Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թոմարզայի Ս. Աստուածածին Եկեղեցիէն Միայն Քանի Մը Պատ Մնացած Է

August 14, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ» 

Օր չ՛անցնիր, որ Անատոլուի այս կամ այն շրջանի մէջ աւերակ վիճակ ներկայացնող հին հայկական եկեղեցւոյ մը մասին չխօսուի եւ ահազանգ չհնչեցուի այդ յուշարձանը փրկելու ուղղութեամբ: Երկար տասնամեակներ աւերումի ու ոչնչացման ենթակայ, լքուած հին հայկական եկեղեցիները հիմա սկսած են արժէք շահիլ բնականաբար ամէն բանէ առաջ անոնց ներկայացուցած զբօսաշրջական շահերու տեսանկիւնէն:

Tomarza-1_8-14-15Tomarza-2_8-14-15Այս անգամ «Էրմէնի Հապէր» կայքը կը յիշեցնէ Կեսարիոյ Թոմարզա գաւառակի հայկական եկեղեցին ու վանքը, որոնցմէ հիմա միայն քանի մը պատ մնացած է: Այս շէնքն ալ չէ կրցած դիմադրել ժամանակի ու բնական աղէտներու քանդիչ աւերումներուն: Մօտաւորապէս 300 տարի առաջ կառուցուած այս եկեղեցին ու վանքը 1915-ին թալանուեցաւ, վերջն ալ լքուեցաւ փլուզումի: Հակառակ անոր որ ծանր վնասներ կրած էր, հայերը Ա. Աշխարհամարտէն ետք փորձեցին վերաբանալ եկեղեցին, բայց վերջը դարձեալ լքեցին զայն: Այս վանքը հոգեւորականներ պատրաստող  կեդրոն մըն էր, եւ ամէն տարի 12 օգոստոսին կը կազմակերպուէր հանդիսութիւն մը, որուն կը մասնակցէին Միջին Անատոլուի ու Կիլիկիոյ հայերը: Անոնք կը հիւրասիրուէին «Փաշաներու սենեակ»-ին մէջ: Թրքական «Թոմարզա Հապէր» կայքը, որ նոյնպէս կ՛անդրադառնայ այս լուրին, կը գրէ, թէ եկեղեցին կը կոչուէր Ս. Աստուածածին: Լուսանկարներուն մէջ` Ս. Աստուածածին եկեղեցին 1915-էն առաջ եւ նկարուած 2007-ին:

 

 

Նախորդը

Ասիմտէր Կազմակերպութեան Նախագահին Նոր Անհիմն Պնդումները. «Թուրքիոյ Մէջ Գործող Բոլոր Ահաբեկչական Կազմակերպութիւնները Հայաստանէն Զօրակցութիւն Կը Գտնեն»

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Արդարութեան Ձայն Մը Եւս` Լատին Ամերիկայէն

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Գիտութիւն

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր

June 30, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Սառնամանիքի Սիրողական Բնագիտութիւն

March 11, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.