Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հալէպի Խոնարհներէն. Անխօս Նուիրեալը` Թաուիլ Եուսուֆ

Ապրիլ 18, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

4-18-15_Tawil-Youssouf1Կան մարդիկ, որոնք իրենց ապրած գաղութին մէջ, տարիներու վրայ երկարող իրենց կեանքի տեւողութեան շրջանին, իրենց անսակարկ ճիգով, աշխատանքով, խիղճով, օրինակով, քրտինքով եւ լումայով այդ գաղութին պատմութեան էջերուն վրայ արձանագրած են յստակ եւ ազնիւ տողեր:

Մէկ խօսքով, նոյն այս հայ մարդոց, կամ աւելի ճիշդ` նոյն իրենց ընտանիքի պատկանող անդամներուն համեստ ներդրումով, այդ գաղութին գեղեցիկ եւ օրինակելի պիտակը եղած են եւ օր մըն ալ, ինքնաբերաբար, այս բոլորին իբրեւ հարազատ արդիւնք, այդ գաղութը որոշ չափով եւ նոյնիսկ իրենցմով` ձեւով մը ճանչցուած է: Միշտ եւ ամէն առիթով յիշուած են:

Այդ մարդոցմէ մէկն էր «Թաուիլ Եուսուֆը»-ը` Երկար Յովսէփը: Այլ խօսքով` բոլորին ծանօթ Յովսէփ Շիթիլեանը: Քիլիսցի էր ու հպարտ իր ծննդավայրով: Իր երկար հասակին համար իրեն «թաուիլ» մակդիրը տուած էին:

Ո՜վ չէր ճանչնար զինք: Անկասկած` ամբողջ Հալէպը, հալէպահայութիւնն ու սուրիահայութիւնը:

Իր արտաքինին զուգահեռ, յատկանշական էր նաեւ իր պատուախնդիր, գթասիրտ ու բոլորին հասնող իր կերպարն ալ: Անձայն օգնած էր բոլորին եւ լի ու լի` վարձատրած:

Ամէն առիթներով իր լումայէն բաժին հանած էր բոլոր անոնց, որոնք դիմած էին իրեն: Հարուստ ծառայասիրութեամբ կեանք մը ապրած էր, սակայն նոյն այդ կեանքը լեցուցած էր հաստատ եւ կայուն ու իմաստաւորուած իր բարիքներու անհատնում շարքերով:

Տեղացիին եւ հայուն համար ինք փրկարար մըն էր: Արաբերէնը` հայերէնի նման թրքախառն, յաճախ ալ` անհասկնալի, սակայն ազգային կամ պետական ամէնէն դժուար հարցերուն իսկ ինք արդէն ունէր իր արդար խօսքը, քրտինքն ու դէպի յաջողութիւն առաջնորդող ներդրումը:

Քաղաքի ոստիկանապետէն մինչեւ նահանգապետը, մինչեւ պարզ քաղաքացին յարգանք ունէին իրեն հանդէպ: Պուսթան Քըլէպի իր սրճարանը վկա՛յ: Կ՛եղբայրանար բոլորին հետ` առանց ակնկալութիւն ունեցող մարդու նման:

Եւ անոնք, որոնք զինք աւելի մօտէն ճանչնալու բախտը ունեցան են, ինծի հետ պիտի վկայեն, որ Թաուիլ Եուսուֆ մեծ հոգածու մըն էր` մեծին եւ փոքրին հաւասարապէս:

Հալէպը իր դարաւոր բերդին պէս խարսխուած էր իր հոգիին մէջ: Աւելի՛ն. Սուրիան իր բոլոր արձանագրութիւններով, մանրամասնութիւններով հարուստ մեր հայրենի սովորութիւններով եւ աւանդութիւններով դրոշմուած էր իր էութեան մէջ:

Այսօր զինք յիշեցի:

Զարեհ սպբազան, Հրաչ Փափազեան եւ տիկին Ճորճ Մարտիկեան , կեդրոնը՝ Թաուիլ Եուսուֆը
Զարեհ սպբազան, Հրաչ Փափազեան եւ տիկին Ճորճ Մարտիկեան , կեդրոնը՝ Թաուիլ Եուսուֆը

Չեմ գիտեր, ո՞վ եղաւ պատճառը եւ կամ ինչպէ՞ս յանկարծ յուշերուս տոպրակէն դուրս բերի իր մասին բոլոր գրուած եւ չգրուած դրուագներն ու միջադէպերը, մանր պատմութիւններն ու մեծ միջադէպերը: Անկասկած որ այս օրերուն Հալէպի ներկայ վիճակի նկարներուն հանդիպելով, տեսնելով ու լուրերը լսելով` միտքս ակամայ գնաց Թաուիլ Եուսուֆին:

Այդպէս, այդ հազարաձայն հեւքով մեր քաղաքին մէջ ինք մեծ էր եւ նոյնիսկ` այդ օրերու մեծերէն մէկը: Երբեմն կ՛ըսեմ` լաւ է, որ ինք եւ իր նմաննները չտեսան իրենց պաշտելի Հալէպի եւ հալէպցիներուն այսօրուան վիճակը: Այդ կողմէն «բախտաւոր» են:

Թաուիլ Եուսուֆ: Տակաւին կը յիշեմ:

Օր մը քաղաքապետարանի դաշտին վրայ ֆութպոլի մրցում կար: Կիրակի էր: Եւ մենք երեք սրտակից ու մտերիմ ընկերներով, «գրպաննիս ծակ» անպայման կ՛ուզէինք խաղին ներկայ ըլլալ, տեսնել, դիտել: Այդ օրերուն տակաւին երկրորդականի աշակերտներ էինք բոլորս ալ: Ուստի որոշեցինք դաշտին ետեւի բաժնի պատին վրայէն դաշտ ցատկել: Չերկարեմ: Շատ փորձեցինք ու ոչ միայն ձախողեցանք, այլեւ դաշտը շրջապատող պահակ ոստիկաններու կողմէ ալ ձերբակալուեցանք ու քաղաքամէջի մեծ ոստիկանատունը տարուեցանք իբրեւ «յանցագործներ»: Բանտ:

Վախ ու սարսափ արդէն մեր ոսկորներէն ներս մտած էին: Ամէնէն սոսկալին, ծեծ ուտելու կողքին, մեր ծնողքին ու ակումբի տղոց առջեւ մեր ամօթով մնալն էր: Ահա՛ պատանի տարիքի տուրք:

Ու հազիւ վախով ու դողով ժամ մը անցուցած այդ աղտոտ բանտէն ներս` յանկարծ յայտնուեցաւ երկարահասակ, միայն իր դէմքով մեզի ծանօթ «այս մարդը»` Թաուիլ Եուսուֆը:

Մենք ո՜վ, ի՛նքը ով: Եկաւ, երկաթէ ճաղերէն քիչ մը անդին կեցաւ ու մեզ վերէն վար չափելէ ետք, կանչեց ոստիկանը: Անոր հետ բաներ մը խօսեցաւ: Մեզի համար` այդ վայրկեանին անհասկնալի: Անկեղծօրէն չհասկացանք` ինչե՛ր ըսաւ: Իր կարգին ոստիկանապետն ալ եկաւ ու այդ հսկայ մարդը մեր բանտին դուռը բանալ տուաւ:

Ապա մեզ երեքով շարեցին մէկ կարգի վրայ: Ինք մօտեցաւ մեզի ու մէկական ապտակ իջեցնելով մեր երեսներուն` «ութթանմազներ» պոռաց ու «հայտէ գասէք… կորսուեցէք» պոռաց:

Մենք երեքով վազեցինք դէպի դուրս, ազատութիւն: Ո՛չ իսկ հարցուց մեր անունը կամ մեր ծնողներուն ո՞վ ըլլալը կամ մեր ո՞ւր ապրիլը: Միայն ապտակ մը եւ… ազատութիւն:

Կարեւորը այն էր, որ հայեր էինք ու իրեն համար հայու մը բանտարկուիլը ամօթ էր, անպատուութեան չափ ամօթ:

Ահա լուռ եւ լռակեաց նուիրում եւ ծառայասիրութիւն. երկու զուգահեռ յատկանիշներ իր կեանքի եւ նկարագրին:

Եւ տակաւին կը յիշեմ ՀՄԸՄ-ի կազմակերպած Զատկուան Նաւասարդեան խաղերու շրջանին իր ճաշարանը, որ միշտ բաց էր բոլոր հիւրերուն առջեւ: Առատաձեռն էր: Պարկեշտութեամբ, վեհանձնութեամբ, անկեղծութեամբ ու համեստութեամբ շաղախուած մթնոլորտին մէջ հասակ առած էին իր ընտանիքի բոլոր հարազատները:  Մէկ խօսքով, իր զաւակներն ալ նոյն ձեւով դաստիարակուած էին:

Կ՛ըսէին, որ նոյնիսկ կախաղանէն մարդ կրնար վար իջեցնել: Ազդեցիկ էր ու բարիացակամ: Խորհրդաւոր անցեալ ունեցող արմատներով:

Հալէպ` կայ եւ տակաւին կը մնայ հայուն ինքնատիպ նկարագիրը: Անոր համար այս պատմական քաղաքը դարձաւ սփիւռքահայ աւանդապահ մայր քաղաքը, ուր Թաուիլ Եուսուֆի նման հարիւրաւորներ եկան եւ համեստօրէն ու լուռ իրենց ծառայութիւնը մատուցեցին յանուն իրենց գաղութի ժողովուրդին:

Այս մարդոցմէ իւրաքանչիւրը մէկական հերոսներ էին, ուր իրենց համար Հալէպի աշխարհը ուրիշ էր, որովհետեւ այս քաղաքը իր մէջ խորհուրդ ունէր: Հալէպ, ըսի, կար ու մինչեւ այսօր տակաւին տեսանելի է կեանքէն սորված տառապանքի լեզուի կողքին գոյատեւելու կամքը:

Հալէպի մեր ազգային պատմութիւնը լեցուն է թէ՛ շռայլ ու ամեհի դէպքերով եւ թէ՛ ալ նման համեստ հերոսներով, որոնց պարզ ակնարկով կարելի չէ անդրադառնալ:

Ապագայ հայ պատմաբանին կ՛իյնայ այս մեծ բացը ամբողջացնել:

 

 

Նախորդը

Ո՞վ Էր Քոնֆուսիուս

Յաջորդը

14 Ապրիլ 1919-Նախագահ Ուիլսընի Հանդիպումը Աւետիս Ահարոնեանի Եւ Պօղոս-Նուպար Փաշայի Հետ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Հինգերորդ Շարասիւնը Եւ Ամբողջատիրական Դրսեւորումները

Մարտ 20, 2023
Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը
Անդրադարձ

Անդրադարձ. Իսրայէլեան Ռազմական Խարիսխէն 92 Թռիչքներ Կը Բացայայտեն Զինատեսակներու Արտածումը Դէպի Ազրպէյճան

Մարտ 20, 2023
Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով
Անդրադարձ

Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակ-ին Առիթով

Մարտ 18, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In