Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պատերազմի 40-Ամեակին. Լիբանանցիք Կը Վերահաստատեն Պատերազմին Չվերադառնալու Իրենց Վճռակամութիւնը

Ապրիլ 16, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

4-16-15_h__394Քառասուն տարիներ անցած են արդէն սարսափելի թուականէն` 13 ապրիլ 1975-էն, երբ սկսած պատերազմը աղէտալի աւերներ գործեց Լիբանանի գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ:

Լիբանանի պատմութեան տխրահռչակ այդ հանգրուանի քառասնամեակ թեւակոխումով հիմնական հարցադրում մը ինքզինք կը պարտադրէ, թէ` ի՞նչ փոխուեցաւ Լիբանանի մէջ, պատերազմը կրցա՞ւ հրահրումի պատճառներուն լուծում կամ դարմանում բերել: Փաստօրէն, մէկէ աւելի հանգրուաններու «ռաունտ»-երով բռնկած լիբանանեան պատերազմը, իւրաքանչիւր փուլին կը ստանար նոր «դիմակ»: 18 յունուար 1975-ին, Սայտայի մէջ Մաարուֆ Սաատի սպանութեամբ ծլարձակած է ձկնորսներու ընկերային պահանջները իրենց ստեղծած լարուած մթնոլորտով ենթահողը կը պատրաստէին քանի մը ամիս ետք` 13 ապրիլ 1975-ին, Այն Ռըմմանէի նշանաւոր «պաս»-ի դէպքին, ուր կացութիւնը բռնկեցաւ` ապահովական-քաղաքական դիմակի տակ: Մահուան «ձիւնագնդակը» գլորուեցաւ ամբողջ 17 տարիներ, մերթ քաղաքական, մերթ գաղափարախօսական, մերթ ընկերային պիտակներու տակ մահ ու աւեր սփռելով ամէնուրեք: Այլ խօսքով, լիբանանցիք դարձած էին արտաքին շահերու բախումներու հրդեհը վառ պահող ածխափայտեր: Պատկերը օր ըստ օրէ կը յստականար, թիրախը` Լիբանանի քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութան, իրաւազրկուածներուն պատսպարան դառնալու, արեւելք-արեւմուտք քաղաքակրթական կամրջումի առաքելութեան խափանումն էր: Լիբանանի օրուան ղեկավարներէն շատեր կը գիտակցէին այս իրողութեան, ու հոսկէ ծնունդ առաւ անոնց վճռական կեցուածքը` մերժել ամերիկացի բանագնաց Տին Պրաունի առաջարկը, որ կը փորձէր Լիբանանի քրիստոնեաները յատուկ նաւերով տեղափոխել աւելի ապահով վայրեր` հեռաւոր ամերիկաներ: Հակառակ պարզուած բոլոր քարտէսներուն, անոնք մերժեցին տեղի տալ Լիբանանի մասնատման փորձերուն որդեգրելով ոչ-յաղթական ոչ-պարտեալի կարգախօսը` իբրեւ միջին լուծման տարազ:

4-16-15_civilwardestruction4-16-15_600x600150 հազար զոհ պատճառած ու 17 հազար անհետ կորսուածներ թողած այդ շրջանէն տասնամեակներ ետք ընկերային պահանջները տակաւին առկայ են, քաղաքական գաղափարախօսական տարակարծութիւնները տակաւին բանավէճի դուռ կը բանան, միջդաւանական լարուածութիւնն ու անհանդուրժողութիւնը տակաւին մոխիրի տակ թաղուած կայծերու նման յաճախ կը ցցուին, պատերազմ հրահրելու դրդապատճառները քառասուն տարիներ ետք տակաւին մղձաւանջի նման կը վրդովեն լիբանանցիներուն հանգիստը: Հիմնականը` այս դրդապատճառները մահ ու աւեր սփռելու գործիքի չվերածելու, առիթ կամ խթան չնկատելու վճռակամութիւնն է լիբանանցի ղեկավարներուն մօտ: Ասոնց վերջին օրինակներէն է Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պետ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը, որ այս առթիւ իր զաւկին` Թայմուրին եւ անոր սերնդակից երիտասարդութեան կտակած է. «Զգո՜ւշ բռնութենէն եւ տգիտութենէն, չփորձուիք կրկնել պատերազմը»: Նմանապէս յստակ է նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի զաւակը` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի վճռական կեցուածքը` «Երբեք չարտօնելու պատերազմի կրկնութիւնը»:

Նեպիհ Պըրրիի հաստատակամութիւնը` լարուածութիւնը հանդարտեցնող մերօրեայ միջլիբանանեան երկխօսութիւնը շարունակելու, հակառակ այդ երկխօսութեան սպառնացող մէկէ աւելի ազդակներու:

Արդարեւ, քառասուն տարիներ ետք լիբանանեան բոլոր կողմերն ալ կը գիտակցին, թէ վնասողը Լիբանանն ու լիբանանցիներն են, եւ թէ զինեալ ճակատումով կարելի չէ լուծել հարցերը:

Այսօր աւելի քան երբեք վարչական ապակեդրոնացեալ իրավիճակ կը տիրէ, մինչ ձեւականօրէն բոլոր պիտակները կ՛առնչուին կառավարութեան կեդրոնական իշխանութեան: Այլ խօսքով, համայնքային իւրաքանչիւր հատուած հարցերը կը լուծէ ըստ իր առանձնայատկութիւններուն` միաժամանակ պահելով իր առնչութիւնն ու հետեւութիւնը երկրի իշխանութեան: Շուրջ տարիէ մը ի վեր արաբական աշխարհի միակ քրիստոնեայ նախագահական աթոռին թափուր իրավիճակը, առաւել եւս կը հաստատէ վարչական ապակեդրոնացեալ դրութիւնը:

Հայութիւնը Եւս Վճռակամ Կը Մնայ

Լիբանանի պատերազմը իր աւերիչ անդրադարձը ունեցաւ նաեւ լիբանանահայութեան վրայ: Շատեր կը յիշեն եղբայրասպան կռիւներուն դրական չէզոքութեամբ հայաբնակ թաղերը պաշտպանած հայութեան կեցուածքը, որ մահասփիւռ այդ օրերուն կարելի ամէնէն տրամաբանական միջոցն էր, եւ որ սակայն շատ սուղ արժեց հայութեան համար` խլելով բազմաթիւ հայորդիներու կեանքը: Աւելի՛ն, ցաւալին այն էր, որ հայութիւնը միջին Արեւելքի հայրենամերձ գաղութներէն պարպելու միտող թուրքը մէկէ աւելի անդամներ իր վարձկաններուն միջոցով փորձեց «պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալ»: Սակայն հայութիւնը մնաց, չամայացուց լիբանանահայ գաղութը, ծնաւ ղեկավար սերունդի նոր կորիզ, որ շարունակեց ու կը շարունակէ դէպի հայութեան վախճանական նպատակի` տունդարձի ճամբան հարթող երթը…

 

 

Նախորդը

«Թուրքերու Կողմէ Իրականացուած Հայոց Եղեռնէն 100 Տարի Ետք – 1915-2015». Համագումար «Այն Շամս» Համալսարանի Միջին Արեւելքի Հետազօտական Կեդրոնին Մէջ

Յաջորդը

Հայկազուն Եափուճեանի «Տառապանքի Եւ Յոյսի Ապրումներ» Վերահրատարակուած Գիրքի Շնորհահանդէս

RelatedPosts

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ.  Ծաղկազարդ Եւ Դռնբացէք
Անդրադարձ

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Ծաղկազարդ Եւ Դռնբացէք

Ապրիլ 1, 2023
Այնթապի Հերոսամարտը
Անդրադարձ

103-Ամեակ Այնթապի Հերոսամարտին

Ապրիլ 1, 2023
ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ.  Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –
Անդրադարձ

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ. Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In