Յօդուածներ

Անգարայի Հայոց Գերեզմանատունը Կը Թալանուի. Հանգուցեալներու Ոսկորները Դուրս Բերուած

«Միւլքիյէ Հապեր» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Անգարայի հայոց գերեզմանատունը շարունակ կը թալանուի գանձ փնտռողներու կողմէ, գերեզմանատունը ունի անխնամ ու անպաշտպան վիճակ, ոսկորները հոս ու հոն տարածուած են, նոյնիսկ կան մարդիկ, որոնք գերեզմանաքարերուն վրայ փիքնիք կ՛ընեն: Կայքէջը դիտել կու տայ, որ Իսթանոզը Անգարայի մէջ հայերու բնակավայրերէն մէկն էր: Սինճանի Ենիքենթ շրջանի Չիր Հովիտին մէջ հայերէն մնացած է միայն գերեզմանատուն մը: Սինճանի...

Թուրքիա Կ՛արգիլէ Ցեղասպանութեան Մասին Տեղեկագրող Լրագրողի Մուտքը

Գերմանական «Շփիկել» թերթի լրագրող-լուսանկարիչ Էնտի Շփիրա, որ կը փափաքէր Թուրքիա այցելել` Հայոց ցեղասպանութեան մասին լրատուութիւն մը պատրաստելու նպատակով, չէ կրցած մուտք գործել Թուրքիոյ տարածք: «Ռատիքալ» կը գրէ, որ գերմանացի լրագրողը մարտ 28-ին Թուրքիա ժամանած է, սակայն արտօնութիւն չէ ստացած երկիր մտնելու: Թրքական կողմը պնդած է, որ ենթական «Իսլամական պետութեան» անդամ է: Լրագրողը ըսած է, որ նախապէս քանի մը անգամ Թուրքիա...

Քանատայի Պետական Ռատիոկայանը Ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը` Անկարելի Ապաքինումը»

Կիրակի, 5 ապրիլին, Քանատայի պետական ռատիոկայանի ֆրանսական բաժնի առաջին ալիքէն` 95.1 FM, կ. ա. ժամը 11:00-էն սկսեալ, վերոյիշեալ բնաբանով ոգեկոչուեցաւ Մեծ եղեռնի հարիւրամեակը Désautels le dimanche յայտագրի վրայ` երեք քառորդ ժամ տեւած հաղորդումով մը, որուն ընթացքին կայանի լրագրող Աքլի Այիտ Ապտալլա նախ տեսակցութիւններ ունեցաւ Մոնրէալի Հայ կեդրոնը իրենց շաբաթական հաւաքին եկած տարեցներու հետ, պեղելով անոնց յիշողութիւնը, յատկապէս` անոնց վերապրած ծնողներու...

Խմբագրական.  Երիտասարդութիւնը`  Բարձունքի Վրայ

Խմբագրական. Երիտասարդութիւնը` Բարձունքի Վրայ

100-րդ ապրիլ 24-ին հաշուըւած օրեր մնացած են, եւ հայկական աշխարհը ամբողջ կ՛եռայ 100-ամեակի նշումներով: Ընդհանուր գնահատական թէ՛ գաղափարախօսական, թէ՛ բովանդակային եւ թէ՛ ներազգային ու միջազգային մակարդակներու վրայ արձանագրած ձեռքբերումներուն, կանխահաս է կատարելը: Տարին ամբողջ 100-ամեակով բնորոշուած է եւ աշխատանքները կը ներառեն տակաւին հետագայ ամիսները: Այս ուղղութեամբ գերաշխուժ վիճակի մէջ է լիբանանահայ համայնքը: Այս սիւնակներէն կատարուող աշխատանքներուն ռազմավարական մօտեցումներուն, արտաքին հանգամանքներուն...

Հարիւրամեակի Նախօրէին. Պապի Պատարագը, Եւրախորհրդարանի Բանաձեւը, Քիմի Այցը

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Մի քանի օր յետոյ համայն հայութիւնը եւ համաշխարհային հանրութիւնը ոգեկոչելու է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը: Ապրիլի 24-ը լինելու է 100-ամեակի գագաթնակէտը: Այս տարուայ ընթացքում արդէն տեղի են ունեցել բազմաթիւ իրադարձութիւններ, որոնցից երեքը կարեւորագոյն նշանակութիւն ունեցան հայոց Մեծ եղեռնի եւ հայրենազրկման մասին համաշխարհային հանրութեանը կրկին յիշեցնելու, իսկ չիմացողներին` տեղեկացնելու հարցում: Երեք իրադարձութիւններն էլ Թուրքիայում ընդունուեցին յոխորտանքով ու սպառնալիքներով: Այդ...

Թուրքիոյ Դեսպանին Ետ Կանչը Լայնօրէն Տարածեց Հռոմի Պապին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Հաստատումը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Հաշուի առնելով Ֆրանչիսկոս պապին անկեղծութիւնը` զարմանալի չէր, որ ան բացայայտօրէն ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ, ապրիլ 12-ին մատուցած պատարագին ժամանակ: Միակ մարդը, որ լրիւ անտեղեակ էր պապի իրական մտադրութիւններուն մասին, Վատիկանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Մեհմետ Փաչաճին էր, որ երկու շաբաթ առաջ յոխորտալով հաղորդած էր թրքական մամուլին, թէ ինք համոզած է Հռոմի պապը` մերժել Հայոց ցեղասպանութեան...

Մեղա՜յ Աստուծոյ

Մեղա՜յ Աստուծոյ

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ «Վա՜յ  ինձ, վա՜յ  ինձ, վա՜յ ինձ, Զորն ասեմ, զորն խոստովանիմ, զի անթիւ եւ յանցանք իմ, անասելի են անօրէնութիւնք իմ, աններելի են ցաւք իմ եւ անբժշկելի են վէրք իմ»: «...Հպարտութեամբ եւ մասամբք նորին, նախանձութեամբ եւ մասամբք նորին, բարկութեամբ եւ մասամբք նորին, ծուլութեամբ եւ մասամբք նորին... Մեղա՜յ Աստուծոյ»: Ս. պատարագի աւարտին, խոստովանանքի պահուն, կարգով կը նշեն մարդոց գործած մեղքերը եւ...

Ակնարկ.  Մետալին Երեք Երեսները

Ակնարկ. Մետալին Երեք Երեսները

   ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Կը նայիմ Հալէպի Սուլէյմանիէ թաղամասի հրթիռակոծուած թաղերու աւերակներու լուսանկարներուն ու Կոմիտասը կը կանգնի դէմս. «Սիրտս նման է էն փլած տներ, Կոտրեր գերաններ, խախտեր են սներ...» Դիմատետրը լեցուն է անհամար, անվերջ աղօթքներով, Աստուծոյ աղաչելով, որ օգնութեան հասնի, փրկէ հալէպահայութիւնը... ի զո՜ւր: Ահա՛ չորրորդ տարին է պատերազմին ու ոչ թէ փապուղիին ծայրը լոյս չ՛երեւիր, այլ ընդհանրապէս փապուղի չկայ. համատարած գորշութիւն...

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Սկաուտները Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ Եւ Դէպի Այնթուրայի Հայ Մանուկներու Որբանոցը

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Սկաուտները Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ Եւ Դէպի Այնթուրայի Հայ Մանուկներու Որբանոցը

Կիրակի, 12 ապրիլին Ժունիէի հայ առաքելական Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան օրն էր: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի սկաուտները ներկայ գտնուեցան արարողութեան, որուն մասնակցեցաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը: Ապա սկաուտները (արի, արենուշ, երէց, պարմանուհի) ուղղուեցան ՀՄԸՄ-ի Ժունիէի ակումբի սրահը, ուր տեղւոյն թաղականութիւնը նախաճաշ պատրաստած էր: Ապա դիտեցին ու ունկնդրեցին Այնթուրայի հայ մանուկներու երբեմնի որբանոցին մասին երկու տեսերիզ` մէկը...

Մասնաճիւղէ Մասնաճիւղ

Մասնաճիւղէ Մասնաճիւղ

29 մարտ 2015-ին առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ ԼՕԽ-ի «Կարս» մասնաճիւղի անդամները եւ շրջանի բնակիչները ներկայ էին Էշրեֆիէի «Ազատամարտ» ակումբի «Չուխատարեան» սրահին մէջ` մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած հայկական աւանդական ճաշերու, քաղցրեղէններու եւ Ս. Զատկուան յատուկ ձեռային աշխատանքներուն ցուցադրութիւն-վաճառքին: Մասնաճիւղի ընկերուհիները, հաւատարիմ` ԼՕԽ-ականի առաքելութեան, միակամ եւ հաւաքական աշխատանքով, ինքնաբուխ նուիրատուութիւններով եւ նուէրներով մէկ շաբթուան ընթացքին պատրաստեցին վաճառքի դրուելիք ճաշերն ու ձեռային աշխատանքները: Ձիթենիի...

Սիրոյ Եւ Հաւատքի Ջահը` ԼՕԽ-ը

Սիրոյ Եւ Հաւատքի Ջահը` ԼՕԽ-ը

ՇԱՔԷ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ Այսօր, սփիւռքի մէջ, աւելի քան 85 տարի շարունակ, հայ ժողովուրդի սիրտը ներկայացնող Լիբանանի հայ իրականութեան մէջ տեւաբար եւ մայրաբար գործող ԼՕԽ-ը չի սահմանափակուիր ծառայելու, որպէս` լոկ մարդասիրական եւ բարեսիրական միութիւն, այլ հաստատ համոզումով կը շարունակէ ազգապահպանման ծանր, սակայն սրբազան առաքելութեան վսեմ գործը` որպէս իր իտէալը. տակաւին, եղած է ու կը մնայ հայ կնոջ նկարագիրի, բարոյական կազմաւորման` հայուհիի արժանիքները...

Տանք Աստուծոյ Փառքին Ու Մարդոց Բարիքին Համար

ՎԱՂԻՆԱԿ Ծ. ՎՐԴ. ՄԵԼՈՅԵԱՆ ԼՕԽ-ը մեր ազգի կեանքին մէջ գոյութեան եկաւ իրենց գոյութիւնը վտանգի տակ գտնուողներուն զօրավիգ ըլլալու համար: Մեր անցեալի պատմութիւնը կը վկայէ, որ ԼՕԽ-ը օգնութեան կարիքը ունեցողին համար օգնութեան ձե՛ռք եղաւ, գորով փնտռողին համար` գորովալից մօր գի՛րկ եղաւ, անտէրին` տէ՛ր եղաւ, եւ անօգնականին` օգնական: Բայց որպէսզի ԼՕԽ-ը հաստատ մնայ աստուածահաճոյ այս ճամբուն վրայ, կարիքը ունի մեր ազգի զաւակներուն...

«Ժողովուրդէն` Ժողովուրդին» Կարգախօսը Կը Պատկանի ԼՕԽ-ին

ԱՆԻԹԱ ԹԵՓԻՐՃԵԱՆ Ամէն տարուան ապրիլին ԼՕԽ-ը կը նախաձեռնէ հանգանակութեան, եւ իւրաքանչիւր աշակերտ սիրայօժար իր լուման կը նուիրէ` քաջ գիտնալով, որ այդ հանգանակուած գումարը պիտի տրամադրուի կարիքաւոր աշակերտի, որ հայկական վարժարանէն չզրկուի, հաւատալով, որ հայ վարժարանին պարգեւած հայ լեզուն եւ հայ մշակոյթի ուսուցմամբ սերունդներ պիտի կերտուին: Ընկերային պարագաներու, առողջապահական հարցեր ունեցող իւրաքանչիւր հիւանդի, ծերունիի կարիքներուն... բոլորս մեծ հաւատքով կը մասնակցինք այս...

Կաթիլ Առ Կաթիլ` Կարեւոր Օգնութիւն

Կաթիլ Առ Կաթիլ` Կարեւոր Օգնութիւն

ՆԱՐԻՆ ԱԴԱՄԵԱՆ Ինչպէս առակագիր Եզովբոս ըսած է` «Ոչ մէկ բարի գործ, որքան ալ փոքր ըլլայ անիկա, երբեք ի զուր եղած չ՛ըլլար», այդպէս ալ մենք այս խօսքէն ու գաղափարէն մեկնած, իբրեւ ազգային վարժարանի` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտներ, անգամ մը եւս այս տարի մասնակցեցանք Լիբանանահայ օգնութեան խաչի կազմակերպած հանգանակութեան, որովհետեւ իբրեւ հայ երիտասարդներ` նուազագոյն ներդրումը, որ կրնանք ունենալ ԼՕԽ-ի կատարած բոլոր...

Տալու Մասին

Տալու Մասին

ԺԸՊՐԱՆ ԽԱԼԻԼ ԺԸՊՐԱՆ Յետոյ հարուստ մարդ մը ըսաւ. - Խօսէ՛ մեզի Տալու մասին: Եւ ան պատասխանեց. - Շատ քիչ տուած կ՛ըլլաք, երբ ձեր ստացուածքներէն կու տաք: Ճշմարտապէս տուած կ՛ըլլաք միայն այն ատեն, երբ դուք ձեզմէ կու տաք: Որովհետեւ ի՞նչ են ձեր ստացուածքները, եթէ ոչ բաներ, զորս կը պահէք եւ կը պահպանէք, այն վախով, որ վաղը կրնաք պէտք  ունենալ անոնց: Եւ...

Տարօնի Յեղափոխական Հայուհին` Սօսէ Վարդանեան (Սօսէ Մայրիկ)

Տարօնի Յեղափոխական Հայուհին` Սօսէ Վարդանեան (Սօսէ Մայրիկ)

Սօսէ, Սօսի կամ Սօսուն պարզ գիւղացի աղջիկ մըն էր Ախլաթ գաւառի Սոխորդ գիւղէն, որ 13 տարեկանին ամուսնացաւ ապագայ նշանաւոր ֆետայի Սերոբ Աղբիւրի կամ Սերոբ փաշայի հետ: 1890-ական թուականներուն ամուսինը պանդխտութեան գնաց, իսկ Սօսէն Սոխորդ մնաց: Երիտասարդ գեղջկուհիին վրայ խոր տպաւորութիւն ձգեցին իր ամուսինին Առաքել հօրեղբօր հայրենասիրական պատմութիւնները: 1895-ին, երբ ամուսինը Ախլաթ վերադարձաւ եւ սկսաւ քարոզել` «Տղա՛ք, առանց հացի մնացէք, առանց...

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Առթիւ. Հազազի Ձորի Եղեռնը

ԱՐՄԻՆԷ ՄԻՆԱՍԵԱՆ 1988 թուականի ահաւոր երկրաշարժից յետոյ, գրեթէ ամԷն տարի այցելում եմ Հայաստան, ի մասնաւորի` Սպիտակ, երկրաշարժից վերապրող Մարինէ Ասատրեանին: Խօսակցութեանս պահին նրանից խնդրեցի որոշ տեղեկութիւններ մօտակայ շրջանից: Խորը վշտով նա անդրադարձաւ Հազազի Ձորում տեղի ունեցած կոտորածի մասին: Հետաքրքրութիւնս բազմացաւ ու ցաւս շատացաւ, որոշեցի նորէն լոյս աշխարհ հանել թուրքի չար մտքի հայաջնջումի բարբարոսութիւնները:: Սպիտակից դէպի Երեւան վերադառնալիս, ճանապարհին վարորդից խնդրեցի,...

Խմբագրական.  Պահանջատիրական,  Նաե՛ւ Զօրակցական

Խմբագրական. Պահանջատիրական, Նաե՛ւ Զօրակցական

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Լիբանանի մէջ տարուող աշխատանքներու ընդհանուր ուղղուածութիւնները` ներազգային, լիբանանեան (հասարակական եւ պետական), ինչպէս նաեւ դիւանագիտական շրջանակներու վերաբերեալ, տարբեր առիթներով լոյսին բերուած են եւ յատուկ ընդգծումներ ապահոված: Հրատարակչականէն քարոզչական, մշակութայինէն կրթական ու գիտական, անցնելով արխիւայինէն մինչեւ ցուցական-պահանջատիրական, այս գաղութը 100-ամեակ նշելու իր ցուցաբերած կորովին ու հաւաքած թափին մէջ կը շարունակէ գրաւել սփիւռքեան շրջաններու համեմատութեամբ առաջին հորիզոնականը: Միջինարեւելեան տարածաշրջանի...

Բարի Լոյս 5.  Հաւաքական Յիշողութեան  Դարբնումի Անհրաժեշտութիւնը

Բարի Լոյս 5. Հաւաքական Յիշողութեան Դարբնումի Անհրաժեշտութիւնը

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Չորեքշաբթի, 15 ապրիլին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած Հայկազուն Եափուճեանի «Տառապանքի եւ յոյսի ապրումներ» գիրքին վերահրատարակութեան շնորհահանդէսը, որ լոյս տեսաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով այսպիսի վերահրատարակութիւն մը կը զգենու շատ կարեւոր իմաստ եւ նշանակութիւն, եւ շնորհահանդէսը բնական է, որ առիթ ծառայէ կարեւոր խորհրդածութիւններով մօտենալու այսպիսի հրատարակութեան մը եւ հոն արծարծուած նիւթերուն: Հայկազուն Եափուճեանի հատորը...

«Հայապահպանութեան Գործում Նշանակալի Աւանդի Համար» Մրցոյթի «Լաւագոյն Ամէնօրեայ Կրթօճախ»-ի Առաջին Կարգի Մրցանակին Արժանացաւ Զմմառեան Միաբանութեան Դպրեվանքը

«Հայապահպանութեան Գործում Նշանակալի Աւանդի Համար» Մրցոյթի «Լաւագոյն Ամէնօրեայ Կրթօճախ»-ի Առաջին Կարգի Մրցանակին Արժանացաւ Զմմառեան Միաբանութեան Դպրեվանքը

ՍՕՍԷ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն կարգին է նաեւ «Հայապահպանութեան գործում նշանակալի աւանդի համար» մրցումը: Նախաձեռնութիւնը դրական լիցքեր կը փոխանցէ` ամրօրէն կառչելու եւ տէր ըլլալու մեր պատկանելիութեան գրաւականը հանդիսացող ազգային զրահին` հայոց լեզուին: Ամփոփուեցաւ 2014 թուականի Սփիւռքի նախարարութեան եւ Համահայկական քոնկրեսի նախաձեռնած «Հայապահպանութեան գործում նշանակալի աւանդի համար» մրցանակաբաշխութեան արդիւնքները, որոնց համաձայն, «Լաւագոյն ամէնօրեայ կրթօճախ» անուանակարգով մրցոյթին սփիւռքէն ներկայացուած յայտերու մանրակրկիտ ուսումնասիրութենէն...

Page 1068 of 1110 1 … 1,067 1,068 1,069 … 1,110

Արխիւներ