Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առաջարկ. Որպէսզի Կանխատեսե՛նք Գալիքը

Ապրիլ 18, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը հանգրուան մըն է:

Հարիւրամեակի առթիւ ստեղծուած համագործակցական ոգին, յառաջացած միացեալ յանձնախումբերը ու հաւաքաբար իրականացած եւ իրականացող նախաձեռնութիւնները լաւ սկիզբ մը ու խարիսխ մը կրնան հանդիսանալ լաւապէս օգտուելու համար այս հանգրուանէն ու պատրաստուելու համար մեր ազգային կեանքի յաջորդ փուլին: Պահ մը կանգ առնելու, թէ՛ ետ նայելու եւ թէ՛ առաջ նայելու համար: Ինքնաքննումի՛ համար: Ծրագրումի՛ համար: Վերազարթնումի՛ համար մանաւանդ:

Ինքնաքննութիւնը պարտադիր է: Ի՞նչ ըրինք, ինչպէ՞ս ըրինք, ի՞նչը յաջողեցաւ, ի՞նչը` ոչ: Ինչո՞ւ չյաջողեցաւ: Ու այսպէս` ամբողջ շարք մը հարցումներու, որ պարտաւորենք տալու մենք մեզի եւ ազգովին փնտռելու անոնց պատասխանները: Որո՞նք էին մեր առաւելութիւնները, որո՞նք` մեր պակասութիւնները, ինչի՞ մէջ կը կայանար մեր ուժը, ինչի՞ մէջ` մեր տկարութիւնը:

Որքա՞ն կրցանք մեր պատգամը տեղ հասցնել: Որքա՞ն նոր զօրավիգ կրցանք ձեռք ձգել ի նպաստ մեր Դատին, մեր հայրենիքին, մեր ազգին:

Ի՞նչ արտաքին ազդակներ օգնեցին մեզի տեղական, շրջանային թէ համաշխարհային առումով, ի՞նչ ազդակներ խանգարեցին, մանաւանդ` թշնամիին կողմէ: Որքա՞ն կրցանք օգտուիլ դրական ազդակներէն, որքա՞ն կարողացանք դիմադրել բացասականներուն:

Այս բոլոր հարցադրումները չեն կրնար սահմանափակուիլ լոկ հարիւրամեակի ծիրին մէջ եւ այդ առթիւ տեղի ունեցած եւ տակաւին ունենալիք աշխատանքներու պարագային: Հարիւրամեակը հանգրուան մըն է համազգային առումով, հայութեան ապրած բովանդակ կեանքի ընթածիրին վրայ: Չենք կրնար զայն քննել առանց նաեւ քննելու այդ կեանքի բոլոր երեսները, յաջողութիւններն ու ձախողութիւնները ընդհանրապէս, որոնց արդիւնքը հանդիսացաւ, ի միջի այլոց, նաեւ այս հանգրուանը:

Իսկ ո՞ւր պիտի երթանք ասկէ անդին: Ահա՛ ուրեմն ծրագրումի անհրաժեշտութիւնը: Եթէ արդարօրէն կրնանք հպարտանալ, որ ի վերջոյ յաջողեցանք համախմբուիլ ազգային մէկ ընդհանուր տեսիլքի մը շուրջ, որ բանաձեւուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի հռչակագրով, ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր ազգային ռազմավարութիւնը այդ տեսիլքը իրականութեան վերածելու համար:  Իսկ այդ ռազմավարութիւնը չի կրնար ընդգրկել միայն Մեծ եղեռնի ոգեկոչումները` եկող տարի, հինգ տարի ետք, տասը կամ քսանհինգ… Հռչակագիրը կը վերաբերի մեր ազգային գոյութեան, այդ գոյութիւնը պահելու մեր կամքին, մեր գոյամարտի՛ն: Կը գիտակցի՞նք, որ այս հանգրուանէն ետք ազգային միասնութեան սկզբունքէն նահանջող իւրաքանչիւր քայլ ձախողութիւն մըն է, պարտութիւն մըն է… ամօթալի պարտութիւն մը, որուն պատասխանատուն պիտի ըլլանք մենք, եւ ոչ թէ` թշնամին:

Այդ ծրագրումը, հայութեան բոլոր մասերուն մասնակցութեամբ, ներառեալ` պետութիւն, եկեղեցիներ, կուսակցութիւններ, միութիւններ ու հաստատութիւններ, այլեւ` անհատ ազգայիններ, ձեւ պէտք է առնէ նկատի առնելով թէ՛ Հայաստան-Արցախ-Ջաւախք տակաւին հայաբնակ մեր հայրենիքը, թէ՛ մեծ մասամբ հայաթափուած մեր բռնագրաւուած հողերը, թէ՛ հետզհետէ դեռեւս ընդլայնող սփիւռքը` նկատի առնելով քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ բոլոր ոլորտները,  նկատի առնելով մեր ամբողջ ներուժը` մարդկային թէ նիւթական:

Այս ինքնաքննութիւնն ու ծրագրումը ինքնանպատակ չեն ի հարկէ: Անօգուտ եւ անիմաստ ալ կրնան թուիլ, եթէ վերազարթնումը չըլլայ մեր գալիք փուլին առաջնահերթութիւնը:

Հարուածը աննախընթաց ծանրութեամբ իջաւ մեր գլխուն հարիւր տարի առաջ: Կրցանք վերապրիլ: Նոյնիսկ այդ վերապրումը կրնանք հարցականի տակ դնել ի տես մեր ներկայ վիճակին` հետզհետէ հայաթափուող, այսինքն նոր եղեռնի մը ենթարկուող հայրենիքով մը, հետզհետէ ձուլուող, այսինքն հայութենէ հեռացող գաղթօճախներով, հետզհետէ անհետացող կամ աղճատուող լեզուով մը, հետզհետէ իր ինքնուրոյնութիւնը զիջող մշակոյթով մը:

Սակայն մենք սովոր չենք յուսահատելու, զէնքերը վար դնելու: Մենք` հազար տարիէ ի վեր, հինգ թէ տա՛սը հազար տարիէ ի վեր: Դիմանալու եւ վերընձիւղուելու մեր բազմահազարամեայ ունակութիւնը վերստին պէտք է ի յայտ գայ ու մեզ մղէ այս արեւին տակ մեր տեղը չզիջելու վճռակամութեան:

Հարիւրամեակը կրնայ այդ վճռակամութեան նախանշանը ըլլալ:

Այս մասին ալ յաջորդիւ` փակելու համար այս շարքը:

 

 

Նախորդը

Ընկերային Ցանցերուն Եւ Որոնման Համակարգերուն Մէջ Հայաստանի Նկատմամբ Հետաքրքրութիւնը Մեծապէս Աւելցած

Յաջորդը

«Հայապահպանութեան Գործում Նշանակալի Աւանդի Համար» Մրցոյթի «Լաւագոյն Ամէնօրեայ Կրթօճախ»-ի Առաջին Կարգի Մրցանակին Արժանացաւ Զմմառեան Միաբանութեան Դպրեվանքը

RelatedPosts

Վրաստանի Իսկական Խնդիրը
Անդրադարձ

Վրաստանի Իսկական Խնդիրը

Մարտ 22, 2023
Նոր Օսմանականութեան Սպառնալիք` Հայ-Իրանական Համատեղ Շահերին
Անդրադարձ

Իրան-Սէուտական Արաբիա Մերձեցումը` Պատուար Նոր-Օսմանականութեան

Մարտ 22, 2023
Իմ Ընկերոջ Յիշատակին. Կեանքից Հեռացաւ Սպանաբնակ Լրագրող Արթուր Ղուկասեանը
Անդրադարձ

Իմ Ընկերոջ Յիշատակին. Կեանքից Հեռացաւ Սպանաբնակ Լրագրող Արթուր Ղուկասեանը

Մարտ 22, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In