Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հէյ Ջան» Սարդարապատ Կամ` Հերոսապատումի Մը Հեքիաթը (28 Մայիս)

Մայիս 28, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Մեր օրերուն ապրող, հայ կեանքի տարօրինակ իրադարձութիւններուն քիչ թէ շատ ծանօթ ոեւէ հայորդի, սապէս, համարձակ եւ բարձրաձայն կրնայ գոչել, մինչեւ ե՛րբ մեր ազգային պարունակը պիտի ապրի խարխափումներու յորձանուտին մէջ, կամ` պիտի շարունակէ իրերամերժ կեցուածքներու եւ մօտեցումներու յագուրդ տալ:

Փաստօրէն, զարմանալին կը մնայ այն, որ դարերու ստրկամտութիւնը, թշնամի ուժերու եաթաղանն ու սպանդը, ահն ու սարսափը, գերեվարութիւնը, հայրենազրկումը, պարտադրուած աքսորը, տեղահանութիւնը, կարծես, սովորական երեւոյթներ ըլլային հայ անհատի թէ հաւաքականութեան կեանքին առնչուած:

Յայտնապէս դարերու խորերէն մեզի հասած, ժառանգուած հարցադրում մը իր բարոյալքիչ դրսեւորումով` կրկին լոյսին կու գայ, նոյնիսկ վերանկախացած հայրենի միջավայրի մէջ, մինչեւ ե՞րբ, տարբեր ոլորտներու ինքնամոռացումը, ինքնաժխտումը եւ ստորադասումը պիտի շարունակեն իրենց բարոյահոգեբանական օղակներով այս կամ այն իշխանական համակարգին, քաղաքական դասուն եւ պետական այրերու կամքն ու գիտակցութիւնը սեղմել, մթագնել, այլասերել:

Հոս, պատեհ առիթը չէ, յատկապէս մայիսեան սխրանքի յիշատակելի օրերուն, այլ ազգերու թէ պետութիւններու յարացոյցը եւ վկայութիւնը արձանագրել, աւելի՛ն. այս կամ այն օտարազգի քաղաքական, զինուորական թէ հասարակական գործիչի կատարած պատմաքաղաքական դերակատարութիւնը շեշտադրել, պարզապէս ցոյց տալու, թէ ազգեր, պետութիւններ, քաղաքակրթութիւններ իրենց ծոցէն ծնունդ տուած են նաեւ հրաշալի անհատականութիւններ, որոնք դարձած են իրենց ժամանակի ոգին եւ շունչը, կամքն ու հաւաքական կեանքի գիտակցական մակարդակը:

Ըսել, որ մարդկային պատմութիւնը ընթացած է միայն յաջողութիւններու եւ զարգացումներու բովէն, ինքնախաբէութիւն է, աւելի՛ն. պնդել, որ ժողովուրդներու յաղթանակները կերտուած են առանց տառապանքի, արեան եւ զոհողութիւններու, մտքի խեղճութիւն է, իսկ ընդունիլ, որ երկրագունդին վրայ ապրող եւ դարերու փորձութիւնն ու փորձառութիւնը իր շալակին` հայութիւնը, չէ կրցած ցարդ սթափիլ իր հաւաքական մտքի խաղքութենէն, այս ալ միամտութիւն է, որովհետեւ նման քարոզչական միտումներ` թշնամի ուժերու յաւիտենական ցանկութիւնն է եղած:

Արդ, երբ պատեհ առիթը կը ստեղծուի վերանայելու եւ կամ վերարժեւորելու, հայոց պարագային, մայիսեան սխրանքը, անոր ունեցած պատմաքաղաքական դերն ու առանձնայատկութիւնը, հրաշքի համազօր յաղթանակը, ազգային գիտակցութեան եւ լեռնացած կամքի վեհութիւնը, այո՛, քաոսային վիճակէն դուրս գալով` ազատ ու անկախ հայրենիք կերտելու երազ-յամառութիւնը, ահա, այս ըմբռնումով սոսկ պէտք է գնահատել անցեալը, զինուիլ անով ու հաւաքաբար աշխատիլ` շրջանցելու ներկայ օրերու հայակործան որոգայթները, քաղաքական պատուհասներն ու զինուորական սպառնալիքները:

28 մայիս 1918:

Բարեբախտաբար, համազգային պատմագրութիւնը պատուով արձանագրած է, որ 107 տարի առաջ, հայրենի հողին վրայ թշնամիին դէմ մղուած անհաւասար եւ բուռն ճակատամարտերը հայութեան գոյութենական պայքարն էին, որ կը տարուէր յանուն Հայաստանի ու մնացորդացի պաշտպանութեան:

Փաստօրէն, Երեւանէն քանի մը ժամ հեռաւորութեամբ, թուրք հորդաներ կը  պատրաստուէին վերջին հարուածը հասցնել եւ ընդմիշտ բնաջինջ ընել հայութիւնը, որ արդէն կ՛ապրէր իր օրհասը, յատկապէս երբ Սէյմի քայքայումով Պաթումի թէ Ալեքսանդրապոլի մէջ թրքութիւնը, այս անգամ կը փորձէր դիւանագիտական յաղթանակը տանիլ` մարդկութեան քարտէսէն ջնջելով Հայաստանի անունը:

Ու պատահէր անսպասելին, հրաշալին ու պատուաբեր սխրանքը: Ազգային պարունակը տարերային ուժգնութեամբ կը մերժէր սեփական ազգի բնաջնջումը: Իսկ ի՛նչն էր պատճառը կամ մղիչ ուժը, որ կարողութիւնը ունեցաւ շրջելու դէպքերու ամբողջ ընթացքը, երբ զինուորական կարգ մը հրամանատարներ անյոյս կը գտնէին հայութեան տարած մարտերը:

Աւելի՛ն. ինչպիսի՛ կերպարներ էին անոնք` Գէորգ Ե. կաթողիկոս, Մանուկեան Արամ, Դրօ, Նժդեհ, Նազարբեկեան ու Սիլիկեան զօրավարներ ու քաջութեամբ յորդ շատ-շատեր, որոնք պահու խիստ լրջութիւնը գիտակցելով յանձն առին տալ իրենց ճակատագրական որոշումը` պայքարի դրօշը բարձրացնել ու անգամ մը եւս կենաց մահու պատերազմը մղել: Այլ խօսքով` չյանձնել, չդատարկել Երեւանը եւ մերժել թուրքի եաթաղն ու անձնատուութիւնը: Եւ, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի ու Ղարաքիլիսայի մէջ կը վճռուէր հայութեան, թէեւ դառն, բայց կեանքով լեցուն ճակատագիրը:

Հայութեան բազուկը կը յաղթէր, եւ մայիսեան հերոսամարտը կը կերտուէր:

Հայոց սրբազան լեռ Արարատի վեհափառ շուքին տակ, դարեր ետք լոյսին կու գար ազատ ու անկախ Հայաստանը` հայոց պետականութեան շունչ ու կորով, երազ ու հաւատամք յանձանձելով:

Իրօք, ազգային հաւատամք, որ կռանուած էր հայու արեամբ եւ զոհողութեամբ, ջրդեղուած` հաւաքական կամքի ու վճռակամ բազուկի գեղեցկութեամբ, լիացած` ազգանուէր հայորդիներու եւ անկրկնելի հերոսներու հաւատարմութեամբ:

Ճիշդ է, որ հազիւ երկու տարուան կեանք մը ունեցաւ Հայաստանի պետական համակարգը, այդուհանդերձ ամրագրեց ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, որ հայութիւն եւ Հայաստան յաջողեցան վերատիրանալ իրենց պատմաքաղաքական իրաւունքին եւ անցան քաղաքակիրթ ազգերու շարքին:

Իսկ Խորհրդային Հայաստանի ժամանակներուն, հայութիւնը յաջողեցաւ իր կամքը պարտադրել, այս անգամ կառուցելով Սարդարապատի յուշահամալիրը, որ, այսպէս ըսած, հայութեան քաղաքական ու ազգային ըմբռնումներուն ամէնէն ամուր եւ գերազանցապէս ապահով նշաձողը հանդիսացաւ, հետագայ սերունդներու մէջ վառ պահելու ազատութեան, անկախութեան եւ պայքարի գաղափարախօսութիւնը:

Այսօր դարձեալ սրբազան լեռ Արարատի գագաթին կուտակուած են մութ ամպեր, որոնք կը սպառնան հայոց պետականութեան, մէկ տարբերութեամբ սակայն, որ հայրենի իշխանութիւնն ու պետական համակարգը կը փորձեն իրենց զիջումներու թէ արտասովոր քաղաքական վարքագծին ու մարդկային պահուածքին միջոցով կերտել «նոր Հայաստան» մը, որ ունի «յանձնուելու» շնորհներ եւ կը տածէ «ուժեղ» սէր ու հաւատարմութիւն հանդէպ թուրքին ու թրքութեան:

Արդ, ապազգային ու խարդաւանք քաղաքականութեամբ ո՛չ հայրենիք եւ ո՛չ ալ ազգ կը պաշտպանուի: Կը թուի, թէ թուրքն անգամ կը ծիծաղի հայ ազգի կեանքին մէջ թափանցած խաչագողի կերպարներու առատութեամբ եւ «ժպտուն երես» մարդոցմով:

Իսկ այլընտրա՞նքը, յաճախ մեզ կը յիշեցնեն մօտիկ թէ հեռակայ «նիկոլասէր»-ներ եւ անոր խեղճ քարոզչութեան լծուած «մեծամեծ»-ներ, որոնք օրն ի բուն եւ հանգիստ խղճով կ՛աշխատին իմաստազրկել ազգային ամէն արժէք, հերոսապատում եւ արժանապատուութիւն:

Միւս կողմէ, «հին» թէ «նոր» քաղաքական մտքի հոսհոսները, ի զուր կը փորձեն չքմեղանքի խօսքեր արտաբերել, որովհետեւ Արցախի կորուստով` յստակ կը դառնար նման այրերու ապիկար վարքն ու բարքը, փտածի եւ կաշառակերի վարքագիծը:

Ե՞լքը, սերունդներու ազգային շունչով դաստիարակութիւնն է:

Իսկ կողմնացոյցը` Սարդարապատի յուշահամալիրի ոգեղինացած խորհրդանիշերն են, քանդակուած եւ հայութեան հաւաքական յիշողութեան մէջ ամրօրէն պահուած բիւրեղ զգացումները, հոգեկանութիւնն ու գիտակցութիւնը:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութեան 1966-ի Պահանջատիրական Յուշագիրը Եւ «Ազդակ»-ի Անդրադարձը

Յաջորդը

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Տարեդարձին Առիթով

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?