
Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմը մտահոգութիւն յայտնած է, որ առանց տանիքի արդէն մէկ տարիէ գոյատեւող, Թիֆլիսի կեդրոնը գտնուող Ս. Մինաս եկեղեցին կանգնած է փլուզման վտանգին դիմաց:
Թեմէն կը յայտնեն, որ առանց տանիքի գոյատեւող եկեղեցւոյ պատերը արդէն կը թուլնան, եւ իբրեւ հետեւանք չի բացառուիր, որ եկեղեցին քանդուի:
«Անցած է արդէն մէկ տարի, սակայն եկեղեցւոյ նորոգութեան հարցով ոչ մէկ փոփոխութիւն կայ: Վիրահայոց թեմը բազմաթիւ նամակներ յղեց պատկան մարմիններուն եւ ներկայացուց եկեղեցւոյ վիճակը, սակայն ոչ մէկ փոփոխութիւն: Փուլ եկած տանիքը վերանորոգելու փոխարէն քաղաքապետարանը ամբողջութեամբ ազատեց եկեղեցին տանիքէն, եւ այսօր արդէն առանց տանիքի եկեղեցւոյ պատերը կը թուլնան: Անձրեւները, քամիներն ու ձիւնն ալ աւելի վատթարացուցին իրավիճակը», յայտնեց Սուսաննա Խաչատրեանը:
Երեւանցոց Սուրբ Մինաս հայկական եկեղեցին կը գտնուի Հաւլաբար թաղամասի Նոր Էջմիածին գործող եկեղեցիէն ոչ հեռու: Պահպանուած տուեալներուն համաձայն, Ս. Մինասը կառուցուած է 1790-ին: Սկզբնական շրջանին եկեղեցին մեծ կառոյց չէ եղած, եւ 1870 թուականին անհրաժեշտութիւն զգացուած է առաւել մեծցնելու եկեղեցւոյ շինութիւնը: 1883-ի յունուար 2-ին հին եկեղեցւոյ տեղը արդէն խոյացած է Երեւանցոց Սուրբ Մինասը: Խորհրդային տարիներուն եկեղեցին զրկուած է գմբէթէն եւ օգտագործուած իբրեւ արհեստանոց: Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք Երեւանցոց Սուրբ Մինասը դասուած է «վիճելի» եկեղեցիներու շարքին:

