Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ղազիրի Գորգին Երկրորդ Նմանօրինակը Յայտնաբերուած Փարիզի Մէջ` Մայտա Շնորհօքեանի Մօտ

Օգոստոս 14, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բժիշկ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Մայիս 21-ին Լոս Անճելըսի Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զաւէն Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Խաչելութեան ճանապարհը» եւ «Խաչելութենէն յարութիւն» հատորներուս շնորհահանդէսը` կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի, «Ասպարէզ» օրաթերթի եւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ու հովանաւորութեամբ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի: Շնորհահանդէսին առիթով հանդիպում մը ունեցայ տէր եւ տիկին Պետրոս եւ Վիոլէթ Ալահայտոյեաններուն հետ, որոնց հետ երկար թղթակցութիւն ունեցած էի տարի մը առաջ «Ղազիրի գորգին հետքերով» յօդուածիս պատրաստութեան ընթացքին: Մեր հանդիպումին ընթացքին երկար խօսեցանք այս յօդուածին մասին եւ մանաւանդ Ղազիրի որբանոցին, գորգագործարանին եւ 1925-ին նախագահ Քալվին Քուլիճին նուէր տրուած «Ղազիրի գորգ»-ին մասին: Այդ օրերուն արդէն իմացած էի Քալիֆորնիոյ մէջ «Ղազիրի գորգ»-ին նմանօրինակին յայտնութեան մասին: Այս նոր յայտնութեան առիթով ես սկսած էի հաւաքել յաւելեալ տեղեկութիւններ նոր յօդուածի մը պատրաստութեան համար: Վերադառնալով մեր խօսակցութեան` Ալահայտոյեան ընտանիքին հետ, անակնկալօրէն իմացայ տիկին Վիոլէթէն, որ Փարիզ հաստատուած պէյրութահայ տիկին Մայտա Շնորհօքեանին մօտ կը գտնուի «Ղազիրի գորգ»-ին նման երկրորդ գորգ մը: Մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցայ տիկին Վիոլէթին տուած տեղեկութիւններուն եւ խնդրեցի իրմէ ունենալ տիկին Շնորհօքեանին ե-նամակի հասցէն: Յաջորդ օր Մոնրէալ վերադառնալէ ետք տիկին Վիոլէթ փոխանցեց Մայտա Շնորհօքեանին ե-նամակի հասցէն եւ իմացուց, որ արդէն խօսած է տիկին Շնորհօքեանին հետ եւ տեղեակ պահած է զինք իր մօտ գտնուող Ղազիրի որբերուն կողմէ պատրաստուած գորգին նկատմամբ իմ հետաքրքրութեանս մասին: Շուտով գրեցի Մայտա Շնորհօքեանին եւ խնդրեցի իրմէ որոշ տեղեկութիւններ ունենալ այս գորգի մասին: Ուստի հարցումներու երկար շարք մը ներկայացուցի իրեն: Այնուհետեւ մենք ունեցանք գրեթէ ամէնօրեայ թղթակցութիւն 15 օրերու ընթացքին: Տիկին Մայտան եւ իր զաւակը` Հովել Շնորհօքեան սիրայօժար կերպով տրամադրութեանս տակ դրին իրենց մօտ գտնուող գորգի մասին ամբողջական եւ հետաքրքրական տեղեկութիւնները, ինչպէս նաեւ իրենց ընտանեկան ծառին մանրամասնութիւնները: Այս բոլորէն ի յայտ եկաւ, որ այս գորգը կը պատկանէր տիկին Մայտային հօրը` Սեդրակ Պէզիրկանեանին, եւ գորգը պատրաստուած էր Ղազիրի գորգագործարանին մէջ, հայ որբերուն կողմէ 1930-ին: Ահաւասիկ այս գորգին վերաբերող Պէզիրկանեան մեծ ընտանիքին  հետաքրքրական եւ մանրամասն պատմութիւնը:

Սեդրակ Պէզիրկանեան ծնած է Այնթապ, 21 սեպտեմբեր 1897-ին: Ան զաւակն է Մովսէս Պէզիրկանեանին եւ թոռնիկը Սարգիս Պէզիրկանեանին: Սարգիս 20 տարեկանին` 1860-ին, Ատըեամանի մէջ ընդունած է աւետարանչականութիւնը եւ դարձած է Ատըեամանի առաջին երէց սարկաւագը աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ: Ան գործած է իր համայնքին մէջ որպէս հաւատաւոր աւետարանական մը եւ ի նպաստ իր դաւանած եկեղեցւոյ: Մովսէս իր հօր նման եղած է հաւատաւոր, աստուածավախ եւ ծառայած է Ատըեամանի աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ: Սեդրակին հայրը եւ մեծ հայրը զբաղած են վաճառականութեամբ եւ ունեցած են բարեկեցիկ կեանք ու տնտեսական վիճակ: Սակայն 1895-ի ջարդերուն պատճառով` անոնք կորսնցուցած են ամէն բան եւ մատնուած նիւթական դժուար կացութեան: Մովսէս այս ջարդերուն ընթացքին վիրաւորուած է եւ դարմանուելու համար փոխադրուած է Այնթապ: Դարմանումէն ետք ան մնացած է Այնթապ եւ գործած է Այնթապի աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ որպէս պատասխանատու եւ հսկիչ ու զբաղած է մանր վաճառականութեամբ: Սեդրակ մեծցած է իր հօր հոգեւոր դաստիարակութեան ներքեւ եւ ուսանած է Այնթապի աւետարանական եկեղեցւոյ երկրորդական վարժարանին մէջ մինչեւ 1911: Ապա շարունակած է իր երկրորդական ուսումը Այնթապի կեդրոնական քոլեճին մէջ մինչեւ 1915` մասնագիտանալով բուսաբանութեան մէջ: Հօրը նիւթական դժուարութեան պատճառով` ան չէ կրցած ունենալ իր սեփական դասագիրքերը: Քոլեճի դասընկերներուն որոշ ծառայութիւններ մատուցելով իրաւունք ունեցած է  ընդօրինակել անոնց դասագիրքերը: 1915-ին Սեդրակ կը հիւանդանայ, կը տառապի աղետապէ ու թոքատապէ: Ան կը դարմանուի Այնթապի Ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ: Այս միջոցին կը սկսին հայ ժողովուրդին տեղահանութիւնը, տարագրութիւնը, ջարդերը եւ սպանութիւնները: Սեդրակ տակաւին հիւանդանոցի մէջ, ծնողքը ընտանեօք կը տեղահանուին եւ գաղթական կ՛ուղղուին դէպի Տէր Զօր: Ճամբուն վրայ ծնողքը կը նահատակուի թուրք ջարդարարներուն ձեռքով: Սեդրակին հօրեղբայրը այդ օրերուն կը գործէ Այնթապի թրքական բանակին տարազներ կարող գործարանին մէջ: Սեդրակ իր հօրեղբօրը միջամտութեամբ եւ օգնութեամբ կը մտնէ այս գործարանը եւ կ՛աշխատի որպէս դերձակ: Ան երեք անգամ կը ձերբակալուի թրքական իշխանութեան կողմէ որպէս փախստական հայ երիտասարդ, սակայն բարեբախտաբար ազատ կ՛արձակուի: Գործարանը, թրքական իշխանութեան որոշումով, կը փոխադրուի Հալէպ: Սեդրակ բոլոր գործաւորներուն հետ կը փոխադրուի Հալէպ` շարունակելու իր պաշտօնը այդ գործարանին մէջ:

1-Սեդրակ-Պէզիրկանեանի-բուսագիտութեան-ձեռագիր-գիրքը,-որ-ընթորինակած-է-իր-ընկերոջ-գիրքէն

Սեդրակ Պէզիրկանեանի բուսագիտութեան ձեռագիր գիրքը,
որ ընդօրինակուած է իր ընկերոջը գիրքէն:

Դժբախտաբար գործարանը շուտով կը փակուի վերջնականապէս, եւ հայ գործաւորները որպէս տարագիրներ անապատ կը ղրկուին թրքական իշխանութեան կողմէ: Սեդրակ, Աստուծոյ բարեխնամութեամբ, տարագիր չ՛ըլլար եւ կը մնայ Հալէպ: Այդ օրերուն Սեդրակին մօրեղբօրորդին` բժիշկ Տիգրան Լուսարարեան, կը ծառայէ Հալէպի թրքական բանակին մէջ: Բժիշկին միջամտութեամբ Սեդրակ կը դառնայ անոր անձնական պահակ-օգնականը ու կ՛ապրի անոր հետ: 9 մարտ 1918-ին Սեդրակ կը ձերբակալուի թուրքերուն կողմէ որպէս փախստական հայ: Անոր դատավարութիւնը կը տեւէ 2 ամիս եւ կաշառքով ազատ կ՛արձակուի: 1918-ի յուլիսին բժիշկ Լուսարարեան պաշտօնով կը փոխադրուի Պէյլան` իրեն հետ տանելով նաեւ Սեդրակը: Ան Պէյլան կը մնայ մինչեւ 1919-ի ամառը եւ շուտով կը փոխադրուի Այնթապ: Սեդրակ կը դառնայ Այնթապի աւետարանական եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցիչ եւ կը գործէ եկեղեցւոյ վարչական գործերուն մէջ: Այնթապի հերոսամարտէն ետք Սեդրակ բոլոր հայերուն նման կը գաղթէ Հալէպ եւ կը պաշտօնավարէ Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան նպաստամատոյցին (ՄԱՆ) մէջ մինչեւ 15 մարտ 1922: Այդ թուականէն ետք նպաստամատոյցին հետ ինքն ալ կը հաստատուի Պէյրութ եւ կը շարունակէ գործել այդ

կազմակերպութեան մէջ մինչեւ 1930-ի վերջը: Պէյրութի մէջ ան կը գործակցի պատուելի Ենովք Հատիտեանին հետ եւ կը ծառայէ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ:

Սեդրակ կ՛ամուսնանայ 12 մարտ 1924-ին, Պէյրութի մէջ, օրիորդ Մարիձային հետ, որ ծնած է 12 յուլիս 1907-ին Ատըեաման:

2-Տէր-եւ-Տիկին-Սեդրակ-եւ-Մարիցա-Պէզիրկանեաններ

Տէր եւ տիկին Սեդրակ եւ Մարիձա Պէզիրկանեաններ, 1924

1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան ատեն Մարիձան 8 տարեկանին կը կորսնցնէ իր հայրն ու մայրը, որոնք կը նահատակուին թուրք զինեալներու ձեռքով: Ան աքսորի գողգոթան կը համտեսէ իր մեծ քրոջը Խաթունին  եւ մեծ եղբօրը Յակոբին հետ: Երեքը միասին կը ձերբակալուին թուրք զինուորներու կողմէ եւ կը խոշտանգուին: Սակայն հրաշքով մը երեքն ալ կ՛ազատին եւ կը մտնեն Այնթապի որբանոցը: 1920-ին Մարիձա ՄԱՆ-ի միջոցով կը փոխադրուի Լեռնալիբանանի Շմլան գիւղաքաղաքի օրիորդ Ֆրիրսընի որբանոցը եւ հոն կը մնայ մինչեւ 1924, երբ կը գտնէ իր կեանքի ընկերը` Սեդրակ Պէզիրկանեանը: Սեդրակ եւ Մարիձա կը բախտաւորուին 4 զաւակներով` Սիրան, Մովսէս, Մայտա եւ Արաքս:

3-Պէզիրկանեան-ընտանիք-1928

Սեդրակ եւ Մարիձա Պէզիրկանեան եւ փոքրիկն Սիրան, 1928

4-Պէզիրկանեան-ընտանիք--1935

Սեդրակ եւ Մարիձա Պէզիրկանեան իրենց  երեք զաւակներով, 1936

Սեդրակ 1929-ին կը շինէ իր անձնական տունը, Պէյրութի Էշրեֆիէ թաղամասին մէջ: Ան կ՛անդամակցի Էշրէֆիէի աւետարանական եկեղեցւոյ ու կը դառնայ անոր գործօն անդամներէն մէկը: 1930 տարեշրջանին Սեդրակ կը դառնայ Ղազիրի որբանոցին գորգագործարանի հսկիչ-վերակացուն: Որբանոցը եւ գորգագործարանը կը դառնան իր հոգեկան ապրումներու աղբիւրը: Ան կ՛անդրադառնայ այս երկու հաստատութիւններուն կատարած աննախընթաց հոգատարութեան` հայ գաղթականներուն եւ որբերուն նկատմամբ, եւ իր մտքին մէջ կը դրոշմուին անոնց կապուած հետեւեալ պատմական մանրամասնութիւնները:

– Այս որբանոցը եւ գործարանը հաստատուած են 1923-ին, ՄԱՆ-ի որոշումով: Որբանոցին  տնօրէն եղած է բժիշկ Ճէյքըպ Քիւնցլէր, իսկ գորգագործարանին մէջ հայ որբուհիները սորված են գորգաշինութիւնը Ուրֆայէն գաղթած գորգաշինութեան վարպետ Թաշճեանի ցուցմունքներով եւ օժանդակութեամբ:

1923-1930-ին Ղազիրի որբանոցին մէջ 1000 որբեր մասնագիտացած են գորգաշինութեան մէջ: Հայ որբերը արտադրած են 3254 գորգեր, որոնք բոլորը նուէր ղրկուած են ամերիկացի այն անձերուն, որոնք մեծ գումարներով օժանդակած էին Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ գաղթականներուն եւ որբերուն:

-1925-ին հայ որբերը պատրաստած են շատ գեղեցիկ գորգ մը` նկարազարդուած զանազան կենդանիներու պատկերներով, 11,7 ոտք լայնքով, 18,5 ոտք երկայնքով եւ 4.404.260 հանգոյցներով: Գորգը իր ամբողջութեան մէջ կը ներկայացնէ Ս. գիրքին մէջ յիշատակուած Ադամի պարտէզը: Հայ որբերը կ՛որոշեն գորգը նուիրել Միացեալ Նահանգներու նախագահ Քալվին Քուլիճին, որպէս շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն ամբողջ հայ ժողովուրդին եւ մասնաւորապէս հայ որբերուն կողմէ  Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին, որ նիւթական մեծ օժանդակութիւններ կատարած է ի նպաստ հայ որբերուն: Գորգին ետեւը պիտակի մը վրայ արձանագրած է` «In golden rule of gratitude to president Coolidge»: Գորգը ներկայացուած է նախագահ Քալվին Քուլիճին, 4 դեկտեմբեր 1925-ին:

– Նոյն շրջանին հայ որբերը պատրաստած են նախագահ Քալվին Քուլիճին նուիրուած գորգին աւելի պզտիկ  նմանօրինակը նուիրած են բժիշկ Ճէյքըպ Քիւնցլէրին:

Սեդրակ Պէզիրկանեան իր հեզաբարոյ եւ հոգատար բնաւորութեամբ կը դառնայ հայ որբերուն պաշտպան հրեշտակը եւ կը վայելէ անոնց յարգանքն ու սէրը: Իր թելադրութեամբ հայ որբերը կը պատրաստեն 256 սմ լայնքով եւ 370 սմ երկայնքով գորգ մը, որ նմանօրինակն է նախագահ Քուլիճին եւ բժիշկ Քիւնցլէրին նուէր տրուած գորգերուն: Սեդրակ Պէզիրկանեան անձամբ ապսպրած է այս գորգին գործածուած բուրդերը, Լոնտոնէն:

5--Մայտա-Շնորհօքեանի-գորգը

Ղազիրի որբերուն աշխատած գորգը` Սեդրակ Պէզիրկանեանին

Ան իր հսկիչի պաշտօնին զուգահեռ կը սորվի նաեւ գորգաշինութիւն` վարպետ պրն. Թաշճեանի ցուցմունքներով, եւ կը պատրաստէ իր անձնական փոքրիկ գեղեցիկ գորգը, որուն վրայ աշխատած է իր անունին առաջին տառերը անգլերէնով` S.M.B. եւ պատրաստութեան թուականը` 1930:

6-Սեդրակ-Պէզիրկանեանի-աշխատած-գորգը

Սեդրակ Պէզիրկանեանի աշխատած գորգը, 1930-ին

Սեդրակ Պէզիրկանեան 1930-էն ետք 35 տարի կը պաշտօնավարէ Պէյրութի Ամերիկեան հիւանդանոցի  արտահիւանդանոցային խնամքի բաժինին մէջ (outpatient department) մինչեւ 1965: Տէր եւ տիկին Սեդրակ եւ Մարիձա Պէզիրկանեաններ ու իրենց զաւակը` Մովսէս, կը գաղթեն Ամերիկա 1986-ին եւ կը հաստատուին Սան Ֆրանսիսքօ: Մարիձա կը մահանայ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ 25 ապրիլ 1992-ին: Իսկ Սեդրակ կը մահանայ 1997-ին` 100 տարեկանին:

Սեդրակ Ամերիկա գաղթելէն առաջ որբերուն աշխատած գորգը կը նուիրէ իր դստեր` Մայտային: Ան նախապէս 1980-ին իր աշխատած փոքրիկ գորգը նուիրած է Մայտային` անոր ծննդեան 50-ամեակին առիթով:

Մայտա ծնած է 1930-ին, Պէյրութ: Ան մեծցած է իր հօր հոգեւոր ապրումներուն ներքեւ: Ան ամուսնացած է Ալպեր Շնորհօքեանին հետ, Պէյրութ, 1947-ին: Ալպեր Շնորհօքեան` զաւակը Միհրան եւ Վիքթորիա Շնորհօքեաններու, ծնած է Այնթապ 1918-ին: Երկու տարեկանին` 1920-ին` իր ծնողքին հետ Հալէպ կը հասնին, որպէս գաղթական: Իր երիտասարդութեան շրջանին ան հրաշքով մը ազատած է խեղդամահ ըլլալէ Լիբանանի ծովեզերքի ջուրերուն մէջ: Ապաշխարած է 1937-ին եւ քարոզած է Աստուծոյ խօսքը ամէն տեղ: Ալպեր Պէյրութի Պապ Իտրիս պողոտային վրայ ունեցած է ժամագործի վաճառատունը: Ալպեր եւ Մայտա Պէզիրկանեաններ կը բախտաւորուին երկու մանչ զաւակներով` Սամուէլ եւ Յովել, ինչպէս նաեւ մէկ աղջիկ զաւակով` Ռուտ: Ալպեր Շնորհօքեան կը մահանայ Պէյրութ, 1984-ին: Անոր մահէն ետք Մայտա կը փոխադրուի Փարիզ իր զաւակներուն քով, 1986-ին, որոնք արդէն 1978-ին Լիբանանի պատերազմի օրերուն հաստատուած էին Փարիզ: Մայտա իրեն հետ Փարիզ կը փոխադրէ իր հօրմէն ժառանգած երկու գորգերը` Ղազիրի որբերուն աշխատած մեծ գորգը եւ իր հօր աշխատած պզտիկ գորգը, որոնք կը զարդարեն Փարիզի իր տան հիւրասենեակը: Ուստի այս երկու գորգերը առայժմ կը գտնուին Փարիզ Մայտա Շնորհօքեանի ապահով ձեռքերուն մէջ: Մայտա Շնորհօքեան մեծ գուրգուրանքով իր տան մէջ մինչեւ օրս կը պահէ այս երկու գորգերը: Երկու գորգերն ալ կը գտնուին շատ լաւ վիճակի մէջ: Մայտան շատ հպարտ է այս երկու գորգերով, մանաւանդ որբերուն աշխատած գորգով եւ ինք կ՛ըսէ. «Ղազիրի գորգերուն երրորդը իմ տանս մէջն է»:

Յովել կը շարունակէ իր հօր արհեստը` ժամագործութիւնը, եւ կը հաստատէ ժամագործութեան գործարան մը, ու կ՛արտադրէ «ՄՈՒԿ» անունով ժամացոյցները: Յովել ամուսնացած է ֆրանսացի աղջկայ մը հետ, որ կատարեալ հայերէն լեզուն սորված է եւ մասնագէտ է գրաբարի ու միջնադարեան հայկական պատմութեան մէջ: Ան հայերէնէ ֆրանսերէնի կը թարգմանէ գրաբար գրութիւններ: Յովել բախտաւորուած է երկու մանչ եւ մէկ աղջիկ զաւակներով` Յովան 32 տարեկան, որ բժիշկ է եւ մասնագիտացած զարկերակային վիրաբուժութեան մէջ (arterial surgeon), Սեւակ` 29 տարեկան, որ  դեղագործ է եւ Գայեանէ 22 տարեկան, որ կ՛ուսանի չինական քաղաքակրթութիւն:

7-Մայտա-Շնորհօքեան,-երկու-զաւակները-եւ-իր-գորգը

Մայտա Շնորհօքեան իր երկու զաւակներուն`
Սամուէլի եւ Յովելի հետ նստած Ղազիրի «երրորդ» գորգին վրայ

Ահաւասիկ Ղազիրի որբերուն աշխատած 3254 գորգերէն պատմական երեք գորգերը`

8-Նախագահ-Քուլիճի-գորգը

Նախագահ Քալվին Քուլիճի գորգը 

8a-Քիւնցլէրի-գորգը

Բժիշկ Քիւնցլէրի գորգը

8b-Մայտա-Շնորհօքեանի-գորգը

Տիկին Մայտա Շնորհօքեանի գորգը

Բժիշկ Քիւնցլէրի գորգին պատմականը գրած ենք շաբաթներ առաջ եւ հանրութեան սեփականութիւնը դարձուցած ենք մամուլով: Այս գորգը այժմ կը գտնուի Լոս Անճելըս Քիւնցլէրի դստեր` 97 տարեկան Լիզպէթ Քիւնցլէրի քով:

Այս երեք գորգերը կենդանի յուշարարներ են «Հայոց ցեղասպանութեան» եւ անոր իբրեւ հետեւանք ստեղծուած «Հայ որբաշխարհ»-ին:

 

Մոնրէալ

Նախորդը

Երուխանէն Նոր Հատոր Մը

Յաջորդը

Տեփարտէօ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Ժապաւէնի Դերակատար

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?