Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արեամբ Կերտուած Հայրենիք

May 28, 2025
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՐԷՅ ԺՄՄՕ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղ

28 մայիս 1918-ին, դարերու օտար տիրապետութիւններէ եւ տառապանքներէ ետք Հայաստանը հռչակուեցաւ իբրեւ անկախ, ստեղծուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը:

Այս պատմական օրը թէեւ ունեցաւ կարճ տեւողութիւն, բայց  յոյսի եւ գոյատեւութեան նշան մըն էր մեր ժողովուրդին համար,  որ անսահման դժուարութիւններ ապրած էր` Ցեղասպանութիւն, պատերազմներ, թշնամիներու կողմէ  շրջափակումներ եւ այլն:

Մայիս 28-ը նոր կեանքի շունչ մը բերաւ, որովհետեւ անկախութիւն կը նշանակէ` ազատութիւն, արժանապատուութիւն եւ կերտումը նոր Հայաստանի, ուր հայերը իրենց ինքնութեամբ եւ երազներով կրնան ապրիլ:

Անկախութեան շնորհիւ` կրցանք վերականգնիլ, հակառակ մեր ապրած բոլոր դժուարութիւններուն:

Ան գերագոյն յաջողութիւն մըն է, որ ծնած է շնորհիւ մեր նախնիներուն զոհողութիւններուն եւ քաջութեան:

Սակայն հարցումը այն է, թէ արդեօք Հայաստանի ներկայ կառավարութիւնը կը պահպանէ՞ մեր անկախութեան ոգին:

Այս հարցումին պատասխանը շատ պարզ եւ յստակ է` Հայաստանի ներկայ կառավարութիւնը կ՛ընթանայ մեր անկախութեան ոգին նսեմացնելու ուղիով:

Հայաստանի իշխանութեան վրայ գտնուող ապազգային անհատներ կը ձախողին մեր հայրենի հողերը պահպանելու մէջ, կը թերանան մեր ժողովուրդին իրաւունքները պաշտպանելու առումով, կը դաւաճանեն մեր անկախութեան ոգիին եւ կը խախտեն Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան յօդուածները:

Ինչպէ՞ս կրնայ ղեկավարութիւն մը հայութեան հազարաւոր սերունդներու արիւնն ու արցունքները այսքան ամօթալի կերպով ծախել:

Նիկոլ Փաշինեանի ձեռքերէն կը կաթի անմեղ հայերու արիւնը: Երբ ան յանձնեց Արցախը` մեր սուրբ հողերէն մէկը, ան ոչ միայն հող ծախեց, այլ նաեւ հայութեան արժանապատուութիւնը ծախեց` անտեսելով քաջերուն արիւնը եւ քանդելով երեխաներուն երազները:

Մեր հողերը պարզ հողատարածքներ չեն, անոնք հպարտութիւն են, նահատակութիւն եւ զոհողութիւն: Մեր հայրենիքի իւրաքանչիւր քարը կը կրէ սերունդներուն աղօթքները, քաջերուն երգերը եւ երեխաներուն երազները:

Բայց մենք` հայերս, մանաւանդ` երիտասարդութիւնը, պէտք չէ յուսահատինք: Մեր մտքերուն մէջ պէտք է պահենք այն, որ անկախութիւնը մեզի տրուած չէր ոսկէ ափսէի մը վրայ, այլ մենք զայն արեամբ եւ արցունքով կերտեցինք:

Ուրեմն հիմա ալ մեր պարտականութիւնն է` իբրեւ հայ երիտասարդներ, ըլլալ արդարութեան ձայնը եւ անկախութեան վահանը: Վերականգնինք ոչ թէ յուսախաբութեամբ, այլ նաեւ` հաւատքով:

Այլեւս հանդիսատես չենք կրնար մնալ, պէտք է բարձրաձայն խօսինք, ոտքի կանգնինք ու գործենք, որովհետեւ լռութիւնը դաւաճանութիւն է մեր արժէքներուն հանդէպ:

Մեր նախկինները կռուեցան, իրենց կեանքը նուիրաբերեցին մեզի հայրենիք մը ապահովելու համար, ուրեմն մենք ամէն գնով պարտաւոր ենք այդ հայրենիքը պահպանել` չհանդուրժելով սուտն ու դաւաճանութիւնը  եւ ստորացումը ազգային արժէքներուն:

Հայաստանը պիտի շարունակէ ապրիլ, որովհետեւ տակաւին կը պայքարինք արդարութեան, միութեան, ճշմարտութեան եւ ազատութեան համար:

Ան պիտի շարունակէ ապրիլ, այնքան ատեն որ մենք կանք, որովհետեւ մենք Հայաստանն ենք:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Մոխիրներէն Վեր

Յաջորդը

Ազատութեան Անմահ Ջահը

RelatedPosts

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»`   Աշակերտներուն Գրիչով
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»` Աշակերտներուն Գրիչով

December 29, 2025
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

December 22, 2025
Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը

December 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.