Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոխիրներէն Վեր

May 28, 2025
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵՂՐԻ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ

28 մայիս 1918-ը եղած է շատ կարեւոր եւ զգացական օր մը Հայոց պատմութեան մէջ: Այդ օրը ան ծնած է պայքարէ, գոյատեւումէ եւ յոյսէ: 1915-1917-ին հայ ժողովուրդը տակաւին կը վերապրէր Հայոց ցեղասպանութենէն, երբ աւելի քան մէկուկէս միլիոնէ աւելի հայեր նահատակուեցան օսմանեան իշխանութեան տակ: 28 մայիս 1918-ին հռչակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը, Հայկական ազգային խորհուրդին կողմէ, Թիֆլիսի մէջ: Բայց եւ այնպէս, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, հայ ժողովուրդը ինքնիշխանութիւն հռչակեց: Պատմականօրէն Հայաստանը բազմաթիւ մարտահրաւէրներ ունեցած է իր անկախութիւնը պահպանելու հարցով` տարածաշրջանային բարդ քաղաքական իրադրութիւններով եւ դրացի պետութիւններու ներխուժումներով: Հայ ժողովուրդին պատմութիւնը լի է դիմադրութեամբ եւ տոկունութեամբ, որ ձեւաւորուած է դարերու ընթացքին տարբեր դժուարութիւններով ու մարտահրաւէրներով: Հին ժամանակներէն սկսած, հայերը պայքարած են գոյատեւման ու անկախութեան համար` դիմակայելով օտար զաւթիչներ, մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը ապրած Ցեղասպանութեան սարսափը: Այս բոլորը չյաջողեցան խորտակել հայ ժողովուրդին ազատատենչ ոգին: Մինչեւ այսօր հայերու դիմադրութեան եւ տոկունութեան ուժը կը խօսի մեր պատմութեան, մշակոյթի ու ինքնութեան առնչուած խոր կապին մասին, նաեւ մեր վճռակամութեան` մեր պատմութիւնն ու ինքնութիւնը պահպանելու եւ սերունդներու փոխանցելու: Իբրեւ սփիւռքահայ երիտասարդ` կրնանք նպաստել վերանկախացած Հայաստանին զարգացնելով մեր գիտելիքները, կազմակերպելով համայնքային նախաձեռնութիւններ, ներդրելով տնտեսութեան մէջ եւ փոխանցելով մեր մասնագիտական հմտութիւնները: Կարեւոր է նաեւ տեղեկատուական պայքարը` ճշմարտութիւնը տարածելով միջազգային հարթակներուն վրայ:  Հայրենադարձութիւնը` մնայուն կամ ժամանակաւոր, նաեւ կ՛ամրապնդէ մեր դերը: Միացեալ եւ կազմակերպուած ջանքերով կրնանք նոր ուժ տալ Հայաստանի վերածնունդին: Վերանկախացումը միայն քաղաքական նպատակ չէ, այլ նաեւ` ազգային արժէքներու եւ ինքնութեան վերականգնում: Հայաստանի հանդէպ սէրը պէտք է վերածենք գործի: Յիշեցէք` վերանկախացումը ոչ միայն քաղաքական, այլ նաեւ հոգեւոր ու հասարակական վերածնունդ է: Այսօր մայիս 28-ը կը կանգնի որպէս դիմադրութեան եւ գոյատեւման խորհրդանիշ: Ան կը նշուի ոչ միայն որպէս քաղաքական տարեդարձ, այլ` որպէս հպարտութեան, ինքնութեան եւ անմոռաց մնալու պատգամ: Երեք ճակատամարտերը` Սարդարապատ, Բաշ Ապարան եւ Ղարաքիլիսէ, ուղիղ ճամբայ հարթեցին դէպի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակումին: Անոնք կը նկատուին որպէս հայ ժողովուրդի գոյապայքարի եւ դիմադրութեան ճակատագրական պահ մը: Այս ճակատամարտերով հայ ժողովուրդը կանգնեցաւ ու մահուան դէմ եւ ըսաւ. «Բա՛ւ է, մենք կանք, պիտի գոյատեւենք եւ մեր հողին վրայ պիտի ապրինք ազատ:

«Երբ չի մնում ելք ու ճար,

Խենթերն են գտնում հնար…»:

 

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ ԶՈՄ. Մեր Խօսքը

Յաջորդը

Արեամբ Կերտուած Հայրենիք

RelatedPosts

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»`   Աշակերտներուն Գրիչով
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»` Աշակերտներուն Գրիչով

December 29, 2025
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

December 22, 2025
Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը

December 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.