Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

May 28, 2025
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մայիսեան խորհուրդը այն ճրագն է, որ ամէն գնով անմար պէտք է մնայ իւրաքանչիւր յեղափոխական եւ ազգային հայու մտքին ու սրտին մէջ: 1918-ին կովկասեան թատերաբեմը կը պարզէր այնպիսի իրավիճակ մը, որուն իբրեւ հետեւանք` հայ ժողովուրդը կը գտնուէր ամբողջական պաշարման` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ճանկերուն մէջ: Այդ օրերուն իրավիճակը յուսահատական էր` համաճարակ, սով, վիրաւորներ եւ նահատակներ: Ցեղասպանութեան հրէշային ծրագիրէն փրկուած ժողովուրդէ մը կը պահանջուէր մղել անյաղթահարելի պայքար մը: Ծանօ՞թ է այս բոլորը: Բնականաբար` այո՛, որովհետեւ ներկայի մեր իրավիճակը եւս այդպէս է` այն հիմնական տարբերութեամբ, որ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները 1918-ին ազգային-յեղափոխական ռահվիրաներէ կազմուած իշխանութիւն չէ, ոչ ալ այդ ղեկավարութեան կը նմանի:

Մայիս 1918-ին հայ ժողովուրդը յաղթահարեց անյաղթահարելին, կերտեց կարելին ու անկարելին` նուաճելով 1375-էն ի վեր կորսուած պետականութիւնը եւ անկախութիւնը: Այս նպատակին հասնելու օրուան ղեկավարութիւնը ունեցաւ այն գիտակցութիւնը` հեռու մնալու որեւէ տեսակի տարակարծութիւններէ, նոյնիսկ հռչակելով Արամ Մանուկեանը իբրեւ տիքթաթոր: Չմոռնանք, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, ընկերվար-ժողովրդավարական սկզբունքներու վրայ հիմնուած ծրագիր ունենալով հանդերձ, ազգային շահերուն համար պատրաստ էր ամէն տեսակի զոհողութեան:

ՀՅԴ-ն իր կողքին ունենալով ամբողջ հայ ժողովուրդը դէմ դրաւ թուրքին` Էնվերին, Քեազիմ Քարապեքիրին, Մուսթաֆա Քեմալին եւ պահեց հայրենիքը: Երկու տարուան կեանք ունեցած հանրապետութիւնը գերազանցեց միաժամանակ գոյութիւն ունեցող բազմաթիւ հանրապետութիւններ: Կազմակերպուեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ, կազմուեցան կառավարութիւններ, քուէարկելու իրաւունք տրուեցաւ կիներուն, որոնք նոյնիսկ խորհրդարանի անդամներ ունեցան, մինչ Եւրոպայի «զարգացած» քաղաքակրթութիւնները տակաւին այդ մակարդակին հասած չէին:

Դժբախտաբար, 1920-ին, ըլլալով պոլշեւիկեան մուրճին եւ թրքական սալին միջեւ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը լուծուեցաւ, եւ դարձեալ կորսնցուցինք մեր անկախութիւնը: Սակայն մայիսեան խորհուրդը մնաց անմար: Դաշնակցական երիտասարդութիւնը կ՛ապրի այսօր մայիսեան նորանոր յաղթանակներու շունչով, Շուշին վերստին ազատագրելու նպատակով:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի դաստիարակչական իր ամբողջ ներուժը այսօր կեդրոնացուցած է կերտելու ներկայի ու ապագայի հայ ազգային մարդը, մայիսեան շունչով եւ վիգէնզաքարեաններու օրինակով ներշնչուած տիպարը: Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերու օրինակով դաստիարակուող ԼԵՄ-ականը կը գիտակցի, որ պատմութիւնը կայուն հոսանք մը չէ, այլեւ` փոփոխութեան ենթարկուող եւ ճակատագիրներ յեղաշրջող ալեկոծ ծով մը:

Պաքուի նահանգապետ Նակաշիձէի ահաբեկումէն 120 տարի ետք, յիշենք արդար այդ պատիժը կատարած Դրաստամատ Կանայեանի (Դրօ) հետեւեալ խօսքը. «Ես խօսքի և ճառի սիրահար չեմ. իմ հոգին կենդանի գործ կը սիրէ: Ուր որ գործ կայ, եւ ո՛չ թէ` խօսք, ես սիրով կ՛երթամ այնտեղ»:

 

Նախորդը

Շուշի` Ազատագրուած, Բայց Անաւարտ Պայքար

Յաջորդը

Պատանիին Էջը. Մայիս` Վճռորոշ Յաղթանակներու Ամիս

RelatedPosts

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»`   Աշակերտներուն Գրիչով
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»` Աշակերտներուն Գրիչով

December 29, 2025
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

December 22, 2025
Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը

December 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.