Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Արդարութեան Ձայն Մը Եւս` Լատին Ամերիկայէն

Օգոստոս 14, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

parlamento_8-14-15

Ջրանցքի երկրէն` Փանամայէն սփռուած լուրը դժբախտաբար ակնկալուածին նման չընկալուեցաւ, չտարածուեցաւ եւ պարզումէկին Երեւանեան բացատրութեամբ եւ արտայայտութեամբ…չստացուեց: Այս մէկը վերագրել համահայկական խաղերու ստեղծած խանդավառութեան եւ աղմուկի՞ն, թէ՞ ամառնային շոգին, որ համեմատաբար կ՛անդամալուծէ քաղաքական անցուդարձն ու առհասարակ եռուզեռը:

Արդարեւ, Լատին Ամերիկայի խորհրդարանը յուլիս 31-ին, յատուկ նիստ մը տրամադրելէ ետք, բանաձեւ մը որդեգրած էր` Թուրքիոյ մէջ հարիւր տարի առաջ հայորդիներուն նկատմամբ կատարուածը, որակելով մարդկութեան դէմ մեծագոյն յանցանքներէն մէկը: Այսպէս պատշաճօրէն ճանչնալով Հայոց ցեղասպանութիւնը, Լատին Ամերիկայի խորհրդարանը շարունակեց, յանուն արդարութեան եւ ճշմարտութեան այդ արշաւը` միանալով արդէն իսկ տարածաշրջանի քանի մը երկիրներու լոյս ընծայած բանաձեւերուն:

Պոլիվիա, Չիլի, Պրազիլ, Արժանթին եւ յատկապէս Ուրուկուէյ, որոնք իրենց երկրի բարձրագոյն կառոյցներուն ճամբով ճանչցած էին Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Փանամայէն հնչած այս ձայնը յար եւ նման է Եւրոխորհրդարանի կառոյցին, գործունէութեան եւ իրաւասութեան:

Այսպէս, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթը անշրջելիօրէն կը գործէ եւ կ՛ընթանայ պետական, հասարակական եւ բազմակողմանի մակարդակներով:

Արժանթինի մէջ հետեւողական ձեւով նմանօրինակ բանաձեւեր` հակառակ թրքական եւ վերջերս գործի լծուած ազերի լոպիականութեան: Ուրուկուէյի պարագային, նախագահ Թապարէ Վասքէս (մարտ 2015-էն ի վեր պաշտօն ստանձնած) եւ յատկապէս անոր նախորդը` Խօսէ Մուխիքան բազմիցս թէ՛ գործակցած, եւ թէ՛ անձնապէս ներկայ եղած են Հայ դատին եւ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ձեռնարկներուն:

Առ այդ, Ուրուկուէյի ներկայացուցիչ երեսփոխան Ալֆրետօ Ասթուն, այս որոշումին  անդրադառնալով` նշեց, թէ խորհրդարանը գրեթէ միաձայնութեամբ որդեգրած է բանաձեւը: Երեւոյթ մը, որ ցոյց կու տայ իսկական պատկերը: Նոյնինքն Ասթուն, իր յայտարարութեան մէջ կը նշէ, թէ Ուրուկուէյը այս նիւթին առնչութեամբ արդէն յիսուն տարիէ ի վեր պայքարած է: Հոս տեղին է անգամ մը եւս նշել, թէ Լատին Ամերիկայի այս ամենափոքր երկիրներէն մէկը եղած էր առաջին պետութիւնը, որ ճանչցած էր Հայոց ցեղասպանութիւնն ու ընդհանրապէս քննադատած էր աշխարհի մէջ մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւնները:

Եւրոխորհրդարանին նման, Լատին Ամերիկայի խորհրդարանը շրջանային մնայուն կազմակերպութիւն մըն է, որ կեանք առած է 1964-ին` իբրեւ կեդրոնատեղի ունենալով Փանաման: Այս խորհրդարանին` Փարլամենթօ Լաթինամերիքանոյին (Փարլաթինօ) մաս կը կազմեն թէ՛ Լատին Ամերիկայի, եւ թէ՛ Քարայիպեան շրջանի 23 երկիրներու ներկայացուցիչներ:

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի օրերուն Լատին Ամերիկայի խորհրդարանին կողմէ ընդունուած այս բանաձեւը համերաշխութեան եւ աջակցութեան ուղերձ մըն է քաղաքակիրթ աշխարհին` շարունակ շեշտելով, որ պէտք է անյապաղ պայքարիլ ժխտողականութեան դէմ եւ ներկայ օրերուն ամենայն թափանցիկութեամբ մօտենալ հարցերուն:

Նմանօրինակ հաղորդագրութիւն մը լոյս ընծայած էր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, վերոյիշեալ բանաձեւի որդեգրումէն օր մը ետք…Համահայկական խաղերու բացման արարողութեան նախօրեակին:

2 օգոստոս, 2015

 

Նախորդը

Թոմարզայի Ս. Աստուածածին Եկեղեցիէն Միայն Քանի Մը Պատ Մնացած Է

Յաջորդը

Պանք Օթոման 2015. Դիմաքանդակ Առաքինի Եւ Յեղափոխաշունչ Տղոց Յիշատակին (Բաբգէն Սիւնիին)

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?