Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբավարին Խօսքը . Պատուաստում` Կոմիտասով

April 17, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 19 ապրիլ 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ»-ին մէջ Համազգայինի «Կարկաչ» մանկական ու պատանեկան երգչախումբը հանդէս պիտի գայ համերգով` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին հետ գործակցաբար իրականացող այս համերգին պիտի ներկայացուին դասական, ժողովրդական, հայրենասիրական եւ ժամանակակից երգեր` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ մայեսթրօ Զաքար Քէշիշեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Արեգ Տաղլեանի:

Մինչ այդ, արդէն տեղի կ՛ունենան աշակերտական համերգներ, որոնք ընթացքին 1700 հայ աշակերտներ առիթ կ՛ունենան լիցքաւորուելու ու ապրելու հայ երգ-երաժշտութեամբ:

Այս առիթով ստորեւ կը ներկայացնենք Զաքար Քէշիշեանի խօսքը:

Ահա արդէն 100 տարիէ ի վեր, անապատի տառապանքով իմաստնացած եւ նոյն անապատի ճանապարհը մեզի հետ անցած  մեր մշակոյթին  կառչած կը շարունակենք մեր ինքնութիւնը պահպանել, մերթ ընդ մերթ անդրադառնալով, որ իսկապէս տառապագին երեւոյթ է հայրենազուրկ ըլլալը, տագնապալի կենցաղ է սփիւռքահայունը, տաղտկալի հոգեվիճակ է անընդհատ ինքնութեան համար պայքարիլը, դժուար անցանելի ճանապարհ է պահանջատէրինը:

Համազգայինի «Կարկաչ» մանկական եւ պատանեկան երգչախումբին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած երգացանկը կազմելու ընթացքին նորութիւն որոնող ստեղծագործական  պրպտումներուս մէջ մակերես ելաւ «Կարկաչ»-ի անմնացորդ բարեկամներէն` հայրենի ականաւոր երաժշտահան, նաեւ հայ մանկապատանեկան երգարուեստը որակական ու քանակական մեծ չափերով հարստացուցած Արեգ Լուսինեանի «Արեւազօծ ծաղկանոց» երգաշարը, որ ինծի յիշել տուաւ, թէ ինչպէս մեծն Մարտիրոս Սարեան Մեծ եղեռնի արհաւիրքին դիմակայեց բազմերանգ ծաղիկներու իր շարքը գեղանկարելով: Ուստի եւ առաջին անգամ երգչախումբով բեմ բարձրացող մանկական կազմի այս փոքրիկներուն մէջ ես կը տեսնեմ կեանքի լաւատեսութիւնն ու դրական , մաքուր ու բարի դրսեւորումները` ներշնչուած սարեանական մեկնակէտով:

Այս առիթով որեւէ երգչախմբային համերգ անկատար պիտի ըլլար առանց անդրադառնալու Մեծ եղեռնի խորհրդանիշերէն կարեւորագոյնին`անմահանուն Կոմիտասին ու  սերունդէ սերունդ փոխանցուող անոր երգերուն, որոնց ուսուցման ընթացքին զարմանքս եւ զայրոյթս մեծ եղաւ` նկատելով, որ տասնեակ մը լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներէ կազմուած յիսնեակ մը սաներէս մէկ քանիին միայն ծանօթ էին այս երգերը: 100 տարի Կոմիտասով ապրեցանք: Սերունդ մը առաջ կոմիտասեան երգը առօրեայ ապրում էր: Այսքա՞ն հեռացեր ենք մեր ազգային երաժշտական  մաքրամաքուր ակունքէն` Կոմիտասէն…

Յամենայնդէպս, խորապէս կը գիտակցիմ ու կը հաւատամ, որ նորահաս սերունդը կոմիտասեան երգերը պէտք է սորվի եւ երգէ իբրեւ հոգեւոր  պատուաստ` օտարամուտ ամէն տեսակի ուծացնող եւ ազգային էութենէ հեռացնող մանրէներու…

Ձեր`
ՊԱՐՈՆ ԶԱՔԱՐ

Նախորդը

Մենք Հզօր Ենք, Երբ Մեր Բանակը Հզօր Է. (Լիբանանի Թեմի Ազգային Իշխանութեան Անունով` Ազգ. Լ. Եւ Ս. Յակոբեան Քոլէճի Տնօրէն Վիգէն Աւագեանի Ողջոյնի Խօսքը, Հ.Հ. Պաշտպանութեան Նախարար Զօր. Սէյրան Օհանեանի Ընդունելութեան Ի Պատիւ)

Յաջորդը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Ի՞նչ Է Հիպրիտային Պայքարը

January 14, 2026
Նոր Հրատարակութիւն.  «Յովհան Գ. Օձնեցի  Սուրբը, Կանոնագէտը Եւ Մեծ Վարպետը  Հայ Միջնաշխարհեան Մշակոյթի Եւ Դիւանագիտութեան». Փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեան
Անդրադարձ

Նոր Հրատարակութիւն. «Յովհան Գ. Օձնեցի Սուրբը, Կանոնագէտը Եւ Մեծ Վարպետը Հայ Միջնաշխարհեան Մշակոյթի Եւ Դիւանագիտութեան». Փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեան

January 14, 2026
Կեանքի Նժարին Մէջ
Անդրադարձ

Մէկ Միտք, Բազում Հետեւանքներ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.