Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց` «Կիւրճիեֆ» Համոյթի Գեղարուեստական Ղեկավար Լեւոն Իսկենեանին Հետ

Օգոստոս 13, 2015
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

195473_335822_large

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

«Կիւրճիեֆ» ժողովրդական նուագարաններու համոյթը, որ արժանացած է «Էտիսըն» մրցանակին եւ համաշխարհային երաժշտական աշխարհի բարձր գնահատանքին, երկօրեայ տարբեր ծրագիրներով հանդէս եկաւ Լիբանանի հասարակութեան: «Կիւրճիեֆ» համոյթին հիմնադրութեան, անոր գործունէութեան, համերգներուն, պատրաստած ձայնասկաւառակներուն մասին տեղեկութիւններ ունենալու նպատակով` «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ «Կիւրճիեֆ» ժողովրդական նուագարաններու համոյթի հիմնադիր եւ գեղարուեստական ղեկավար Լեւոն Իսկենեանին հետ:

«ԱԶԴԱԿ».- Ընդհանուր անդրադարձ մը կատարենք ձեր ուսումնառութեան:

ԼԵՒՈՆ ԻՍԿԵՆԵԱՆ.- Ծնած եմ Պէյրութ: Հայրս` կարեւորելով երաժշտական կրթութիւնը, ինծի ու եղբօրս տարաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոց, ուր ընտրեցի դաշնամուրը, իսկ եղբայրս` ջութակը: 1991-1992 թուականներուն արդէն մեծ սէր ու նուիրուածութիւն ունէի երաժշտութեան հանդէպ: Լիբանանի մէջ ունեցած եմ շատ լաւ ուսուցիչներ, որոնցմէ` Մարիա Աւետիս, Եսայեան, իսկ վերջին ուսուցիչս` Մայք Աշճեան, որ քաջալերեց եւ ուղղութիւն տուաւ ուսումս շարունակելու Երեւան: 1996-ին երաժշտութեան բնագաւառին մէջ ուսումս կատարելագործելու նպատակով տեղափոխուեցայ Հայաստան: Երեւանի մէջ հանդիպեցայ Զաքար Քէշիշեանին, Հրաչ Այնթապլեանին, որոնք օգտակար դարձան ինծի կողմնորոշուելու սկզբնական շրջանին: Այն օրերուն Երեւանի մէջ ծանօթներ չունէի, բայց բուռն էր փափաքս երաժշտական ուսումս շարունակելու, որովհետեւ կը հաւատայի, թէ հայ երաժիշտը պարտաւոր է գիտնալ հայկական երաժշտութեան մասին: Մեծապէս հետաքրքրուած էի դաշնամուրով եւ երաժշտութեան ստեղծագործական ճիւղով: Ընդունուեցայ Ռոմանոս Մելիքեան երաժշտական ուսումնարան` ապա աւարտեցի պետական երաժշտանոցը եւ ասպիրանթուրան: Շատ լաւ ուսուցիչներ ունեցած եմ` Ռոպերթ Շուկարով` յայտնի դաշնակահար, Վիլլի Սարգսեան եւ ուրիշներ: Ուսումնառութեանս զուգահեռ կ՛ուսումնասիրէի երաժշտութեան ստեղծագործական արուեստը` յօրինումը, (տաւղալար Հարփսիքորտ) եւ երգեհոնը: Աւստրիոյ եւ Իտալիոյ մէջ հետեւեցայ տաւղալարի եւ երգեհոնի մասնագիտական դասարաններու(Master class) եւ վերջապէս հաստատուեցայ Երեւան: Իմ ուսումնասիրութեան հիմնական բնագաւառը հայկական երաժշտութիւնն է հնագոյն շրջաններէն մինչեւ մեր օրերը: Ուսմանս զուգահեռ 2005-էն 2014 եղած եմ գեղարուեստական ղեկավարը Նարեկացի արուեստի միութեան եւ առիթ ունեցած եմ կապեր ունենալու Հայաստանի եւ սփիւռքի հայ թէ օտար յայտնի արուեստագէտներու հետ, որոնց կը պարտիմ գիտելիքներս: Կազմակերպչական գետնի վրայ ալ հսկայ աշխատանք տարած եմ. Հայաստանի մէջ կազմակերպած եմ աւելի քան 2000 համերգ, հանդիպումներ եւ դասախօսութիւններ:

«Ա.».- Ի՞նչ նպատակով եւ ինչպէ՞ս հիմնեցիք «Կիւրճիեֆ» համոյթը: Ինչո՞ւ այս անուան ընտրութիւնը:

Լ. Ի.- Գէորգի Կիւրճիեֆ հայ իմաստասէր է, երաժիշտ եւ գրող: Ծնած է 1860-ականներուն Գիւմրի: Ուսումը կը ստանայ Կարսի մէջ, կապեր հաստատելով տարբեր ազգերու ներկայացուցիչներու հետ` կը սկսի հետաքրքրուիլ հնագոյն արուեստներով, մշակոյթներով, կրօններով եւ ծէսերով: Իր ամբողջ հետաքրքրութիւնը մարդու գոյութեան մասին եղած է: Որոշ ժամանակ ուսանած է Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանը, ապա` անցած Սանահին, յետոյ Պարսկաստան, արաբական երկիրներ, Հնդկաստան, Թիպեթ եւ այլուր: Երկար տարիներու պրպտումներէն ետք ստեղծած է մարդու ներդաշնակ զարգացման դպրոցը: Յօրինած է երաժշտութիւն, մշակած է պարեր, գրած է գիրքեր, որոնք յայտնի են աշխարհի տարածքին եւ  թարգմանուած տարբեր լեզուներու: Իր Beelzebub’s Tales to His Grandson  «Պիլզեպըպի զրոյցները իր թոռնիկին» գիրքը, որ գրուած է հայերէնով եւ ռուսերէնով, ապա թարգմանուած այլ լեզուներու, կը համարուի աշխարհի 100 ազդեցիկ գիրքերէն մէկը: Ֆրանսայի մէջ իր ստեղծած դպրոցը տարածուած է ամէն կողմ: Այսօր աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ գոյութիւն ունին Կիւրճիեֆի հիմնարկներ: Իրականութեան մէջ օտարներն են, որոնք կ՛ուսումնասիրեն իր ուսմունքը, փիլիսոփայութիւնը, երաժշտութիւնը: Կարելի է ըսել, թէ Կիւրճիեֆի երաժշտական ստեղծագործութիւնները հիմնուած են հայկական հոգեբանութեան վրայ, յատկապէս Գիւմրիի վերաբերող: Հետաքրքրականը այն է, թէ մենք` հայերս, շատ բան չենք գիտեր Կիւրճիեֆի մասին, անոր հայ ըլլալուն մասին, բայց օտարները գիտեն,  ի տարբերութիւն Կոմիտասին, որուն մասին մենք գիտենք, իսկ օտարները` քիչ: Կիւրճիեֆ ունի  մօտ 300 դաշնամուրային ստեղծագործութիւններ, որոնք գրուած են իր աշակերտ Թովմաս տը Հարթմանի օգնութեամբ, որ յայտնի ռուս յօրինող  եղած է, եւ առաջիններէն, որ Կոմիտասի երաժշտութիւնը արժեւորած է Երեւանի մէջ:

Iskenian3_8-13-15

«Ա.».- Կիւրճիեֆի համոյթի կազմի երաժիշտներուն մասին անդրադարձ մը կատարենք:

Լ. Ի.- Կիւրճիեֆի ուսմունքով ու արուեստով տարուած` 2008-ին, երբ որոշեցի «Կիւրճիեֆ» համոյթը ստեղծել, սկսայ տարբեր խումբերու եւ անհատ երաժիշտներու կատարումները լսել,  առանց զիրենք տեղեակ պահելու նպատակիս մասին, եւ յաջողեցայ հաւաքել Հայաստանի մէջ ապրող լաւագոյն երաժիշտները, որոնք ունին պրպտելու, ուսումնասիրելու  ձգտում: Այսպէս ստեղծուեցաւ զիրար շատ լաւ հասկցող, համահունչ տասնմէկ երաժիշտներու խումբ մը, որուն անդամները կը նուագեն հայկական տուտուկ, պաս տուտուկ, զուռնա, Մշոյ թմբուկ, տհոլ, տափ, քամանչայ, թառ, ուտ, քանոն, սանթուր, փող (Կոմիտասի ամէնէն սիրելի նուագարանն էր):

«Ա.».- Անդրադառնանք ձեր համերգներուն,  յատկապէս այս տարուան ընթացքին:

Լ. Ի.- 2011-ին «Ի. Սի. Էմ. Ռեքորտզ»-ի կողմէ համոյթի «Կիւրճիեֆի երաժշտութիւնը» խորագրեալ ձայնասկաւառակի հրապարակումէն ետք մեծ ճանաչում ձեռք ձգելով` սկսանք հրաւիրուիլ աշխարհի տարբեր երկիրներ` մասնակցելու հեղինակաւոր փառատօններու: 2011-էն սկսեալ սկսանք համերգներով շրջագայիլ  Հայաստան, Ռուսիա, Պելճիքա, Հոլանտա, Գերմիանիա, Զուիցերիա, Լեհաստան, Ռումանիա, Աւստրալիա: Այս տարի կը պատրաստուինք այցելել Լատին Ամերիկեան երկիրներ` Պրազիլ, Արժանթին, Վենեզուելա, Ուրուկուէյ,  Չիլի: Յուլիս 22-ին Գերմանիոյ Օսնապրուք քաղաքին մէջ ներկայացանք համերգով (Օսնապրուքը Եւրոպայի խաղաղութեան խորհրդանիշ քաղաքն է, որովհետեւ 1600-ական թուականներուն մեծ պատերազմէն ետք այնտեղ կնքուած է խաղաղութեան դաշինքը): Օսնապրուքի քաղաքապետը այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ կապ ստեղծեց Հայոց ցեղասպանութեան եւ այսօրուան իրադարձութիւններուն միջեւ` հաստատելով, որ  Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցածը  անպատժելիութեան հետեւանք է: Այս տարի «Հոլանտ փառատօն»-ին, Պելճիքայի եւ այլ երկիրներու մէջ մեր ունեցած համերգներու ընթացքին լայն անդրադարձ կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:

«Միուզիք գեպաու» համերգասրահին մէջ  առաջին անգամ ըլլալով նուագեցինք Մշոյ շորորը: Լսարանին 95 տոկոսը հոլանտացիներ էին: Անոնց համար լրիւ անսպասելի էր մեր կատարումը, շատ բարդ կշռոյթներ, չափազանց զգայուն, հին եւ խորհրդաւոր երաժշտութիւն, այլ խօսքով հոլանտացիները ուղղակի  ապշած էին: Բոլորն ալ սկսան հետաքրքրուիլ Կոմիտասի գործերով եւ ստեղծագործութիւններով: Ուզեցին խորանալ, աւելի հասկնալ ու ճանչնալ Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները: Ահա ա՛յս է մեր առաքելութիւնը: «Կիւրճիեֆ» ժողովրդական նուագարաններու համոյթը ծրագիր ունի Կոմիտասի երաժշտութիւնը աշխարհի բոլոր կողմերը տարածել: Վստահ եմ, երբ «Ի. Սի. Էմ. Ռեքըրտզ»-ը հոկտեմբերին հրատարակէ Կոմիտասի ձայնագրութիւնը, աշխարհի գրեթէ բոլոր ձայնասփիւռի կայաններէն պիտի հնչէ Կոմիտաս: Իսկ մենք` Եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ կայացած փառատօներուն մասնակցելով, պիտի նուագենք եւ տարածենք Կոմիտասի գործերը:

 Iskenian2_8-13-15

«Ա.».- Երաժշտական ծրագիրներու ընտրութիւնը, մշակումները եւ փոխադրութիւնները ինչպէ՞ս կը կատարէք: 

Լ. Ի.- Կիւրճիեֆի ծրագիրը կ՛ընդգրկէ 17 ստեղծագործութիւններ, որոնց ժողովրդական նուագարաններու փոխադրութիւնը ես կատարած եմ: Կիւրճիեֆի մեղեդիները հիմնուած են Արեւելքի տարբեր ազգերու ժողովրդական եւ հոգեւոր երաժշտութեան վրայ` հայկական, արաբական, ասորական, քրտական, յունական, կովկասեան եւ այլն: Իսկ Կոմիտասի ծրագիրը կ՛ընդգրկէ անոր յայտնի գործերը եւ առաւելաբար պարերը` Մանուշակի, Շուշիկի, Երանգի, Մարալի,  Կարնոյ, Մուշի մեծ մասամբ Արեւմտեան Հայաստանի երաժշտութիւններ:

Կոմիտասի դաշնամուրային գործերը կատարեցինք համաձայն անոր կողմէ եղած նշումներուն (տափի, թառի ոճով) եւ այլն: Եւ որպէսզի կատարումները ամբողջական ըլլան, վերականգնեցինք կարգ մը գործիքներ, որոնք գործածութենէ դուրս մնացած են ժամանակի ընթացքին. օրինակ` Մշոյ թմբուկը, տուտուկի տարբեր տեսակ, բքու եւ այլն, միաժամանակ օգտագործեցինք այնպիսի գործիքներ, որոնք հայ եկեղեցւոյ ծէսերուն մէջ կ՛օգտագործուէին, ինչպէս` բուրվառը, քշոցը, որոնք նախաքրիստոնէական ժամանակներուն գործածուած նուագարաններ են: Ըստ Կոմիտասի, Մշոյ շորորը եւ այլ պարեր կու գան նախաքրիստոնէական շրջանէն եւ` հասնելով մինչեւ մեր օրերը, պահպանած են բուն խորհուրդը: Իրօք հետաքրքրական է այս խորհրդաւոր երաժշտութիւնը վերարտադրել այն նուագարաններով, որոնք հազարամեակներ գործածած ենք, որպէս ազգային նուագարան եւ մատուցած ամբողջ աշխարհին: Փոխադրութիւնները կը կատարեմ ամբողջովին պահպանելով գործը` մեղեդային եւ կշռութային կառոյցէն ոչ մէկ բան փոխելով: Իսկ մեր համոյթին գործածած ժողովրդական գործիքները վերցուցած եմ` Կոմիտասի նշած նուագարանները հիմք ընդունելով. օրինակ` Մշոյ շորորին մէջ մենք գործածած ենք գրեթէ բոլոր ժողովրդական նուագարանները: Ան պարերու ամբողջ շարք մըն է, ինչպէս քոչարին, բուն շորորը, թռնոցին, ճոճչքը, ռազմական պարը եւ այլն: Հայկական նուագարաններով մեր նուագած հայկական երաժշտութիւնը կը պարունակէ հայ ազգի ոգին, հոգեբանութիւնը, մտածելակերպը, զսպուածութիւնը, ոգեղէն, ռազմաշունչ յատկութիւնը, այլ խօսքով` հայոց պատմութիւնը:

concert-in-venice_8-13-15

«Ա.».- Խօսինք ձեր արձանագրած յաջողութիւններուն, ապա ձայնասկաւառակներուն մասին:

Լ. Ի.- 2011 թուականին, երբ  «Ի. Սի. Էմ. Ռեքըրտզ»-ի կողմէ հրատարակուեցաւ «Կիւրճիեֆի երաժշտութիւնը», BBC Music Magazine, The Guardian, The financial times, The Wire, Independent, The USA National Public Radio եւ յայտնի այլ լրատուամիջոցներ դրական անդրադարձան «Կուրճիեֆ» համոյթին եւ անոր ստեղծագործական աշխատանքներուն: Ըստ եւրոպացի երաժիշտներուն, Կիւրճիեֆի ստեղծագործութիւններուն նոր մշակումները Կիւրճիեֆը վերադարձուցին իր հայրենիքը: Հոլանտայի մէջ արժանացանք «Թովմաս Էտիսըն» մրցանակին, որ աշխարհի չորս կարեւոր մրցանակներէն մէկն է, իսկ Հայաստանի մէջ ազգային մրցանակաբաշխութեան պարգեւին:  Մեր երկրորդ ձայնասկաւառակը, որ ձայնագրած ենք այս տարի փետրուարին, պիտի հրատարակուի հոկտեմբերին: Յառաջիկայ տարի նոյն ընկերութիւնը գարնան պիտի հրատարակէ Կոմիտասի դաշնամուրային գործեր, կնոջս` Լուսինէ  Գրիգորեանի կատարմամբ: Կոմիտասի այս գործերը հրատարակուած են անցեալին, բայց այս անգամ «Ի. Սի. Էմ. Ռեքըրտզ»-ը պիտի հրատարակէ եւ աշխարհով մէկ տարածէ: Ուրեմն մէկ հրատարակութիւնը ժողովրդական նուագարաններով կատարումներն են, իսկ միւսը` Կոմիտասի դաշնամուրային գործերը, ինչպէս որ հասած են մեզի:

«Ա.».- Որպէս երաժիշտ ու ժողովրդական երաժշտութեան մասնագէտ, ի՞նչ ունիք ըսելիք հայ հասարակութեան:

Լ. Ի.- Իրականութեան մէջ ուրախ եմ, որ կարելիութիւն ունինք աշխարհին ներկայացնելու հայկական երաժշտութիւնը հայկական ժողովրդական նուագարաններով: Եւրոպայի մէջ Կիւրճիեֆ ունի մեծ լսարան, բայց կը կարծեմ, որ Կոմիտաս պէտք է աւելի ուսումնասիրուի ու աշխարհով մէկ տարածուի: Այս մտահոգութենէն մեկնելով` ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ դասախօսութիւններ պէտք է կազմակերպել ու նոր սերունդին սորվեցնել Կոմիտասի մասին: Մենք մեր մշակոյթը պահելու խնդիր ունինք, եթէ միայն մեր ուսերուն վերցնենք այս պատասխանատուութիւնը, չենք յաջողիր, բայց երբ մեր համամարդկային արժէք ունեցող գործերը տարածենք, որ միջազգային ճանաչում ունենան, այն ատեն օտարները պիտի սկսին գնահատել ու արժեւորել մեզ, եւ մենք բնականաբար հպարտութիւն պիտի զգանք: Լիովին չենք գիտեր տակաւին, թէ ի՜նչ արժէքներ ունինք: Մենք բախտաւոր ենք, որ հայ ենք: Բախտաւոր ենք, որ հարուստ մշակոյթ ունինք: Անշուշտ նախ մենք պէտք է հասկնանք ու սորվինք հայկական պարերը, երաժշտութիւնը, որովհետեւ անոնց մէջ կան մեր մշակոյթի ու սովորութիւններու մասին թաքնուած գիտելիքներ եւ գոյատեւելու ուժ, որ կը փոխանցուի ենթագիտակցաբար: Կը փափաքիմ, որ մեր պատմութեան մակերեսային կերպով չմօտենանք, այլ անոր ներքին խորհուրդը հասկնանք: Երաժշտութիւնը այն ուժն է, որ կրնայ համախմբել հասարակութեան բոլոր շերտերը: Հայապահպանումը միայն խօսք չդարձնենք. միասնաբար ու համատեղ աշխատինք պահելու մեր լեզուն, երաժշտութիւնը, եկեղեցին, սովորութիւնները, ազգային արժէքները. աշխատինք նաեւ ճիշդ գնահատել մենք մեզ: Մենք նուագած ենք Եւրոպայի ամէնէն պահանջկոտ լսարանին առջեւ, եւ արդիւնքը ապշեցուցիչ եղած է: Երբ բարձր մշակոյթի տէր Եւրոպան մեր արուեստը եւ երաժշտութիւնը այդքան մեծապէս կը գնահատէ, մեզի կը մնայ հպարտանալ, առաւել կառչիլ մեր մշակոյթին, արժէքներուն եւ զանոնք փոխանցել յաջորդ սերունդներուն: Էսթրատային ոճը շատ լաւ է, բայց անցողիկ, հազարամեակներով ապրած ու գոյատեւած մեր մշակոյթը ընդունիք հիմք ու յենինք միայն անոր վրայ:

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

«Արժեւորելու Համար Մեր Գոյութիւնը, Պէտք Է Տեղեակ Ըլլանք Ժառանգութենէն». Հ. Դեմոյեան

Յաջորդը

«Ուիքի» Ճամբարը Վերջ Գտաւ Փակման Հանդիսութեամբ

RelatedPosts

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ.  «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց
Հարցազրոյց

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց

Հոկտեմբեր 6, 2025
Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ
Հարցազրոյց

Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ

Սեպտեմբեր 30, 2025
«Մեր Առաքելութեան Յարատեւման Ու Վերելքին Գաղտնիքը Պարզ Է` Կամք, Զոհողութիւն Եւ Ծառայութեան Ոգիին Նկատմամբ Հարազատութիւնը», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Պերճ Աբգարեան
Հարցազրոյց

«Մեր Առաքելութեան Յարատեւման Ու Վերելքին Գաղտնիքը Պարզ Է` Կամք, Զոհողութիւն Եւ Ծառայութեան Ոգիին Նկատմամբ Հարազատութիւնը», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Պերճ Աբգարեան

Սեպտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?