանքի լրատու» թուող լրատուութեան այս մակերեսին ներքեւ, արտօնել շեշտումը անժամանցելի կենսականութեամբ հարցերու:
Որովհետեւ կենսական է, կը հաւատամ, սփիւռքի մեր ցրօնքին մէջ, եւ յաչս այնքան դիւրին լճացող, տեղայնացող մեր գիտակցութիւններուն, յաճախ մեր քթին ծայրէն անդին բա՛ն չնկատող մեր ուշադրութիւններուն,- սփիւռքի մէկ ծագէն միւսը վկայել-պատմելը այն ամէ՛ն ինչին մասին, որ մօտ կամ հեռու համայնքի մը մէջ, կ՛իրագործեն անոր ընտրեալ ուժերը: Վկայել, եւ հաստատել, կրկնել ու երեքնել, որ մեզի վիճակուած ցրւումը պէտք է յաղթահարուի անպայման:
Եւ ատիկա կարելի է` միայն, սկսելու համար, վառ հետաքրքրութեամբ, խանդավառութեամբ` ինչպէս սեփական գործունէութեան, նոյնպէս ա՛յլ համայնքներու իրագործումներուն հանդէպ: Դէպի դուրս հայեացքով: Ու խոր շահագրգռութեամբ` ուրիշ նուիրեալներու կատարածին հանդէպ: Սկսելու համար…: