Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատանիին Էջը. Մայիս` Վճռորոշ Յաղթանակներու Ամիս

Մայիս 28, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ
ՀՅԴ «Աղբալեան» ՊՄ

Մայիս ամիսը խորհրդաւոր իմաստ ունի հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, որովհետեւ հայութիւնը այս ամսուան ընթացքին ականատես եղած է բազմաթիւ վճռորոշ յաղթանակներու: Պատահական չէ, որ մայիս 8-ին եւ 9-ին հայ ժողովուրդը կը նշէ չորս տօն` Բ. Աշխարհամարտի յաղթանակը (1945), Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի կազմաւորումը (1991), Շուշիի ազատագրումը (1991) եւ Երկրապահի օրը: Եթէ աւելցնենք Աւարայրի Վարդանանց ճակատամարտը (451), Վանի հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը (1915) եւ Սարդարապատն ու Բաշ Ապարանը (1918), պատկերը աւելի ամբողջական կը դառնայ:

28 Մայիս 1918-ը հայ ազգի նորագոյն պատմութեան մէջ եղած է անկիւնադարձային եւ ճակատագրական թուական մը:

1918-ի սկիզբը կը սկսին թրքական յարձակումները, եւ թրքական բանակը կը գրաւէ` Կարինը, Արտահանը, Կարսը եւ Պաթումի շրջանները: 11 մայիս 1918-ին Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի պատուիրակութիւններուն հետ Թիֆլիսի Հայոց ազգային խորհուրդը Պաթումի մէջ կը սկսի իր բանակցութիւններուն:

Սակայն թուրքերը մինչ այդ կը շարունակեն իրենց յարձակումները, իսկ հայերը կատաղի դիմադրութիւն ցոյց կու տան, քանի որ կը մղէին կենաց մահու պայքար: Թուրքերուն դիմադրելու համար կը ստեղծուի երեւանեան բանակ զօրավար Մովսէս Սիլիկեանի հրամանատարութեամբ, իսկ 24 մայիսին զօրավար Դանիէլ Փիրումեան կը ջախջախէ թրքական բանակը ու կ՛ազատագրէ Սարդարապատը:

Այս առթիւ էր, որ թուրք բանակի հրամանատարներէն մէկը խոստովանած էր, թէ հայերը այս ճակատամարտով ցոյց տուին, որ կրնան ըլլալ աշխարհի լաւագոյն զինուորականները:

25 Մայիս 1918-ին Դրոն իր զօրախումբով դուրս կը շպրտէ թշնամին եւ կը փրկէ Երեւանը: Հետեւաբար 28 մայիս 1918-ին կը յայտարարուի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութիւնը, որուն շնորհիւ դարեր շարունակ պետականութենէ զրկուած հայութիւնը ի վերջոյ կ՛ունենայ ազատ եւ անկախ իր հայրենիքը:

Սիրելինե՛ր,

Մայիս ամիսը, ինչպէս գիտէք, Աստուածամօր եւ մայրերուն նուիրուած սուրբ ամիս է, նոր կեանքի ծնունդ տուող էակին նուիրուած ամիսը, իսկ հայ ժողովուրդի պարագային` յաղթանակներու եւ գոյատեւման նոր յոյսերու ծնունդ տուած ամիսը:

Աստուածային միջամտութի՞ւն, թէ՞ պատահականութիւն:

Ձեզի կը ձգեմ հարցումիս մեկնաբանութիւնը:

Պայքարը Չէ Աւարտած

Մայիս 28 ինչպէ՞ս կրնանք մոռնալ: Օր` պայքարի, օր` նահատակութեան, օր` անկախութեան, օր` յաղթանակի:

Անկախութեան նախօրեակին մենք` իբրեւ ազգ, կը հալածուէինք ու չունէինք պետականութիւն: Թուրքը այս առիթը օգտագործեց եւ փորձեց մեզ բնաջնջել ու դարձնել թանգարանային նմուշ: Այո՛, թշնամին յաջողեցաւ մէկուկէս միլիոն հայ ջարդել ու պատմական Հայաստանի մեծ բաժինը գրաւել, բայց ան չկրցաւ հայը բնաջնջել, որովհետեւ հայու տեսակը պայքար է: Շուտով ազգը երեք ճակատամարտի վրայ Արամ Մանուկեանի ղեկավարութեամբ պայքարեցաւ:

Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի մէջ մեր հերոսները կանգուն մնացին ու պայքարեցան ա՛յն երազանքով, nր մենք կրնանք ունենալ անկախութիւն: Ահա այսօր մենք ունինք այդ անկախութիւնը, եւ մեր հերոսներուն ճիգը ի զուր չէր:

Մենք` դաշնակցական պատանիներս, պէտք է յարգենք մեր անկախութիւնը, ոչ միայն որովհետեւ հայ ենք, այլ` մեր նահատակ ընկերներուն յիշատակին համար:

Այո՛, այսօր մենք անկախութիւն ունինք, բայց պայքարը չէ աւարտած: Մենք պէտք է պայքարինք, ինչպէս որ մեր նախնիները պայքարեցան, այն նպատակով, որ պիտի ազատագրենք Արցախն ու Արեւմտեան Հայաստանը եւ վերականգնենք մեր ազգին պատիւը` կերտելով ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանը

Շնորհաւոր մայիս 28:
Կեցցէ՛ Հայաստանը:
Մեր պայքարը տակաւին չէ աւարտած…

ԱՐԷՆ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
ՀՅԴ «Նաւասարդեան» ՊՄ

Երբ Հայաստանի Սիրտը Սկսաւ
Ազատօրէն Տրոփել…

Քանի՜ դարեր հայ ժողովուրդը սպասեց, որպէսզի ըլլայ անկախ, երբ մայրերը այլեւս սարսափով չէին համբուրեր զաւակներուն ճակատը` լուր չունենալով արդեօք տուն պիտի վերադառնա՞յ, երբ լեզուն, գրականութիւնը, մշակոյթը պիտի կրնային ապրիլ առանց սարսափի:

Եւ ահա` 1918 թուականը: Պատերազմը տակնուվրայ ըրած էր կայսրութիւններ, իսկ Կովկասի մէջ հայ ժողովուրդը մնացած էր միայնակ: Բանակ չկար, հաց չկար, անգամ զէնքերը` սակաւաթիւ: Բայց կար ժողովուրդ մը, որ չէր մոռցած իր պատկանելիութիւնը` հայկականութիւնը: Իսկ երբ սիրտը կ՛այրի, ձեռքերը կ՛ազատին…

Սարդարապատ, Բաշ Ապարան, Ղարաքիլիսէ. այս անունները սովորական տեղանուններ չէին: Այստեղ էր, որ հայը ոտքի կանգնեցաւ: Հողին վրայ` ճակատ-ճակատի: Այստեղ էր, որ հայ մայրը աղօթքով ուղղարկեց իր որդին` առանց արցունք խնայելու: Այստեղ էր, որ հայը որոշեց, թէ ինքը պիտի ապրի: Եւ մայիս 28-ին հռչակուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը, փոշոտ ու յոգնած, բայց` կանգուն:

Այս հանրապետութիւնը ընդամէնը երկու տարի ապրեցաւ, բայց այդ երկու տարիները դարձան յաւիտենական հատոր մը պատմութեան մէջ, իբրեւ խորհրդանիշ` մէկ ժողովուրդի, մէկ դրօշի, մէկ հայրենիքի:

Երբ ներկայիս Լիբանանի դպրոցներուն մէջ աշակերտները կ՛երգեն «Մեր հայրենիք»-ը, երբ սկաուտներուն աչքերը կը փայլին փառատօնին, երբ մեծ հայրերը կը շարունակեն հայութեան սերունդներուն պատմել մեր ցաւերը եւ իրագործումները, երբ հայոց լեզուն, մշակոյթն ու ժառանգութիւնը կը պահպանուին, եւ երբ ժողովուրդը հաւաքաբար ազգային դատը կը հետապնդէ, այն ատեն կարելի է նոր մայիս 28 կերտել, այն ատեն հայուն սիրտը կը սկսի ազատօրէն տրոփել, այն ատեն կարելի է պարտութիւններէն դուրս գալ ու պայքարիլ:

Այո՛, մայիսի 28-ը չի կրնար մոռնալ ոեւէ հայ: Մայիս 28-ը մեզի կը սորվեցնէ որ երբ նոյնիսկ ամէն բան կորսուած կը թուի, հայ ժողովուրդը միշտ ոտքի կը կանգնի, կը յաղթահարէ արգելքները եւ կը կերտէ ազատ ու անկախ Հայաստան:

ԷՆԺԻ ԽԱՄԴՐԱՇԵԱՆ
ՀՅԴ «Ռոստոմ» ՊՄ

Կերտե՛նք Ապագան

«Երբ չի մնում ելք ու ճար,
Խենթերն են գտնում հնար:
Այսպէս ծագեց, արեգակեց,
Սարդարապատի մարտը մեծ»

Պարոյր Սեւակի նշանաւոր այս չորս տողերը կը յատկանշեն Հայոց պատմութեան գլխաւոր եւ բացառիկ թուականներէն մէկը` 28 մայիս 1918: Այս թուականը կը ներկայացնէ հայոց հանրապետութեան առաջին անկախութիւնը` իբրեւ փաստ հայոց քաջութեան ու խիզախութեան, երբ անոնք յաջողեցան յաղթահարել այն մարտահրաւէրը, որ վտանգ էր իրենց գոյատեւման, եւ նոյնիսկ կրնար  պատճառել հայրենիքի կորուստ:

Այն ժամանակ, երբ Հայաստան տագնապի մէջ էր, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ լուծին տակ, միւս կողմէ` Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած ու վատ պայմաններու տակ շնչող հայ ժողովուրդի զաւակներ յոյս ունէին նոր արշալոյսի` շնորհիւ մեր հայ ֆետայիներուն, կամաւոր խումբերուն ու հրամանատարներուն: Անոնց կողքին, պիտի ծնէին պատմութեան մէջ նշանաւոր դարձած «խենթեր», որոնք կարճ ժամանակամիջոցին պիտի ազատէին Հայաստանն ու հայութիւնը 500 տարուան բռնակալութենէն, պիտի մղէին հերոսամարտեր` Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի մէջ, ցոյց տալու բոլորին, որ մեր պայքարը յարատեւ է, եւ հայրենիքը` կանգուն:

Եւ ահա՛, 107 տարիներ ետք, մենք կը դիմագրաւենք ներքին ու արտաքին խնդիրներ, կարգ մը դէպքեր անցեալէն կը շարունակուին: Ուրեմն պէտք է օգտուինք մեր պատմութեան դասերէն եւ յիշենք Գարեգին Նժդեհի խօսքը. «Իբրեւ հասկացողութիւն` հայրենիքն ընդգրկում է ո՛չ միայն անցեալն ու ներկան, այլեւ` գալիքը»:

Ճանչնալով անցեալը, քաղելով դասեր` կերտե՛նք մեր ապագան…

ԼՈՌԻ ՃԱՊՐԱՅԵԱՆ
ՀՅԴ «Յառաջ» ՊՄ

Յաղթանակի Լոյսին Տակ

Մայիս 28, հայոց վերածնունդի առաջին էջ, երբ մեր պապերը յաղթահարելով Ցեղասպանութիւնը, ծանր կռիւները, յաջողեցան կերտել Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութիւնը:

Հայ ժողովուրդը պայքարեցաւ եւ հերոսաբար յաղթեց Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերուն. այս յաջողութիւնները ոչ միայն փրկեցին ժողովուրդը ամբողջութեամբ բնաջնջուելու վտանգէն, այլ նաեւ ստեղծեցին անկախ պետութեան մը ամրապնդումը:

Այսօր, այս դժուարին պայմաններուն մէջ, հայ ժողովուրդը կը պահանջէ իր իրաւունքը` ապրիլ ազատ իր անկախ հայրենիքին մէջ, չզիջիլ իր սեփական հողատարածքէն, տէր կանգնելով իր ուխտին, պատմութեան դասերը քաղած ըլլալով` յառաջանալ ու վերատիրանալ կորսնցուցած իր տարածքներուն, ցոյց տալով աշխարհին` արիւնարբու թշնամիին թուրանական նենգ ծրագիրը:

1918-ի մայիսեան յաղթանակը օրինակ պէտք է դառնայ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է պայքարի աննահանջ կերպով: Իբրեւ ՀՅԴ շարքերուն միացած պատանիներ` պարտաւոր ենք պահելու- պահպանելու մեր պատմութիւնը, մշակոյթը, լեզուն, եւ յոյսով ենք, որ օրը պիտի գայ եւ դարձեալ պիտի կերտենք ազա՛տ անկա՛խ ու ամբողջական Հայաստան:

ՍԵԼԻՆ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
ՀՅԴ «Յառաջ» ՊՄ

Ազատութեան Ոգին

Մայիս 28-ը սովորական թուական մը չէ հայ ժողովուրդին պատմութեան մէջ: Այս օրը մեր ժողովուրդը վերագտաւ իր անկախութիւնը, իր կորսնցուցած ինքնիշխանութիւնը եւ տէրը դարձաւ իր ճակատագիրին: 1918 թուականին, արիւնոտ ճակատամարտերու եւ տառապալից օրերէ ետք, կերտուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը: Մայիս 28-ը յաղթանակի, յոյսի եւ վերածնունդի խորհրդանիշն է:

Երբ կը մտածեմ այդ օրուան մասին, սիրտս կը լեցուի հպարտութեամբ: Մեր հերոսները` անզէն գիւղացիներ, ուսուցիչներ, հոգեւորականներ եւ ազատամարտիկներ, համախմբուեցան` պաշտպանելու իրենց հողն ու արժանապատուութիւնը: Սարդարապատ, Բաշ Ապարան, Ղարաքիլիսէ… Անուններ, որոնք մինչեւ այսօր արձագանգ են կռիւի եւ նուիրումի: Այս յաղթանակները միայն ռազմական չեղան, այլ նաեւ հոգեւոր ու ազգային վերազարթնումի ազդակ դարձան:

Այսօր, երբ նայիմ եռագոյն դրօշին` կարմիրին, կապոյտին եւ նարնջագոյնին, սրտիս մէջ կը բաբախէ ա՛յն ազատութեան ոգին, զոր մեր նախնիները փոխանցեցին մեզի: Անոնք իբրեւ ժառանգութիւն` մեզի կտակեցին ոչ միայն հող, այլեւ` գաղափար, որ հայը կրնայ եւ պէտք է ապրի ազատ, արժանապատիւ եւ միացեալ:

Մայիս 28-ը նաեւ պարտաւորեցնող օր մըն է: Իբրեւ նորահաս սերունդներ` մենք պէտք է յիշենք եւ յարգենք այդ զոհողութիւնները: Մեր գործով, մեր գրչով, մեր գիտելիքով ու հաւատքով պիտի պահենք ա՛յն ժառանգութիւնը, զոր անոնք մեզի կտակեցին, որովհետեւ անկախութիւնը մէկ օրուան յաղթանակ չէ, այլ մշտական պայքար է:

Թող մայիս 28-ը միշտ ապրի մեր սրտերուն մէջ` որպէս յիշեցում, որ հայ ժողովուրդը կրցաւ, կրնայ ու պիտի կարենայ միշտ, երբ միակամ ու հաւատքով է:

ԱԼԻՔ ՂԱԶԱՐ
ՀՅԴ «Աղբալեան» ՊՄ

Առաջին Հանրապետութիւնը

Մայիս 28-ը կը նշուի իբրեւ Հայաստանի Անկախութեան տօն` ի յիշատակ 1918 թուականի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրման: Դարեր շարունակ օտարի տիրապետութեան տակ գտնուելէ եւ Հայոց ցեղասպանութեան ողբերգական իրադարձութիւններէն ետք, հայ ժողովուրդը հռչակեց իր անկախութիւնը` կազմելով առաջին ժամանակակից հայկական պետութիւնը:

Ա. Հանրապետութիւնը գոյատեւեց ընդամէնը երկու տարի` 1918-էն մինչեւ 1920 թուականը, սակայն այդ կարճ ժամանակամիջոցին ան հիմը դրաւ հայոց պետականութեան վերածնունդի գործին: Հակառակ դժուար պայմաններուն` պատերազմ, սով եւ գաղթականներու հոսք, նորաստեղծ կառավարութիւնը կարողացաւ ստեղծել կրթական համակարգ, կազմել ազգային բանակ եւ պահպանել հայկական մշակոյթն ու լեզուն:

Այս օրը ոչ միայն պատմական անցեալի մը յիշատակն է, այլ նաեւ հայ ժողովուրդի անկախութեան եւ ազատութեան ոգիի հաստատման օրն է:

ԺԻՐԱՅՐ ՂԱԶԱՐԵԱՆ
ՀՅԴ «Ազատամարտ» ՊՄ

Մայիս 28` Ազատութեան,
Պայքարի Եւ Յաղթանակի Օր

Այսօր սիրտս կը տրոփէ աւելի ուժգին, որովհետեւ հոգիս կը յիշէ, թէ ո՛ւր է իմ արմատս:

Մայիս 28-ը լոկ թուական մըն չէ. արեան ու արցունքին մէջ ծնած յոյս մըն է:

Հայ ազգը փոշիէն բուսած ծաղիկի նման` 1918-ին կրկին բարձրացուց իր գլուխը, հակառակ ցաւերուն` կրցաւ ըսել աշխարհին. «Ես ազգ մըն եմ` ազատ ապրելու իրաւունքով»:

Լիբանանի սրտին մէջ ապրող հայեր, մանաւանդ` պատանիներ, սուրբ կրակ մը ունիք ձեր մէջ, որ չի մարիր:

Մայիս 28-ին նայեցէ՛ք եւ այնտեղ պիտի գտնէք Սարդարապատի դաշտերը, վահաններու մէջ պահուած աղօթքներ:

Մայիս 28-ը մեր հաւատքին, մեր միասնութեան ու մեր վեհ ուղիին տօնն է:

Թող այս օրը միշտ մեզի յիշեցնէ, թէ մենք ազգ մըն ենք, որ կրնայ ինքզինք վերագտնել, վերաշինել եւ վերստին ծաղկիլ, նոյնիսկ` ամենադժուարին պայմաններուն մէջ:

Թող այս օրը վերածուի ուխտի` շեշտելու, որ չենք մոռնար, թէ ո՛վ ենք, ու յայտնելու մեր սէրը հայրենիքին հանդէպ, որ երբէք չի կորսուիր:

Կեցցէ՛ մայիս 28-ը, կեցցէ՛ հայութիւնը, ուր որ ալ ապրի, եւ կեցցէ՛ լիբանանահայու սիրտը, որ միշտ կը բաբախէ յանուն հայրենիքի:

ԳԼԱՐԻԹԱ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
ՀՅԴ «Հրայր Դժոխք» ՊՄ

Գործով Պահենք

Մայիս 28-ը օր մըն է, որ կը յիշեցնէ մեզի, թէ ո՛վ ենք մենք: Այդ օրը ոչ միայն յաղթանակի, այլ ապրելու ու զօրանալու օր մըն է: Այս օրը սուրբ ժառանգութիւն մըն է, որ մեր պապերն ու մայրերը ձգած են մեզի` իրենց արիւնով, քրտինքով, բայց նաեւ` հպարտութեամբ: Անոնք անկախութիւն հռչակեցին` իրենց ամբողջ ցաւն ու յոյսը միացնելով յանուն ապագայի:

Այսօր, աւելի քան հարիւր տարի ետք, մենք պարտաւոր ենք յիշել ու ապրիլ այդ անկախութիւնը ոչ թէ միայն խօսքով, այլ` գործով: Պէտք է բարին ցանկանք զիրար, մեր հողին նուիրուինք, ճշմարիտ ու արդար ըլլանք ու հզօր ուժ դառնանք: Մայիս 28-ը պէտք է միշտ մեզի յիշեցնէ, որ մենք փոքր ազգ ենք, բայց` մեծ հոգիով, եւ ա՛յդ հոգիին շնորհիւ է, որ տակաւին կանգուն ենք:

Թող մեր Հայաստան աշխարհը ապրի խաղաղութեամբ, արժանապատուութեամբ եւ սիրով` ճիշդ այնպէս, ինչպէս մեր նախնիները երազած էին:

ԺԱԳ ՊԻԼԵՄՆՃԵԱՆ
ՀՅԴ «Հրայր Դժոխք» ՊՄ

Դէպի Պայծառ Ապագայ

1918 մայիս 28-ը նշանակալի օր մըն է հայ ժողովուրդի եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատմութեան մէջ:

Այդ թուականին էր, որ հայ ժողովուրդը կը գտնուէր իր գոյութիւնը եւ հայրենիք կորսնցնելու սպառնալիքին դիմաց, սակայն Արամ Մանուկեանի եւ Դաշնակցութեան ղեկավարներու վճռակամութեամբ ժողովուրդը թօթափեց կոտորածներու, հալածանքներու եւ ցեղասպանութեան սարսափը, դիակներէն յարութիւն առնելով՛ անկարելին կարելիի վերածեց եւ Բաշ Ապարանի, Սարդարապատի ու Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերով քալեց դէպի յաղթանակ ու կերտեց իր Ա. Հանրապետութիւնը:

Մայիս 28-ի յաղթանակը միայն զինուորական եւ քաղաքական իրագործում մը չէր, այլ ստեղծեց առիթ` ինքնորոշման, յոյսի եւ պայծառ ապագայի:

Սերունդներ շարունակ ներշնչուած են մայիսեան յաղթանակներով, եւ իբրեւ արդիւնք` եօթանասուն տարի ետք, 1918-ի նոյնանման պայմաններու մէջ ծայր առաւ Արցախի պահանջատիրութեան շարժումը, ապա` հերոսական պատերազմը, որ վերջ գտաւ փառաւոր յաղթանակով, որ անգամ մը եւս եկաւ փաստելու, թէ հայը ազատատենչ ազգ է:

Ափսոս է, որ այսօր Արցախը գրաւուած է, սակայն անպայման վաղը մայիսեան շունչով պիտի կերտենք նոր յաղթանակներ:

ՑՈԼԵՐ ՄԱՅԻՍԵԱՆ
ՀՅԴ «Ազատամարտ» ՊՄ

Փա՛ռք Քեզի

Հայոց պատմութեան մէջ կան յիշատակելի դէպքեր` ուրախութեան, տխրութեան, վրէժխնդրութեան եւ յաղթանակի անմոռանալի թուականներ: Այդ թուականներէն մէկն է 1918 մայիս 28, երբ հռչակուեցաւ Հայաստանի անկախութիւնը:

Այդ օրուան ղեկավարութեան «խենթ» ու խիզախ որոշումով ամբողջ ժողովուրդ մը, մէկ մարդու նման, հայու վայել քաջութեամբ կռուեցաւ թուրք կանոնաւոր զօրքին դէմ, թշնամիները դուրս շպրտեց Հայաստանի հողերէն ու հռչակեց Հայաստանի անկախութիւնը, որ արժանացաւ միջազգային ճանաչումի:

Անկախութեան հռչակումը եկաւ հաստատելու, որ ժողովուրդները պէտք է իրենք որոշեն իրենց ճակատագիրը:

Փա՛ռք ձեզի` անկախութիւն կերտող հերոսներ եւ ղեկավարներ, առանց ձեր «խենթութեան»` այսօր հայ ժողովուրդը չէր ունենար իր երկիրը` Հայաստանը:

«Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար»:

ԴԱԼԱՐ ՄԱՅԻՍԵԱՆ
ՀՅԴ «Ազատամարտ» ՊՄ

Սարդարապատի Շունչով Շուշին
Վերստին Պիտի Ազատագրենք

Մայիս 28 թուականը հայ ժողովուրդին համար յիշատակելի եւ պատմական օր մըն է: 1918 թուականին, երկար տարիներու պայքարէ, կռիւներէ եւ դժուարութիւններէ ետք, հիմնուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը:

Թէեւ Ա. Հանրապետութիւնը կարճատեւ էր, եւ տեւեց միայն երկու տարի, սակայն ան Հայոց պատմութեան մէջ խոր ազդեցութիւն ձգեց: Այսօր աշխարհի չորս կողմերը ապրող հայերը կը տօնեն այս օրը` հպարտութեամբ եւ երախտագիտութեմբ:

1988-ի արցախեան շարժումի ներշնչման աղբիւրն էր Սարդարապատը: Վիգէններն ու մհերները մանուկեաններու շունչով կազմուեցան, ֆետայիներու քաջագործութիւններով դաստիարակուեցան, «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն» կարգախօսով պատրաստուեցան:

Անցնող տարիներու Արցախի յանձնումէն ետք, արցախահայութեան հայաթափումէն ետք եւ Հայաստանի իշխանութիւններու պարտուողական քայլերէն ետք, ներկայիս,  աւելի քան երբեք, սարդարապատեան ոգիին կարիքն ունինք, որպէսզի Շուշին վերստին ազատագրուի եւ հայրենիքը փրկուի:

Մայիս 28-ը միայն պատմութիւն չէ, այլ ոգի է, որ մեզ կը մղէ դէպի նոր յաղթանակներ, նոր մայիս 28-եր: Անպայման շուտով Սարդարապատի շունչով Շուշին վերստին պիտի ազատագրենք, միասնաբար պիտի ազատագրենք:

ՆՈՒՇԻԿ ԷԼԷՅՃԵԱՆ
ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ՊՄ

 

Մայիս 28` Պատմական Օր

28 մայիս, 1918 թուականը պատմական օր մըն է հայ ժողովուրդին համար: Այդ օրը հայ ժողովուրդը հռչակեց իր անկախութիւնը, եւ Հայաստանը դարձաւ անկախ ու ինքնիշխան պետութիւն: Ասիկա հայ ժողովուրդին երկարատեւ պայքարի արդիւնքն էր, որ մղուած էր անկախութեան եւ ազատութեան համար:

Տասնեակ հազարաւոր հայորդիներ, զինուորներ եւ կամաւորներ մասնակից եղան այդ պայքարին: Իրենց քաջութեամբ, նուիրումով եւ զոհողութեամբ անոնք կերտեցին հայ ազգի գոյութեան եւ ապագայի ճանապարհը: Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերը դարձան այդ պատմութեան փառապանծ էջերը:

Այսօր, երբ կը նշենք մայիս 28-ը, պէտք է ոչ միայն յիշենք այդ հերոսները, այլ նաեւ հետեւինք ֆետայիներու օրինակին` շարունակելու անկախ ու ամբողջական Հայաստանի տեսլականը, իբրեւ արդար, ժողովրդավար եւ հզօր հայրենիք մը բոլոր հայերուն համար:

ԱՆԺԵԼՕ ՊՈՒՏՈՒՐԵԱՆ
ՀՅԴ «Ազատամարտ» ՊՄ

Հայ Մտքի Ու Ոգիի Վերականգնումը

Դարերու բռնութիւններէն եւ ստրկութենէն ետք, 28 մայիս 1918-ին ունեցանք Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը, հայկական անկախ պետականութիւնը:

Այս պատմական օրը հայութեան ազատութեան եւ ինքնորոշման ձգտումի արտայայտութեան օրն է, որ դարձաւ խորհրդանիշ միասնութեան, վերականգնումի եւ ազատագրութեան:

Հանրապետութեան գլխաւոր հիմնադիր Արամ Մանուկեանի գլխաւորութեամբ Ա. Հանրապետութիւնը ունեցաւ` կառավարութիւն, օրէնսդիր մարմին, արտաքին յարաբերութիւններ: Դժուար էր երկրին կայունացումը, որովհետեւ քաղաքական եւ տնտեսական մարտահրաւէրները բազմաթիւ էին, ներառեալ` շրջապատող թշնամի երկիրներու սպառնալիքները, ներքին ընկերային դժուարութիւնները, գաղթականութեան հոսքը, սակայն վճռակամութեամբ կարելի եղաւ կանգուն պահել պետութիւնը:

Այս նորաստեղծ հանրապետութիւնը նաեւ յատկանշուեցաւ կրթութեան, մշակոյթի եւ ազգային արժէքներու պահպանման գործունէութիւններով: Աշխատանքներ, որոնք հիմքը հանդիսացան դպրոցներու, համալսարաններու եւ մշակութային կառոյցներու ստեղծման, եւ որոնցմով վերականգնեցան հայ միտքը եւ ժառանգութիւնները:

Կարճատեւ կեանք ունեցող հանրապետութիւնը դարձաւ խորհրդանիշը ազգային ոգիի ու տոկունութեան, եւ որուն շունչին կարիքն ունինք այսօր:

ԱՆՆԱ ՄԱՐԻԱ ՂԱԶԱՐ
ՀՅԴ «Ռոստոմ» ՊՄ

Լոյս Եւ Յոյս
Մայիս քսանութ` պայծառ արեւ,
Ազատութեան երգ մըն է բիւրեղ:
Մեր հայրենիքը սուրբ հող մը դարձաւ,
Հերոսներու արեամբ պսակուեցաւ:

Սարդարապատի բոցն ու յիշատակը
Մեր սրտերուն մէջ ամուր կը մնան:
Հաղթանակի օր մըն է այս պանծալի,
Վերանորոգ օղակ մը` հայութեան կամքի:

Անկախ ապրելու մեր սուրբ իրաւունքը
Կը տօնենք սիրով, հպարտ ու կանգուն:
Մայիս քսանութ` թող միշտ մնայ լոյս
Եւ անսասան ուղի ու ներշնչող յոյս:

ՍԷՐԼԻ ԱՐԲԱՃԵԱՆ
ՀՅԴ «Նաւասարդեան» ՊՄ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

Յաջորդը

Մայիս 28-ը` Հաւաքական Ուժ Դառնալու Կոչ…

RelatedPosts

Յարգանք` Հայրենիքի Ազատութեան Համար Նահատակուած  Քսան  Կախաղաններուն
Անդրադարձ

Յարգանք` Հայրենիքի Ազատութեան Համար Նահատակուած Քսան Կախաղաններուն

Յունիս 14, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. Տրամաբանութիւն Մի՛ Փնտռէք

Յունիս 14, 2025
«Մշակուած Են Ճարտարարուեստի Մարզի Սեփականատէրերուն Նպաստաւոր Պայմաններ Եւ Անոնց Աշխատանքը Դիւրացնող Ու Յաւելեալ Շահեր Ապահովող Նոր Դրութիւններ»   Շեշտեց Նազարէթ Սապունճեան
Անդրադարձ

Նազարէթ Սապունճեանի Դամբանական

Յունիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?