ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ
Ընթացիկ տարուան մայիս 28-ին Հայաստան կը նշէ իր անկախութեան 107-րդ տարեդարձը: Արդարեւ, մայր հայրենիքի Բագրատունեաց թագաւորութենէն շուրջ 9 դարեր ետք եւ Կիլիկիոյ Ռուբինեանց հարստութենէն շուրջ 5,5 դարեր ետք, անդաստական հայութեան համար Հայաստանի անկախութիւնը բացառիկ հանգրուան մը հանդիսացաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան «գողգոթայ»-էն երեք տարիներ ետք Հայաստանի անկախութիւնը հրաշքի համազօր իրականութիւն մըն էր:
Համաշխարհային Ա. պատերազմին, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը հետզհետէ կը տկարանար, ցարական կառավարութիւնը իր բանակին մէջ ծառայող շուրջ քառորդ միլիոն հայ մարտիկները յուսադրած էր Հայաստանի ազատագրութեան հեռանկարով:
Աւա՜ղ, սակայն, 1917-ի Ռուսիոյ Հոկտեմբերեան (պոլշեւիկեան) յեղափոխութիւնը կը ջլատէր ռուս-թրքական ռազմաճակատը, եւ ռուս համայնավարներու` թուրքերուն հետ հաշտութիւնը եւ անոր յաջորդող Պրեսթ Լիթովսքի ամօթալի դաշնագիրը (որով Ռուսիա կը վերադարձնէր Թուրքիոյ ամբողջ Արեւմտահայաստանը) մեծ յուսախաբութիւն պատճառեցին հայ ազգի «մնացորդաց»-ին: Այսպէս, ռուս բանակը կը վերադառնար իր երկիրը, ու թրքական ընդարձակ ռազմաճակատին պաշտպանութիւնը կը վիճակուէր հայ ժողովուրդին:
Մինչ Ռուսիա քաղաքացիական կռիւներով զբաղած էր, կովկասեան ազգերը` հայեր, վրացիներ եւ թաթարներ, միացան ու կազմեցին Կովկասեան Դաշնակցային Հանրապետութիւնը, որ յետոյ Սէյմ կը կոչուէր: Սէյմը, որ ծնունդ առած էր 1918-ի փետրուարին, քանի մը ամսուան մէջ պառակտուեցաւ, որովհետեւ զայն կազմող երեք ազգերը իրենց շահերով եւ զգացումներով իրարու ներհակ` սկսան ծածուկ դաւեր նիւթել իրարու դէմ: Թաթարները կրօնով մահմետական ըլլալով` ջանացին դիւրացնել թուրք բանակներու ներխուժումը դէպի Կովկաս` իրականացնելու համար համաթուրանական իրենց ծրագիրը: Վրացիները, թէեւ` կրօնակից հայերու, կը տենչային հողային գրաւումներ կատարել ի վնաս հայերուն: Ի տես այս կացութեան` թրքական բանակը յառաջացաւ եւ գրաւեց Կարսն ու Ալեքսանդրապոլը (Գիւմրի): Մինչ այդ Վրաստան անկախութիւն հռչակեց 26 մայիս 1918-ին: Օր մը ետք` մայիս 27-ին, Ազրպէյճան եւս յայտարարեց իր անկախութիւնը: Հայերը ստիպուեցան առանձին կռուելու թուրքերուն դէմ:
Թուրքերը ուրախ էին յայտարարուող այս ազգային անկախութիւններով, որովհետեւ այս ձեւով Կովկաս իր կապերը կը խզէր ռուսերու հետ, եւ Թուրքիա կրնար իր ուզածը ընել: Թուրք կառավարութիւնը կրնար նոյնիսկ ոչնչացնել կովկասահայութիւնը, ինչպէս աշխատած էր ոչնչացնել արեւմտահայութիւնը:
Օրհասական այս ճգնաժամին մէջ հայութիւնը բոլորովին ձգուած էր իր ճակատագրին: Հայերը առանձին կռուեցան թուրքերուն դէմ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի ճակատներուն վրայ: Թշնամին նահանջեց եւ Հայոց ազգային խորհուրդը հռչակեց Հայաստանի անկախութիւնը` 28 մայիս 1918-ին:
Հայաստանի անկախութեան հռչակման առաջին օրերուն կառավարութիւնը որոշեց հայկական դրօշակը հորիզոնական տարածքով կարմիր, կապոյտ եւ նարինջի գոյներով: Երկիրը բաժնուեցաւ 10 գաւառներու: Իւրաքանչիւր գաւառի մէջ ստեղծուեցաւ վարչութիւն եւ դատական իշխանութիւն: Բացուեցան դպրոցներ բոլոր շրջաններու մէջ: 1920-ի սկիզբը բացուեցաւ Հայաստանի առաջին համալսարանը: Անկախութեան առաջին օրերուն սովն ու վարակիչ հիւանդութիւնները մեծ աւերներ գործեցին: Տարաբախտ այդ օրերուն շուրջ 180 հազար մարդ մեռաւ:
11 նոյեմբեր 1918-ի զինադադարէն ետք թուրքերը, որոնք Երեւանէն 7 քիլոմեթր հեռու սահմանին վրայ դիրք բռնած էին, սկսան նահանջել: Նոյեմբեր 18-ին հայ բանակը մտաւ Վանաձոր (նախկին Ղարաքիլիսէ), դեկտեմբերին Գիւմրի (Ալեքսանդրապոլ), իսկ 1919 գարնան հայկական բանակը ազատագրեց Կարս, Օլթի, Նախիջեւան քաղաքները, ամբողջ Արեւելեան Հայաստանը: 1919 մայիս 28-ին Հայաստանի կառավարութիւնը յայտարարեց Հայաստանի հողերուն վերամիացումը: Այսպէս, դարեր ամբողջ օտարի լուծին տակ ապրող հայեր ունեցան իրենց ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը:
Թուրքիոյ պարտութենէն երկու տարի ետք դաշնակիցները Սեւրի մէջ (Ֆրանսա) դաշինք կնքեցին: Աւետիս Ահարոնեան Հայաստանի կողմէ ստորագրեց այդ դաշինքը 10 օգոստոս 1920-ին: Թուրքեր եւ եւրոպական տէրութիւններ ընդունեցին միացեալ Հայաստանի անկախութիւնը, Ամերիկայի նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն գծեց Հայաստանի սահմանները` շուրջ 150 հազար քիլոմեթր տարածութեամբ երկիր մը: Դժբախտաբար այդ որոշումը մնաց թուղթի վրայ:
Սեւրի դաշնագիրէն ետք զայն ստորագրող պետութիւնները անհամաձայնութիւններ ունեցան իրարու միջեւ: Մինչ այդ թրքական բանակի սպայ` մը` Մուսթաֆա Քեմալ անունով (1881-1938), կազմակերպեց թուրք ազգային նոր շարժում մը եւ շուտով վերակազմեց թրքական բանակը:
Քեմալ դաշնակցեցաւ համայնավար Ռուսիոյ հետ եւ ասպարէզ կարդաց անմիաբան դաշնակիցներուն: Ան յաջողեցաւ վտարել յոյները Թուրքիայէն եւ յաղթականօրէն մտաւ Պոլիս, ջնջեց սուլթանութիւնը եւ հաստատեց Թրքական Հանրապետութիւնը, որուն առաջին հիմնադիր նախագահը եղաւ ինք 1923-1938:
Այնուհետեւ թուրքեր եւ ռուսեր ճնշում բանեցուցին Հայաստանի վրայ, որ հրաժարի Սեւրի դաշնագիրէն: Թուրքերը աշխատեցան տէր դառնալ Ղարաբաղ-Զանգեզուր-Նախիջեւան գիծին եւ միանալ Ազրպէյճանի: Հայաստան մնաց թրքական սալի եւ համայնավար Ռուսիոյ մուրճին միջեւ: Թուրքերը յարձակեցան Հայաստանի վրայ` առանց որեւէ պատճառի: Ռուսերու կամեցողութեամբ, թուրքեր գրաւեցին Կարսն ու հասան մինչեւ Գիւմրի (Ալեքսանդրապոլ): Մինչ այդ հայ համայնավար կոմիտէն մեծաթիւ ռուս զինուորներու հետ մտաւ Դիլիջան:
Հայաստանի կառավարութիւնը ուզեց համաձայնիլ ռուսերուն հետ թրքական արշաւանքը կեցնելու համար, սակայն ռուսերը շատ աւելի կարեւոր նկատեցին թուրքին բարեկամութիւնը, քան` փոքրիկ Հայաստանի ապահովութիւնը: Անոնք թելադրեցին հայերուն, որ ընդունին թուրքերու դրած պայմանները: 29 նոյեմբեր 1920-ին Հայաստանի Հանրապետութիւնը ենթարկուեցաւ համայնավարներու իշխանութեան: Դժբախտաբար Ալեքսանդր Խատիսեան` Հայաստանի պատուիրակութեան պետը, ստորագրեց Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը` հողային մեծ զիջումներ ընելով թուրքերուն եւ նոյեմբեր 29-ին վերջ գտաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
Դառն ու դժնդակ պայմաններու մէջ ծնաւ հայոց առաջին հանրապետութիւնը, բայց պատմական մեծ դարձակէտ մը հանդիսացաւ Հայոց պատմութեան մէջ` հիմք դառնալով մեր ներկայ Հայաստանին: