Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Սերունդ Մը` Հին Դրօշակին Տակ

May 28, 2025
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԷՐԼԻ ՆԵՄՇԷՀԻՐԼԵԱՆ

Մայիս 28-ը պարզապէս պատմական օր մը չէ, այլ սուրբ պարտաւորութիւն մը` դրուած իւրաքանչիւր գիտակից հայու ուսերուն: Գիտակից հայն է, որ գիտէ զայն լոկ պատմութենէն վերածել կերտուող պատմութեան` յաւերժական եւ մնայուն անկախութեան: Անկախութիւնը պարզապէս տրուած չէ, այլ ձեռք բերուած է: Ձեռք բերուած է` արիւնով` սուրբ վիշտով եւ երկաթեայ կամքով:

Այդ դրօշակը` սուրբ եռագոյնը, որ բարձրացուեցաւ մայիս 1918-ին, ոչ միայն մեր յաղթանակի նշանն է, այլեւ մեր անմիջական կոչը` ապրելու արժանապատիւ, ազատ եւ զինուած հոգիով: Արդարեւ, եռագոյնը այն լուսաւոր փարոսն է, որուն շարունակ պիտի ձգտի մեզմէ իւրաքանչիւրը, որ հայու արիւն կը կրէ իր երակներուն մէջ: Այն նպատակակէտն է, որուն պիտի հասնինք միասնական ոգիով` ազատութեան յոյսով տոգորուած:

Ազատութիւնը սահմաններու բացակայութիւն չէ: Ազատ ըլլալ` կը նշանակէ չհամակերպիլ պարտութեան, չվարժուիլ փխրուն եւ կեղծ խաղաղութեան: Ազատութիւնը պատրաստակամութիւն է` պայքարելու գաղափարով, գործով եւ անհրաժեշտութեան պարագային` անսասան վճռակամութեամբ: Ազատութիւն կը նշանակէ` թօթափել մեր ուսերուն կուտակուած ներքին թէ արտաքին թշնամական լուծը, ձերբազատիլ ֆիզիքական թէ մտաւոր ամէն տեսակի կալանքներէ եւ կրել այն սրբազան պարտականութիւնը, զոր մեզի փոխանցեցին եռագոյնի եւ անկախութեան կերտիչները` մայիս 28-ի ռահվիրաները:

Այսօրուան երիտասարդութիւնը կանգնած է պատմութեան սահմանագիծին վրայ: Սահմանագիծ մը, որ անկիւնադարձային պիտի ըլլայ գալիքին համար: Կա՛մ պիտի շարունակէ եռագոյնով սկսած ճամբան, կա՛մ պիտի շեղի` մոռնալով, որ հայրենիքը լոկ հաճոյք չէ, այլ` նուիրում, զոհողութիւն եւ անդադար պայքար:  Հայոց պատմութիւնը մեզի սորվեցուցած է, որ փրկութիւնը երբեք եկած չէ դուրսէն, այլ ծնած է ներսէն` ազգի հոգեկան զօրութենէն:

Այդ փրկութեան հասնելու ուժը այսօր մեր ձեռքերուն մէջ է: Մեր միտքին, մեր լեզուին վրայ, երբ ճշմարտութիւնը կը խօսինք առանց երկիւղի, երբ նոյն մտածելակերպով եւ յանձնառութեամբ սերունդներ կը դաստիարակենք հայրենիքին եւ եռագոյնին հանդէպ նախանձախնդիր ոգիով: Մեր ոտքերուն մէջ, երբ կը յառաջանանք պատուոյ ճամբով: Եւ մեր ուսերուն վրայ, երբ կը զգանք, որ իւրաքանչիւր սերունդ պարտաւոր է կրելու այդ հին, բայց նորաբոյր դրօշակը, այնպէս` ինչպէս զինուոր մը կը կրէ իր զէնքը:

Այսօրուան երիտասարդը պէտք չէ ըլլայ չէզոք, հանդուրժող կամ լուռ: Ազգ մը կը կանգնի հաւատքով լեցուն եւ պայքարող մարդոց ուսերուն վրայ: Երբ երիտասարդութիւնը կը մոռնայ պայքարը եւ մանաւանդ կը կորսնցնէ հաւատքը իր սկզբունքներուն հանդէպ, ազգին ապագան կը դառնայ մշուշոտ եւ անոր շարունակականութիւնը` վտանգուած:

Մայիսի 28-ը միայն յիշատակութեան կամ տօնախմբութեան օր մը չէ, այլ նաեւ վերածնելու եւ ապրեցնելու առիթ է: Ան օր մըն է երդումի` վերարժեւորելու մեր ուժերը, զտելու մեր շարքերը եւ բարձրացնելու մեր ոգին, որպէսզի արժանի դառնանք այն եռագոյնին, որ միայն գոյն չէ, այլեւ իր մէջ կ՛ամփոփէ` պատմութիւն, նահատակներու արիւն եւ պարտադրուած, բայց արդար հպարտութիւն: Երբ զայն կը բռնես, պէտք է քու մէջդ այրի ոչ միայն սէրը, այլեւ` զոհուելու պատրաստակամութիւնը:

Սերունդը նոր է, բայց դրօշակը` հին: Ան պիտի մնայ բարձր, միայն եթէ այս նոր սերունդը արժանի ըլլայ զայն կրելու: Այսօրուան սարդարապատները մշակոյթի, գիտութեան եւ արժանապատուութեան դաշտերուն մէջ են: Ամրօրէն պէտք է կառչինք այդ սարդարապատներուն, որպէսզի կարենանք յաղթանակը մեր ձեռքերուն մէջ պահել:

Պայքարը մեր սրտերուն մէջ կը սկսի այն ատեն, երբ կ՛որոշենք լռութիւնը դադրեցնելով` խօսքը գործի վերածել ո՛չ թէ ապագային, այլ` ԱՅՍՕՐ:

 

 

Նախորդը

Հայոց Պատմութեան Ամէնէն Պատմարժէք Եւ Խորհրդանշական Տօներէն Մէկը

Յաջորդը

Հայկական Կրթութիւնը` Մշակոյթի Ապագան

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

October 28, 2025
Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ   «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին
Զաւարեանական

Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին

October 28, 2025
Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

August 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.