ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

1866–1948
Գ.- Աւետիս Ահարոնեան` «հայոց վշտի ու պայքարի երգիչ»-ը
«…Ես չեմ, որ գրել եմ, այլ իմ հայրենիքի հոգին է բռնել իմ գրիչը քառասուն տարուց ի վեր:
Ես գրել եմ այնպէս, ինչպէս իմ հայրենիքն է շշնջացել իր հողմերի սոյլերով,
իր մրրիկներով, իր երգերով ու պարերով, իր ցաւերով ու խնդութեամբ» (1):
Աւետիս Ահարոնեան իր աչքերը լոյսին կը բանայ 4 յունուար 1866 թուականին Երեւանի նահանգին մաս կազմող Իգդիր գաւառի Իգդիրմաւա գիւղի դարբին Առաքել Ահարոնեանի յարկին տակ: Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ իր հօրենական օճախին մէջ: Առաւելաբար մօրը` Զարդարի խնամքով, իր մէջ կը ձեւաւորուի ուսումնատենչ ոգին եւ բացառիկ սէրը մայրենիին հանդէպ: Կ՛աշակերտէ Կիւլազիզ խալիֆայի` տէր Թոթիկեան դպրոցին, ուրկէ 1876-ին Իգդիրի մէջ կը հետեւի ուսուցումներուն եւրոպական կրթութիւն ստացած մտաւորական Դաւիթ Քալանթարեանի, որ տեսուչն էր տեղւոյն ծխական դպրոցին: Ուսումը կ՛ընդհատուի 1877-1878 թուականներուն բռնկած ռուս-թրքական պատերազմին պատճառով: Այս միջոցին է, որ պատանին իր աչքերով կը տեսնէ ողբերգական վիճակը, արեւմտահայ գաղթականներու, որոնք թրքական եաթաղանէն մազապուրծ կը գաղթէին Կովկաս` գէթ կեանքի ապահովութիւն եւ ապրուստի նուազագոյն միջոց մը գտնելու յոյսով: Վտարանդի հազարաւոր ազգակիցներու այդ աղէտալի տեսարանները իրենց անջնջելի կնիքը կը թողուն իր երեւակայութեան վրայ եւ անոնք հետագային կը դառնան գրական ատաղձը իր կարգ մը պատմուածքներուն: Բարեբախտաբար 1879-1881 թուականներուն կը յաջողի շարունակել իր ուսումնառութիւնը նոյն ծխական դպրոցին մէջ` մինչեւ իր ուսուցիչին Եւրոպա մեկնիլը: Ահաւասիկ այս ընտիր դաստիարակը` Դաւիթ Քալանթարեանն է, որ կը միջնորդէ, որպէսզի Աւետիս Ահարոնեան 1881 թուականին ընդունուիլ կարենայ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը, զոր յաջողութեամբ կ՛աւարտէ 1886 թուականին: Հոս` ուսանողներէն շատեր տոգորուած էին հայրենիքի ազատագրութեան գաղափարով, անձկայրեաց համոզում մը, որ կ՛ակօսէ հոգեւոր ճեմարանի շրջանաւարտ Աւետիս Ահարոնեանի կեանքի ողջ ուղին:
1887 թուականին ան կ՛ամուսնանայ եւ վերադառնալով Իգդիր` կը նուիրուի ուսուցչական ասպարէզին տեղւոյն ծխական, ապա Նոր Պայազիտի դպրոցներուն մէջ մինչեւ 1896 թուականը: 1898-ին ընտանիքով կը մեկնի Զուիցերիա, ուր 1898-1899 թուականներու ձմեռնային կիսամեակին կ՛ընդունուի Լոզանի համալսարան` գրականութեան դոկտորայի աստիճան ստանալու նպատակով: Համաձայն համալսարանական արձանագրութեանց հաղորդած տուեալներուն` իր բնակութեան առաջին վայրը կ՛ըլլայ Rue du Tunnel 6, 1005 Lausanne հասցէն: Ապա ուսումնառութեան տարիներուն, ինչ-ինչ պատճառներով, ան կը բնակի տարբեր բնակարաններու մէջ` հետեւեալ հասցէներով` Villa des Lilas, pl. Chauderon, 16 եւ Av. de Rumine, 48: Կարեւոր է նշել, որ` հետեւելով ուսանողական արձանագրութեանց տարեգիրքերուն, 1899-1900 թուականներու ամառնային կիսամեակին եւ 1901-1902 թուականներու ձմեռնային կիսամեակին իր անունը կը բացակայի համապատասխան ցանկերէն: Այս առթիւ հակած պիտի ըլլայի ենթադրելու, որ Աւետիս Ահարոնեան գտնուած է նաեւ Փարիզ` Սորպոնի համալսարանը, ուր հաւանաբար որպէս ազատ ունկնդիր կարճաժամկէտ հետեւած է գրականութեան դասընթացքներուն: Այսուհանդերձ, ան իր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ Լոզանի համալսարանի ուսումնառական ծրագրին վրայ, ուր 1901 թուականին յաջողութեամբ կը յանձնէ դոկտորական ուսման քննութիւնները, ապա 1903 թուականին կը պաշտպանէ իր աւարտաճառը` նիւթ ունենալով «Anciennes croyances arméniennes, d’après le Folk-lore» («Հին հայկական հաւատալիքները, ըստ ժողովրդական աւանդութեան») խորագիրով: Եզրափակիչ քննութիւնը յանձնելէ ետք, Լոզանի համալսարանի գրականութեան կաճառը նոյն թուականին իրեն կը շնորհէ գրականութեան դոկտորի կոչում:
Աւետիս Ահարոնեան փաստօրէն մաս կը կազմէ փաղանգին այն հայ գրողներու,- որպիսիք էին Դանիէլ Վարուժան, Ռուբէն Սեւակ, Սիամանթօ, Զապէլ Եսայեան եւ ուրիշներ,- որոնք իրեց գրական բնածին տաղանդին կը միացնեն նաեւ ակադեմական պատրաստութիւնը` պաշտօնապէս վկայուած Եւրոպայի ուսումնական առաջատար կեդրոններէն, ինչպէս Կենթի, Սորպոնի, Լոզանի եւ այլ համալսարանները:
Զինք գաղափարական առումով ներշնչողը եւ կայծը հոգւոյն մէջ հրահրողն ու զայն հրայրքի վերածողը կը հանդիսանայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադիր անդամներէն Քրիստափոր Միքայէլեանը: Հայոց կարմիր երկնակամարին վրայ փայլատակող անմահանուն աստղ մը, որ իր լուսածիր բովին մէջ կը ներգրաւէ հայ ժողովուրդի ազատագրութեան տեսլականով խանդավառ երիտասարդներու ամբողջ փաղանգ մը: Աւետիս Ահարոնեան հուսկ մաս կը կազմէ այդ անմահներու գունդին:
Զուիցերիա կեցութեան տարիներուն` 1898 թուականէն սկսեալ, Քրիստափոր Միքայէլեանի պատկառազդու հեղինակութիւնը, նաեւ ջերմ մտերմութիւնը խոր ազդեցութիւն կը ներգործեն Ահարոնեանի անձին վրայ: Անոր հրաւէրին ընդառաջ Ահարոնեան ան կը թղթակցի արդէն Ժընեւի մէջ լոյս տեսնող ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ին, որուն էջերուն մէջ 1898-1902 թուականներուն Ղարիբ (2) գրչանունով կը հրատարակէ «Ազատութեան ճանապարհին» շարքի առաջին պատմուածքները:
1902 թուականին Աւետիս Ահարոնեան վերադառնալով Կովկաս` բնակութիւն կը հաստատէ Թիֆլիսի մէջ եւ կը ստանձնէ «Մուրճ» ամսագիրի գրական-գեղարուեստական բաժնի խմբագիրի պաշտօնը: Այդ ժամանակ Թիֆլիս կարեւոր կեդրոններէն մին էր հայ մտաւորականութեան, հոն կար յուռթի միջավայր մը ստեղծագործելու: Ուրեմն այստեղ է, որ իբրեւ բեղուն գրող լոյս կը տեսնէ իր գրական աշխատութիւններուն կարեւոր մէկ մասը` հրատարակուելով ոչ միայն իր խմբագրած ամսագիրին, այլ նաեւ «Դրօշակ», «Ալիք», «Զանգ», «Վտակ», «Երկիր», «Խարիսխ», «Մշակ», «Մուրճ», «Հասկեր» եւ այլ պարբերաթերթերու էջերուն մէջ:
Արդէն իբրեւ հեղինակութիւն վայելող ազգային-քաղաքական գործիչ Աւետիս Ահարոնեան 1901-1902 թուականներուն կը մասնակցի Թիֆլիսի մէջ կայացող Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ Հնչակեան կուսակցութեան միջեւ անոնց միաւորման նպատակով մեկնարկած բանակցութիւններուն: Ափսոս, որ այդ նախաձեռնութիւնը ի դերեւ դուրս կու գայ, ինչպէս ապարդիւն կը մնայ հայ յեղափոխականներու դաշնակցութիւն մը ստեղծելու նախնական ծրագիրը:
1907 թուականի աշնանային ամիսներէն մինչեւ 1909 թուականի մայիս ամիսը Աւետիս Ահարոնեան կը վարէ Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցի տեսչութեան պատասխանատու պաշտօնը: Սակայն այս թուականին ուրիշ շարք մը հայ մտաւորականներու եւ ազգային-հասարակական գործիչներու հետ այսպէս կոչուած «Դաշնակցութեան գործով» կը ձերբակալուի ռուսական ոստիկանութեան կողմէ եւ ամբողջ երկու տարի կ՛արգելափակուի Մետեխի, Պաքուի, Ռոստովի եւ Նովոչերկասկի բանտերուն մէջ: 1911 թուականին զանազան միջնորդութիւններու շնորհիւ ազատ կ՛արձակուի ու Կ. Պոլսէն անցնելով կը հաստատուի Զուիցերիա:
Ճակատագիրին ալիքը եւ ազգային գործը 1916 թուականին զինք վերստին կ՛առաջնորդեն Թիֆլիս, ուր 1917-ին կ՛ընտրուի Հայոց ազգային խորհուրդի նախագահ: 1918 յուլիսին, երբ կը ստեղծուի Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանը, Հայոց ազգային խորհուրդը կը դադրեցնէ իր գործունէութիւնը: Այսպէս, Աւետիս Ահարոնեան 1919 թուականի յունիսին կը դառնայ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ, իսկ օգոստոս 1-ին կ՛ընտրուի Հայաստանի խորհրդարանի նախագահ: Այստեղ կարեւոր է նկատի ունենալ այն փաստը, որ Աւետիս Ահարոնեան որպէս Հայաստանի կառավարութեան պատուիրակութեան ղեկավար, որուն մասին վերոգրեալ անդրադարձ եղաւ հանգամանօրէն, Փարիզի խորհրդաժողովին մասնակցելու եւ այս առթիւ արտասահման գտնուելու պատճառով չէ վարած Հայաստանի խորհրդարանի ոչ մէկ նիստ: Պարզ է` զինք Հայաստանի խորհրդարանի նախագահ ընտրելով խորհրդարանը առաջադրած է իրեն առաւել հեղինակութիւն եւ կշիռ հաղորդել Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովին մասնակցելուն առթիւ: Սոյնը դիւանագիտական քայլ մըն էր, որ ոչինչով կը նուաստացնէ հայոց բազմատաղանդ գրող եւ քաղաքական անխոնջ գործիչ Աւետիս Ահարոնեանի արժանահաւատ հեղինակութիւնը:
Առկայ գրութիւնը չի նախատեսեր անդրադառնալ այն կոշտ հակասութիւններուն, որոնք տարաբախտօրէն գոյութիւն ունեցած են հայկական զոյգ պատուիրակութիւնները առաջնորդող Աւետիս Ահարոնեանի եւ Պօղոս Նուպար փաշայի միջեւ: Բնականաբար առկայ տարակարծութիւնները յաւելեալ օրհնութիւն մը չէին կրնար շնորհել հայկական պատուիրակութիւններու քաղաքական աշխատանքներուն: Միասնական ճակատի մը կազմութեան եւ համակարգուած միաձոյլ ազգային պահանջատիրութեան բացակայութիւնը յաճախ ընդարմացուցած է յաջողութեան հասնելու այն յառաջընթացը, որ հրամայականօրէն անհրաժեշտ էր դիւանագիտութեան արդէն իսկ դժուարագնաց ճամբուն վրայ:
10 մայիս 1930 թուականին Փարիզ` Սորպոնի համալսարանի հանդիսութիւններու մեծ դահլիճին մէջ մեծաշուք հանդիսութեամբ կը նշուի Աւետիս Ահարոնեանի գրական գործունէութեան 40-ամեակը: Հանդիսութեան կը նախագահէ անուանի պատմաբան Նիկողայոս Ադոնցը: Խորհրդային Հայաստանի մէջ մերժուած, սփիւռքի մէջ աստանդական դարձած մեծ գրողը` Աւետիս Ահարոնեան, արդարեւ, արժանի էր այս մեծարանքին, զոր կ՛ընծայէին իրեն ֆրանսահայութիւնը, նաեւ ֆրանսացի մտաւորականներու եւ պետական գործիչներու հոյլ մը: Մեծութիւններ կը յատկանշուին իրենց համեստութեամբ. Աւետիս Ահարոնեան իր ելոյթին մէջ խոնարհաբար կ՛անդրադառնայ իր ստեղծագործական վաստակին, ամենեւին չի յանձնուիր իր արժանիքները ցուցադրելու փորձութեան, այլ կ՛ոգեշնչէ տարագիր հայութիւնը հայրենադարձութեան այն զօրեղ հաւատամքով, որ կիզակէտն էր իր գրական ներշնչումներուն եւ սեւեռակէտը` ազգային-քաղաքական գործունէութեան.
«… Ես հաւատում եմ, հայ ժողովուրդ, քո Դարձին, ինչպէս հաւատում եմ, որ ամէն առաւօտ արշալոյսը կը բացուի:
Հաւատում եմ, վասնզի կամրջընկէց Արաքսի ափերին Մասիսի խորհրդաւոր հայեացքի տակ մեր Հայրենիքը կայ, որ մեր թրթռացող հոգին է բռնել իր մայրական քնքուշ ձեռների մէջ եւ ակնդէտ ու խռովայոյզ` նայում, նայո՜ւմ է ճամբաներին:
«Եւ հեռու չէ այն օրը, երբ իր բազուկները տարածած, նա կ՛ընդունի հեռաւոր հորիզոնների տակ յածող ու հեծող իր զաւակների կարօտակէզ բազմութիւնները. եւ բիւրաւոր ձայներ կը թնդան Մայր Արաքսի ափերին.
Արմենիա, Արմենիա, ո՜վ իմ հոգու յաւիտենական ապաստան, ո՜վ իմ պաշտելի հայրենիք» (3):
Թէեւ հոգեկան ու ֆիզիքական ծանր ցնցումներու ենթարկուած եւ պայքարի պատնէշներուն վրայ առողջապէս հիւծած գրողը 1928 թուականին կաթուած մը անցուցած էր, իսկ բժիշկներ իրեն խորհուրդ տուած էին խնայել իր առողջութեան, այնուամենայնիւ Աւետիս Ահարոնեան երբեք չէր եղած քանքարաթաքոյց մը, այլ անդուլ կը շարունակէր ստեղծագործել եւ տալ իր ժողովուրդին այն ամէնը, զորս շնորհած էին իրեն մայր բնութիւնն ու հայ ցեղը:
Այսպէս, 1934 թուականին Մարսէյի մէջ կը կազմակերպուի բարեսիրական ձեռնարկ մը` նպաստելու համար Պէյրութի Համազգայինի «Հայ ճեմարանին» (4): Աւետիս Ահարոնեան կը խոստանայ պատուել միջոցառումը նաեւ համապատասխան ելոյթով: Եւ ահա 11 փետրուարին քաղաքի մեծ դահլիճներէն մէկուն մէջ, շուրջ երկու հազար հանդիսականներու ներկայութեան, երբ ան հայ ժողովուրդի գոյութեան խորհուրդը հանդիսացող հայ մշակոյթի մասին փառահեղ ճառ մը կ՛արտասանէր, կաթուածահար կը զգետնուի եւ այնուհետեւ ամբողջ 14 տարի կը մնայ անկողնին գամուած մինչեւ իր մահը, որ կը պատահի 1948 թուականին եւ մեծ շուքով կը յուղարկաւորուի Փարիզի Փեր-Լաշեզ գերեզմանատան մէջ:
(Շար. 2)
(1).- Հմմտ. «Ա. Ահարոնեանի ճառը» (արտասանուած իր գրական քառասնամեայ յոբելեանին, Սորպոնի սրահը, 1930 մայիս 10-ին), տպ. «Յուսաբեր», 1930, էջ 11:
(2).- Ա. Ահարոնեան իր առաջին ներդրումը կը բերէ «Դրօշակ»-ի էջերուն` հրատարակելով «Խայը» խորագիրով պատմուածքը, որուն տակ կը ստորագրէ «Ղարիբ» ծածկանունը: Տե՛ս «Դրօշակ», 28 փետրուար 1899, էջ 32: Ահարոնեան ունեցած է նաեւ այլ ծածկանուններ` «Վաստակաւոր», «Կուրբաթ-Հարուն», «Ա.Ա.» եւ «Avesta»:
(3).- Հմմտ. «Ա. Ահարոնեանի ճառը», էջ 14:
(4).- 1950 թուականէն ետք, շնորհիւ լոնտոնաբնակ Նշան Փալանճեան քոյրերու բարերարութեան, այդ կրթական հաստատութիւնը կը վերանուանուի Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարան: