Պեռնի Մէջ` Հայկական Մշակոյթի Շաբաթ Եւ Միջազգային Համագումար` Նուիրուած Արցախի Հայկական Հոգեւոր Ու Մշակութային Ժառանգութեան Պաշտպանութեան
26-28 մայիսին Զուիցերիոյ մայրաքաղաք Պեռնի մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային տարողութեամբ մշակութային եւ մարդասիրական կարեւոր նախաձեռնութիւն մը` Հայկական ժառանգութեան շաբաթը, որ կազմակերպուած է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին (ԵՀԽ) նախաձեռնութեամբ, Զուիցերիոյ բողոքական եկեղեցւոյ հետ գործակցութեամբ եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ աջակցութեամբ: Այս մասին կը տեղեկանանք կազմակերպիչներուն մամլոյ ասուլիսէն: 27 մայիսին կատարուեցաւ պաշտօնական բացումը Արցախի հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պաշտպանութեան նուիրուած միջազգային համագումարին: Նախաձեռնութիւնը...



















