Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայիս 28-ը Այժմէական Է

Մայիս 28, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

23 օգոստոս 1990-ին, հայկական ԽՍՀ Գերագոյն Խորհուրդի կողմէ որդեգրուած անկախ պետականութեան գործընթացի սկիզբը ազդարարող հռչակագիրը, իր հիմնաւորումներուն մէջ կը յիշատակէ. «Զարգացնելով 1918 թուականի մայիս 28-ին ստեղծուած անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական աւանդոյթները»: «Հռչակագիր Հայաստանի անկախութեան մասին» մաս կազմած է յաջորդական սահմանադրութիւններուն նախաբանին, դառնալով սահմանադրութեան անբաժանելի մասը: Հայաստանի երրորդ հանրապետութիւնը, շնորհիւ հռչակագիրի կցումին` սահմանադրութեան, կը դառնայ իրաւայաջորդը Առաջին հանրապետութեան: Այս իրողութիւնը կը վկայէ մայիս 28-ի այժմէականութեան մասին. անկախ Հայաստանը ծնած է 28 մայիս 1918-ին: Այժմու անկախ Հայաստանը շարունակութիւնն է առաջինին:

Հռչակագիրը տարբեր հիմնաւորումներ եւս ունի, եւ` հիմնաւորումներու բաժինին յաջորդած տասներկու կէտերուն մէջ, բազում պահանջներ: Մուտքի հիմնաւորումներուն մաս կը կազմէ Հայաստանի ու Արցախի վերամիացումը, մինչ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման սատարելու պահանջը` առաջադրանք է (11-րդ կէտ): Այս կէտերը կը խանգարեն Ազրպէյճանի հետ համաձայնեցուած «խաղաղութեան համաձայնագրի» ստորագրութիւնը: Ազրպէյճան կը պահանջէ, որ ասոնք դուրս գան սահմանադրութենէն, ինչ որ կը նշանակէ սահմանադրութեան փոփոխութիւնը` նոր սահմանադրութեան մը ընդունումը:

«Խաղաղութեան համաձայնագիր»-ի պատճէնը չէ հրապարակուած: Նիկոլ Փաշինեան կ՛ըսէ, որ պիտի հրապարակուի ստորագրուելէ ետք: Ստորագրուելէ ետք, համաձայնագիրը պէտք է վաւերացուի Ազգային ժողովին կողմէ. Ազգային ժողովի քննարկումին պէտք է նախորդէ Սահմանադրական դատարանի դրական գնահատականը. Սահմանադրական դատարանը պէտք է հաստատէ, որ համաձայնագիրը չի հակասեր Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան:

Ցարդ գաղտնի պահուած համաձայնագիրը կը պարունակէ՞ Սահմանադրութեան հակասող, մասնաւորապէս անկախութեան հռչակագիրը ժխտող հաստատումներ: Կը թուի, որ կասկածիլ կարելի է, քանի որ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց. «Եթէ Սահմանադրական դատարանը որոշէ, որ խաղաղութեան համաձայնագիրը չի համապատասխաներ երկրի Սահմանադրութեան, եւ անմիջապէս փոփոխութեան կ՛ենթարկեմ Սահմանադրութիւնը»:

Նիկոլ Փաշինեան գիտէ, որ Ազրպէյճանի (ու Թուրքիոյ) հետ խաղաղութեան հասնելու ճանապարհին գործած են բազմաթիւ սխալներ: Խաղաղութիւն տենչալը բնական երեւոյթ է, սակայն խաղաղութիւնը չի կրնար երկրի հիմնական օրէնքը շրջանցելու ճանապարհով կատարուիլ: Ամէն ձախողութիւն ուրիշներուն վերագրելու սովորութիւնը կը բախի Սահմանադրութեան պահանջին, որ իրեն նախաբան դարձուցած անկախութեան հռչակագրով կը պահանջէ գիտակցիլ «իր պատասխանատուութիւնը հայ ժողովրդի ճակատագրի առջեւ համայն հայութեան իղձերի իրականացման եւ պատմական արդարութեան վերականգնման գործում»:

Փոխել Սահմանադրութիւնը կը նշանակէ հաւատարիմ չմնալ «1918 թուականի մայիսի 28-ին ստեղծուած անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական աւանդոյթներուն»: Մայիս 28-ով նուաճուած անկախութեան կարճատեւ ժամանակի մէջ ստեղծած ժողովրդավարական աւանդոյթները վտանգի տակ են: Մայիս 28 հիմքն էր առաջին հանրապետութեան, շարունակեց հիմք մնալ խորհրդային հանրապետութեան եւ հիմք է նաեւ երրորդ հանրապետութեան, նոյնիսկ եթէ զայն որակենք իբրեւ «իրական Հայաստան»: Մայիս 28 հայկական պետականութեան վերընձիւղման արդիւնքն է, դարաւոր պայքարներու արդիւնաւորման արգասիքն է, Հայաստանի անկախութեան անժամանցելի տօնն է: Անժամանցելի են 1918-ի  անկախութեան յայտարարութիւնը եւ 1990-ի անկախութեան հռչակագիրը: Զանոնք կարելի չէ փոխել, նոյնիսկ կարելի չէ շրջանցել:

Իր հռչակումէն 107 տարիներ ետք, 28 մայիս 1918-ի անկախութիւնը կը մնայ այժմէական, պիտի մնայ այժմէական յաւիտեան:

 

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Տարեդարձին Առիթով

Յաջորդը

Յաղթել Հնարաւոր Է Ուրեմն… (Մայիս 28-ի 107-րդ Տարեդարձին Առիթով)

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?