Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երուխանէն Նոր Հատոր Մը

August 14, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

0801yeroukhan20801yeroukhan1Երուխան (1870-1915)` արեւմտահայ գրականութեան կարեւոր անուններէն մէկը, իր նահատակութեան 100-րդ տարին կը ներկայանայ բոլորովին նոր հատորով մը: Երուանդ Սրմաքէշխանլեան իրապաշտական հոսանքի յառաջատարներէն մէկն էր: «Ամիրային աղջիկը» վէպը, ձկնորսներու կեանքէն քաղուած իր նորավէպերը արժանի տեղ մը ապահոված էին իրեն` Արփիարեանի, Բաշալեանի, Կամսարականի, Օտեանի նման հեղինակներու կողքին: 1896-ին, համիտեան հալածանքներուն իբրեւ հետեւանք, Պոլիսէն դէպի Պուլկարիա եւ Եգիպտոս հեռացած արուեստագէտը, 1908-ին, սահմանադրութեան վերահռչակման տարին, մայրաքաղաք վերադարձող հեղինակներէն մէկն էր նաեւ: Ահա այդ թուականին իսկ Երուխան դարձած էր պոլսահայ «Ժամանակ» թերթի աշխատակիցներէն մէկը` ստորագրելով քաղաքական ու ազգային նիւթերուն վերաբերեալ հրապարակագրական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ քանի մը նորավէպեր: ՀՅ Դաշնակցութեան մամուլին համար յօդուածներ ստորագրող Երուխան «Ժամանակ»-ի էջերուն մէջ վերստին կը յայտնուի 1913-ին, երբ արդէն սկսած էր իր կեանքը ապրիլ Խարբերդի մէջ, որպէս մանկավարժ:

Երուխանին «Ժամանակ»-ին բերած աշխատակցութիւնը կարեւոր է` նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ ան մանրանկարն է իր գրական ամբողջ գործունէութեան: Նախ զինք կը ճանչնանք որպէս գեղարուեստական գրականութեան պատկանող անուն մը` իր նորավէպերով: «Ժամանակ»-ի էջերուն մէջ Երուխան ստորագրած է չորս նորավէպեր, որոնցմէ երկուքը առաջին անգամ է,  որ մաս կը կազմեն հատորի մը, իսկ միւս երկուքը նախապէս տպագրուած են հեղինակին կենդանութեան օրօք լոյս տեսած հատորին, ինչպէս նաեւ Փարիզի, Երեւանի ու Անթիլիասի հրատարակութիւններուն մէջ:

Երուխանի հրապարակախօսութիւնը… Մամլոյ տարբեր միջոցներու էջերուն ցրուած քաղաքական ու հասարակական բնոյթով այս յօդուածները ցարդ չեն ամփոփուած առանձին հատորի մը մէջ: Այս հատորը առաջին փորձ մըն է այդ ուղղութեամբ: Երուխան իր յօդուածներուն ընդմէջէն կը յայտնուի որպէս մէկը, որ սրտցաւօրէն կը հակի երկրի առօրեայ հարցերուն վրայ, սահմանադրութեան խոստացած իրաւունքներուն հանդէպ խստապահանջ եւ օսմանեան հայրենիքին հաւատացող մը, ինչպէս էին մեծ մասամբ իր սերնդակիցները:

Եւ վերջին նորութիւն մը եւս: Երուխան` նեղուած ու ձանձրացած Պոլսոյ միջավայրէն, մխիթարութիւն կ՛որոնէ հայրենի մթնոլորտին մէջ` ուսուցչական պաշտօն ստանձնելով Խարբերդի մէջ, ուր կը դառնայ տեղւոյն կեդրոնական վարժարանին տեսուչը: Դէպի հայրենիք իր ճանապարհորդութիւնը եւ գաւառական կեանքը ան Պոլսոյ ընթերցողներուն կը ներկայացնէ «Փոքր Ասիոյ մէջէն» խորագրեալ յօդուածաշարով մը, որ ինչպէս միւսները, առաջին անգամ ի մի կը բերուին այս հատորին մէջ:

«Փոքր Ասիոյ մէջէն» հատորը կազմած, խմբագրած ու ծանօթագրած է բանասէր ու գրականագէտ Սեւան Տէյիրմենճեան: Յառաջաբանին հեղինակն է սփիւռքահայ անուանի բանասէր Վարդան Մատթէոսեան: Կողքը պատրաստուած է տաղանդաւոր նկարիչ Արէտ Կըճըրին կողմէ: Տպագրութիւնը իրականացուած է «Ժամանակ»-ին կողմէ, որպէս երկրորդ հրատարակութիւնը 100-ամեակին ձօնուած մատենաշարին, Քասիմի «Օրուան մտածումներ»-էն ետք:

Մեծ եղեռնի նահատակ գրողներէն Երուխան եղերական վախճանին 100-րդ տարելիցին ան իր մոռցուած գործերով վերստին կը խօսի հայ հասարակութեան հետ:

Նախորդը

«Սեւանայ Լիճը Շատ Կը Նմանի Վանայ Լիճին». Ըսաւ Վանի Համաքաղաքապետ

Յաջորդը

Ղազիրի Գորգին Երկրորդ Նմանօրինակը Յայտնաբերուած Փարիզի Մէջ` Մայտա Շնորհօքեանի Մօտ

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.