Ատրպատական, Ազգային առաջնորդարան, 2015-ի ապրիլ ամիսը մուտք գործելէ եւ Ս. Զատկուան հրաշափառ տօնը կատարելէ ետք, Ատրպատականի հայոց թեմը համայն հայութեան կ՛ընծայէ հայադրոշմ ու քրիստոնէավայել առաջին նախաձեռնութիւնը, նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:
Հինգշաբթի, 9 ապրիլին, Նախիջեւանի հետ սահմանին վրայ, Մայր Արաքսի իրանեան ափին գտնուող Ս. Անդրէորդի եկեղեցին (13-րդ դար), որ ծանօթ է նաեւ Հովուի մատուռ անունով, հիմնական վերանորոգութեան ենթարկուած ըլլալով, վերաօծուեցաւ ձեռամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի:
Օծման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան պետական պատասխանատու անձնաւորութիւններ. Արեւելեան Ատրպատականի նահանգապետին, կուսակալին, քաղաքապետին, Արաքսի ազատ գօտիի կառավարիչին ներկայացուցիչները` Եունեսի, Ապպասի, Վեհապզատէ, դոկտ. Օմրանի, Երեսփոխանական ժողովի անդամներ, Իրանի հնագիտական ժառանգութեանց հիմնարկութեան տնօրէնը, Իրանի հայկական եկեղեցիներու հիմնարկութեան տնօրէնը, ապահովական ուժերու հրամանատարը, Ջուլֆայի սահմանապահ գունդերու հրամանատար Իսմայիլ Ապտուլլահի, Հայաստանէն ժամանած ճարտարապետական խորհուրդի անդամներ, եւ Ատրպատականի հայոց թեմի բարեպաշտ ժողովուրդի զաւակներ:
Եկեղեցական արարողութիւնը, համաձայն հայ եկեղեցւոյ կանոնակարգի, սկսաւ դռնբացէքով, եւ ապա առաջնորդ սրբազանը, իր կողքին ունենալով Թաւրիզի հոգեւոր հովիւ Առաքել քհնյ. Տմտմեանը, կիսասարկաւագաց եւ դպրաց դասերը, գինիի ու ջուրի լուացումէն ետք օծեց եկեղեցւոյ խորանը, որ վերակառուցուած է հնադարեան հայ եկեղեցիներու պարզունակ սուրբ սեղանի օրինակով: Յատկանշական է, որ լուացման ջուրը Մայր Արաքսէն լեցուեցաւ եւ Մշակութային ժառանգութեանց հիմնարկութեան ներկայացուցիչ Վեհապզատէի ձեռքով մատուցուեցաւ սրբազան հօր` լուացումը կատարելու համար: Իսկ գինիի սափորը սրբազան հօր մատուցուեցաւ Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ տոքթ. Արա Մելիքեանին ձեռամբ: Ապա սրբազան հայրը օծեց եկեղեցւոյ ճակատն ու սիւները:
Հաւատացեալ ժողովուրդի «Ամէն, Ալելուիա»-ով խանդավառ մասնակցութիւնը առաւել եւս կը զօրացնէր եկեղեցի եւ ժողովուրդ դարաւոր կապն ու փոխադարձ հաւատարմութիւնը, որ առ Աստուած կը բարձրանար իբրեւ աղերսագին աղօթք` անսասան պահելու հայոց սուրբ եկեղեցին եւ անվտանգ` հայ ազգը:
Օծման արարողութենէն ետք առաջնորդ սրբազանը կարդաց Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեան հայրապետական գիրը, ուր յատկապէս ըսուած է. «Անցնող ամիսներուն ուրախութեամբ հետեւեցանք Ատրպատականի պատմական թեմի տարածքին գտնուող հին վանքերու եւ եկեղեցիներու հանդէպ ձեր թեմի եւ պետութեան ցուցաբերած մասնաւոր ու հետեւողական գործունէութեան: Յիշեալ հոգեւոր կեդրոններու վերանորոգումը եւ ուխտագնացութիւններու կազմակերպումը վստահաբար հոգեւոր զարթօնք պիտի յառաջացնէ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս եւ առաւել կապուածութիւն` մեր հոգեւոր ու մշակութային արժէքներուն նկատմամբ: Մեր եկեղեցւոյ պատմական կոթողներու վերանորոգումը նաեւ կենդանի վկայութիւն պիտի դառնայ Իրանի մէջ մեր ժողովուրդի ներկայութեան, ինչպէս նաեւ` հայ եւ իրանցի ժողովուրդներու երկար դարերու բարեկամութեան, ու քրիստոնեայ-իսլամ կրօններու գոյակցութեան:
Այս պահուն, երբ վերաօծումը կը կատարէք Ս. Անդրէորդի եկեղեցիին, որ ծանօթ է Հովուի մատուռ անունով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքէն մեր հայրապետական օրհնութիւնը կը փոխանցենք ձեզի, Ազգ. իշխանութեան եւ թեմի մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն: Այս ուրախ առիթով նաեւ կ՛ողջունենք ու մեր ջերմ գնահատանքը կը յայտնենք Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կրօնական եւ պետական բոլոր պատասխանատուներուն»:
Առաջնորդ սրբազանը իր պատգամը փոխանցելով` նախ շեշտեց հայ մշակութային կոթողներուն միջոցով մեր ժողովուրդի զաւակներու արտայայտած երկնատուր շնորհքը, որով անոնք կրցած էին քարին շունչ տալ եւ ամէնէն փոքր մատուռներէն սկսեալ մինչեւ հսկայ տաճարներու սլացիկ գմբէթներուն միջոցով հայուն աղօթքը բարձրացնել երկինք:
Իր գնահատական ջերմ խօսքերով, Ատրպատականի առաջնորդը վեր առաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան պատասխանատուներուն հոգածու վերաբերումը` հանդէպ քրիստոնէական ու յատկապէս հայկական սրբավայրերու, որոնք այլ երկիրներու մէջ թալանի ու աւերի, ինչպէս նաեւ հրոյ ճարակ դառնալու ենթակայ են:
Ի վերջոյ, սրբազանը սոյն վերաօծումը, յանուն մեր ժողովուրդի անմեղ զոհերուն, ձօնեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, յիշեցնելով, որ Հովուի մատուռը անբարբառ վկան է հանդիսանալու հայ մշակութային եղեռնը շարունակողներուն, որոնք շատ մօտիկ անցեալին Հովուի մատրան հանդիպակաց կողմը հազարաւոր նրբաքանդակ խաչքարերը փշրեցին ու լեցուցին Արաքսի ջուրերուն մէջ:
Եկեղեցական արարողութենէն ետք պաշտօնական հրաւիրեալներ եւ ուխտաւոր ժողովուրդը բարձրացան Ս. Ստեփանոս Նախավկայի վանքը, ուր տեղի ունեցաւ պաշտաճ հիւրասիրութիւն եւ պաշտօնական ճաշկերոյթ: Վանքի սեղանատան մէջ հիւրասիրութեան պահուն եւս առաջնորդ սրբազանը թեմի Ազգային իշխանութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք յարատեւ աշխատանքով իրականացուցած էին վերանորոգման աշխատանքը:
Սրբազանը Արաքսի ազատ գօտիի ղեկավարութեան, սահմանապահ գունդերու հրամանատարին, թեմի Ազգային իշխանութեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց, ինչպէս նաեւ` Իրանի Մշակութային Ժառանգութիւններու հիմնարկութեան տնօրէն Շերլի Աւետեանին, անոր օգնական Կարէն Մկրտիչեանին, եւ Հայաստանէն ժամանած ճարտարապետական խորհուրդի անդամներ` Սամուէլ Այվազեանին, Աշոտ Յակոբեանին, Ամիրան Բարսեղեանին, Արտաւազդ Արզումանեանին եւ վարպետ Մարտիրոս Չուլջեանին, որոնք ամիսներ ամբողջ աշխատեցան` նախագիծերը պատրաստելով եւ ապա քար առ քար վերակառուցելով պատմական գողտրիկ մատուռը:
Իր խօսքին մէջ սրբազանը յատկապէս իր խօսքը ուղղելով ներկայ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներուն` անդրադարձաւ Արաքսի ազատ գօտիէն ներս մեծ զարգացումներուն, եւ Ազգային առաջնորդարանին պատրաստակամութիւնը յայտնեց մասնակից դառնալու երկրի բարգաւաճման այս կալուածին` իբրեւ շրջանի կարեւոր հողատէրերէն մէկը: Սրբազանը այս առիթով Մշակութային Ժառանգութեանց հիմնարկութեան կողմէ պատրաստուած յուշանուէրներ յանձնեց պետական պատասխանատուներուն եւ ճարտարապետներուն:
Խօսք առին նաեւ Ատրպատականի եկեղեցիներու վերակառուցման ու պահպանման մէջ մեծ ներդրում ունեցող ճարտարապետ Վարուժան Առաքելեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Ռուբիկ Ճանանեան, որոնք գնահատական արտայայտութիւններով քաջալերեցին կատարուող աշխատանքը:
«Կիլիկիա» երգով վերջ գտաւ պատմական օրուան շքեղ ու յիշատակելի արարողութիւնը: