

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Հակիրճ կերպով կրնա՞ք ներկայացնել պոլսահայ գաղութը (քանակական իրավիճակ, կառոյցներ, դժուարութիւններ…):
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒՔԵԱՆ.- Պոլսահայ գաղութը կը հաշուէ մօտաւորապէս եօթանասուն հազար հոգի: Պոլսահայ ըսելով` կը հասկնանք այն անձը, որ կը պատկանի հայ համայնքին, ընդհանրապէս կը կրէ հայկական անուն եւ քրիստոնեայ է` մկրտուած հայ առաքելական, կաթողիկէ կամ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ: Բայց մեր քաղաքին մէջ կան նաեւ որոշ թիւով հայեր, որոնք Թուրքիոյ Հանրապետութեան օրինաւոր քաղաքացիները չեն համարուիր, այլ` Հայաստանի քաղաքացիներ. անոնք Թուրքիա եկած են աշխատելու համար, բայց փախստական կարգավիճակի մէջ կը գտնուին, քանի որ իբրեւ զբօսաշրջիկ իրենց կեցութեան արտօնեալ ժամկէտը աւարտած է: Անոնց թիւին մասին ալ յստակ պատկերացում մը չունինք: Կրնայ տասը-տասնհինգ հազարէն մինչեւ երեսուն հազարի հասնիլ: Վերջապէս կան նաեւ ծպտեալ հայերը: Անոնք թրքական անուն կը կրեն եւ անձագիրին մէջ իբրեւ իսլամ արձանագրուած են, սակայն իրենք զիրենք հայ կը համարեն: Անոնք իսլամ կրօնին հետ բնաւ կապ չունին, մզկիթ չեն երթար եւ իսլամներուն տօները չեն նշեր: Սակայն այս հայերուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը քրիստոնէութեան հետ ալ կապ չունի, բայց իր ինքնութիւնը կը պահէ, բացի պետութեան կողմէ ճնշումներուն ժամանակ:
Պոլսահայ գաղութը կազմակերպուած գաղութ մըն է: Պոլսոյ մէջ ունինք երեսուներեք եկեղեցիներ, բոլորն ալ` գործօն: Անոնցմէ տասը-տասնհինգ հատը տարին միայն քանի մը անգամ կը բացուին, յատուկ առիթներու, պարզապէս որովհետեւ այդտեղ գացողներուն թիւը շատ քիչ է: Ճիշդ է, որ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ ամէն կիրակի պատարագ չ՛ըլլար, բայց բոլոր եկեղեցիներն ալ նշանակուած քահանաներ ունին եւ ընտրութիւններ կը կատարեն: Պոլսոյ մէջ կան նաեւ տասնվեց դպրոցներ, որոնցմէ հինգը մինչեւ աւարտական դասարան են, իսկ տասնմէկը` մինչեւ ութերորդ դասարան: Այս տասնվեց դպրոցները ունին մօտաւոր երեք հազար աշակերտ: Այս աշակետութիւնը Պոլսոյ աշակերտութեան մէկ երրորդն է: Պոլսահայ աշակերտութեան երկու երրորդը կը յաճախէ ոչ հայկական վարժարան: Հարուստ դասակարգի պատկանողները իրենց զաւակները կը ղրկեն անձնական դպրոցներ, իսկ աղքատ դասակարգի պատկանողները` պետական դպրոց, որ անվճար է: Պոլսոյ մէջ գործօն է նաեւ հայ մամուլը: Պոլսոյ մէջ լոյս կը տեսնեն երկու օրաթերթեր, մէկ շաբաթաթերթ, մէկ երկշաբաթաթերթ եւ երկու ամսաթերթ: Օրաթերթերը ընդհանրապէս ոչ քաղաքական նիւթեր կ՛արծարծեն: Շաբաթաթերթը «Ակօս»-ն է, որ ընդդիմադիր կեցուածք կ՛որդեգրէ: Միւսներէն կը տարբերի իր լեզուով, որովհետեւ հիմնականին մէջ թրքերէնով լոյս տեսնող թերթ մըն է, սակայն կան նաեւ հայերէն էջեր: Երկշաբաթաթերթը ընդհանրապէս նկարազարդ թերթ մըն է եւ կը ներկայացնէ երկու շաբթուան անցուդարձերը, յատկապէս` հարուստ դասակարգին մօտ (հարսանիքներ, մկրտութիւններ…): Գրութենէ աւելի նկար կայ. կարելի է ըսել, թէ խիստ անմակարդակ թերթ մըն է: Այն, ինչ կը վերաբերի ամսաթերթերուն, անոնցմէ մէկը Ս. Փրկիչ հիւանդանոցին պաշտօնաթերթն է, հայերէնով, իսկ միւսը «Փարոս»-ն է, որ աւելի ժամանցի համար ստեղծուած թերթ մըն է:
Պոլսոյ մէջ ունինք «Արաս» հրատարակչատունը, որ կարեւոր առաքելութիւն մը ստանձնած է: Ան հայ գրականութիւնը կը թարգմանէ թրքերէնի, թրքերէն ընթերցողներուն համար, որոնք երկրին մեծամասնութիւնը կը կազմեն: Այս մէկը թոյլ կու տայ անոնց` ծանօթանալու մեր մշակոյթին, ներշնչուելու եւ ազդուելու անկէ: Իսկ վարչական գետնի վրայ, պոլսահայութիւնը կը ներկայանայ իբրեւ կրօնական համայնք մը: Այդ պատճառով ալ պոլսահայութեան ներկայացուցիչն է Պոլսոյ պատրիարքը, որ ներկայիս հիւանդ է, եւ որուն տեղ նշանակուած է զինք փոխարինող մը: Ասկէ բացի, ունինք թաղական խորհուրդներ. ամէն թաղի բնակիչ կ՛ընտրէ իր թաղի եկեղեցւոյ վարչութիւնը, որ կը կոչուի թաղական խորհուրդ: Սակայն պէտք է նշել, որ երբեմն թեկնածուի պակաս կ՛ըլլայ եւ այս պարագային թաղական խորհուրդ մը կը նշանակուի:
Ունինք նաեւ մեծ հաստատութիւններ, որոնցմէ գլխաւորն է Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցը, որ ամէնէն մեծ թիւով կալուածները ունի: Այդտեղ ոչ միայն հայերը, այլ նաեւ ուրիշ ազգի պատկանող անձեր կը բուժուին: Իր կառոյցին մէջ հիւանդանոցը ունի նաեւ ծերանոց մը, որ միայն հայերու համար է: Հինգ հաստատութիւններուն վարչութիւնը կ՛ընտրուի ամբողջ պոլսահայութեան կողմէ եւ կը կոչուի հոգաբարձութիւն: Հիւանդանոցին կողքին միւս հաստատութիւններն են` Կեդրոնական ազգային վարժարանը, «Գարակէօզեան» որբանոցը, Ս. Խաչ դպրեվանք վարժարանը եւ «Գալֆայեան» որբանոցը: Այս հաստատութիւններուն կողքին, մենք ունինք որոշ հիմնարկներ, օրինակ` թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկը, որ կը զբաղի մեր կրթական խնդիրներով, դասագիրքերուն տպագրութեամբ, ուսուցիչներուն իրաւունքներով եւ այլն: Ասոր կողքին կայ նաեւ առողջապահութեան եւ կրթութեան հիմնարկը, որ համեմատաբար աւելի նոր է եւ հիմնուած բարերարներու նախաձեռնութեամբ: Կան նաեւ սանուց միութիւններ կոչուած հաստատութինները, որոնք կազմուած են դպրոցներէ աւարտած աշակերտներու կողմէ (շրջանաւարտից միութիւններ):
Վերջին տարիներուն ունեցանք նաեւ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու միութիւն մը` «Հայճար» անունով, ինչպէս նաեւ` հայրենակցական միութիւններ, օրինակ` Տէրսիմի հայրենակցական միութիւնը եւ Սեբաստացիներու հայրենակցական միութիւնը: Պոլսոյ մէջ ունինք նաեւ «Նոր զարթօնք» շարժումը եւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկը, որ ստեղծուեցաւ Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք, իր հարազատներուն կողմէ: Այս հիմնարկը Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բարելաւման եւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ հաղորդակցութեան մէջ շատ կարեւոր դեր կը խաղայ, ինչպէս նաեւ միջազգային գետնի վրայ գումարեց գիտաժողովներ, որոնց մասնակցեցան սփիւռքէն, Հայաստանէն, Թուրքիայէն եւ միջազգային գիտնականներ, ներկայացուցիչներ եւ բանախօսներ: Իսկ պոլսահայութեան տնտեսական վիճակը տարուէ տարի կը դժուարանայ, որովհետեւ աւանդական արհեստներու փոփոխութիւն տեղի կ՛ունենայ, եւ միայն հարուստներն են, որոնք չեն տուժեր: Ընդհանրապէս մարդիկ կ՛աշխատին հացի համար եւ այդքան ալ չեն հետաքրքրուած ընկերային կեանքով, մանաւանդ` տնտեսական դժուարութիւններու պարագային:
Հ.- Պոլսահայ գաղութը հայկական ինքնութեան հարց ունի՞: Հայապահպանման ի՞նչ միջոցներու կը դիմէ գաղութը:
ՍԱՅԱԹ ԹԵՔԻՐ.- Պոլսահայ ժողովուրդը ամերիկահայ կամ լիբանանահայ ժողովուրդին նման հայկական ինքնութեան հարց ունի: Մենք երկար ժամանակէ ի վեր Պոլիս կը գտնուինք, եւ մեր արմատները կու գան Արեւմտահայաստանէն: Մեր ինքնութիւնը եւ մեր մշակոյթը կը պահենք հայկական դպրոցներուն ու զանազան կազմակերպութիւններուն միջոցով, բայց մանաւանդ` եկեղեցիին շնորհիւ: Սակայն, իմ կարծիքովս, կրօնէն աւելի պէտք է կապուինք մեր մշակոյթին եւ մեր լեզուին` ըլլայ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար: Թուրք պետութեան կողմէ միշտ ճնշումներ եղած են, բայց կարեւորը այն է, թէ մենք ինչպէ՛ս կը հակազդենք այս ճնշումներուն: Հայապահպանումը աւելի այս հակազդեցութեան միջոցով եղած է: Օրինակ` ուրիշ գաղութներու մէջ այսպիսի ճնշումներ գոյութիւն չունին, հետեւաբար ժողովուրդը հակազդելու պէտք չ՛ունենար եւ հետզհետէ կը ձուլուի: Միւս կողմէ, հայապահպանման ուրիշ ձեւ մը կայ: Ծպտեալ հայերը, որոնք թրքական անուն ունին, գաղտնի ձեւով իբրեւ հայ կ՛ապրին եւ կ՛ունենան երկրորդ անուն մը` հայկական, բայց միշտ կը վախնան թուրք պետութենէն, որովհետեւ ինքզինք հայ յայտարարելը կրնայ զիրենք վտանգի ենթարկել, ինչ որ պատահած է ասկէ առաջ:
Հ.- Ինչպէ՞ս են պոլսահայ ժողովուրդին յարաբերութիւնները թուրք ժողովուրդին եւ թուրք պետութեան հետ եւ ընկերային ի՞նչ հարցեր գոյութիւն ունին:
Ս. Թ.- Աշխարհագրական դիրքէն մեկնած` Հայաստանի հայուն համար թուրքը իր դրացին է, սփիւռքահայուն համար թուրքը 1915-ի ոճրագործն է, իսկ պոլսահայուն համար թուրքը դրացին է, կամ ընկերը, կամ սիրելին: Ուրեմն պոլսահայը աւելի առօրեայ եւ անմիջական յարաբերութիւն ունի թուրքին հետ, բացի պետութեան կողմէ ճնշումներուն ժամանակ: Խառն ամուսնութիւններ շատ կան. 1990-ական թուականներէն ետք երկիրը շատ փոխուեցաւ: Նախապէս միութիւններու միջոցով հայերը կը ծանօթանային իրարու, բայց ներկայիս միութենականներուն թիւը նուազեցաւ, համալսարան յաճախողներուն թիւը շատցաւ, եւ հայերը ընդհանրապէս սկսան կապ հաստատել այլ ազգերու հետ:Ծաղրելի դէպքեր նոյնիսկ պատահած են: Օրինակ, երբ թուրքի մը ըսեմ, որ հայ եմ, կը հարցնէ, եթէ Հայաստանէ՞ն եկած եմ. կամ երբ յոյն բարեկամս կ՛ըսէր, թէ Պոլսոյ մօտ գտնուող կղզիէ մը եկած է, հարց տրուեցաւ անոր, թէ ան եկած է Յունաստանէ՞ն: Թուրքերուն մօտ տարածուած է այն գաղափարը, որ ոչ թուրք անձը օտար է, եւ ոչ թէ` Թուրքիոյ քաղաքացի: Իրենց համար Թուրքիոյ մէջ ոչ հայ կայ, ոչ ալ յոյն: Այսպիսի հեգնական կեցուածքներ միշտ ալ ունեցած են թուրքերը: Ընկերային հարցեր, վիճաբանութիւններ միշտ պատահած են: Այնքան ալ դիւրին չէ եղած թուրքին հետ յարաբերիլը: Սակայն երբեմն կարգ մը թուրք երիտասարդներ ուզած են խօսիլ Հայոց ցեղասպանութեան մասին` հայ ըլլալս գիտնալէ ետք:
Հ.- Ամփոփ ձեւով կրնա՞ք խօսիլ «Նոր զարթօնք»-ին գործունէութեան մասին:
Ս. Թ. – «Նոր զարթօնք» շարժումը հիմնուած է 2004-ին, երիտասարդութիւնը միացնելու նպատակով: 2005 եւ 2006 թուականներուն ուզեցինք աւելի աշխուժացնել միութիւնը, բայց չյաջողեցանք: Պոլիսէն ձախակողմեան ուսանող երիտասարդներու հետ Ցեղասպանութեան ձեռնարկներ կատարեցինք: Ձեռնարկներուն ընթացքին բանախօսեցին բազմաթիւ մտաւորականներ, որոնցմէ էր նաեւ Հրանդ Տինք: 2007-ին Հրանդ Տինքին սպանութենէն ետք մարդիկ աւելի ոգեւորուեցան եւ աշխուժացուցին «Նոր զարթօնք» շարժումը: Այս շարժումին նպատակն է պաշտպանել հայերուն իրաւունքը, ցոյցեր կազմակերպել եւ շեշտել, որ Թուրքիան ժողովրդավար երկիր մը պէտք է ըլլայ: Այնքան ատեն որ ժողովրդավար չէ, մենք ազատ պիտի չըլլանք, նոյնիսկ եթէ կարենանք մեր հարցերը լուծել: Արդէն եթէ Թուրքիա ժողովրդավար երկիր մը ըլլայ, Ցեղասպանութեան հարցն ալ կը լուծուի: 2009-ին «Նոր զարթօնք»-ը հիմնեց «Նոր ռատիօ» ձայնասփիւռի կայանը, որ տասնհինգ լեզուներով յայտագիրներ կը սփռէ, որովհետեւ ուզեցինք, որ ոչ միայն հայերուն ձայնը լսելի ըլլայ, այլ նաեւ` մեզի նման փոքրամասնութիւններուն ձայնը հասցնել: Յայտագիրները կ՛անդրադառնան նաեւ կիներու իրաւունքներուն, բնապահպանման եւ այլ նիւթերու: 2010-ին հիմնուեցաւ «Հայ մշակոյթի եւ զօրակցական միութիւն»-ը, որ հայերէնի դասընթացքներ կը կազմակերպէ, հայերէն ժապաւէններ կը ցուցադրէ, ինչ որ շատ կարեւոր է, որովհետեւ Պոլսոյ մէջ ոչ մէկ տեղ հայերէն ժապաւէն կը ցուցադրուի: Հրատարակած ենք նաեւ երեք գիրքեր` թրքերէն լեզուով, երկուքը ցեղասպանութեան մասին, իսկ միւսը` լեզուական նիւթով: Նպատակ ունինք թուրքերուն ծանօթացնել մեր մշակոյթը, մեր պատմութիւնը, ինչ որ մեզ կը տարբերէ ուրիշ հայկական միութիւններէ:
Եթէ մենք չխօսինք մեր դատին մասին, ուրիշներ պիտի խեղաթիւրեն մեր պատմութիւնը: «Նոր զարթօնք» շարժումը իր մասնակցութիւնը բերած է Հայ դատի, Ցեղասպանութեան, Հրանդ Տինքի սպանութեան ժամանակ կատարուած բոլոր ցոյցերուն, հրաւիրած է երեսփոխաններ եւ կրցած է գրաւել հասարակութեան ուշադրութիւնը: Այս շարժումով կ’ուզենք թուրք իշխանութիւններուն եւ նախագահին հասկցնել, որ ցեղասպանութեան հարցին լուծումը ոչ միայն հայերուն, այլ նաեւ Թուրքիոյ արդարութեան համար է: Եթէ հայերուն հարցը չլուծուի, քիւրտերուն հարցն ալ չի լուծուիր:
Յոյսով ենք, որ մօտ ատենէն «Նոր զարթօնք» շարժումը, որ ժողովրդավար կազմակերպութիւններուն մաս կը կազմէ, կուսակցութեան կը վերածուի, որպէսզի քաղաքական գետնի վրայ կամ սեմինարներու ժամանակ կարենանք մեր ձայնը հասցնել:
Հ.- Որքանո՞վ պոլսահայ գաղութը կապի մէջ է Հայաստանի հետ: Արեւմտահայաստանի եւ թաքուն հայերուն հետ յարաբերութիւններ կա՞ն:
Բ. Է.–Պոլսահայ գաղութին կապերը Հայաստանի հետ, այս վերջինին անկախացումով իմաստ գտաւ: Նախքան անկախացումը, քաղաքական պատճառներով, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի հայերը շատ քիչ կը յարաբերէին: Հազիւ ազգականներ կրնային իրարու այցելել: Իսկ հիմա ամէն շաբաթ երկու թռիչք կայ Պոլիսէն Երեւան. այնպէս որ, անհատական գետնի վրայ յարաբերութիւնները շատ լաւ են: Սակայն կազմակերպական գետնի վրայ կարելի չէ նոյն բանը ըսել: Պոլիսէն ոչ մէկ հաստատութիւն ուղղակի կապի մէջ է Երեւանէն հաստատութեան մը հետ: Ինչպէս գիտենք, Հայաստանի մէջ չորս տարին անգամ մը տեղի կ’ունենան համահայկական խաղերը, որոնց ամէնէն մեծ թիւով մասնակցողներուն մէջ են պոլսահայերը: Վերջին համահայկական խաղին սասունցիները բաւական մեծ թիւով մասնակցեցան: Ուրեմն մարմնամարզական գետնի վրայ յարաբերութիւններ կան, որովհետեւ պոլսահայութիւնը երկու մարմնամարզական ակումբ ունի: Ասկէ անդին, ուրիշ յարաբերութիւններ չկան. օրինակ` կրթական նախարարութիւններուն կամ դպրոցական հաստատութիւններուն միջեւ կապեր չկան: Պոլսոյ կապը Հայաստանի հետ աւելի սփիւռքի նախարարութեան միջոցով կ՛ըլլայ: Գալով Արեւմտահայաստանին` արդէն այդտեղ կը գործեն հայրենակցական միութիւնները: Օրինակի համար, Տէրսիմի հայոց հայրենակցական միութիւնը մեծ խթան եղաւ, որպէսզի ամէն տարի Տէրսիմի մէջ կազմակերպուած փառատօնին Հայաստանէն պարախումբեր գան: Այս պարախումբերը այդտեղ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելեն: Տէրսիմի հայրենակցական միութիւնը նախ հիմնուած է Պոլսոյ մէջ, ուր կան մեծ թիւով տէրսիմցի հայեր, որոնց համար միութիւնը կազմակերպական մեծ աշխատանք կը տանի (զաւակ մկրտելու, հայկական դպրոց ղրկելու ուղեցոյց). այս տարի է, որ Տէրսիմի մէջ ալ միութիւն մը հիմնուեցաւ: Կարելի է նշել նաեւ Տիգրանակերտի պարագան: Տիգրանակերտի մէջ հայրենակցական միութիւն մը գոյութիւն չունի, սակայն հոն կը գտնուի մեր պատրիարքարանին պատկանող եկեղեցի մը` Ս. Կիրակոս եկեղեցին, որուն շուրջ կը բնակին մեծ թիւով ծպտեալ հայեր: Այս հայերը կը փորձեն վերադառնալ իրենց ինքնութեան:
Հ.- Որքա՞ն կարեւոր է պոլսահայութեան դերը Հայոց ցեղասպանութեան կամ հայկական հարցին աշխատանքներուն մէջ:
Բ. Է.- Նախ պէտք է հաստատենք, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը համահայկական աղէտ մըն է, եւ համայն աշխարհի հայութիւնը նոյնքան տուժած է այս աղէտին պատճառով: Պոլսահայութիւնն ալ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայութիւն մըն է: Սխալ է հաստատելը, որ Պոլսոյ մէջ ցեղասպանութիւն կամ աքսոր չէ եղած, որովհետեւ Ցեղասպանութիւնը նոյնինքն Պոլիսէն սկսած է: Պոլսահայ ըսելով` նախկին պոլսեցիներուն չենք ակնարկեր, այլ` Ցեղասպանութենէն ետք Պոլիս ապաստանողներուն, ինչպէս որ ուրիշներ եկած են Լիբանան կամ Սուրիա: Այսօր Պոլիսն ալ համայն հայութեան նման պահանջատէր է: Պոլիսը մէկ բանով կը տարբերի միւս գաղութներէն, որովհետեւ պոլսահայը թուրք բարեկամներ ունի, ինչ որ Պէյրութէն կամ ուրիշ գաղութէ դիտուած` անընդունելի է: Բայց իրականութիւնը այն է, որ հարցը ժողովուրդին հետ չէ, թուրք իշխանութիւններն են յանցաւորները: Թուրքիան իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին, սկսելով Օսմանեան կայսրութենէն, ունեցած է անմարդկային եւ դաժան կառավարութիւններ: Ուրեմն պոլսահայուն եւ միւս բոլոր հայերուն տարբերութիւնը այն է, որ պոլսահայը թրքատեաց չէ: Բայց պոլսահայն ալ միւս բոլոր հայերուն պէս իր մորթին վրայ զգացած է ջարդին հետեւանքները: Մարդիկ կը պահանջեն մեզմէ մոռնալ այս ամէնը եւ մտածել ապագային մասին: Սակայն կարելի չէ մտածել ապագային մասին` առանց մեր անմեղ զոհերուն յիշատակը, մեր սկզբունքներուն համաձայն, հողին յանձնելու: Ուրեմն պոլսահայն ալ միւս բոլոր հայերուն նման կը յիշէ եւ կը պահանջէ:
Հ.- Ինչպէ՞ս կը տեսնէք գաղութին ապագան:
Բ. Է.- Թերեւս եթէ այս հարցումը հարիւր-երկու հարիւր տարի առաջ հարցուէր, ոմանք յոռետես պատասխան կ՛ունենային: Գաղութին ապագային նկատմամբ իրողութիւնները չեն փոխուած: Միշտ աւագները չեն հաւնիր այսօրուան երիտասարդները, եւ քանի մը տասնեակ տարիներ ետք այսօրուան երիտասարդութիւնը չի հաւնիր յաջորդ սերունդը: Կը յիշեմ` իմ երիտասարդութեանս ժամանակ ալ մեզ չէին հաւներ, հետեւաբար յոռետես ըլլալու պատճառ չունինք: Բայց միաժամանակ մտահոգեցուցիչ երեւոյթներ կան: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն արեւմտահայերէնը դատեց կորուստի մատնուող լեզուներուն շարքին: Երանի ամբողջ հայութիւնը խօսի նոյն հայերէն լեզուն: Նշենք, որ հարիւր տարի առաջ ունէինք ութսունէն աւելի բարբառներ, որոնք այսօր չկան: Այն բարբառները, որոնք շատ չէին գործածուեր, ժամանակի ընթացքին անհետացան: Մենք պէտք է ընդունինք, որ արեւելահայերէնը եւ արեւմտահայերէնը տարբեր լեզուներ չեն, այլ` նոյն լեզուին տարբեր ճիւղաւորումները: Հետեւաբար մեր լեզուին կորուստը, մեր բանաստեղծներուն հետզհետէ անհասկնալի դառնալը զգացական գետնի վրայ շատ ցաւալի է: Սակայն խնդիրին մեծ մասը կը լուծուի, եթէ մեր բջիջային հեռախօսներուն կամ մեր համակարգիչներուն վրայ հայերէն գրենք եւ կարդանք:
Հ.- Ի՞նչ են Լիբանանի եւ պոլսահայութեան միջեւ գործակցութեան կարելիութիւնները:
Բ. Է.- Ինչպէս արդէն ըսինք, Պոլսոյ եւ միւս գաղութներուն միջեւ կազմակերպական գետնի վրայ յարաբերութիւններ չկան: Այս իրողութեան հիմնական պատճառը այն է, որ պոլսահայը գրեթէ ինքնամփոփ կեանք մը կ’ապրէր, հակառակ անոր որ ազգականական կապեր ամէն տեղ կային: Լիբանան ազգական ունեցող բաւական պոլսահայեր կան: Բայց կը կարծեմ, թէ ներկայիս այս կացութիւնը պիտի բարեփոխուի եւ գաղութները պիտի կարենան իրարու աւելի ծանօթանալ, ինչպէս որ հիմա ես, դուն եւ Սայաթը կրցանք իրարու ծանօթանալ:
«ԶԱՒԱՐԵԱՆԱԿԱՆ ԷՋ» ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ