ՅՈՎԻԿ ՃԷՀԻԶԵԱՆ
Իւրաքանչիւր տարի յատուկ հպարտութեամբ կը տօնենք մայիս 28-ը: Այդ օրը դարերէ ետք հայերը հռչակեցին իրենց անկախութիւնը` ոչ թէ օտար իշխանութեան տակ, այլ` իբրեւ անկախ պետութիւն: Այդ մէկը արդէն շատ մեծ յիշատակելի յաղթանակ է, սակայն երբ կը բարձրացնենք դրօշները եւ կը յիշենք անկախութիւնը, յաճախ կը մոռնանք, որ մայիս 28-ն յաջորդեց աղէտի մը, իսկ անկախութենէն 2 տարի ետք եղաւ անկում:
Սակայն այս իրականութիւնը մայիս 28-ը աւելի ուժեղ, իմաստալից եւ կարեւոր կը դարձնէ: Մայիս 28-ի հանրապետութիւնը ծնունդ առաւ, երբ հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէր ներխուժում, սով եւ Ցեղասպանութեան հետեւանքները: Այդ իրողութիւնը շատ յաճախ կը մոռնանք: Կը կեդրոնանանք անկախութեան հռչակման օրուան վրայ, բայց կը մոռնանք ենթահողը, որ զայն հրատապ եւ բացառիկ կը դարձնէ: Մայիս 1918-ին հայ ժողովուրդին շուրջ ամբողջ աշխարհը փուլ կու գար, բայց յանձնուելու փոխարէն` մեր հերոս ղեկավարները, ինչպէս` Արամ Մանուկեան, որոշեցին ստանձնել ապագային պատասխանատուութիւնը: Հայերը կռուեցան գոյատեւման համար` Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, եւ Ղարաքիլիսէի մարտերուն, որոնց ընթացքին անոնք ետ մղեցին օսմանեան ուժերը եւ ճամբան բացին անկախութեան:
Այդ օրը ծնած հանրապետութեան վիճակը նուրբ եւ փխրուն էր: Ան պայքարեցաւ գոյատեւելու համար` զինուորական, տնտեսական եւ դիւանագիտական ճակատներուն վրայ, եւ գոյատեւեց միայն երկուքուկէս տարի, բայց մենք պէտք է կեդրոնանանք ոչ թէ անոր աւարտին վրայ, այլ` այն իրողութեան վրայ, որ ան գոյութիւն ունեցաւ: Մայիս 28-ն մեզի տրուած նուէր մը չէր: Այդ յաղթանակը մեզի ցոյց տուաւ, որ նոյնիսկ ամէնէն դժուար պայմաններուն մէջ հայերը կրցան կազմել իրենց անկախ պետութիւնը` զէնքով ու պայքարով:
Մայիս 28-ն աւարտած պատմութիւն մը չէ, այլ սկիզբ մըն է: Պէտք է սորվինք անցեալէն եւ միշտ յիշենք պայքարն ու քաջութիւնը, որոնց շնորհիւ մենք ունեցանք անկախ երկիր: Անկախութիւնը բան մը չէ, որ մէկ անգամ յայտարարելով կ՛աւարտի. ան անընդհատ պէտք է վերանորոգուի` գործով, պատասխանատուութեամբ եւ տեսլականով:
1918-ի պայմանները չէին կրնար աւելի վատ ըլլալ: Բայց քայքայման այդ պահուն իսկ յառաջ եկան ղեկավարներ, որոնք մեզ դէպի յաղթանակ առաջնորդեցին: Ներկայիս նաեւ ականատես եղանք ուրիշ յետընթացի մը` Արցախին կորուստին. դիւրին է յանձնուիլ եւ ընդունիլ պարտութիւնը, սակայն պատմութիւնը կը յիշեցնէ, որ պարտուած ճակատամարտը չի նշանակեր պարտուած պատերազմ: 1918-ին մեզ առջեւ մղողները իտէալական պայմանները չէին, այլ` լաւ ղեկավարութիւնն ու միասնութիւնը, եւ մեզի հիմա այդ պէտք է:
Մայիս 28-ը միայն անցեալը յիշելու պահ մը չէ: Անիկա յիշեցում մըն է, որ կրնանք յաղթել, նոյնիսկ երբ աշխարհը մեր դէմ է: Բոլոր դժուարութիւններուն դիմաց մենք ընտրեցինք կանգնիլ ու պայքարիլ, պիտի շարունակենք կանգուն մնալ ու պայքարիլ: