Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայ Ժողովուրդ Ես Ձեզ Շատ Կը Սիրեմ» Կը Ստորագրէ Տաղանդաւոր Բեմադրիչ Քարմէն Լապաքին` Լիբանանեան Համալսարանի Մէջ Կազմակերպուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ձեռնարկին

April 18, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG-20150415-WA0019IMG-20150415-WA0018Լիբանանեան համալսարանի հայ աշակերտութեան կազմակերպութեամբ եւ համալսարանի ուսանողական խորհուրդին հետ գործակցաբար, չորեքշաբթի, 15 ապրիլ 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ոգեկոչման ձեռնարկը, Լիբանանեան համալսարանի կերպարուեստի ուսումնարանին առաջին բաժինին մէջ, Հատաս:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ համալսարանի քայլերգներէն ետք, հանդիսավար Էլիան Նամէն Լիբանանեան համալսարանի աշակերտութեան անունով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն:

Սօսի Սարգիսեան
Սօսի Սարգիսեան

Նամէն հակիրճ ձեւով ներկայացուց օրուան բանախօս Սօսի Սարգիսեանին կենսագրականն ու անոր գործունէութիւնը: «Սօսի Սարգիսեան, աւարտած է Յիսուսեաններու համալսարանի մարդագիտութեան բաժինը, բարձրագոյն ուսումը ստացած է ընկերաբանութիւն եւ տնտեսագիտութիւն գիտութեան մէջ:Ապա շարունակած է Լիբանանեան համալսարանի իրաւաբանութեան ոլորտը»: Ան նշեց, որ Սարգիսեանի ֆրանսերէնով առաջին հրատարակած գրութիւններէն էր «Է Լա Վի Գոնթինիւ» խորագրեալ յօդուածը, որ կը պարունակէր, Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերու Լիբանան հասնիլը եւ անոնց դերակատարութիւնը Լիբանանի տնտեսական ու ընկերային կեանքին մէջ: Նամէն ապա բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօսը:

Սօսի Սարգիսեան դասախօսեց «Հայերը Լիբանանի մէջ» նիւթը: Լիբանանահայ գաղութին մասին խօսելէ առաջ ան անդրադարձաւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած սպանդին` շեշտելով, որ թուրքը երբեք չկրցաւ եւ պիտի չկրնայ իրականացնել իր վաղեմի երազը, որովհետեւ հայը միշտ ալ կառչած է կեանքին: Սարգիսեան հայերէն լեզուին եւ հայկական աւանդութեան իւրայատկութիւններուն մասին անդրադառնալէ ետք հարցուց ներկաներուն,թէ արդեօք կը կարծե՞ն հայերը մոլեռանդ են: «Պանդխտեալ հայը Լիբանանի մէջ չէ ուզած ողորմութիւն, այլ միշտ ալ եղած է աշխատասէր: Իր օրինապահութեամբ, հաւատարմութեամբ, միասնականութեամբ եւ աւանդատիրականութեամբ դարձած է օրինակելի ազգ այլ ազգերու», աւելցուց Սարգիսեան:

Ան շեշտեց, որ 24 ապրիլը տօն չէ, այլ յարգանք մատուցելու օր է` խնդրելով Լիբանանէն, որ փակուին բոլոր գործատեղերը` իբրեւ յարգանք մէկուկէս միլիոն նահատակներուն: «Չենք կրնար չյիշել Լիբանանի նահատակները, որոնք քաջ գիտցան, թէ ինչ ըսել է վասն հայրենեաց նահատակուիլ»:

IMG-20150415-WA0016IMG-20150415-WA0017Հայոց ցեղասպանութեան գծով Սարգիսեան նաեւ անդրադարձաւ Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս պապին յայտարարութեան` յիշեցնելով ներկաներուն 301 թուականը, երբ հայերը եղան առաջին ազգը, որ քրիստոնէութիւնը ընդունեց իբրեւ պետական կրօն:   Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանեան համալսարանին եւ անոր աշակերտութեան, որ այս առիթը ընծայեցին, որպէսզի ինքն ալ մաս կազմէ ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչութեան: «Ապրի՛ Լիբանանը» կոչով ան փակեց իր դասախօսութիւնը:

Լիբանանի համալսարանի դեղագործութեան բաժինէն Լիլիթ Նալպանտեան արտայայտեց իր սրտին խօսքը: Ան ամէն բանէ առաջ շեշտեց, որ 1915 կատարուածը անմարդկութիւն է, հաստատելով, որ հայ ուսանողը երբեք պիտի չմոռնայ, այլ` պիտի պահանջէ: Ան մարդկային իրաւունքին կառչելու կոչ ուղղեց բոլորին:

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցն ալ բերաւ իր մասնակցութիւնը սոյն հանդիսութեան: Մարիա Եագուպեան քանոնի վրայ ներկայացուց «Երազ» եւ «Տրապիզոնցիների պարը» կտորները, իսկ Հելէն Ադամեան տուտուկով` «Երազ»-ը եւ «Քելէ-Քելէ»-ն:

Յաջորդաբար ցուցադրուեցաւ տաղանդաւոր բեմադրիչի Քարմէն Լապաքիի, «Մենք հայ ենք» վերնագիրով ժապաւէնը, որ առաջին  անգամ հրապարակուած է 2004-ին «Հայերը Լիբանանի մէջ» խորագիրով:

Քարմէն Լապաքի նախ խօսեցաւ «Մենք հայ ենք» ժապաւէնին մէջ զետեղուած նիւթերուն մասին, ապա  ներողութիւն  խնդրեց ներկաներէն թէ այն ինչ որ  ցուցադրուեցաւ վերամշակուած է եւ տակաւին ամբողջական է:

Նշենք, որ ժապաւէնը ստացած է ARPA-ի մրցանակ եւ համաշխարային լաւագոյն վաւերագրական ժապաւէնի տիտղոս:

Հանդիսութիւնը փակեց Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի տհոլի խումբի աշակերտութիւնը` իւրայատուկ կատարողութեամբ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն եւ որմազդի վրայ ստորագրութիւն:

Նախորդը

Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակ Հայասպանութեան «Մոխիրներն Ու Արիւնը»

Յաջորդը

Ընկերային Ցանցերուն Եւ Որոնման Համակարգերուն Մէջ Հայաստանի Նկատմամբ Հետաքրքրութիւնը Մեծապէս Աւելցած

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.