Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Կրթութիւնը` Մշակոյթի Ապագան

May 28, 2025
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԻՐՕ ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ

Մայիս 28-ը Հայոց պատմութեան մէջ ամէնէն կարեւոր օրերէն մէկն է: 28 մայիս 1918-ին հռչակուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութիւնը, այս օրը հայ ժողովուրդը յաջողեցաւ վերակերտել իր անկախ պետականութիւնը` երկարատեւ կռիւներէ եւ տառապանքներէ ետք: Հայաստանի առաջին անկախ հանրապետութիւնը` կազմուած երկար դարեր ետք, կարեւոր հիմք հանդիսացաւ երկրին հետագայ վերանկախացման համար` իբրեւ ազգային ինքնութեան եւ պայքարի խորհրդանիշ: Ամէն տարի մայիս 28-ը կը նշուի իբրեւ Հանրապետութեան տօն` մեծարելով այն հերոսները, որոնք պայքարեցան ազատ եւ անկախ Հայաստանի կերտման համար:

Հայ մշակոյթը ապրեցաւ ընտանիքներու սրտերուն մէջ: Մեր երգերը, պարերը, հաւատքը եւ արուեստը սերունդէ սերունդ փոխանցուելով` վերածուեցան յուշերու եւ կենդանի արժէքներու, որոնք այսօր կ՛ապրին աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ: Հայոց լեզուն` իր երկու ճիւղերով` արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն, հանդիսացաւ մեր պատմութեան եւ մշակոյթի կենդանի վկան:

Կրթութիւնը դարերէ ի վեր եղած է հայ ժողովուրդին կենսական արժէքը: Միջնադարեան հայկական վանքերը, ինչպէս` Սանահինը, Հաղպատը, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը, եղած են ուսման եւ գիրքի պահպանումի կեդրոններ: Ցեղասպանութենէն ետք, երբ հայերը ցրուեցան` Միջին Արեւելք, Եւրոպա, Ամերիկա, Քանատա, Աւստրալիա եւ այլ երկիրներ, շատ արագ հիմնեցին հայկական գաղութներ, իսկ կարեւորագոյնը` հայկական վարժարաններ: Այս վարժարանները եղան ոչ միայն լեզուի եւ պատմութեան ուսուցման վայրեր, այլ նաեւ` մեր մշակոյթի վերարտադրութեան կեդրոններ: Հայ ուսուցիչները եղան ոչ միայն դասատուներ, այլ նաեւ` հոգեւոր առաջնորդներ, արժէքներ փոխանցողներ եւ հասարակութեան ուղեցոյցներ:

Լեզուն եւ մշակոյթը հաւասարապէս կապուած են կրթութեան հետ: Երբ դպրոց մը փակուի, կը կարծենք, թէ ամէն ինչ վերջացած չէ: Բայց երկար ժամանակ ետք գաղութը կը սկսի մոռնալ` իր լեզուն, իր պատմութիւնը եւ իր ինքնութիւնը: Մեր պայքարը այսօր ոչ թէ ֆիզիքական գոյատեւման պայքար է միայն, այլ նաեւ` հոգեւոր եւ մշակութային: Եթէ կորսնցնենք մեր կրթութիւնը, կը կորսնցնենք մեր լեզուն, մշակոյթը, ապա` ինքնութիւնը: Սակայն մենք դեռ կը շարունակենք մեր ուղին` իրագործելու համար մեր նպատակը: Ունինք պատանեկան ուժ, հպարտ երիտասարդներ եւ զօրաւոր միտք ունեցող անձեր, որոնք հաւատք ունին իրենց արմատներուն նկատմամբ, նաեւ` մեծահասակ սերունդ մը, որ պատրաստ է կանգնելու բոլոր դժուարութիւններուն դէմ: Հայաստանի եւ սփիւռքի կրթական հաստատութիւններու համագործակցութիւնը կրնայ նոր ուղիներ բանալ:

Վերջապէս, պէտք է յիշենք, որ մենք միայն անցեալը չենք: Այո՛, մեր ժողովուրդը ենթարկուեցաւ Ցեղասպանութեան եւ կորուստի, բայց մենք այսօր կ՛ապրինք, կը շինենք, կը ստեղծենք, կը պայքարինք, կը զրուցենք մեր մայրենի լեզուով, կը պատմենք մեր մեծ մայրերուն եւ մեծ հայրերուն պատմութիւնները: Ասիկա արդէն մեծ յաղթանակ մըն է մեզի համար: Իսկ եթէ կ՛ուզենք, որ մեր զաւակները եւ անոնց զաւակներն ալ ապրին իբրեւ հայ, պէտք է կրթութիւնը առաջնահերթ նկատենք, որովհետեւ կրթութիւնն է այն սերմը, որուն միջոցով մեր արմատները պիտի խորանան եւ մեր ճիւղերը պիտի բացուին դէպի ապագայ:

 

 

Նախորդը

Նոր Սերունդ Մը` Հին Դրօշակին Տակ

Յաջորդը

Սփիւռքէն` Հայաստանի Սիրոյ Նամակ Մեր Շունչին Մէջ Ապրող Երկրին

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

October 28, 2025
Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ   «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին
Զաւարեանական

Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին

October 28, 2025
Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

August 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.