Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յաղթել Հնարաւոր Է Ուրեմն… (Մայիս 28-ի 107-րդ Տարեդարձին Առիթով)

May 28, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Ա) Շատ բան գրուած է ու շատ բան խօսուած` մայիս 28-ի պատմակշիռ ու դարադարձիկ նշանակութեան մասին, ու անկասկած որ սերունդէ սերունդ տակաւին շատ բան պիտի ըսուի, թէ ինչո՛ւ հռչակուած է ան իբրեւ մեծագոյնը մեր բոլոր տօներուն մէջ:

Մայիս 28-ը մեր մեծ յաղթանակին տօնն է:

Ուրեմն, հնարաւոր է յաղթել, նոյնիսկ` անհաւասար ուժի, երբ ազգային համընդհանուր համերաշխութիւն կայ, եւ յաղթելու կամքով ոգեշնչող ղեկավարութիւն կայ : Վկայ` Սարդարապատը:

Մայիս 28-ի անկախ պետականութեամբ վճռուեցաւ մեր պատմական երթը, եւ տենչը` միացեալ Հայաստանի, որ իբրեւ նպատակ ու ազգային տեսլական` ներշնչեց մեզ` նոյնիսկ` անկախութեան կորուստէն ետք :

Ինչո՞ւ սերունդներ կը դաստիարակուին ամէն գնով կառչած մնալու անկախութեան գաղափարին: Պարզ անոր համար, որ ազգի կազմակերպուածութեան գերագոյն մակարդակն է անկախ պետականութիւնը, որուն յարացոյցը կը գծէ այն ճամբան, որ պիտի ապահովէ իր ժողովուրդին անվտանգութիւնը` արտաքին թշնամիին դէմ, հարստահարող ներքին ցեցերուն դէմ, պիտի ապահովէ արդարութեան, իրաւունքի եւ օրէնքի գերակայութիւնը, պիտի ապահովէ տնտեսութեան, գիտութեան ու մշակոյթի զարգացումը, կարճ` պիտի ապահովէ քաղաքացիները ամէն տեսակ չարիքի դէմ եւ պիտի ձգտի անոնց պարգեւել բարգաւաճ ու բարօր կեանք:

Վերջին հաշուով, ազգերը հայրենիք կը կերտեն պետականութիւն ունենալու համար, այլապէս անոնք նոյնիսկ իրենց հայրենիքին մէջ զրկուած կը մնան հայրենիքէ: Այդպէս էինք մենք մայիս 28-էն առաջ: Կ՛ապրէինք մեր երկրին մէջ, բայց այդ երկիրը մեզի չէր պատկաներ…  Հաւաքականութիւններ ազգի հանգամանք կը ստանան, երբ պետականութիւն ունին, կամ կը ձգտին պետականութիւն ունենալու… Մայիս 28-ին լիիրաւ ազգ նկատուելու հանգամանքին տիրացանք, հայրենիքի փոքր շերտի մը վրայ անկախ պետականութիւն հիմնեցինք, որով եւ բովանդակ Հայոց պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով կերտուեցաւ ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆ: Ասկէ անդին` պարզ բարբանջանքներ են բոլոր այն գրառումները, որոնք այդ օրերու պետական ստիպողութիւններու ճնշումին տակ կարգ մը դէպքեր ու քաղաքական շարժուձեւեր առանձնացնելով` ի զուր կը փորձեն նսեմացնել մայիս 28-ի հրաշափառ մեծութիւնը:

Բ) Արցախեան առաջին ու յաղթական պատերազմի խորապատկերին վրայ` մայիս 28-ով գծուած մեր երթին պատմական ուղղութիւնը անգամ մը եւս վերահաստատուեցաւ 1991-ին, հայրենիքի վերանկախացումով: Կ՛եզրակացուի ուրեմն, որ`

Այո՛, հնարաւոր է յաղթել, երբ ազգային համընդհանուր համերաշխութիւն կայ եւ յաղթելու կամքով ոգեշնչող ղեկավարութիւն: Վկայ` Արցախի առաջին պատերազմին յաղթանակը:

Վկայենք նաեւ, որ Անիի Բագրատունեաց թագաւորութեան կործանումէն (1045) ու անոր յաջորդող ինը հարիւր տարուան աննկարագրելի ստրկութեան շրջանին իսկ հայրենի կորուսեալ պետականութեան յուշը սերունդէ սերունդ փոխանցուեցաւ, որով այդ յուշը ձեւ ու մարմին առաւ 1918-ին, դարձաւ իրականութիւն եւ միջազգային ռազմաքաղաքական նորանոր զարգացումներու բովին մէջ կրկին վերայայտնուեցաւ Հայաստանի անկախ պետականութեան դրօշը:

Յուշը հզօր է, անձեռնմխելի: Չկայ ուժ, որ կարենայ ոտնձգութիւն կատարել հոն կամ զայն խլել մեզմէ, այնքան ատեն որ անոր փարած կը մնանք հոգիով ու մտքով:

Մարդ կը զարմանայ, ապա նաեւ պժգանք կը զգայ, երբ կը լսէ, թէ Հայաստանի այսօրուան վարչապետն ու պետական աւագանին կը թելադրեն հայ հանրութեան, որ մոռացութեան տրուին մեր անցեալն ու անցեալէն ժառանգուած մեր իրաւունքը, կը թելադրեն ընդմիշտ թաղել թշնամիին կողմէ մեզմէ խլուած պապենական հողերուն յուշը եւ անոնց տէրը եղած ըլլալու իրաւունքով ապագայի համար մայիս 28-ի հիմնադիրներուն բանաձեւած միացեալի տեսլականը…:

Անոնք կ՛անգիտանա՞ն արդեօք, որ ազգերը չեն կրնար վերապրիլ առանց յուշի ու տեսլականի, եւ պետութիւններն ալ կը դառնան անզօր ու դիւրաբեկ…

Ինչպէ՞ս կարելի է մոռացութեան տալ յուշը, երբ Երեւանի սրտին վրայ կանգնած է Ցեղասպանութեան յուշարձանը եւ քիչ անդին` Սարդարապատի յաղթակոթողը…

Բայց եկէ՛ք չտարածուինք եւ անտեղի մտորումներով չպղտորենք մայիս 28-ի տօնական տրամադրութիւնը: Կառչինք գրութեանս վերնագրով յայտնուած մտքին, թէ ինչպէս անցեալին, նաեւ վաղը հնարաւոր է յաղթել, երբ պիտի ունենանք ղեկավարներ, որոնք ազգային համընդհանուր համերաշխութեամբ պիտի ոգեշնչեն հայ զանգուածները:

Ահա թէ ինչո՛ւ այսօրուան հպարտութեան տօնին միասնական յոյսով, լաւատեսութեամբ ու միացեալի տեսլականով կրկնենք միաբերան`

Փա՜ռք ու պարծանք մայիս 28 կերտող զէնքի, մտքի ու քրտինքի հերոսներուն, ընդմիշտ կեցցէ՛ Հայաստանի անկախ ու ինքնիշխան հանրապետութիւնը:

 

 

Նախորդը

Մայիս 28-ը Այժմէական Է

Յաջորդը

Խմբագրական. Մնալ Անկախ` Մուրճին Եւ Սալին Միջեւ (Հայաստանի Հանրապետութեան 107-Ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.