Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԶՈՄ. Մեր Խօսքը

May 28, 2025
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մայիս ամիս, կամ` յոյսի ամիս, երբ հայ ժողովուրդի` իր անկախ պետականութիւնը վերականգնելու դարաւոր երազանքը իրականացաւ 28 մայիս 1918-ին: Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի մէջ ցուցաբերուած  ոչ յանձնուողական մտայնութիւնը մեզի տուաւ իրաւունքը վերականգնելու հայկական անկախ պետականութիւնը` հռչակելով Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ծնունդը: Այս պետականութիւնը վերականգնեցաւ ծանր ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, միջազգային բարդագոյն իրադրութեան պայմաններուն տակ, երբ տակաւին չէր աւարտած Համաշխարհային Ա. պատերազմը, որուն ճակատներէն մէկն էր նաեւ Հայաստանը:

Վերականգնում, որովհետեւ գոյութիւն ունէր սկզբնական համոզումը յաղթելու եւ ազգային համախմբուածութեան: Անհրաժեշտ է անցեալէն դասեր քաղել եւ այդ դասերը իրականացնել  որեւէ ժամանակաշրջանի մը մէջ, բայց մանաւանդ` այսօր:

Այսօր նախ պէ՛տք է համախմբուիլ` արմատական յստակ գիծեր հաստատելու ու վերարժեւորելու մեր նպատակները եւ համոզուած ըլլալ ճշդուած նպատակներով գործելու: Ինչպէս նաեւ պէտք է ապրիլ եւ գործել հայրենիքի համար, կամ ընդհանրապէս չգործել: Ներկայ իրավիճակը այս կը պարտադրէ. կա՛մ սեւ, կա՛մ ալ սպիտակ, միջին մը գտնելու օրերը անցած են…

Քաղաքակրթուած հայ երիտասարդը եւ ուսանողը լաւ գիտեն, որ պէտք է յառաջդիմել զէնքով, բայց` պահել գաղափարական արմատական սկզբունքները: Աւելի՛ն. պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ նոյնանման աշխատանքներով նոր արդիւնքներ դուրս չեն գար:

Հայրենասէր երիտասարդը չի կրնար հանգիստ խիղճով ապրիլ, երբ ազգը զոհած է աւելի քան հինգ հազար մատղաշ կեանքեր, երբ իւրաքանչիւր հողակտորի համար արիւն թափուեցաւ, պէտք չէ՛ սովորական` հարեւանցիօրէն անցնիլ: Հերոսներու յարգանգի տուրքը կը մատուցուի միայն ետ բերելով այն հողերը, որոնց համար անոնք նահատակուեցան:

Նախորդը

Սփիւռքէն` Հայաստանի Սիրոյ Նամակ Մեր Շունչին Մէջ Ապրող Երկրին

Յաջորդը

Մոխիրներէն Վեր

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

October 28, 2025
Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ   «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին
Զաւարեանական

Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին

October 28, 2025
Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

August 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.