Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պեռնի Մէջ` Հայկական Մշակոյթի Շաբաթ Եւ Միջազգային Համագումար` Նուիրուած Արցախի Հայկական Հոգեւոր Ու Մշակութային Ժառանգութեան Պաշտպանութեան

Մայիս 30, 2025
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

26-28 մայիսին  Զուիցերիոյ մայրաքաղաք Պեռնի մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային տարողութեամբ մշակութային եւ մարդասիրական կարեւոր նախաձեռնութիւն մը` Հայկական ժառանգութեան շաբաթը, որ կազմակերպուած է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին (ԵՀԽ)  նախաձեռնութեամբ, Զուիցերիոյ բողոքական եկեղեցւոյ հետ գործակցութեամբ եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ աջակցութեամբ: Այս մասին կը տեղեկանանք կազմակերպիչներուն մամլոյ ասուլիսէն:

27 մայիսին կատարուեցաւ պաշտօնական բացումը Արցախի հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պաշտպանութեան նուիրուած միջազգային համագումարին:

Նախաձեռնութիւնը իր շուրջ համախմբեց աստուածաբաններ, իրաւաբաններ, իրաւապաշտպաններ, քաղաքական գործիչներ, պատմաբաններ եւ զանազան դաւանանքներու ներկայացուցիչներ աշխարհի զանազան անկիւններէ` դառնալով մշակութային ցեղասպանութեան կանխարգիլման, յուշարձաններու պաշտպանութեան եւ տեղահանուած ժողովուրդներու իրաւունքներու շուրջ երկխօսութեան հարթակ մը:

Համագումարը կը կրէ «Կրօնական ազատութիւն. հայկական հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պահպանումը Արցախի/Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» խորագիրը:

Համագումարին բարի գալուստի խօսքեր արտասանեցին Զուիցերիոյ բողոքական եկեղեցւոյ նախագահ վերապատուելի Ռիթա Ֆամոս եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար վերապատուելի դոկտ. Ճերի Փիլէյ, Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ եւ WCC Կեդրոնական կոմիտէի փոխնախագահ Վիգէն արք. Հայկազեան, յայտնի փորձագէտներ միջազգային իրաւունքի ոլորտէն, ներառեալ` Միջազգային քրէական դատարանի առաջին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ:

Համագումարին մասնակցողները քննարկեցին Արցախի մէջ հայկական եկեղեցիներու, գերեզմանատուներու եւ յուշարձաններու փաստագրուած քանդումները, որոնք, այլոց կողքին, ներկայացուած են Caucasus Heritage Watch կազմակերպութեան արբանեակային տուեալներու, ինչպէս նաեւ լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանի ցուցահանդէսին ներկայացուած քննարկումներուն եւ անձնական վկայութիւններուն միջոցով:

Համաժողովը դարձաւ ոչ միայն վերջին հակամարտութիւններու ողբերգական հետեւանքներու վերլուծութեան վայր մը, այլ նաեւ միջազգային քրիստոնէական հանրութեան համերաշխութեան արտայայտութիւնը հայ ժողովուրդին հետ:

Յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցան միջազգային կազմակերպութիւններուն ուղղուած առաջարկներու մշակման, յատկապէս կոչ ուղղելով` անյապաղ ընդունելու ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի անկախ առաքելութիւնը` գնահատելու հայկական մշակութային ժառանգութեան վիճակը ներկայիս Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ:

«Սրբավայրերու աւերումը ոչ միայն յանցագործութիւն է ժողովուրդին դէմ, այլ նաեւ հարուած մարդկութեան ընդհանուր յիշողութեան», կ՛ըսուի կազմակերպիչներուն պաշտօնական յայտարարութեան մէջ:

Համագումարի բացման նիստին խօսք առին երկու կաթողիկոսները` Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, որ անձամբ ներկայ եղաւ եւ արտասանեց իր խօսքը, եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, որ տեսերիզի մը միջոցով Անթիլիասի մայրավանքէն յղեց իր խօսքը:

Իր խօսքին մէջ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը գնահատեց համաժողովին կազմակերպիչները եւ աջակիցները, որոնց ջանքերուն շնորհիւ անգամ մը եւս միջազգային հարթակէ մը լուսարձակի տակ բերուեցան Արցախի` Լեռնային Ղարաբաղի բռնագրաւումէն ետք հայ ժողովուրդին դիմաց ծառացած մարտահրաւէրները:

«21-րդ դարում, որ ազգերի ու պետութիւնների կեանքում պիտի նշանաւորուէր խաղաղութեան, համերաշխութեան ու արդարութեան հաստատմամբ, ցաւօք, ականատես ենք պատերազմների, թշնամանքի ու ատելութեան հիմքի վրայ իրականացուող ցեղասպանական գործողութիւնների ու ցեղային զտումների, ինչպէս նաեւ կրօնական ազատութեան եւ մարդու հիմնարար իրաւունքների ոտնահարման դատապարտելի դէպքերի: Այս արհաւիրքները վերապրեց նաեւ մեր ժողովուրդը Թուրքիայի ռազմական աջակցութեամբ Ազրպէյճանի կողմից Արցախի նկատմամբ իրականացուած յարձակումի ու ոճրագործութիւնների հետեւանքով: 2020 թուականից սանձազերծուած 44-օրեայ եւ ապա նաեւ 2023 թ. լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնների ընթացքում բռնազաւթուեց եւ ամբողջապէս հայաթափուեց Արցախը: Գրաւուած են Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանային կենսական նշանակութիւն ունեցող զգալի տարածքներ, խաղաղութեան պայմանագրի կնքման գործընթացում ներկայացւում են նորանոր պահանջներ: Ազրպէյճանը պատանդառուած է պահում Արցախի քաղաքական ղեկավարների, քաղաքացիական անձերի եւ ռազմագերիների` իրականացնելով նրանց նկատմամբ ցուցադրական, շինծու դատավարութիւն` միջազգային իրաւական նորմերի աղաղակող խախտումներով: Ակնյայտ է, որ այսօրինակ անօրինութիւններն ու նուաստացուցիչ դաժանութիւնները, պայմանաւորուած են բացառապէս ազգային պատկանելիութեամբ եւ հայատեացութեամբ, որը եւ պատճառ է ոտնձգութիւնների հայ ժողովրդի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան ու պատմական սրբավայրերի նկատմամբ», ըսաւ Գարեգին Բ.` ընդգծելով, որ արցախահայութիւնը դարերով հայրենի իր երկրին մէջ հաւատքով եւ ազգային ինքնութեան հաւատարիմ ոգիով կերտած է իր արժանապատիւ գոյութիւնը, դպրութեան եւ արուեստի բարձրարժէք արարումներով նաեւ հարստացուցած է մարդկութեան մշակութային գանձարանը:

Ան ցաւով արձանագրեց, որ Արցախի բռնագրաւումէն ետք մինչեւ այսօր կը շարունակուի Ազրպէյճանի կողմէ հայկական հնագոյն յուշարձաններու, քրիստոնէական սրբավայրերու, բնակատեղիներու եւ գերեզմանոցներու բարբարոսաբար ոչնչացումը: Ազրպէյճան հայոց հնամենի նշանաւոր վանքերը եւ եկեղեցիները ինքնութենէ զրկելու քաղաքականութեամբ` աղուանական կը հռչակէ Արցախի հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութիւնը:

Գարեգին Բ. դիտել տուաւ, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն անտեսել միջազգային հանրութեան կոչերը, կը մերժեն կատարել Եւրոպական խորհրդարանի պահանջները, կը մերժեն Արցախի հայկական յուշարձաններու վիճակի գնահատման ուղղութեամբ փաստահաւաք առաքելութիւն մը իրականացնելու` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի նախաձեռնութիւնը:

Նշելով, որ մշակութային ոճրագործութիւնները աշխարհագրական սահմաններ չեն ճանչնար եւ ամէնուր են, Գարեգին Բ. շեշտեց. «Բարբարոսական այսօրինակ ոճրագործութիւնների անպատժելիութիւնը ամենաթողութեան մթնոլորտ է ձեւաւորում ոչ միայն Ազրպէյճանի մշակութակործան ոճիրները շարունակելու համար, այլ նաեւ նախադրեալներ է ստեղծում եւ քաջալերանք հանդիսանում նմանատիպ եւ աւելի դաժան յանցագործութիւնների իրականացման աշխարհի այլ վայրերում»:

Ապա` դիմելով համաժողովի մասնակիցներուն` կաթողիկոսը ընդգծեց. «Արցախի հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պահպանութեան հարցն աւելի քան երբեւէ հրատապ է այսօր, երբ Արցախի բռնի տեղահանուած ժողովուրդը զրկուած է սեփական հողի վրայ ապրելու եւ արարելու, դարերով իր հաւատքով կերտած մշակոյթը պահպանելու եւ զարգացնելու իրաւունքից: Ժամանակակից աշխարհում չպէտք է հանդուրժուեն մարդկութեան ու մարդկայնութեան դէմ նման սոսկալի եղեռնագործութիւններ, ազատութեան, արդարութեան ու իրաւունքի հիմնասիւները խարխլող արարքներ: Այո՛, ազգերի միջեւ հակամարտութիւնները պէտք է կարգաւորուեն խաղաղ ուղիներով, արդարութեամբ ու փոխհամաձայնութեամբ, ազգային ինքնութեան ու արժանապատուութեան յարգմամբ»:

Մեծապէս կարեւոր նկատելով այսպիսի համագումարները` Գարեգին Բ. յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ միջազգային դերակատար երկիրները եւ իրաւասու կառոյցները գործուն քայլերու պիտի ձեռնարկեն` Արցախի հոգեւոր մշակութային ժառանգութեան պահպանման, արցախահայութեան` իր հարազատ բնօրրանը ապահով վերադառնալու, ազատ եւ արժանապատիւ ապրելու արդար իրաւունքի վերականգնման եւ հայ գերիները շուտափոյթ ազատ արձակելու ուղղութեամբ:

Աւարտին կաթողիկոսը շնորհակալութիւն յայտնեց քոյր եկեղեցիներուն, միջեկեղեցական կազմակերպութիւններուն` դժուար իրավիճակի մէջ հայ ժողովուրդին եւ եկեղեցւոյ զօրակցելու եւ արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան գծով հետեւողականութիւն դրսեւորելու համար:

Արամ Ա. կաթողիկոսը իր խօսքին մէջ, համագումարի հայ եւ օտար մասնակցողներու ուշադրութեան յանձնեց հետեւեալ կէտերը.

«ա) Արցախի մէջ ամբողջ ժողովուրդ մը արմատախիլ եղաւ իր դարաւոր հայրենիքէն եւ օրէ-օր մեր կրօնական, մշակութային եւ պատմական ժառանգութիւնը Ազրպէյճանի պետութեան հովանաւորութեամբ քանդումի կ՛ենթարկուի ծրագրուած ձեւով:

«բ) Ինչ որ տեղի ունեցաւ 2023-ին եւ կը շարունակուի այսօր` ցեղասպանութիւն է. 1915-ի Թուրքիոյ գործադրած Ցեղասպանութիւնը նոր մեթոտաբանութեամբ եւ աճող ուժգնութեամբ այսօր կը գործադրուի Ազրպէյճանի կողմէ: Ի մի բան` պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ:

«գ) Միջազգային օրէնքը յստակօրէն կը դատապարտէ ցեղասպանութիւնը եւ կ՛երաշխաւորէ հայորդիներուն իրենց հայրենիքը` Արցախ վերադարձը: Եկեղեցիներուն, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին եւ բարի կամեցողութիւն ունեցող հաւաքականութիւններուն պարտականութիւնն է գործնականօրէն արձագանգել այս քայլերուն եւ արդարութեան վերահաստատման մասնակիցներն ու վկաները դառնալ:

«դ) Այս համագումարը կոչուած է յայտարարութիւն կատարելէ անդին ուղեցոյց հանդիսանալու Արցախի դատի հետապնդման, մեր գերիներու ազատագրման, մեր ժողովուրդի զաւակներու Արցախ վերադարձին եւ արդարութեան վրայ խարսխուած խաղաղութեան վերահաստատման»:

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած «Ռազմիկ» Բացառիկի Շնորհահանդէս

Յաջորդը

Թենիս. Ռոլան Կարոսի Մրցաշարքը Արդէն Իսկ Սկսաւ

RelatedPosts

Գաղութէ – Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Օգոստոս 7, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 31, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?