Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արժեւորելու Համար Մեր Գոյութիւնը, Պէտք Է Տեղեակ Ըլլանք Ժառանգութենէն». Հ. Դեմոյեան

August 13, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

bp-01

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ 4 օգոստոսին տեղի ունեցաւ Հայկ Դեմոյեանի «Հայկական սպորտը եւ մարմնակրթութիւնը Օսմանեան կայսրութիւնում» պատկերազարդ մենագրութեան շնորհահանդէսը եւ համանուն ժամանակաւոր ցուցադրութեան բացումը:

MHM98247

Լուսանկարչական հարուստ պատկերներով ու հետաքրքրական դրուագներով վերահրատարակուած գիրքը կը ներկայացնէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայկական մարմնակրթութեան նախապատմութիւնը, արեւմտահայութեան մօտ մարմնամարզութեան զարգացման ընթացքն ու առաջին հայ մարմնամարզական ակումբներու գործունէութիւնը:

Հրատարակութեան հեղինակը շնորհահանդէսին ընթացքին յայտնած է, թէ գիրքը գրելու առիթ եղած է Ֆրանսայի եւ Պոլսոյ մէջ նշանաւոր մարզիկ Գրիգոր Ճոլոլեանի ընտանիքին հետ պատահականօրէն կայացած հանդիպումը: «Ցնցող կացութիւն էր, երբ որոշում տուած ընտանիքը Փարիզի մէջ թանգարան¬հիմնարկին յանձնեց Ճոլոլեանի հաւաքածոն, ինչ որ դարձաւ գիրք կազմելու եւ ցուցադրութիւն ներկայացնելու առանցքը», յայտնեց Դեմոյեան` աւելցնելով, թէ 600 լուսանկարները կը ներկայացնեն հայկական մարմնակրթութիւնը 1900-1923 թուականներուն:

MHM98248-copy

Հայկ Դեմոյեան ներկայացուց քանի մը դրուագ` նկատել տալով, որ Օսմանեան կայսրութիւնը ներկայացնող առաջին ողիմպիական մարզիկները, որոնք հանդէս եկած են օսմանեան դրօշին ներքեւ, եղած են երկու հայ մարզիկներ` Վահրամ Փափազեան եւ Մկրտիչ Մկրեան, որոնք` մասնակցելով 1912-ին Սթոքհոլմի 5-րդ միջազգային ողիմպիական խաղերուն, պատիւ բերած են Օսմանեան կայսրութեան:

MHM98249

Դեմոյեան շեշտած է, որ հայկական մարմնակրթութիւնը մեծ զարգացում կ՛ապրի, Պոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ մէջ կը կազմուին առաջին հայկական ֆութպոլի խումբերը: «Այս ընթացքին ի յայտ եկան նաեւ արհեստավարժ մարզական կրթութիւն ստացած մարզիկներ, մարմնամարզիկի կրթութիւն ստացած Շաւարշ Քրիսեանը, որ նաեւ «Մարմնամարզ» պարբերականի  խմբագիրն էր,  Մկրտիչ Մկրեանը եւ ուրիշներ, որոնք կարեւոր դերակատարութիւն ունեցան օսմանահպատակ հայերուն մէջ մարմնակրթութեան ընդհանրացման եւ անոր հանդէպ հետաքրքրութեան ընդարձակման իմաստով», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ նման զարգացում բնականաբար շատ հաճելի աչքով պիտի չդիտուէր Օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ:

MHM98246

Հեղինակը առանձնացուց գիրքին մէջ տեղ գտած իր իսկ խօսքով` «Համեղ պատառը», «Սպորտը եւ ազգայնական մրցակցութիւնը» գլուխը: «Որովհետեւ  գիտական նոր հիմնաւորում կայ այս մեկնաբանութեան մէջ, Մեծ եղեռնը գործադրելու եւ հոգեբանական նախադրեալներու ստեղծում` հայ ժողովուրդին, ի մասնաւորին հայ մարզիկներու մարմնակրթական շարժման հանդէպ: Երիտթուրքերը ուշի-ուշով հետեւած են հայ մարզիկներու, հայ  մարզական ակումբներու գործունէութեան, սկաուտական շարժումը նկատուած է երկրին հիմքը քայքայելու շարժում: Նկատեցէք, որ ներքին գործոց նախարար Թալէաթը դիմած է Էնվերին` 1914-ին, եւ ըսած, որ համազգեստաւոր հայ սկաուտներուն քայլարշաւը երկրին սպառնացող  վտանգ է,  ուստի ներքին գործոց նախարարութիւնը չէ, որ պէտք է զբաղի, այլ պատերազմական նախարարութիւնը պէտք է զբաղի անոնցմով», յայտնեց Դեմոյեան:

Նշենք, որ ձեռնարկին իբրեւ պատուոյ հիւրեր ներկայ էին նաեւ նշանաւոր մարզիկներ եւ սկաուտապետեր Գրիգոր Ճոլոլեանի, Շաւարշ Քրիսեանի, Վահան Չերազի ժառանգորդները:

Գրիգոր Ճոլոլեանի որդին` Պատրիս Ճոլոլեան նշեց, թէ ուրախ է, որ  Հայկ Դեմոյեան հանրութեան մատչելի դարձուած է իրենց ժառանգութիւնը: «Ուզեցի, որ այդ հաւաքածոն մեր տան մէջ չմնայ, եւ ապագայ սերունդները գիտնան, թէ ինչպէ՛ս ապրած ենք Օսմանեան կայսրութեան մէջ», յայտնեց ան:

Նախորդը

«Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Նախաձեռնութիւնները Հայութեան Զարթօնքն Էին». Շաւարշ Քրիսեան

Յաջորդը

Հարցազրոյց` «Կիւրճիեֆ» Համոյթի Գեղարուեստական Ղեկավար Լեւոն Իսկենեանին Հետ

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.