
Հայ բեմադրիչ Արտակ Իգիթեան կը պատրաստէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին «Անատոլիական պատմութիւն» («Anatolian Story») վերնագիրով ֆիլմ մը, որուն մէջ գլխաւոր դեր պիտի ստանձնեն ֆրանսացի յայտնի դերասաններ Ժերար Տեփարտէօ եւ Սամի Նասերի:
Ըստ «rusarminfo.ru»ի (Ռուս-հայկական տեղեկատուական գործակալութիւն)` ժապաւէնին գլխաւոր հերոսը Մուսթաֆա Ղազին է, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է Թուրքիոյ եւ ատած է հայերը: Սակայն կը պարզուի, որ ան հայ է: Ժապաւէնի բեմագրութեան հեղինակն է Մարք Արեն (Կարէն Մարգարեան): Ժապաւէնին համար երաժշտութիւն պիտի գրէ Միշել Լըկրանը: Նկարահանման աշխատանքները պիտի սկսին 2015-ի նոյեմբերին: Անոնք տեղի պիտի ունենան Հայաստանի, Թուրքիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ մէջ:

