Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մենք Հզօր Ենք, Երբ Մեր Բանակը Հզօր Է. (Լիբանանի Թեմի Ազգային Իշխանութեան Անունով` Ազգ. Լ. Եւ Ս. Յակոբեան Քոլէճի Տնօրէն Վիգէն Աւագեանի Ողջոյնի Խօսքը, Հ.Հ. Պաշտպանութեան Նախարար Զօր. Սէյրան Օհանեանի Ընդունելութեան Ի Պատիւ)

Ապրիլ 17, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_1042-copyՈւրախութեամբ եւ պատուով կ’ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար զօր. Սէյրան Օհանեանի ներկայութիւնը լիբանանահայութեան այս հիւրընկալ յարկին` Ազգային առաջնորդարանի սրահին մէջ:

Յարգելի նախարարը եւ իր գլխաւորած պատուիրակութիւնը եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուին Լիբանան` UNIFIL-ի հայ խաղաղապահ ուժերուն այցելելու եւ Լիբանանի պետական շրջանակներուն հետ աշխատանքային հանդիպումներ ունենալու համար: Կը ցանկանք ու կը մաղթենք, որ այդ հանդիպումները ըլլան շինիչ եւ արդիւնաւէտ, ի շահ Հայաստանի եւ Լիբանանի, յօգուտ լիբանանահայութեան, որ ոսկէ կամուրջը կը հանդիսանայ երկու երկիրներու կապերու ամրապնդման ու զարգացման:

Այս օրը յիշատակելի օր մըն է լիբանանահայութեան համար, որովհետեւ ան կ՛ընդունի իր հայրենի պետութեան պաշտպանութեան նախարարը, արցախեան պայքարի հուրի եւ սուրի բովէն անցած բարձրաստիճան պաշտօնատարը, որ քիչ առաջ յարգանքի իր տուրքը մատուցանեց լիբանանահայութեան պաշտպանութեան ճամբուն զոհուած հայորդիներու յուշակոթողին: Ա՛յն տղոց, որոնք հայկական բանակ չտեսան, սակայն հայկական բանակի կարօտով մեծցան, դաստիարակուեցան եւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն (վաղը 13 ապրիլ է` չարագուշակ այդ պատերազմին 40-ամեակը), իրենց գարուն կեանքերը զոհաբերեցին, որպէսզի մենք ապրինք, հայութիւնը ապրի, ազատ ու անկախ Հայաստանի երազը ապրի:

Այդ երազի ճամբուն վրայ, կեդրոնական այս գաղութը, տասնամեակներ շարունակ շնչեց ու գործեց համահայկական առաջադրանքներով: Լիբանանահայութիւնը մնայուն ձեռք երկարեց հայրենիքին: Եղաւ երկրաշարժի աղէտեալներուն հետ, եղաւ Արցախի ազատագրման եւ վերաբնակեցման ծրագիրներուն հետ, եղաւ Հայաստանի վերականգնման ու բարգաւաճման նախաձեռնութիւններուն հետ: Ու որքան շատ եղաւ այս գաղութը հայրենիքին հետ, այնքան շատ հայացաւ ու զօրացաւ:

Այսօրուան ձեր այցելութեամբ դուք կրնաք վկան հանդիսանալ կազմակերպ ու կենսունակ այս գաղութի հարազատ պատկերին, տեսնելով գաղութի ազգային-հասարակական կեանքի ղեկավարման լծուած այսքան մեծաթիւ ներկայացուցիչներ, որոնք եկած են ողջունելու ձեզ եւ ըսելու, թէ իրենք կը մնան պատնէշի վրայ, հայրենիքին հետ, հայութեան համար, սփիւռք-Հայաստան միացեալ կամքով ու գօտեպրկումով:

Այս օրը յիշատակելի օր մըն է, որովհետեւ երկար սպասումէ ետք, լիբանանահայութիւնը պատեհութիւնը կ՛ունենայ հանդիպելու «հոգսերը շատ, յոյսը մեծ» պաշտպանութեան նախարարին եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան ի խնդիր անոր ի գործ դրած ջանքերուն:

Բազմաթիւ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կանգնած են այսօր Հայաստանն ու Արցախը: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչումներուն ընդառաջ, երբ համայն հայութեան ուժերու առաւելագոյն լարման եւ ամրապնդման կարիքը կը զգացուի, թշնամին ճիգ չի խնայեր առօրեայ իր սադրանքներով մեր ուժերը ջլատելու: Սահմանային լարուածութիւնները, զինադադարի մտահոգիչ խախտումները եւ, առհասարակ, չյայտարարուած պատերազմի նախանշանները կը մտահոգեն բոլորս:

Թշնամին կը խօսի ուժի լեզուով, կը գործէ բարոյական եւ քաղաքակրթական տարբեր արժեչափերով, որոնք լրջօրէն կը վտանգեն արցախեան յաղթանակով նուաճուած խաղաղութիւնը:

Այս կացութեան մէջ, բոլորիս հայեացքները սեւեռած կը մնան հայոց քաջարի բանակին, որովհետեւ կը հաւատանք, թէ որքան ալ դժուար ըլլան պայմանները, հայոց բանակը կը հանդիսանայ պաշտպանն ու երաշխիքը մեր պետականութեան, իսկ պետականութիւնը կը մնայ գլխաւոր ապաւէնը մեր գոյատեւման:

Հայոց բանակը մեր պետականութեան մեծագոյն հարստութիւններէն մէկն է: Հայոց բանակին շնորհիւ կ’ապահովուի մեր պետութեան անվտանգութիւնը, մեր ժողովուրդին խաղաղ եւ ստեղծագործ կեանքը:

Մենք հզօր ենք, երբ մեր բանակը հզօր է:

Մենք անպարտելի ենք, երբ մեր բանակը համահայկական ուշադրութեան առանցք դարձուցած ենք:

Հայոց բանակը մեր հպարտութիւնն է ու մեր արժանապատուութիւնը:

Մենք կը խոնարհինք հայոց բանակի անթիւ զոհողութիւններուն դիմաց եւ, իբրեւ ազգային արժէք, զայն կը նկատենք ամէն նկատառումէ վեր:

Այսօր, այս սրահին ներկաներուն ճամբով, լիբանանահայութիւնը յարգանքի իր տուրքը կու տայ հայոց բանակի նուիրեալներուն, որոնք կը մնան միշտ արթուն, միշտ խրոխտ ու անձնազոհ, որպէսզի հայրենիքի սահմանները մնան ապահով, իսկ զաւակները` պաշտպանուած:

Հայոց բանակը իր ամէնօրեայ հերոսապատումներով կը գրէ մեր նորագոյն պատմութեան պանծալի էջերը: Հետեւաբար ան կը դաստիարակէ մեզ, կը կերտէ մեր նոր ինքնութիւնը, յաղթականի հպարտութեամբ, յաղթականի ինքնավստահութեամբ ու յաղթականի հոգեբանութեամբ:

Ու հաւատացէ՛ք, եթէ պատմական ճակատագրի բերումով մենք ու մեր զաւակները հայոց բանակին մէջ չեն, հայոց բանակը սակայն մեզմէ իւրաքանչիւրին մտքին ու սրտին մէջն է, մեզմէ իւրաքանչիւրին մտածումներուն եւ աղօթքներուն մէջն է: Բոլորը կը ցանկան ու կը մաղթեն, որ ձեր գլխաւորած պաշտպանութեան նախարարութեան առաջնորդութեամբ, ան մնայ անվնաս, մնայ ամո՛ւր, որպէսզի հայոց հայրենիքը մնայ ամուր եւ հզօր, որպէսզի հայութիւնը մնայ ապահով ու երջանիկ,
Մինչեւ մեր ազգային բոլոր տենչերուն իրականացումը
Եւ մեր պատմական բոլոր իրաւունքներուն վերականգնումը:

 

 

Նախորդը

«Այբ Թու Զէտ» Ակադեմիոյ Շրջանաւարտներու Վկայականաբաշխումն Ու Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած «Գունաւոր Առաջին Տասնամեակ» Խորագրեալ Ցուցահանդէս

Յաջորդը

Խմբավարին Խօսքը . Պատուաստում` Կոմիտասով

RelatedPosts

Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)
Անդրադարձ

Մեր Եկեղեցին Եւ Ազգային Սահմանադրութիւնը (Վաւերացման 160-Ամեակի Առիթով) Բ. Մաս

Մարտ 24, 2023
Թուրք Ժխտողականները Չեն Կրնար Պարտութեան Մատնել Հայերը Քալիֆորնիոյ Մէջ
Անդրադարձ

Իրաւական Փորձագէտները Միջազգային Դատարանէն Կը Պահանջեն Քննութեան Ենթարկել Թուրքիոյ` Մարդկութեան Դէմ Գործած Յանցանքները

Մարտ 24, 2023
Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Արմէն Պուճիքանեան
Անդրադարձ

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Արմէն Պուճիքանեան

Մարտ 24, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In