Կան օրեր, թուականներ եւ դէպքեր, զորս ոչ միայն կը յիշենք, այլեւ կը զգանք: 28 մայիս 1918-ը եղաւ այդպիսի օր մը հայ ժողովուրդին համար: Օր մը, երբ կործանումի եզրին հասած ժողովուրդ մը բարձրացուց իր գլուխը եւ յայտարարեց. «Մենք պիտի չանհետանանք»: Այդ օրը հռչակուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը` Հայոց պատմութեան ամէնէն պատմարժէք եւ խորհրդանշական տօներէն մէկը, իսկ հայ ժողովուրդը անցաւ պետութիւն ունեցող ազգերու շարքին:
Ազատութեան այս փառապանծ յաղթանակը տեղի չունեցաւ առանց պայքարի եւ ցաւի, այլ` երկրէն ու հոգիէն մաշած, Ցեղասպանութենէ վերապրած, անիշխանութեան մէջ սայթաքող, սովի եւ հիւանդութեան հետ կռուող ժողովուրդի մը քրտինքով եւ արեամբ, որովհետեւ, ինչպէս գիտենք, 1915-1917 թուականներուն Օսմանեան կայսրութիւնը իրագործեց Հայոց ցեղասպանութիւնը, որուն պատճառով ունեցանք մէկուկէս միլիոն հայ զոհեր, նաեւ` հազարաւոր գաղթականներ: Ռուսական ցարական կայսրութեան անկումէն ետք Արեւելեան Հայաստանը մնաց անտէր ու անպաշտպան, իսկ ամբողջ Կովկասը մխրճուեցաւ անիշխանութեան մէջ: Ռուսական զօրքերը ետ քաշուեցան, իսկ օսմանեան բանակը յառաջացաւ դէպի արեւելք` նպատակ ունենալով ոչնչացնել հայ ժողովուրդը: Հայերը ոչինչ ունէին` ո՛չ բանակ, ո՛չ պետութիւն, ո՛չ միջազգային աջակցութիւն: Սակայն ունէին մէկ հզօր զէնք` կամք: Ժողովուրդը զէնք վերցուց եւ կանգնեցաւ իր հայրենիքը պաշտպանելու:
Սարդարապատի դաշտերուն մէջ, երբ թշնամին ընդամէնը քանի մը քիլոմեթր հեռու էր Երեւանէն, հայ աշխարհազօրային կամաւորներ` գիւղացիներ, ուսուցիչներ, հոգեւորականներ, երիտասարդներ, միասնաբար ոտքի կանգնեցան: Այս յաղթանակը անկարելի կը թուէր, բայց դարձաւ իրականութիւն` վկայելով, որ մեր գոյութիւնը ապահովուած է ոչ միայն զէնքով, այլ նաեւ` հաւատքով եւ միասնականութեամբ: Հայկական բանակը Ղարաքիլիսէի, Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի մէջ ցոյց տուաւ այնպիսի դիմադրութիւն մը, զոր կարելի չեղաւ խորտակել: Այդ պայքարը ապահովեց հայ ազգային պետութեան գոյութիւնը: Այս հերոսամարտերը դարձան մեր վերապրումի յենասիւները:
Կ՛արժէ նշել, որ այս գոյամարտին կեդրոնը կանգնած էր եզակի դէմք մը` Արամ Մանուկեան, որ դարձաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիրներէն մէկը` իբրեւ հաւատքի, զոհողութեան եւ ազգային վճռակամութեան խորհրդանիշ: Ան համախմբեց, կազմակերպեց եւ ոգեւորեց մեր ժողովուրդը: Ան ոչ միայն կազմակերպիչ եւ ղեկավար էր, այլ նաեւ` ազգային ոգիի կենդանի մարմնացում: Ան ոգեշնչեց եւ վստահեցուց ժողովուրդը, որ կ՛արժէ ապրիլ, կ՛արժէ պայքարիլ: Արամ Մանուկեան իր խօսքով, տեսիլքով եւ օրինակով ցոյց տուաւ, որ երբ հայը կանգնի իր հողին վրայ` հաւատքով ու արդար պահանջով, անկարելին կարելի կը դարձնէ:
Սարդարապատի յաղթանակէն քանի մը օր ետք` մայիս 28-ին, անդրկովկասեան կառավարութեան լուծումէն ետք, Հայ ազգային խորհուրդը Թիֆլիսի մէջ հռչակեց Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը: Այս քայլը պատմական էր եւ ճակատագրական. դարերու վէրքերէ ետք հայ ժողովուրդը դարձեալ կերտեց պետականութիւն:
Հակառակ քաղաքական եւ ռազմական ծանր պայմաններուն, Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը գոյատեւեց մինչեւ 1920 թուական` դառնալով հպարտութեան խորհրդանիշ: Հանրապետութիւնը ընդունեց Ցեղասպանութենէն փրկուած տասնեակ հազարաւոր գաղթականներ, կազմեց ազգային բանակ, հիմնեց պետական կառոյցներ ու դեսպանատուներ եւ դրաւ այն հիմքերը, որոնց վրայ պիտի կերտուէր ապագայի վերանկախացած Հայաստանը:
Թէեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը կարճ կեանք ունեցաւ (1918-1920), սակայն անոր հոգեմտաւոր ժառանգութիւնը ապրեցաւ երկար: Այսօր, աւելի քան մէկ դար ետք, մայիս 28-ը կը շարունակէ մնալ հպարտութեան, միութեան եւ ազգային ինքնութեան օր: Հայկական սփիւռքին, յատկապէս Լիբանանի հայ համայնքին համար մայիս 28-ն առիթ մըն է անդրադառնալու մեր արմատներուն, արժէքներուն եւ հաւատարմութեան` մեր ազգային նպատակներուն նկատմամբ:
Իսկ մինչեւ այսօր, երբ Հայաստանն ու Արցախը կը դիմագրաւեն նոր մարտահրաւէրներ, մայիս 28-ի ոգին կը մղէ մեզ յանձնառու մնալ մեր հայրենիքին նկատմամբ եւ ծառայել մեր ժողովուրդին: Ան կոչ կ՛ուղղէ նոր սերունդներուն` պաշտպանելու ազատութեան, արդարութեան եւ ինքնիշխանութեան արժէքները:
Մայիս 28-ը միայն անցեալի յիշատակ չէ: Ան ապագայի լոյս մըն է` մեզ առաջնորդող, մեզ միացնող եւ մեզ պարտադրող, որ հաւատարիմ մնանք մեր պատմութեան, մեր հերոսներուն եւ մեր հողին: