Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Նախաձեռնութիւնները Հայութեան Զարթօնքն Էին». Շաւարշ Քրիսեան

August 13, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ShavarshKrisian_8-13-15

Շաւարշ Քրիսեան, որ մասնագիտութեամբ բժիշկ է եւ  կ՛ապրի Միացեալ Նահանգներ, Օսմանեան Թուրքիոյ յայտնի մարզիկ, «Մարմնամարզ» թերթի խմբագիր Շաւարշ Քրիսեանի եղբօրորդին է: Աւագ Շաւարշ Քրիսեան այն մտաւորականներէն մէկն էր, զոր Հայոց ցեղասպանութիւն կատարողները աքսորեցին, ապա դաժանաբար սպաննեցին: Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ դարձած ընտանիքի ժառանգորդ ըլլալով` կրտսեր Շաւարշ Քրիսեան կը կարծէ, թէ Թուրքիան ուշ կամ կանուխ պիտի ճանչնայ իր գործած ոճիրը: «Անժխտելի է, որ մենք շատ մեծ պահանջք ունենանք, մեզի դէմ գործուած է ոճիր մը, որ պէտք է փոխհատուցուի թէ՛ բարոյապէս, եւ թէ՛ նիւթապէս: Ինչո՞ւ բարոյապէս, որովհետեւ այնքան ատեն որ Թուրքիան Հայոց ցեղասպանութիւնը չէ ճանչցած, Հայաստանը վտանգի տակ է», ըսաւ Շաւարշ Քրիսեան:

Քրիսեանի դիտարկումով` առաջնահերթ է Թուրքիոյ կողմէ իր յանցանքին ընդունումը, որ իրենց համար շատ դժուար չէ: «Հաւանաբար, կը վախնան հատուցումէն: Անոնք կրնան ըսել` մենք չէինք, մեր նախահայրերը սխալ գործեցին, հազար ներողութիւն, այլեւս չի պատահիր: Այս է մեր մեծագոյն պահանջն ու մարդկային ակնկալիքը: Երբ գիշերը քնանաք, հանգիստ եղէք, որ վտանգ սպառնացող թշնամի գոյութիւն չունի Արեւմտեան սահմանին», աւելցուց Քրիսեան «Արմենփրես»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին:

Շաւարշ Քրիսեանի համաձայն, Թուրքիան չդատապարտելով մարդկութիւնը թոյլ կու տայ, որ նոյնը կրկնուի նաեւ այսօր: «Ինչ որ պատահեցաւ մեզի 100 տարի առաջ, այսօր մեր աչքին առջեւ կը կրկնուի Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ` այն տարբերութեամբ, որ Թուրքիան այսօր թաքնուած է իսլամական ծայրայեղականներուն ետին, իբր թէ անոնց հետ կապ չունի: Հնարաւոր չէ, որ այդ բանակը այդքան յաղթանակներ տանի` առանց աւելի մեծ պետութեան` այս պարագային Թուրքիոյ նիւթական օժանդակութեան», ըսաւ Շաւարշ Քրիսեան:

Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաձեռնութիւններուն եւ հայութեան հետագայ քայլերուն` Շաւարշ Քրիսեան նշեց, որ մեծ գոհունակութիւն ապրեցաւ` տեսնելով ապրիլիքսանչորսեան նախաձեռնութիւնները Հայաստանի եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: «Յստակ էր, թէ աշխարհի բոլոր կողմերու հայութիւնը ոտքի ելած էր` անգլիախօսը, ֆրանսախօսը, հայախօսը, կաթողիկէն ու առաքելականը, բոլորը: Անոնք մէկ ձայնով պահանջատէր դարձան: Մենք Լոս Անճելըսի մէջ 130 հազար հոգով 8-10 քիլոմեթր քալեցինք: Զարմացանք, թէ այսքան հայութիւն ուրկէ եկաւ: Երիտասարդ, միջին տարիքի, ծեր մարդիկ, բոլորն ալ այնտեղ էին: Միայն ծերեր չէին, ո՛չ, այնտեղ էր նաեւ երիտասարդութիւնը, որ կը գոռար, թէ մենք պահանջներ ունինք: Ասիկա անկասկած վերազարթօնք էր», իր տպաւորութիւնները կիսեց Շաւարշ Քրիսեան:

Քրիսեան կարեւոր նկատեց նաեւ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին մատուցած Ս. պատարագն ու անոր խօսքին երկու կարեւոր շեշտադրումները: «Երկու բան կայ, մէկը այն, որ Հռոմի պապը, որ մէկ միլիառի չափ հետեւորդ ունի, «ցեղասպանութիւն» բառը գործածեց: Միւսն ալ` դուք գիտէք, որ կաթողիկէ եկեղեցին միշտ յաւակնած է, որ աշխարհի թիւ մէկ եկեղեցին է, իրենց պէս եկեղեցի չկայ: Առաջին անգամ ըլլալով Պապը ըսաւ` Առաջին քրիստոնեայ եկեղեցին հայկական է: Ասիկա մեզի համար մեծ յաղթանակ է ու շահ», ընդգծեց ան:

Շաւարշ Քրիսեանի խօսքով` եւրոպական բազմաթիւ երկիրներ արդէն սկսած են խօսիլ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին. օր պիտի գայ, որ Թուրքիան մինակ մնայ` չընդունելով ցեղասպանութիւնը: «Մօտաւորապէս կը պատկերացնեմ, թէ ինչպէ՛ս Թուրքիան պէտք է ճանչնայ  Հայոց ցեղասպանութիւնը: Անոր ընդդիմադիր կուսակցութիւնը պէտք է ունենայ աւելի մեծ թիւով ձայներ. անոնք պէտք է որդեգրեն մեր հարցը, որ քուէ շահին: Ժողովուրդին մէջ ալ նոր մտածելակերպ մը կը տարածուի: Կը սկսին մտածել մեր պատմութեան մասին, կը դառնան մեր կողմը, կ՛ըսեն, որ իրենք ստեր են պատմութեան հարցով: Այս բոլորէն ետք Թուրքիան քաղաքականապէս կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը», նկատել տուաւ զրուցակիցը:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանին, Շաւարշ Քրիսեանի դիտարկումով` Հայաստանն ու հայերը պէտք է կարենան աշխարհին ներկայանալ որպէս հարուստ մշակոյթ եւ քաղաքակրթութիւն կրողներ: Իսկ ատիկա ընելու համար պէտք է հասու ըլլալ լայն զանգուածներուն: «Մենք մեծ ժառանգութիւն ունինք` Եգիպտոսի, Յունաստանի չափ, ճիշդ է, բուրգեր չունինք, բայց կարասներ ունինք, հնագոյն շրջանի իրեր: Մենք ասոնցմով կրնանք աշխարհին ցոյց տալ, որ իրաւատէր ենք: Միացեալ Նահանգները 200 տարուան պատմութիւն ունի, ան հարուստ երկիր է, բայց չեն կրնար ըսել, որ քաղաքակրթութեան առաջամարտիկ են, իսկ հայութիւնը` կրնայ: Ունինք սքանչելի նկարիչներ, բանաստեղծներ, որոնք միայն քիչ մարդոց, փոքրամասնութիւններուն հասու են: Ինչպէ՞ս լայն զանգուածներուն մեր ունեցածը ներկայացնենք. պէտք է ունենանք համաշխարհային չափանիշով ֆութպոլի խումբ, ողիմպիական աթլեթներ, թենիս խաղացողներ, գիտէ՞ք ինչու` ողիմպիական խաղերը կը դիտեն 2 միլիառ մարդ, հետեւաբար անոնք կը տեսնեն Հայաստանի դրօշակները եւ  բոլոր մարզիկներու տարազներուն վրայ գրուած «Հայաստան» բառը: Անոնք կը սկսին հետաքրքրուիլ, թէ ովքեր են այդ հայերը ու օր մըն ալ կու գան Հայաստան ու կը հասկնան, որ մենք ունինք այդքան մեծ ժառանգութիւն», շեշտեց Շաւարշ Քրիսեան:

Նախորդը

«Կորուստ Ու Կտակ»

Յաջորդը

«Արժեւորելու Համար Մեր Գոյութիւնը, Պէտք Է Տեղեակ Ըլլանք Ժառանգութենէն». Հ. Դեմոյեան

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.