Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Արդարութեան Ձայն Մը Եւս` Լատին Ամերիկայէն
Ջրանցքի երկրէն` Փանամայէն սփռուած լուրը դժբախտաբար ակնկալուածին նման չընկալուեցաւ, չտարածուեցաւ եւ պարզումէկին Երեւանեան բացատրութեամբ եւ արտայայտութեամբ...չստացուեց: Այս մէկը վերագրել համահայկական խաղերու ստեղծած խանդավառութեան եւ աղմուկի՞ն, թէ՞ ամառնային շոգին, որ համեմատաբար կ՛անդամալուծէ քաղաքական անցուդարձն ու առհասարակ եռուզեռը: Արդարեւ, Լատին Ամերիկայի խորհրդարանը յուլիս 31-ին, յատուկ նիստ մը տրամադրելէ ետք, բանաձեւ մը որդեգրած էր` Թուրքիոյ մէջ հարիւր տարի առաջ հայորդիներուն նկատմամբ կատարուածը, որակելով...




















