Յօդուածներ

Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին

Ս. Գրիգորի Լոյսէն Առաջ՝ Հռիփսիմեանց Կոյսերու Նահատակութիւնը Գլխաւոր Շարժառիթ Հայոց Քրիստոնէացման

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ Ս. Հռիփսիմէ, սրբանկարՆաղարշ Յովնաթանեանի, 1680–1700 թթ.։ Դժուար է պատկերացնել՝ արդեօ՞ք առանց Հռիփսիմեանց կոյսերու նահատակութեան կ’իրականանար Դ. դարու սկիզբը Հայաս­տանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումը։ Ինծի այնպէս կը թուի, թէ առ այս կարեւորագոյն նշանակութիւն ու­նեցող եղելութեան գլխաւոր շարժառիթը ոչ թէ Գրիգոր Պարթեւի «մուտն ի վիրապ»-ի բանտարկութեան կամ անոր 14 երկար տա­րիներու ազատազրկումէն ետք «ելն ի վի­րապ»-ի իրադարձութիւններն...

Ստացուած Գիրքեր  «Կարելի՞ Է Արեւմտահայերէնը Փրկել Այսօրուան Ցաւալի Վիճակէն»  (Հեղինակ` Պերճ Թէրզեան)

Ստացուած Գիրքեր «Կարելի՞ Է Արեւմտահայերէնը Փրկել Այսօրուան Ցաւալի Վիճակէն» (Հեղինակ` Պերճ Թէրզեան)

Ա. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Գահիրէի մէջ 2025-ին լոյս տեսաւ Պերճ Թէրզեանի «Կարելի՞ է արեւմտահայերէնը փրկել այսօրուան ցաւալի վիճակէն» գրքոյկը, բաղկացած` 44 էջերէ: Հեղինակը լուսարձակի տակ կ՛առնէ այն, որ սփիւռքի տարածքին գտնուող հայկական կրթական հաստատութիւններու դժուարութիւնները նոյնանման բնոյթ ունին` մատնանշելով, որ ամէն ոք տեղեակ է արեւմտահայերէնի անբաղձալի վիճակին մասին, սակայն ոեւէ համազգային նախաձեռնութիւն չ՛որդեգրուիր, եւ կացութիւնը հետզհետէ աւելի կը վատթարանայ: Թէրզեան կը շարունակէ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ Մուսա Լերան Հերոսամարտին Նուիրուած Ֆրեզնոյի Յուշարձանին Պաշտօնական Բացումը 18 մայիսին «Արարատ-Մասիս» գերեզմանատան մէջ, «Նեմեսիս» գործողութեան հերոսներէն Սողոմոն Թէհլիրեանի յուշարձանին կից գտնուող հողամասին վրայ տեղի ունեցաւ Ֆրեզնոյի Մուսա Լերան հայրենակցական միութեան նախաձեռնութեամբ կառուցուած` Մուսա Լերան հերոսամարտին նուիրուած Ֆրեզնոյի յուշարձանին պաշտօնական բացումը: 1915-ի հերոսամարտի նահատակներուն նուիրուած յուշարձանին հիմնարկէքը տեղի ունեցած էր մօտաւորապէս երկու տարի առաջ: Անիկա կրկնօրինակն է...

Սթափելու Ժամանակը

Կարգը Հասաւ Եկեղեցիին

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Նիկոլ Փաշինեանի «Իրական Հայաստանը» միայն 29743 քառ. քմ տարածութեամբ սահմանափակուած Հայաստանը չէ: Այդ սահմաններէն ներս բնակողները եւս պէտք է դառնան «իրական հայերս», իսկ հասարակութիւնը դառնայ «իրական» բնակչութիւն: «Իրական» դառնալու համար, անոնք պէտք է դաստիարակուին. դաստիարակի պարտականութիւնը ստանձնած են, ինքնակամօրէն, Նիկոլ Փաշինեան եւ Աննա Յակոբեան ամոլը, որոնք հիմնած են «կրթուիլը նորաձեւ է» համապարփակ դպրոցը եւ որուն աշակերտելը պարտադիր է...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հայ Ժողովուրդ` Ողջ Լուսարար

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Հայ ժողովուրդ` ողջ լուսարար, Դուն առաջին ազգն ես տիպար Որ շալկեց խաչն Յիսուսի, Քալեց ճամբան Գողգոթայի, Գլխուդ վրայ փուշէ պսակ Զետեղեցիր ու տառապանք Փոխադրեցիր քարուտ ճամբան, Զոր կը քալես դուն հայկազեան: Չարչարեցին քեզ, խաչեցին Պատմութեան մեր մօտ անցեալին, Գերեզմանիդ դրան սեմին Սպասեցին ու խնդացին, Այժմ անոնք կը զլանան Հաւատալ քու յարութեանդ: Մինչեւ այսօր կ՛ապրիս հզօր Արիւնաքամ կողիդ վէրքով,...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Ռուստամեան Սթափելու Եւ Արմատներուն Վերադառնալու Պահը Յարմար Կը Համարէ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին նախաձեռնութեամբ, 28 մայիսին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանին մօտ տեղի ունեցած ծաղիկներու զետեղումէն ետք, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու իրական կարգաւորում կատարած են մեր նախնիները` Սարդարապատով: Ան յիշեցուց, որ Սարդարապատի նախօրէին ալ Երեւանի...

Պու

Պու

ՀՐԱՆԴ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Վերջին ամիսներուն քանի մը մտերիմ ընկերներու անուղղայ միտքերն ու լեզուները դարձնողն ու յոգնեցնող թեմաներէն գլխաւորը վերջին քանի մը տարիներու լիբանանահայ հրացայտ մշակոյթի շիջումն ու անհանդուրժելի քայքայումն էր: Լիբանանահայերու հայկականութեան հանդէպ անտարբերութեան բուք մը կարծես սառեցուցած է երիտասարդութեան արուեստասիրութիւնը, մշակոյթին նկարագիր տալու, եռացնելու կիրքը: Պարզապէս ժխտական քննադատութիւն ցուցադրելու կամ ջանք չխնայող մշակութասէր խումբեր արժեզրկելու նպատակ չունիմ, հոս կ՛ուզեմ գնահատել...

Հայերէն Գիրքը Փոքիկներուն Աշխարհին Մէջ

Հայերէն Գիրքը Փոքիկներուն Աշխարհին Մէջ

Թոռնիկիս համար խաղալիք գնելու գացած էի: Մեզի պիտի գար, եւ մտածեցի իրեն անակնկալ մը ընել Երբ մտայ Համազգայինի գրատուն, ամէնէն խորը, դիմացի պատին վրայ նշմարեցի պուպրիկներ, որմազդներ եւ մանկական գիրքեր: Անմիջապէս մօտեցայ, եւ դիմացս բացուեցաւ մանկական աշխարհ մը: Ուրախութիւնս մեծ էր, գունազարդ, ճաշակով եւ ամէնէն կարեւորը` ամէն ինչ հայերէնով: Հայերէն խօսող պուպրիկներ տեսայ, այբուբենով բարձի երես, պայուսակ, գրչատուփ եւ այլն:...

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի 120-Ամեակին Հանդիսութեան  Լուսարձակի Տակ Առնուեցաւ Երիտասարդութեան  Եւ Ուսանողութեան Դերակատարութեան Կարեւորութիւնը

Պարտաւոր Էք Գալու Եւ Ղեկը Ստանձնելու

ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ 120 տարիներու փոթորկոտ կենսափորձ մը իր ուսերուն, 1904-ին Լիբանանի մէջ հիմնուած դաշնակցական առաջին ուսանողական միութիւնը այսօր կը նայի դէպի աշխատանքի, պայքարի եւ նուաճումներու նոր ապագայի: Դաշնակցութեան նազովրեցի սուրբին` Սիմոն Զաւարեանի հիմնած այս ուսանողական միութիւնը ամբողջ 120 տարի եւ աւելի իր գործունէութեամբ եւ յարաճուն ճառագայթումով ոչ միայն դերակատար եղաւ...

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի 120-Ամեակին Հանդիսութեան  Լուսարձակի Տակ Առնուեցաւ Երիտասարդութեան  Եւ Ուսանողութեան Դերակատարութեան Կարեւորութիւնը

ԶՈՄ-ի 120-Ամեակը Մեկնակէտ Թող Ըլլայ

ՎԱՉԷ ՆԱՃԱՐԵԱՆ «Եթէ Քրիստափորը Դաշնակցութեան միտքն է, Ռոստոմը` կամքը եւ ուժը, Զաւարեանը Դաշնակցութեան խիղճն է»: Դաշնակցութեան խիղճը... Այսպէս կոչուեցաւ Սիմոն Զաւարեանը ու ան յատկանշուեցաւ` որպէս գաղափարապաշտութեան, բարոյական ամրակուռ սկզբունքներու եւ անսակարկ նուիրումի եզակի ու գլխագիր Մարդը: Ան երրորդութեան մէջ ամէնէն խստապահանջ յեղափոխականն ու կուսակցականը եղաւ: Այս շունչով է, որ Պէյրութի մէջ 120 տարի առաջ Սիմոն Զաւարեան հիմը դրաւ ուսանողական միութեան...

Ծննդեան 110-Ամեակ Եդուարդ Պօյաճեանի (ԼԷ.)  «Մենք Տակաւին Մուսալեռցի Ենք, Երբ Ձուլուինք, Նոր Հայ Պիտի Ըլլանք…»

Ծննդեան 110-Ամեակ Եդուարդ Պօյաճեանի (ԼԷ.) «Մենք Տակաւին Մուսալեռցի Ենք, Երբ Ձուլուինք, Նոր Հայ Պիտի Ըլլանք…»

 ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ Սիրելի՛ ընթերցող, Այն, ինչ որ այսօր վերամշակուած ձեւով թուղթին կը յանձնեմ, երկար տարիներ  ոեւէ մէկուն չէի պատմած, որովհետեւ եղածը պատանիներու յատուկ, շատ անձնական «որոշում» մըն էր... Սակայն նկատի առած մեր ազգի ու առհասարակ մարդկութեան ոգեղէն արժէքներու հետեւողական նսեմացումը, անոր անտեսումն ու նոյնիսկ կորուստը, չեմ վարանիր անգամ մը եւս հրապարակելու` ցոյց տալու համար, թէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ իմ սերունդս...

Դպրեվանքեան Ոգին. «Սիրով»

Դպրեվանքեան Ոգին. «Սիրով»

ՊԱՐՈՅՐ Ծ. ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ Դպրեվանքին մէջ ամէնէն սիրելի բառը, որ յաճախ կը լսեմ եւ կ՛արժեւորեմ, «սիրով» բառն է: Ամէն անգամ, որ աշակերտի մը կը դիմենք բան մը կատարելու պատուէրով կամ խնդրանքով, անմիջապէս անոր պատասխանը կ՛ըլլայ` «սիրով»: Եթէ կեդրոնանանք այս բառին բուն իմաստին վրայ, պիտի տեսնենք, որ անիկա ինքնին ցոյց կու տայ մարդկային կարեւոր առաքինութիւն մը, ըստ որուն, տուեալ անձը պատրաստ...

Ծխնելոյզի Ընկերուհիս

Ծխնելոյզի Ընկերուհիս

ՍԵՒԱՆ Ա. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Ձմեռ է: Փայտէ վառարանին մէջ խոշոր կոճղի ճթռտոցը կը լսուի: Միայն այս վառարանը Քեսապի ցուրտին «քիթը կը կտրէ»: Ան իր տաքութիւնը կը սփռէ չորսդիս, իսկ այրող ճիւղերուն ճարճատիւնը ջերմացնող երաժշտութեամբ ու բոյրով կը պատէ սենեակս: Փայտը տեղաւորելէ ետք, առաւօտեան սուրճս կը համտեսեմ: Մեր տան պատուհանէն դուրս կը դիտեմ` բնութեան գեղեցկութեամբ զմայլած: Ուշադրութիւնս կը գրաւեն միայն իրենց փետուրներով...

Նշմար Մը` Ռոպէր Հատտէճեանի «Առաստաղ» Երկհատոր Վէպին Շուրջ

Կը Խոստովանիմ. Փոխան Ուղերձի

ԴՈԿՏ. ԱՐԹՈՒՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿԵԱՆ Բարեկամս, որուն մասին յաճախ կը խորհիմ,  կ՛ապրի Գիւմրի: Հանդիպած, մտերմացած ենք 90-ականներու սկիզբներուն: Ըսել կ՛ուզեմ` տարիներէ ի վեր իրարմէ լուր չունինք: Խորապէս համակիր էր Դաշնակցութեան: Կ՛ըսէր. «Միշտ երազել եմ այս օրը: Հայոց եռագոյնը Երեւանի, Գիւմրիի փողոցներում...»: Միշտ նուիրական իր զգացումներէն կը խօսէր: Այն ատեն մենք ամէնքս ալ կ՛երազէինք` պարտասած խորհրդային  իրականութենէն եւ երազով տարուած կ՛ապրինք: Այդ օրերու...

Այսօր Իսկ Քանդել Ջլատող Օղակները

Այսօր Իսկ Քանդել Ջլատող Օղակները

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Վերջին շրջանին Հայաստանի քաղաքական բեմը դարձեալ պարուրուած է խառնաշփոթութիւն մատնող մշուշով: Պատճառները բազմաթիւ են. մէկ կողմէ կան Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի պահանջներուն առջեւ նոր նահանջներ արձանագրելու իշխանութեան նշանները, արտաքին այլատեսակ ճնշումներ, որոնք ընդհանրապէս կը միտին Հայաստանի շահերը զոհաբերել ճնշողներու ծրագիրներուն իրականացման, իսկ ներքին գետնի վրայ կան տնտեսական, ընկերային եւ բազում այլ գործօններ: Խառնաշփոթութեան ծանրացման իր «նպաստը» բերաւ այլ գործօն...

«Եութիուպ»-ին Վրայ Հրապարակուած Երկու Ցնցիչ Տեսանիւթեր Հայաստանը Կը Ներկայացնեն Իբրեւ Իսլամ Երկիր

«Եութիուպ»-ին Վրայ Հրապարակուած Երկու Ցնցիչ Տեսանիւթեր Հայաստանը Կը Ներկայացնեն Իբրեւ Իսլամ Երկիր

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «ԵուԹիուպ»-ի վրայ հանդիպեցայ երկու շինծու տեսանիւթերու, որոնք կ՛աղաւաղեն Հայաստանի պատմութիւնն ու ինքնութիւնը: Առաջին տեսանիւթը` ինը վայրկեան 53 երկվայրկեան տեւողութեամբ, կը կրէ «Աշխարհի առաջին քրիստոնեայ երկիրը այժմ ընդունի իսլամութիւնը. անոր միլիոնաւոր քաղաքացիները կրօնափոխ կ՛ըլլան» խորագիրը (https://www.youtube.com/watch?v=YRuBcYQ-0WA): Երկրորդ տեսանիւթը` ութ վայրկեան 24 երկվայրկեան տեւողութեամբ, վերնագրուած է` «Աշխարհի առաջին քրիստոնեայ երկիրը. այժմ 99 տոկոսով իսլամ է» (https://www.youtube.com/watch?v=7qve3KR58xI): Անյայտ անձ մը արհեստավարժ...

Ազգասէր Ու Նուիրեալ Անդօ Մայիսեանի Յիշատակին  (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Ազգասէր Ու Նուիրեալ Անդօ Մայիսեանի Յիշատակին (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Քառասուն օրեր առաջ սրտի կսկիծով առյաւէտ հրաժեշտ տուինք մեր հաւատաւոր եւ գաղափարապաշտ ընկերոջ` Անդօ Մայիսեանին: Ազգասէր եւ նահապետական ընտանիքի մը յարկին տակ 1948 թուականին Հայաշէնի մէջ ծնած Անդօ Մայիսեան իր դաստիարակութիւնը ստացած է ծնողքէն, որոնք անոր մէջ միշտ վառ պահած են ազգային ոգին եւ հայրենասիրութիւնը: Նախնական ուսումը ստացած է Հայաշէնի Ազգային Թորգոմեան վարժարանին մէջ` ըլլալով բարի, աշխատասէր եւ հնազանդ աշակերտ...

Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին

Իտէալիզմի Եւ Մեկուսացման Միջեւ – Աւետիս Ահարոնեանի Վերջին Ուղերձը Ազգերու Լիկային` 1932 Թ.

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ Աւետիս Ահարոնեան մեզի աւանդած է գրական հարուստ թողօն մը, որմէ կարելի է նշել հետեւեալ ընտրանին. 1.- «Հռօ կինը», տպ. Հ. Մարտիրոսեանց, Թիֆլիզ, 1897: 2.- «Բաշօն», տպ. Մ. Շարաձէ եւ ընկ., Թիֆլիս, 1899: 3.- «Տժգոյն հովուերգութիւն», տպ Տ. Մ. Ռոտինեանցի, 1899: 4.- «Հզօր Սամսոն», տպ. Մ. Վարդանեանցի, Թիֆլիս, 1899: 5.- «Պատկերներ», տպ. Վառվառէ Գատցուկի, Մոսկուա, 1900: 6.-...

Պատանիներու Մայրերու Նուիրուած Էջը

Պատանիներու Մայրերու Նուիրուած Էջը

Մայրը Կեանքի Աղբիւր Է Մայրերու օրը շատ սիրելի տօն մըն է, որ կը նշուի ամբողջ աշխարհին մէջ: Մենք` հայերս, ունինք մեր յատուկ մայրերու ամիսը: Այս տօնը առիթ է յարգելու մեր սիրելի մայրերը եւ նշելու անոնց գնահատելի դերը մեր կեանքին մէջ: Այս օրը առիթ մըն է վերյիշելու` մայրերուն անձնազոհութիւնը, անքուն գիշերները, անսահման սէրն ու հոգատարութիւնը, որ մեզի պարգեւած են: Մայրը կեանքի...

Յուշերու Պատումով.  Մտաւորական, Մանկագիր, Լրագրող Ու Հրատարակիչ՝ Ալիծ Ճեպեճեան-Աղպապեանի Ցաւալի Շիջումը

Յուշերու Պատումով. Մտաւորական, Մանկագիր, Լրագրող Ու Հրատարակիչ՝ Ալիծ Ճեպեճեան-Աղպապեանի Ցաւալի Շիջումը

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ 24 Օգոստոս 1964։ Պէյրութի նաւահանգիստ, ուր խռնուած էր լիբանանահայ բազմութիւն մը, որ եկած էր ճամբու դնելու ու հրաժեշտ տալու իր զաւակներուն ու հարազատներուն, որոնք հայրենիք պիտի մեկնէին, իրենց համալսարանական բարձրագոյն կրթութիւնը ստանալու։ Համապատկերը թէ՛ յուզիչ էր, թէ՛ ոգեւորիչ, ուր կը տիրէր հայրենասիրական ու հայաստանապաշտական իւրայատուկ մթնոլորտ, մանաւանդ որ՝ մեկնող թեկնածուները հայրենիքի մէջ պիտի շարունակէին իրենց ուսումը ու...

Page 103 of 1110 1 … 102 103 104 … 1,110

Արխիւներ