ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Նիսի կեդրոնական գրադարանէն ելլելէս առաջ կ՛ուզէի արագ կարդացուելիք գիրք մը գտնել. ուշադրութիւնս գրաւեց Ֆրետերիք Հ. Ֆաժարտիի «Մոխիրներ եւ արիւն» (Cendres et sang… Aperçu d’un génocide régionaliste) խորագրեալ 66 էջնոց գիրքը. կողքին ներսի էջին վրայ, կարդացի` «Ակնարկ մը շրջանային ցեղասպանութեան» նշումը: Հեղինակը երեւան կը հանէ ֆրանսացիներուն եւ մեզմէ շատերուն անծանօթ ու գաղտնի մնացած «շրջանային ցեղասպանութիւն»-ը: Յափշտակութեամբ կարդացի եւ եւ տուն հասնելէ ետք ընթերցումս աւարտելով` ինկայ տխուր խորհրդածութեանց գիրկը:
Համաշխարհային Բ. պատերազմի աւարտին Ֆրանսայի հիւսիսը` Նորմանտիի մէջ ցեղասպանութիւն կատարուած է:
Գրքին գլխաւոր հերոսներէն մէկը շքանշան ստացած բարձրաստիճան ֆրանսացի զինուորական մըն է, մեծ հայրը` Ֆրանսուա անունով փոքրիկի մը, որուն հանդէպ մեծ հայրը արհամարհական ու վիրաւորական վերաբերում կը ցուցաբերէ, երբ իր թոռանը ակնարկելով` «այս պզտիկ բան»-ը եւ այլն կ՛ըսէ: Ֆրանսուային հօրը եւ մօրը մասին մեծ հայրը ըսած էր, թէ անոնք պատերազմին ընթացքին մահացած էին` առանց յաւելեալ տեղեկութիւն տալու. բայց փոքրիկ տղան միշտ ջանացած էր տեղեկանալ իր ծնողաց մահուանց իսկութեանց պարագաներուն:
ժամանակի ընթացքին ան նկատած էր, որ իր մեծ հայրը յատուկ կապ մը ունէր սնտուկի մը հետ, որուն մէջէն թուղթի կտոր մը կը հանէր երբեմն ու կարդալէ ետք նորէն տեղը կը դնէր:
Օր մը տղեկը սնտուկին բանալիին պահուած տեղը տեսաւ եւ յարմար առիթով մը հանեց ու կարդաց թուղթին արձանագրութիւնը, որ վկայագիրն էր իր մօրը մահուան. եւ ան ուզեց գիտնալ, թէ ինչո՛ւ համար իր մայրը զինք անկողնին մէջ քնացած ձգած ու գետեզերք գացած էր անձնասպան ըլլալու:
Ֆրանսուա կ՛ուզէր գիտնալ նաեւ թէ ինչո՛ւ մեծ հայրը իրեն կ՛ըսէր, թէ իր հայրը երկրորդ պատերազմին զոհուած զինուոր մը եղած էր, եւ չէր ըսեր, թէ ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս մահացած էր ան: Ֆրանսուա կը զարմանար, երբ իր մեծ հայրը իր դպրոցական լաւ նիշերը տեսնելով, ուրախանալու փոխարէն, կը նեղուէր ու զինք կը յանդիմանէր, երբ ան դասարանին ամէնէն յաջող աշակերտներէն մէկը կ՛ըլլար, մեծ հայրը կը պատուիրէր իրեն, որ պէտք չէ ջանք թափէ դասարանին լաւագոյններէն ըլլալու համար, պէտք էր գոհանար միջակ արդիւնքով, որպէսզի ուրիշներուն հետաքրքրութիւնը վրան չհրաւիրէ. այսուհանդերձ, մեծ հայրը գիտնական եկեղեցական մը իբրեւ դաստիարակ հրաւիրած էր տղեկին համար: Վերջապէս Ֆրանսուա պաքալորէայի պետական քննութեանց ամբողջ Ֆրանսայի ամէնէն փայլուն նիշերը ապահովեց եւ արժանացաւ բացառիկ յիշատակութեան ու գնահատանքի…
Այս բարեբաստիկ առիթով մեծ հայրը իր թոռանը ըսաւ, թէ իրենք երկուքը պիտի ճաշեն քաղաքին լաւագոյն ճաշարաններէն մէկուն մէջ եւ անոր պատմեց, թէ ինչպէ՛ս ամերիկացի սեւամորթ զինուոր մը ֆրանսայի մէջ պատերազմի ընթացքին բացառիկ քաջագործութիւններ գործած էր գերմանացիներուն դէմ եւ ամերիկեան բանակին հրամանատարութեան հիացումին ու գնահատանքին արժանացած էր հակառակ իր սեւամորթ ըլլալուն… պարգեւատրման այն օրը մեծ հայրը իր կարգին շնորհաւորած էր հերոսը եւ իր տունը հրաւիրած էր զայն, որպէսզի աւելի մօտէն ճանչնայ, իր աղջիկը թարգմանի դեր կատարած էր հօրն ու հիւր զինուորին միջեւ:
Հանդիպման աւարտին հայրը թոյլատրած էր աղջկան, որ իր կառքովը հիւրին ընկերանայ մինչեւ զօրանոց: Այս միջոցին երկուքին համակրանքին արդիւնքը աղջկան յղի մնալն ու Ֆրանսուային ծնունդը կ՛ըլլայ: Այս հերոս զինուորն ու իր ընկերները կը հրապուրեն եւ յղի կը ձգեն բազմաթիւ ֆրանսացի աղջիկներ եւ Ամերիկա կը վերադառնան: Աղջիկներուն ծնողները զիրենք կը վտարեն տուներէն, որպէսզի իրենց անունները չարատաւորուին. աղջիկները կ՛ապաստանին մայրապետանոցներուն մէջ, ու հոն նորածիններն ու անոնց «անբարոյական» մայրերը վայրագ կերպով կը խոշտանգուին ու կ՛ոչնչանան: Անշուշտ այս մասին հեղինակն է, որ կը պատմէ. մեծ հայրը լուռ կ՛անցնի… Բայց Ֆրանսուային կ՛ըսէ, թէ իր հայրը պատերազմի մէջ չէ մեռած, ողջ է, Ամերիկա կ՛ապրի ու երկրագործական մեքենաներու առեւտուրով կը զբաղի. իրեն հետ կը թղթակցի, եւ իր զաւակովը կը հետաքրքրուի… յետոյ ան իր թոռանը կ՛ըսէ, որ եթէ փափաքի իր հայրը ճանչնալ, ինք զայն հրաւիրել կը ծրագրէ, որպէսզի հայր ու զաւակ զիրար տեսնեն ու ճանչնան: Ֆրանսուա իր մեծ հօրը կ՛ըսէ, թէ ինքը արդէն գիտէր, թէ իր ընկերներէն տարբեր մէկն էր, որովհետեւ ինք կէս սեւ-կէս ճերմակ էր ու իր մազերը բրդոտ էին ու գանգուր:
Այսպէս, ուրեմն, մեծ հօրը խղճի խայթը տարիներուն հետ բորբոքեր էր եւ իր կեանքը տառապալից դարձած էր այն աստիճան, որ իր մեղքի ծանր բեռէն փրկուելու համար որոշած էր իր ու իր թոռանը թունաւոր հոգեվիճակին վերջ տալ` խաղաղութիւն վերագտնելու եւ ճշմարտութիւնը վերականգնելու համար:
* * *
Ֆրանսուայի մեծ հօրն ու թոռանը այս սրտաճմլիկ իրական պատմութիւնը հրատարակուած է այս գաղտնի պահուած ցեղասպանութիւնը ընթերցողներուն ծանօթացնելու համար ընտանեկան, ազգային եւ կրօնաբարոյական սկզբունքներու պահպանման համար Համաշխարհային Բ. պատերազմի աւարտին, Նորմանտիի մէջ ուր տասնեակներով յղի մնացած աղջիկները եւ իրենց ծնած, չծնած զաւակները դաժանօրէն սպաննուած էին:
* * *
Անդրադարձայ, որ հարիւր տարի առաջ հազարաւոր հայ կիներ ու աղջիկներ Թուրքիոյ ճիւաղային ծրագրին համաձայն, բռնաբարուեցան կամ կրօնափոխ եղան բռնի կերպով, յղի մնացին թուրքերէ, քիւրտերէ եւ արաբներէ եւ ծնունդ տուին հազարաւոր թուրք, քիւրտ եւ արաբ զաւակներու, որոնք այսօր ծերացած մեծ հայրիկ եւ մեծ մայրիկներ են, որոնք ձեւով մը իմացած են իրենց կրօնափոխ մայրերուն ու հայրերուն հարազատներուն ջարդերուն եւ եւ անարգ սպանութեանց մասին, եւ անոնք տասնեակ տարիներով վախի տակ ապրելով` գաղտնի պահեցին իրենց եւ իրենց ծնողաց պատմութիւնները: Նախախնամութեան կամքով ժամանակը կու գայ, երբ խորհրդաւոր կերպով ծալքերը պիտի քակուին Թուրքիոյ մէջ ծպտուած հայոց ապրած հոգեկան տառապանքներուն. պիտի գայ այն օրը, երբ թուրքերն ու հայերը պիտի հարկադրուին իրենք զիրենք ազատելու զիրենք հալածող խղճահարութենէն:
Յատկապէս` թուրք պետութեան ղեկավարները, որոնք հարիւր տարիէ ի վեր իրենց ուսերուն վրայ կը կրեն ցեղասպանութեան պատասխանատուութիւնը, որովհետեւ գիտակցաբար կ՛ուրանան երիտթուրքերու գործած հրէշային ոճիրը, որ գործեցին հայութեան եւ մարդկութեան դէմ, երբ անօթի, ծարաւ եւ ուժասպառ եղած հայեր իրենց տուներէն հանելով` տաք անապատները քշեցին եւ սպաննեցին:
Հարիւր տարի ետքը հայասպան բարաբարոս թուրքերու եւ քիւրտերու յետնորդները տէր են եղած են հայոց տուներուն, հողերուն, դպրոցներուն վաճառատուներուն, արհեստանոցներուն, եկեղեցիներուն եւ վանքերուն` Արեւմտեան Հայաստանի ու մեր կիլիկեան հայրենիքին մէջ:
* * *
Հարիւր տարի ետք Թուրքիան կը նմանի ֆրանսացի քաջ զինուորականին, որ շուրջ քսան տարի ապրեցաւ իր ընտանիքին դժբախտութեան գաղտնիքը պահելով իր ծանօթներէն քաջութիւնը ունեցաւ ճշմարտութիւնը յայտարարելով իր ու իր թոռանը հանգստացնել:
Հարիւր տարիէ ի վեր թուրք պետութիւնը ամէն միջոց ի գործ կը դնէ` ծածկելու եւ ուրանալու իրականութիւնը եւ շալկելով մեղքին ահաւորութիւնը. բայց որքան ալ ժամանակը թաւալի ու անցնի, այնքան աւելի կը խորանայ Ցեղասպանութենէն վերապրած հայ ժողովուրդի զաւակներուն ցաւը չի կրնար տեւել յաւիտեան, որովհետեւ Աստուած յաւիտենապէս խորհրդաւոր կերպով ներկայ է ու կը գործէ մեր հոգիներուն ու կենաց մէջ ամէն օր. մեր օրերու թրքական յանցագործութեանց մեղսակից ուժերը իրենց շահերուն համար կը ծալեն ու մէկ կողմ կը դնեն կրօնական, բարոյական ու մարդկային ամէն տարրական սկզբունք, բայց եւ այնպէս պիտի գայ օրը, երբ թուրքերը պիտի չկարենան ապրիլ անմարդկային անզգամութեամբ, նոյնիսկ եթէ անպատիժ մնացած ըլլալով` հարիւր տարի ետք ան կը շարունակէ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ մէջ հայ եւ քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց հանդէպ բռնութիւնը իր գործակալներուն միջոցով շարունակել` խաչելով ու գլխատելով անմեղ կիներ մանուկներ ծերեր ու երիտասարդներ:
Հարիւր տարի ետք նախախնամութեան տնօրինութեամբ 12 ապրիլի կիրակի օրը Կաթողիկէ եկեղեցւոյ սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոս պապը Վատիկանի մէջ, ի լուր եւ ի տես համայն աշխարհի, աստուածաբանութեան Տիեզերական վարդապետ` տոքթոր հռչակեց հայ եկեղեցւոյ մեծ սուրբ աստուածաբանը` Գրիգոր Նարեկացին:
Պապն ու Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կաթողիկոս պատրիարքը սուրբ պատարագ մատուցին` հրաւիրելով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը եւ Սուրբ Էջմիածնի ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ վեհափառ հայրապետները, որպէսզի ներկայ ըլլան եւ իրենց պատգամը տան համայն աշխարհին, կատարելապէս, հրաշալի եւ բացառիկ գեղեցկութեամբ մեկնաբանուած սուրբ պատարագին ընթացքին:
Ֆրանչիսկոս պապը համայն աշխարհին յայտարարեց, թէ քսաներորդ դարուն գործուած երեք ահաւորագոյն ցեղասպանութիւններէն առաջինը եղած էր հայկականը, երկրորդը Հրէականը եւ երրորդը` ստալինեանը: Պապէն ետք Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Առաքելական եկեղեցիներու հայրապետները եւս իրենց պատգամը յղեցին, որպէսզի մարդիկ ճանչնան ու դատապարտեն Ցեղասպանութիւնը, եւ վերահաստատուին հայոց պատմական իրաւունքները:
Հանդիսաւոր սուրբ պատարագին ընթացքին սրբազան քահանայապետին եւ հայոց հայրապետներուն պատգամներէն ետք թրքական կառավարութիւնը բացատրութիւն ստանալու համար կանչեց Ֆրանչիսկոս պապին կատարած «անընդունելի» եւ «միակողմանի» յայտարարութիւնը: Վատիկանի մօտ Թուրքիոյ դեսպանն ալ Անգարա կանչուեցաւ խորհրդակցութեանց համար:
Համայն աշխարհի մամուլն ու լրատուական գործակալութիւնները անդրադարձան Ֆրանչիսկոս պապին Հայոց ցեղասպանութեան մասին կատարած յստակ ու յանդուգն յայտարարութեան, որ միաժամանակ կոչ մըն էր աշխարհի պետերուն` ճանչնալու եւ դատապարտելու Ցեղասպանութիւնը: Յառաջիկայ օրերուն բողոքի եւ դժգոհութեան ձայն բարձրացնելու տարբեր առիթներ պիտի ունենայ Թուրքիան, երբ Երեւանի մէջ հարիւրամեակին ներկայ պետական անձնաւորութիւններ ծաղկեպսակ զետեղեն զոհերու յիշատակին նահատակաց յուշահամալիրին:
Թուրքերուն հարիւր տարի առաջ գործած ցեղասպանութիւնը պատմութեան մէջ արձանագրուածներէն ամէնէն սահմռկեցուցիչն ու ահաւորագոյնն է ամէն իմաստով, եւ այս բացարձակ ճշմարտութիւն է:
Հարիւր տարիէ ի վեր թրքական կառավարութիւնը ինքզինք դատապարտած է իր հայասպանութեան ոճիրը ուրանալուն պատճառով երբ դեսպան ետ կանչէ բացատրութիւն պահանջելու համար մինչ ցեղասպանութենէն ետք թրքական զինուորական դատարանը մահուան դատապարտած է ցեղասպանութեան հեղինակները:
Թուրքիա ազատ խօսքի գրաքննութիւն կը բանեցնէ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ սրբազան քահանայապետին վրան, եւ այս բացարձակապէս անընդունելի է, եւ աշխարհի ղեկավարները պարտին վայրկեան առաջ դատապարտել:
Հարիւր տարի ետք ճշմարտութիւնը ընդունելով ու հայոց իրաւունքները վերահաստատելով հայոց ու թուրքերուն տառապանքը կրնայ փարատիլ:
Նիս, 13 ապրիլ 2015