«ԱԿՕՍ»
Յուլիս 20-ին Թուրքիոյ հարաւարեւելեան Ուրֆա նահանգի Սուրուճ աւանին մէջ քաղաքապետութեան պատկանող մշակութային կեդրոն մը ականահարուեցաւ` պատճառելով զոհեր ու վիրաւորներ: Այս լուրին անդրադառնալով` «Ակօս» կը գրէ, թէ այս տխուր դէպքին ի տես մեր մտքին մէջ ակամայ կ՛ուրուագծուի հարիւր տարի առաջ նոյն քաղաքին մէջ տիրող պատկերը: 1915-ին այնտեղ կը շրջին աքսորեալներու ուրուականները, որոնք կու գային Էրզրումէն (Կարին): Էրզրումցիներու երկրորդ կարաւանը, որ ճամբայ ելած էր 18 յունիս 1915-ին, Սուրուճ կը հասնի չորս ամիս ետք` հոկտեմբերին եւ 1300 ընտանիքէն միայն 60-ը կը հասնի բաւական խղճալի կացութեան մէջ: Սուրուճը, սակայն, այս մարդոց վերջին կայանը չէր: Անոնք պիտի մեկնէին տակաւին սուրիական անապատ: Սուրուճի մէջ կը հաւաքուէին կարաւանները` ուղարկուելու համար Սուրիա, Արաբ Բունար` այսօրուան Այն Արապը, Քոպանին:
Խարբերդցիներն ալ անցած են Սուրուճէն: Չմշկածագի եւ իր 21 գիւղերու 3000 բնակիչները յուլիս 2-ին ճամբայ ելած եւ վեց շաբաթ ետք հասած են Սուրուճ: Հոն անոնց խումբը բաժնուած է երկուքի, մէկ մասը Արաբ Բունարէն անցնելով` հասած է անապատ, իսկ միւսը` ղրկուած Հալէպ: Յայտնի չէ, թէ քանի՛ հոգի հասած է Սուրուճ, գիտենք, որ այս խումբէն Հալէպ հասած է 150 հոգի միայն (կիներ ու մանուկներ):
Սուրուճը եղած է գաղթակայան, հաւաքավայր, ուր տարբեր տեղերէ ողջ մնացածները կը խմբուէին կազմելու համար 1000-1500 հոգինոց կարաւաններ` ղրկուելու համար Ռաքքա, Տէր Զօր, Արաբ Բունար, Հոմս, Պապ եւ Հալէպ: Ամասիացիներն ալ անցած են Սուրուճէն` ամբողջութեամբ ղրկուելով Տէր Զօր. ոչ ոք գիտէ, թէ անոնցմէ քանին փրկուած են: Տէր Զօր գացածները ընդհանրապէս չէին փրկուեր: Թերեւս անոնց հետքերուն կարելի է հանդիպիլ այսօրուան տահէշականներու գրաւած անապատի գիւղերուն մէջ: Ճակատագի՛ր:
Սուրուճցի Սուլէյման պեկը Ուրֆայի հայերուն վրայ երկու անգամ յարձակում ղեկավարելով` յաջողած է հայկական թաղամասերը քանդել: Սակայն իր յաջողութիւնը կը պարտի թնդանօթներուն եւ հրաձգութեան: Ուրֆայի փողոցներուն վրայ ռումբ կը տեղար երկինքէն, հայերը ստիպուած կ՛ըլլային ձգել իրենց թաղերը: Սուլէյման պեկը իրենց կը սպասէր 600 զինուորներով, 1 հոկտեմբեր 1915-ին:
Մէկ բան եւս. Սուրուճի գաղթականներու հիւանդանոցը: Սուրուճի մէջ գործած է չարաբաստիկ հիւանդանոց մը, ուր մտնողը ողջ չէ ելած: Պատումները կ՛ըսեն, թէ հիւանդանոց կոչուածը մահացու հիւանդութիւններ տարածելու վայր մը եղած է: Նոյեմբեր 1915-էն մինչեւ ապրիլ 1916 այս հիւանդանոցին մէջ 30 հազար մարդ մահացած է: Այնուամենայնիւ, մօտ 1800 գաղթական հաստատուած է Սուրուճի մէջ: Անոնք կիրակի առաւօտ 9 յունուար 1916-ին առանձին հրամանով աքսորուած են: