Կիրակի, 4 յուլիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» հանդիսասրահին մէջ կայացաւ Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի ամավերջի հանդէսը, հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Խաչերեանի, ներկայութեամբ Ուսումնական խորհուրդի անդամներուն, խնամակալութեան, ուսուցիչներուն, Տիկնանց յանձնախումբի անդամներու, Շրջանաւարտից միութեան, աւարտական դասարանի ծնողներուն եւ մեծաթիւ ներկաներու:
Հանդէսի բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի ու քոլեճի քայլերգներով:
Շրջանաւարտները ներկայացուցին «Ցորենի հատիկ» կենդանի պատկերը, որ բանաստեղծութիւններու, խօսքերու եւ պատկերներու ընդմէջէն կը ներկայացնէր ափ մը ցորենի ոդիսականը, որ նախ որպէս օրհնութիւն թափած էր տան անդամներուն գլխուն, ապա Ցեղասպանութենէն ազատած ընտանիքի մանուկին համար անոր հատիկները դարձած էին գոյատեւելու միջոց: Կենդանի պատկերը կ՛եզրակացնէր, թէ նոր սերունդն է այն ցորենի հատիկը, որ պիտի ծաղկի ու բազմանայ: Աշխատանքը` յղացում, համադրում եւ իրագործումն էր Անի Բագրատունիի:
Ապա, տեղի ունեցաւ շրջանաւարտներու դպրոցական կեանքի զանազան հանգրուանները ներկայացնող տեսերիզի ցուցադրութիւնը, որմէ ետք, աւարտական դասարանի աշակերտները բարձրացան բեմ ու երգեցին «Վերջին զանգ» խմբերգը:
ԺԱ. կարգի հրաժեշտի խօսքը ընթերցեց Քրիստ Իսկէնտէրեան: Ան նշեց, թէ շրջանաւարտներէն իւրաքանչիւրը յիշատակ մը ձգած է ու իր ձիրքով, իր բնաւորութեամբ կամ աշխատանքով տպաւորած է իրմէ կրտսեր սերունդներ: Նաեւ, որպէս 100-ամեակի սերունդ` իրենց ստանձնած «Հայ մշակոյթի պահապան սերունդ» կոչումին հաւատարիմ, շրջանաւարտները քոլեճին մէջ ստեղծած են հայաշունչ մթնոլորտ: Ան քոլեճի աշակերտութեան անունով մաղթեց, որ շրջանաւարտները աննկուն կամքով ու հզօր հաւատքով կարենան իրականացնել իրենց երազները ու իրենց յաջողութիւններով պարծանք դառնան, թէ՛ իրենց ընտանիքներուն, թէ՛ քոլեճին, եւ թէ՛ հայ ժողովուրդի մէկուկէս միլիոն նահատակներուն:
Վանայ Արսլանեան ներկայացուց արաբերէն ուղերձը: Ան յիշեց, թէ 12 տարիներ առաջ ինք ու իր դասընկերները` նոյն բեմին վրայ կանգնած, ստացած են իրենց կեանքի առաջին վկայականը, անգիտակից անոր անհրաժեշտութեան, իսկ այս անգամ այս վկայականը կը ստանան որպէս գիտութեամբ եւ սկզբունքներով զինուած երիտասարդներ, ինքնավստահ ու պատրաստ յաղթահարելու խոչընդոտները:
Ան հաստատեց, որ քոլեճը միայն դպրոց չէր, այլ նաեւ հարազատ տուն, որ իրենց մէջ արմատաւորուած յաջողութեան սերմերը եւ հայեցի դաստիարակութիւնը, եւ ուր անցուցած են իրենց կեանքի հաճելի պահերը, իսկ վկայուելէ ետք պիտի միանան քոլեճի շրջանաւարտներու փաղանգին, որոնք միշտ ալ փայլած են թէ՛ համալսարանական կեանքին, եւ թէ գործի ասպարէզներուն մէջ:
Ան, իր եւ իր դասընկերներուն կողմէ խոստացաւ հաւատարիմ մնալ «Կը յիշենք ու կը պահանջենք» կարգախօսին` իբրեւ հարազատ զաւակները այն ազգին, որ տկարութիւն ու յուսահատութիւն չի ճանչնար:
Իր խօսքին մէջ, ան շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն, որոնք օգնած են ձեւաւորելու իրենց ապագան եւ ծնողներուն, իրենց անսահման սիրոյն ու աջակցութեան համար, իսկ դասընկերներուն մաղթեց յաջողութիւն:
Անգլերէն ուղերձը ընթերցեց Մեղրի Գէորգեան, որ յիշեց 2000 թուականը երբ ինք ու իր դասընկերները ոտք կոխեցին քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» մանկապարտէզի սեմէն ներս, իսկ այժմ, պիտի բաժնուին այդ սիրելի կառոյցէն ու պիտի դառնան շրջանաւարտներ:
Ան եւս իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն, որոնց զոհողութիւններով ու օժանդակութեամբ կարելի եղաւ հասնիլ աւարտական հանգրուանին ու հաստատեց, որ որպէս 100-ամեակի սերունդ, պիտի ըլլան պաշտպանը Հայ դատին ու պահանջատէրը նահատակներու կտակին:
Հայերէն ուղերձով Լարա Գանթարճեան հպարտութեամբ հաստատեց, որ ինք ու իր սերնդակիցները բախտաւոր են, որովհետեւ ստացած են 100-ամեակի վկայականը: Բոլորին կողմէ խոստացաւ կառչած մնալ հայկական արմատներուն, պահպանել հայկական մշակոյթն ու աւանդութիւնները, կազմել հայ ընտանիք ու անդադար խօսիլ հայերէն:
Ան նշեց նաեւ, թէ բախտաւորութիւնը կրկնակի էր, որովհետեւ տարեշրջանը կը ներկայացնէր քոլեճի 30-ամեակը եւ շեշտեց, որ քոլեճի յաջորդական սերունդները միշտ ալ հաւատարիմ մնացած են անոր` «Հաւատք, կամք, նուիրում» նշանաբանին ու աւելցուց. «Մեզի համար ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճը ամո՛ւր յենարան է, սքանչելի՛ տուն է, անվտանգ ապաստան է… ան հա՛յ ընտանիքն է»:
Ապա իր դասընկերները հրաւիրեց միանալու քոլեճի Շրջանաւարտից միութեան ու հաստատ քայլերով յառաջանալու դէպի ապագայ, առանց մոռնալու քոլեճի ջամբած հայեցի դաստիարակութիւնը:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ սէր եւ կարգապահութիւն բառերու մէջ խտացուց կրթութեան եւ մանկավարժութեան գաղտնիքը ու հաստատեց, որ սէրն է, որ կը մղէ մտածելու, խորանալու, նուաճելու: Ան աշակերտները յորդորեց չշեղիլ իրենց սկզբունքներէն ու արժանիքներէն` նշելով, թէ սէրը կը ներառէ Աստուծոյ սէրը, ազգին սէրը եւ ծնողական սէրը: Ապա ան անդրադարձաւ կարգապահութեան անհրաժեշտութեան` դիտել տալով, որ աշխարհ, ժողովուրդներ, կուսակցութիւններ, ընտանիքներ, ակումբներ, կամ դպրոցներ կը ձախողին, երբ կարգապահ չեն ըլլար. ան աւելցուց. «Կարողութիւնը կը տպաւորէ, սրամտութիւնը մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ, անունները մեզ կրնան ներշնչել, բայց առանց կարգապահութեան կը վատնուի ամէն բան: Կարողները չեն, կարողութիւնը կարգապահութեամբ օգտագործողներն են, որ վկայականներու եւ շքանշաններու կը տիրանան»:
Իր խօսքի աւարտին, ան յորդորեց աշակերտները, որ այս երկու արժանիքները պահեն իրենց սրտին մէջ եւ օրինակով սորվեցնեն ուրիշներ:
Ապա խօսք առաւ քոլեճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, իր խօսքը շրջանաւարտներուն ուղղելով` ըսաւ, որ որպէս 100-ամեակի սերունդ անոնք պարտին դէպի յաղթանակ կարգախօսը դարձնել իրենց կեանքի նշանաբանը եւ նետուիլ ասպարէզ` Հայ դատը հասցնելու նոր մակարդակներու:
Ան անդրադարձաւ նաեւ քոլեճի 30-ամեակին ու ըսաւ. «Այսօր դուք 30 տարիներէ փոխանցուած այն ջահը, աւանդը, որ ստանձնեցիք ձեր նախորդներէն, կը յանձնէք ձեր յաջորդներուն, որոնք նոյնպէս պարտաւոր են այդ նոյն ջահը, նոյն աւանդները անխափան պահել եւ փոխանցել յաջորդ սերունդներուն»:
Ապա ան շրջանաւարտներուն թելադրեց ըլլալ` ՄԱՐԴ, այն պատկերով, զոր Աստուած ստեղծեց եւ երախտապարտ, բոլոր անոնց, որոնք օգնեցին իրենց բարձրացման. սիրել զոյգ հայրենիքներն ու հպարտ ըլլալ հայութեամբ. առաջնահերթ նկատել հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին ծառայելը, ըլլալ երախտապարտ վարժարանին, ծնողներուն ու բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք օժանդակած են իրենց:
Իր խօսքի աւարտին, տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնց միացեալ ջանքերուն եւ համագործակցութեան շնորհիւ կարելի եղաւ իրագործել այս տարուան յաջողութիւնները, ինչպէս նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն այն բոլոր ուսուցիչներուն, որոնք պատրաստած են ամավերջի հանդէսը:
Ապա, ան խնդրեց շրջանաւարտներու ծնողներէն, ոտքի կանգնիլ եւ որպէս երախտագիտութեան արտայայտութիւն իրենց զաւակներուն կողմէ ստանալ իրենց տրուած ծաղիկները:
Շահէ եպս. Փանոսեան իր խօսքին մէջ գոհունակութիւն յայտնեց այս առատ հունձքին համար, որ անակնկալ մը չէ, այլ համատեղ աշխատանքի արդիւնք. «Վարձքը կատար բոլոր անոնց, որոնք ամէն հասկացողութեամբ եղան ու կը շարունակեն մնալ մեր վարժարաններու կողքին` հաւատալով, որ մեր վարժարանները մեր գոյութեան հիմերը ամրացնող կառոյցներ են, եւ առանց ժողովուրդին հաւատքին , սիրոյն եւ աջակցութեան հայ վարժարանները չեն կրնար կանգուն մնալ եւ առանց նուիրեալներու աշխատանքին, արդիւնք չեն կրնար ունենալ»:
Առաջնորդ սրբազանը նշեց, թէ այս տարին յատկանշական տարի էր բոլորին համար, թէ՛ որպէս 100-ամեակ, ու թէ՛ քոլեճի 30-ամեակ:
Ապա, իբրեւ հայրական խօսք ու կեանքի համոզում թելադրեց, որ պահեն այն հաւատարմութիւնը, որ հայ ժողովուրդը ունեցաւ իր ինքնութեան ու ազգային արժէքներուն նկատմամբ` մաղթելով, որ շրջանաւարտները նուաճեն բարձունքներ, սակայն մնան հաւատարիմ իրենց ինքնութեան, որպէսզի ազգին իղձերն ու նահատակներուն կտակը հասնի իր նպատակին եւ հայ ժողովուրդը տեսնէ այդ ցանկալի օրը: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, առաջնորդ սրբազանը 29-րդ հունձքը կոչեց 100-ամեակի սերունդ:
Ապա տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում:
Կենսաբանագիտական բաժանմունքէն`
Վանայ Արսլանեան (տիպար աշակերտի, LS դասարանի եւ արաբերէնի բարձրագոյն միջիններու մրցանակներ), Մեղրի Գէորգեան (տիպար աշակերտի, հայերէնագիտական նիւթերու բարձրագոյն միջինի մրցանակներ), Համբիկ Մազագեան, Վարդան Սարգիսեան, Սիմոն Տէրտէրեան:
Ընկերատնտեսագիտական բաժանմունքէն`
Մարիա Ադամեան, Նարին Ադամեան (ղեկավար աշակերտի մրցանակ), Միրէյ Արուսեան, Սեւակ Բարիքեան, Արազ Գազանճեան, Յակոբ Գալուստեան, Լարա Գանթարճեան (SE դասարանի, արաբերէնի, անգլերէնի ընկերատնտեսագիտական նիւթերու բարձրագոյն միջիններու մրցանակներ), Մարիա Գարասարգիսեան (ընկերասէր եւ ծառայասէր աշակերտի մրցանակ), Մարիա Գրմըզեան, Լութֆիկ Զիննէթեան, Սանտրա Լալէեան, Մկրտիչ Խորշիտեան, Սեպուհ Համամճեան, Սեւակ Ղազարեան, Հրակ Ճիհանշահեան, Յակոբ Ոսկերիչեան, Քրիստին Պարտաքճեան, Կասիա Պոյաճեան, Նանսի Սահակեան, Լոռի Վարդանեան, Մարիա Տէմիրճեան, Գրիգոր Քէօֆթէեան:
Ընդհանուր Գիտութեան բաժանմունքէն`
Աշոտ Խտըրլարեան (GS դասարանի եւ գիտական նիւթերու բարձրագոյն մրցանակ), Արտաւազդ Փալանճեան: