Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. ՏԱՀԵՇ-ի Գործօնի Հերթական Շահագործում

August 12, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

vaho_8-11-15

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ժապհաթ Նուսրան հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ կը հեռանայ Հալէպի գիւղական շրջաններուն մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռիւի ճակատներէն, որովհետեւ, «ըստ իսլամական օրէնքին, կարելի չէ Թուրքիոյ հետ դաշնակցիլ ստեղծելու համար ապահովական գօտի մը, որուն ճամբով Թուրքիան քիւրտերու յառաջխաղացքը կը կասեցնէ` պաշտպանելու համար իր ազգային անվտանգութիւնը, ինչ որ ժիհատականներու շահերէն չի բխիր»: Անգարայի հետ սերտ կապեր ունեցող այդ ահաբեկչական խմբաւորումը, հակառակ անվտանգութեան գօտի մը ստեղծելու համար Թուրքիոյ հետ դաշնակցիլը մերժող իր յայտարարութեան` գործնականին մէջ ճիշդ այդ է, որ կը կատարէ, որովհետեւ ՏԱՀԵՇ-ի հետ կռիւի ճակատներէն հեռանալով վերջինիս առջեւ ճամբայ կը բանայ յառաջանալու մինչեւ Հալէպ, որպէսզի հետագային թրքական բանակը կամ անոր անմիջական աջակցութիւնը վայելող խմբաւորումներ ՏԱՀԵՇ-է ազատ գօտիի ստեղծման պատրուակին հիմամբ իրենց վերահսկողութեան տակ առնեն այդ տարածքները:

Թուրքիա ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարը օգտագործեց քիւրտերուն դէմ յարձակում շղթայազերծելու համար, իսկ այժմ այդ նոյն պատրուակը կ՛օգտագործէ իր ծրագրած ապահովական, իմա՛` թրքական գօտիի սահմանները ընդլայնելու եւ դէպի ծրագիրի գործադրութեան փուլ անցում կատարելու համար: Այլ խօսքով` Ժապհաթ Նուսրայի կատարած ետքայլը իրողութեան մէջ թրքական նախաքայլ մըն է: Անգարա գտած է իր նպատակները առանց Ուաշինկթընի ճշդած` «Սուրիոյ մէջ ջանքերը ՏԱՀԵՇ-ի սպառնալիքին վրայ կեդրոնացնելու» խաղի կանոնէն շեղելու իրագործելու հնարքը: Միւս կողմէ, ամերիկեան կողմէն հնչող յայտարարութիւնները կու գան վկայելու, թէ ՔԱԿ-ի դէմ արշաւը արդէն դուրս եկած է ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի ոլորտէն եւ «ահաբեկչական յարձակումներէն ինքզինք պաշտպանելու իրաւունք»-ի դաշտ փոխադրուելով օրինականացուած է:

Ժապհաթ Նուսրայի` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռիւի ճակատներէն հեռանալով վերջինիս յառաջխաղացքը կրնայ նաեւ ծառայել ընդգծելու Ժապհաթ Նուսրայի կարեւորութիւնը եւ զայն առնուազն մասնակի չափով օրինականացնելով` ստեղծելու «լաւ» ահաբեկչական խմբաւորում-«վատ» ահաբեկչական խմբաւորում  տարբերակում մը, որ խորքին մէջ պիտի ըլլայ ընդօրինակումն ու Թուրքիոյ վրէժ-պատասխանը, ՔԱԿ-ի եւ անոր սուրիական թեւին` Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան միջեւ տարբերակում մը դնող ամերիկեան կեցուածքին:

Թուրքիոյ ի նպաստ եղող ներկայ կացութիւնը պիտի շրջուի՞ եւ ինչպէ՞ս. Թուրքիոյ մէջ ՔԱԿ-ի կողմէ միակողմանի զինադադարի վերականգնումո՞վ, Սուրիոյ մէջ` քրտական ուժերու յառաջխաղացքին «վերադարձո՞վ»: Սպասենք եւ տեսնենք:

 

Նախորդը

«Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութիւնը Հրամայական Անհրաժեշտութիւն Է Համաշխարհայնացած Աշխարհին Մէջ» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Մահացած Է Եգիպտացի Դերասան Նուր Շարիֆ

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.