Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Խօսքը

April 17, 2015
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընթերցումները, նկարները, հեռակայ զեկոյցները յաճախ բաւարար չեն տուեալ շրջանի մը մէջ ապրող ժողովուրդի մը մասին ճշգրիտ տպաւորութիւն  ունենալու համար: Այս բացթողումը կը ստանայ կրկնակի տարողութիւն, երբ տուեալ շրջանը կը գտնուի հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան եւ հայրենահանութեան զոյգ ոճիրներուն պատասխանատու պետութեան աշխարհագրական շրջագիծէն ներս: Առաւել եւս, երբ խօսքը կը վերաբերի շրջանի մը, որուն հետ, գաղափարական կամ հոգեկան պատճառներէ մեկնած, ընդհանրապէս չունինք գործնական շփում, ուստի երեւակայական կամ չափազանցուած մտապատկերներ դիւրութեամբ կրնան հիւսուիլ հոն ապրող մարդոց, անոնց աշխարհայեացքին ու դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին:

Այս պարագային տուեալ շրջանը Պոլիսն է, իսկ ժողովուրդը`  հոն ապրող հայութիւնը, աշխարհագրականօրէն մեր ապրած երկրին այնքա՛ն մօտիկ, բայց միաժամանակ նոյնքան հեռու` հաղորդակցութեան ու համակարգուած յարաբերութիւններու անբաւարարութեան պատճառով:

Ինչպիսի՞ գաղութ մըն է պոլսահայ գաղութը (եթէ կարելի է նոյնիսկ գաղութ անուանել), որո՞նք են անոր ժամանակակից յատկանիշները,  որո՞նք են անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները: Ինչպիսի՞ ընկերաքաղաքական առօրեայ մը կ՛ապրի տեղւոյն հայ ժողովուրդը: Տրուած ըլլալով, որ պոլսահայութիւնը Թուրքիոյ վրայ ուղղակի ազդեցութիւն ունեցող գաղութ մըն է, մեծ յոյսեր կը կապենք անոր դերակատարութեան` Հայոց ցեղասպանութեան հարցի լուծման ընթացքին մէջ: Որքա՞ն արդարացի են մեր յոյսերը, որքա՞ն լայն է գաղութին դերակատարութեան դաշտ, որո՞նք են այսպիսի պայքարի մը կարելիութիւնները եւ վտանգները: Վերջապէս, ի՞նչ ձեւերով կարելի է գործակցութիւն յառաջացնել Լիբանանի եւ Պոլսոյ հայ գաղութներուն միջեւ: Ահա հարցումներ, որոնց պատասխանները անհրաժեշտ են իրապաշտօրէն ծանօթանալու համար պոլսահայութեան եւ բանալու համար դուռը մեր ու անոնց միջեւ կայանալիք գործակցութեան կարելիութիւններուն:

«Զաւարեանական էջ»-ը ունեցաւ հարցազրոյց մը «Ակօս» թերթի արձակագիր Բագրատ Էսդուքեանի եւ «Նոր զարթօնք» հասարակական կազմակերպութեան անդամ ընկերաբան Սայաթ Թեքիրի հետ: Յոյսով ենք, որ այս հարցազրոյցը, «Զրոյց մը Պոլսոյ հայերուն հետ» երեկոյին կողքին, մեզ կը մղէ աւելի առնչուած զգալու պոլսահայ գաղութի առօրեային: Անհրաժեշտ է, որ դառնանք նախանձախնդիր երկու գաղութներուն միջեւ համակարգուած յարաբերութիւններ մշակելու հրամայականը ներառելու ընթացիկ օրակարգերու ցանկին մէջ:

ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

«… Պոլսահայն Ալ, Միւս Բոլոր Հայերուն Նման, Կը Յիշէ Եւ Կը Պահանջէ…». Բագրատ Էսդուքեան. «… Եթէ Թուրքիա Ժողովրդավար Երկիր Մը Ըլլայ, Ցեղասպանութեան Հարցն Ալ Կը Լուծուի». Սայաթ Թեքիր

Յաջորդը

«Միլլիյէթ». Թուրքիայի Համար Լաւ Է, Որ Միայն 46 Քոնկրեսական Է Ստորագրել Հայոց Ցեղասպանութեանը Մասին Նամակի Տակ

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

October 2, 2026
«Երբ Ոտքդ Դնես Արարատի Գագաթին, Արդէն Հասած Կ՛Ըլլաս Իտէալին, Ճշմարտութեան Եւ Կատարեալին» ՍԱԳՕ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Զաւարեանական

«Երբ Ոտքդ Դնես Արարատի Գագաթին, Արդէն Հասած Կ՛Ըլլաս Իտէալին, Ճշմարտութեան Եւ Կատարեալին» ՍԱԳՕ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

October 2, 2026
Արարատ` Երազէն Դէպի Իրականութիւն
Զաւարեանական

Արարատ` Երազէն Դէպի Իրականութիւն

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.