Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ասիմտէր Կազմակերպութեան Նախագահին Նոր Անհիմն Պնդումները. «Թուրքիոյ Մէջ Գործող Բոլոր Ահաբեկչական Կազմակերպութիւնները Հայաստանէն Զօրակցութիւն Կը Գտնեն»

Օգոստոս 14, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կէօքսէլ Կիւլպէյ
Կէօքսէլ Կիւլպէյ

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

Թուրքիոյ մէջ կը գործէ ԱՍԻՄՏԷՐ կրճատեալ անունով կազմակերպութիւն մը, որուն բուն անունն է «Հայկական կեղծ պնդումներու դէմ պայքարի միութիւն»: Անունէն յայտնի է արդէն, թէ ինչո՞ւ հիմնուած է այս միութիւնը, եւ թէ ինչպէ՛ս պիտի մեկնաբանէ ան հայութեան հետ կապուած բոլոր հարցերը: Միութեան նախագահ Կէօքսէլ Կիւլպէյ դարձեալ օրուան լուրերուն կարգին է: Ան միութեան կեդրոնատեղիին մէջ մամլոյ ասուլիս մը տալով` պնդեց, որ Թուրքիոյ մէջ գործող ահաբեկչական բոլոր մարմինները կը վայելեն Հայաստանի զօրակցութիւնը: Այս կազմակերպութիւններուն մէջ Թուրքիոյ դէմ կը գործեն գաղտնի հայեր:

Կէօքսէլ Կիւլպէյ ըսաւ, որ ատենօք Եուսուֆ Հալաճօղլու ՔԱԿ-ի մէջ գործող հարիւր գաղտնի հայերու անունները հրապարակած էր: «Մենք այն ատեն չէինք ուզած հաւատալ, բայց աւելի ուշ այս նիւթին մասին ուսումնասիրութիւն մը ընելու պահանջքը զգացինք եւ դէմ յանդիման եկանք շատ ցնցիչ տեղեկութիւններու: Հայաստան ներկայիս Թուրքիոյ դրացի երկիր մըն է, որ` իբրեւ պետական քաղաքականութեան գործադրութիւն, Անատոլուի արեւելեան ու հարաւ-արեւելեան շրջանները «Արեւմտեան Հայաստան» կը կոչէ ու կը պնդէ, որ այս շրջանները մեծն Հայաստանի մաս կը կազմեն: Այսպէս` Հայաստան դրացի մըն է, որ Թուրքիոյ սահմանները չի ճանչնար եւ այս շրջանները ձեռք անցընելու համար կրնայ ձեռնարկել քաղաքական եւ ապօրէն ամէն տեսակ արարքներու: Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած ու այս շրջանները ղրկուած կարգ մը զբօսաշրջական խումբեր եւ լրագրողներ կու գան ու այս շրջաններուն մէջ հանդիսութիւններ կը կազմակերպեն, դրօշակներ կը պարզեն, գերեզմանատուներ կ՛այցելեն համերգներ կը սարքեն  ու այս ձեւով կը գրգռեն տեղացի ժողովուրդը», ըսաւ ան:

Կէօքսէլ Կիւլպէյ իր այս ըսածներուն իբրեւ փաստ յիշեց Վիգէն Չէթէրեան (՞) անուն պատմաբանի մը «Բաց վէրքեր` հայեր, թուրքեր եւ Ցեղասպանութեան հարիւր տարիները» անունը կրող գիրքը, որուն համար ըսաւ. «Այս գիրքը կերպով մը կը հաստատէ ինչ որ մենք լսած ենք արդէն: Այս գիրքին մէջ շեշտուած է, որ Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններուն, Ղարաբաղեան հարցին, Քրտական խնդրին եւ տակաւին ամբողջ աշխարհի վրայ յառաջ տարուած բազմաթիւ պայքարներուն տակ կայ 1915-ը, եւ թէ մութ ուժերու դէմ պայքարելու համար ամէնէն առաջ պայման է, որ ճանչցուի Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ահաւասիկ այս խօսքերը ամբողջ մերկութեամբ ցոյց կու տան, թէ ի՛նչ է հայկական պնդումներու ճշմարտութիւնը: Մենք կը պախարակենք Վիգէն Չէթէրեանի այս գիրքը», ըսաւ ԱՍԻՄՏԷՐ-ի նախագահը:

ԱՍԻՄՏԷՐ-ի նախագահը եզրափակելով ըսաւ, որ իրենք այն նիւթերը ուսումնասիրելու կը հրաւիրեն Թուրքիոյ ներքին ու արտաքին նախարարութիւնները:

 

 

Նախորդը

Թիֆլիսի Ս. Մինաս Եկեղեցին` Փլուզման Եզրին

Յաջորդը

Թոմարզայի Ս. Աստուածածին Եկեղեցիէն Միայն Քանի Մը Պատ Մնացած Է

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?