Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Իսրայէլեան Օդանաւային Վայրագ Ռմբակոծումներ Հարաւային Լիբանանի Վրայ

Օգոստոս 12, 2015
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Պաղեստինցի գաղթականներ հարաւային Լիբանանի մէջ
Պաղեստինցի գաղթականներ հարաւային Լիբանանի մէջ

Լիբանանի մէջ կայուն զինադուլի մը հաստատման առաջադրանքով կազմուած արաբական քառանդամ յանձնախումբը 1981 յունիսի սկիզբը եւ ապա` յուլիսի սկիզբը Պէյթէտտինի մէջ գումարած ժողովներու ընթացքին քննարկեց շարք մը հարցեր, որոնք կեդրոնացած էին գլխաւոր քանի մը կէտերու վրայ.

ա) Իսրայէլի հետ գործակցող կողմերու հարցն ու անոր նկատմամբ կեցուածքի մը ճշդումը.
բ) Լիբանանեան ազգային համերաշխութեան զօրացման մեկնակէտերն ու հիմերը.
գ) Պաղեստինեան դիմադրութեան հետ կնքուած համաձայնագիրներուն գործադրութիւնը.
դ) Հարաւային Լիբանանի տագնապին այլազան երեսները:

Միւս կողմէ, ապահովական գետնի վրայ, մինչ յուլիսի սկիզբը Զահլէի մէջ կացութիւնը կ՛ընթանար դէպի բնականոնացում, Պէյրութի երկու շրջանները իրարու միացնող գիծերէն Սոտեքօ-Պշարա Խուրի մայրուղին կը մնար վտանգաւոր գօտի ու արձակազինութեան եւ ընդհատ հրթիռարձակման թատերաբեմ: Արձակազինութեան հասողութեան սահմանները կը տարածուէին նաեւ դէպի մօտակայ բնակարանային թաղամասեր ու մինչեւ իսկ` Սասին հրապարակ:

***

Այն պահուն, երբ պետական ու դիւանագիտական պատասխանատուները, ներքին քաղաքական գետնի վրայ ի յայտ եկած դրական երեւոյթներու մեկնակէտով լծուած էին արաբական քառանդամ յանձնախումբի յաջորդ ժողովը իրագործելու շփումներուն, իսրայէլեան օդանաւերու հարաւի կարգ մը շրջաններու վրայ կատարած ռմբակոծումը եկաւ նոր տուեալ մը աւելցնելու շրջանի ընդհանուր լարուածութեան դրդապատճառներուն վրայ:

Արդարեւ, ուրբաթ, 10 յուլիս 1981-ի կէսօրուան մօտ իսրայէլեան օդանաւեր ռմբակոծեցին հարաւային Լիբանանի մէկէ աւելի շրջաններ: Օդանաւային յարձակումը սկսաւ ժամը 11:20-ին. երկու հանգրուաններով. իսրայէլեան օդանաւերը ռմբակոծեցին Նապաթիէի եւ մօտակայ գիւղերու` Հապպուշի եւ Ղազիէի մէջ գտնուող պաղեստինեան եւ յառաջդիմական դիրքեր, քանդելով թնդանօթներ եւ «քաթիուշա»-ի հրթիռարձակման կեդրոն մը եւ պատճառելով զոհեր ու վիրաւորներ:

Իսկ կիրակի, 12 յուլիսին, Տամուրի, Նաամէի, Տելհամիէի եւ Տէյր Զահրանիի շրջաններուն վրայ իսրայէլեան օդանաւային ռմբակոծումը սկսաւ յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին ու երկու հանգրուանով շարունակուեցաւ մինչեւ ժամը 6:00:

«Ֆէնթըմ» եւ «Միրաժ» տիպի օդանաւեր մասնակցեցան ռմբակոծումներուն. օդանաւերէն մաս մը կատարեց ռմբակոծումը, իսկ տասնեակ մը ուրիշներ թռիչք կատարեցին շրջանին վերեւ` իբրեւ նախազգուշական միջոցառում: Յարձակումը եղաւ սաստիկ, եւ հաշուեկշիռն ալ` ծանր: Մարդկային եւ նիւթական զոհերուն եւ վնասներուն կողքին ռմբակոծումները պատճառ դարձան նաեւ բազմաթիւ հրդեհներու, որոնցմէ ամէնէն մեծը ծագեցաւ Տամուրի մուտքին գտնուող սառնարանի գործարանի մը մէջ: Անհրաժեշտ եղաւ, որ Պէյրութէն ու Սայտայէն հրշէջներ օգնութեան փութան ռմբակոծման թիրախ դարձած շրջաններու բնակիչներուն, մարելու համար ծագած հրդեհները:

Իսրայէլեան հրթիռներուն թիրախներէն մէկն ալ եղաւ թափառաշրջիկ վրանաբնակ պետեւիներու բնակավայր մը:

Յաջորդող օրերուն հարաւի վրայ իսրայէլեան ռմբակոծումները սաստկացան: Երեքշաբթի, 14 յուլիսի յետմիջօրէին, օդանաւային ռմբակոծումները ընդգրկեցին Նապաթիէի մօտակայ Ժըրմաք, Արապսալիմ, Զիֆթ եւ Ուատի Ախտար շրջանները: Աւելի ուշ, յարձակման նոր հանգրուան մը ծայր առաւ Տամուրի մօտակայ Տելհամիէ շրջանէն սկսեալ մինչեւ Ժիէ, Սաատիաթ եւ Պաասիր: Ռմբակոծումներուն մասնակցեցան «Ֆէնթըմ» եւ «Էֆ. 15» տիպի 26 օդանաւեր: Ուղղակի ռմբակոծումներէ եւ հրթիռարձակումներէ անկախ, իսրայէլեան օդանաւերը ձգեցին նաեւ անկարգելներով ռումբեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունէր 150 քիլոկրամ ծանրութիւն:

Ռմբակոծումներու ամբողջ տեւողութեան, խուճապի վիճակ մը ստեղծուեցաւ Սայտա-Պէյրութ եւ Սայտա-Նապաթիէ գիծերուն վրայ, ուր հիւանդատար ինքնաշարժներու երթեւեկը մնաց տիրապետող, նկատի ունենալով որ անապահովութեան պատճառով, քաղաքային ինքնաշարժներու երթեւեկը ամբողջութեամբ դադրած էր:

Ռմբակոծումներուն ընթացքին, սուրիական օդուժին պատկանող օդանաւեր միջամտեցին ու կարճատեւ բախում մը ունեցան իսրայէլեան օդանաւերուն հետ: Սուրիական օդանաւ մը վար առնուեցաւ:

Հարաւային Լիբանան կը մնար հրաբուխի վրայ, իսկ Իսրայէլի եւ պաղեստինեան ու յառաջդիմական ուժերու փոխադարձ ռմբակոծումները դադրեցնելու ձգտող քաղաքական ու դիւանագիտական ճիգերը կը մնային ապարդիւն:

Չորեքշաբթի, 15 յուլիսին հարաւային Լիբանան ապրեցաւ ահազանգային վիճակի մը մէջ: Նախամիջօրէն յատկանշուեցաւ իսրայէլեան օդանաւերու թռիչքներով, որոնք հասան մինչեւ մայրաքաղաք, յաճախ խզելով ձայնի պատը, իսկ երեկոյեան փոխադարձ ռմբակոծում մը ծայր առաւ մէկ կողմէ` պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերու եւ միւս կողմէ` «իրողական ուժեր»-ու եւ իսրայէլեան հրետանիին միջեւ:

Հարաւային Լիբանանէն դէպի Իսրայէլ աննախընթաց սաստկութեամբ ռմբակոծումէն ետք, իսրայէլեան հրետանին իր կարգին սկսաւ ռմբակոծել Նապաթիէի, Սուրի եւ Սայտայի շրջանները:

***

Նապաթիէ
Նապաթիէ
Պոֆոր դղեակը
Պոֆոր դղեակը

Հարաւի վրայ ծայր առած իսրայէլեան օդանաւային ռմբակոծումները հինգշաբթի, 16 յուլիսին կրկնուեցան ու այս անգամ ունեցան աննախընթացօրէն սաստիկ բնոյթ:

Ռմբակոծումներու շղթային օղակը սկիզբ առաւ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Սայտայի մօտակայ Այն Հելուէ գաղթակայանին վրայ: Տասներկու «Ֆէնթըմ»-ներու միջոցաւ ու մինչեւ ժամը 6:00 շարունակուած յաջորդական թռիչքներու ընթացքին տեղի ունեցած ռմբակոծումները արագօրէն տարածուեցան դէպի Տամուր, Սուր եւ Նապաթիէ. ռմբակոծուեցան Քասիմիէն, Հապպուշը, Հասպայան, Ուատի Ախտարը, Արապսալիմը եւ Տէյր Զահրանին: Ռմբակոծումները խլեցին 28 զոհ եւ 40 վիրաւոր: Զոհերուն եւ վիրաւորներուն մէկ կարեւոր համեմատութիւնը կը կազմէին 7-էն 11 տարեկան մանուկներ, ինչպէս նաեւ կիներ:

Ռազմական գործողութիւնները կարելի էր նկատել «կամուրջներու պատերազմ», որովհետեւ իսրայէլեան օդանաւերուն գլխաւոր թիրախները եղան Զահրանի եւ Լիթանի գետին վրայ կառուցուած հինգ կամուրջներ, որոնք իրարու կը կապէին հարաւի զանազան շրջաններու ճամբաներու ցանցերը եւ որոնք կը գործածուէին պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերու տեղափոխութեանց ընթացքին: Այդ կամուրջներուն քանդումով, երթեւեկը կը խզուէր կարեւոր դիրքերու միջեւ, ինչպէս` Նապաթիէ – Պոֆոր դղեակ գիծը:

Օդանաւային ռմբակոծումներու հանգրուանէն ետք, երեկոյեան ժամը 7:00-էն սկսեալ, հարաւի վերոյիշեալ շրջանները, մինչեւ Սայտա, թիրախ դարձան իսրայէլեան հրետանիի ռմբակոծման: Միւս կողմէ, հարաւային Լիբանանէն արձակուած «քաթիուշա»-ներ ինկան հիւսիսային Գալիլիոյ մէջ:

* * *

Ոչ դիւանագիտական ճիգերը եւ ոչ ալ ընդվզումի, դատապարտումի եւ ցաւի արտայայտութեանց ալիքները յաջողեցան որեւէ անդրադարձ ունենալ լիբանանեան հողերէն ներս պաղեստինեան եւ ոչ պաղեստինեան գօտիներու վրայ իսրայէլեան օդուժին, ծովուժին եւ բանակին կողմէ շարունակուող վայրագ յարձակումներու սաստկութեան մագլցումին վրայ:

Արդարեւ, իբրեւ հակազդեցութիւն հարաւային Լիբանանի պաղեստինեան զօրակայաններէն դէպի Իսրայէլի հիւսիսային քաղաքներ ու աւաններ «քաթիուշա»-ներու արձակումին, ուրբաթ, յուլիս 17-ի առաւօտեան ժամը 9:00-էն ետք իսրայէլեան օդանաւային թռիչքները վերածուեցան ռմբակոծումներու նոր ալիքի մը, որ Նապաթիէի, Սուրի, Սայտայի եւ Տամուրի շրջաններէն անցնելով` ժամը 11:00-ին հասաւ մինչեւ Պէյրութի հարաւային արուարձանները: Աւելի քան կէս ժամուան ընթացքին, ամենասաստիկ տարողութեամբ ռմբակոծում մը տեղի ունեցաւ Ուզահիէն մինչեւ Սապրա, Ֆաքիհանի, Շաթիլա, Սփինիս, Մարզական Աւան, Արաբական համալսարան եւ Թարիք Ժըտիտի շրջաններուն վրայ, խուճապի ահաւոր կացութիւն մը ստեղծելով խիտ բնակչութիւն ունեցող այդ շրջաններուն մէջ: Բազմաթիւ բազմայարկ շէնքեր ամբողջովին փուլ եկան, իրենց տակ թաղելով կամ բանտարկելով անմեղ բնակիչներ, մանուկներ, կիներ ու ծերեր, միաժամանակ մեծ հրդեհներ առաջացնելով ամէնուրեք: Ռմբակոծումները խլեցին շուրջ 300 զոհ եւ 800 վիրաւոր:

Նկատի ունենալով որ հարաւէն դէպի Պէյրութ ճամբաները դարձած էին անգործածելի, ռմբակոծման թիրախ դարձած զանազան վայրերու մէջ առժամեայ եւ բացօթեայ հիւանդանոցներ հաստատուեցան, ուր անմիջական խնամք կը տրամադրուէր վիրաւորներուն:

«Ֆինիւլ»-ի զինուորներ հարաւի մէջ
«Ֆինիւլ»-ի զինուորներ հարաւի մէջ

Նախամիջօրէի ռմբակոծումներուն ընթացքին, իսրայէլեան օդանաւերէ արձակուած ռումբերու եւ հրթիռներու թիրախ դարձած էին Լիթանիի եւ Զահրանիի վրայ երկու այլ կամուրջներ, իսկ յետմիջօրէին, Տամուրի շրջանին վրայ վերսկսած ռմբակոծումներուն ընթացքին, քանդուեցաւ Տամուրի հարաւի ծայրամասին վրայ գտնուող կամուրջը: Այսպիսով, քանի մը օրուան մէջ հարաւի մէջ քանդուած կամուրջներուն թիւը բարձրացաւ իննի, իսկ նկատի ունենալով, որ Քասիմիէի կամուրջը անգործածելի դարձած էր, «ֆինիւլ»-ի գօտին գրեթէ ամբողջութեամբ մեկուսացած էր աւելի հիւսիս գտնուող շրջաններէն:

Կամուրջներու քանդումին հետեւանքով, Սուրէն դէպի Սայտա ու Սայտայէն դէպի Պէյրութ երթեւեկի համար կը մնային միայն լեռնային գիծերը, որոնց վրայ խուճապն ու խճողումը ծանր էր:

Միւս կողմէ, ռմբակոծումներուն ընթացքին վնասուեցաւ նաեւ Զահրանիի զտարանի քարիւղատար խողովակներէն մէկը, իսկ մթերանոց մը կրակ առաւ:

* * *

Հարաւային Լիբանանի վրայ իսրայէլեան անմարդկային ռմբակոծումներն ու յարձակումները կը շարունակուէին, ու հակառակ Պէյրութի, Թէլ Աւիւի եւ Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցող դիւանագիտական հեւքոտ ճիգերուն` շրջանային հորիզոնին վրայ  շօշափելի որեւէ նախանշան չկար ցոյց տալու, թէ լիբանանեան հողամասին վրայ տեղի ունեցող Իսրայէլ-դիմադրութիւն պատերազմը կրնար յանգիլ զինադուլի մը:

Լիբանեւիսրայէլեան սահմանագիծի երկու կողմերուն միջեւ փոխանակուած հրետանիի ռմբակոծումները կը շարունակուէին: Կիրակի, 19 յուլիսի յետմիջօրէին իսրայէլեան օդուժը անգամ մը եւս գործի լծուեցաւ ու աւելի քան 90 վայրկեան ռմբակոծեց Նապաթիէի եւ Պոֆոր դղեակի շրջակայ պաղեստինեան եւ յառաջդիմական դիրքերը, մինչ հրետանիի ռմբակոծումները իրենց հովանիին տակ պահեցին Սայտայէն մինչեւ Սուր, Նապաթիէ եւ Հասպայա տանող բազմաթիւ քաղաքներ եւ գիւղեր, դէպի Իսրայէլ հրթիռարձակման կեդրոններ հարուածելու պատրուակով:

Կէս գիշերին փոխադարձ ռմբակոծումները սաստկացան եւ կարճատեւ ընդմիջումներով շարունակուեցան մինչեւ արշալոյս: Ուղղաթիռներու միջոցաւ, իսրայէլեան քոմանտօ մը երկուշաբթի, յուլիս 20-ի արշալոյսէն առաջ յարձակում գործեց Մազրաաթ Մեսիլա գիւղին մէջ, բայց իր դէմ գտաւ պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերու սաստիկ հակազդեցութիւն մը: Մօտաւորապէս կէս ժամ տեւած բախումին ընթացքին, իսրայէլեան ուժերէն սպաննուեցաւ սպայ մը եւ վիրաւորուեցան վեց զինուորներ: Իսրայէլացիք պայթեցուցին պաղեստինցի ֆետայիներու պատկանող երեք զինապահեստանոցներ, սպաննելով բազմաթիւ պաղեստինցիներ:

Գրեթէ միաժամանակ, իսրայէլեան ծովուժին պատկանող մարտանաւեր մօտեցան Զահրանիի մօտակայ շրջանի ծովափին, ցամաքահանումի փորձի մը համար: Ծովափին դիրք գրաւած պաղեստինեան ուժերու հակաօդային հրետանին հակազդեց ցամաքահանումի փորձին ու իսրայէլեան մարտանաւերը մղեց հեռանալու:

Հրետանիի ռմբակոծումներու զուգահեռ, իսրայէլեան օդանաւերու ռմբակոծումները վերսկսան գլխաւորաբար Պոֆոր դղեակին ու Սայտա-Նապաթիէ ճամբուն վրայ: Յետմիջօրէին, Սայտայէն մինչեւ Սուր ու Նապաթիէ եւ Հասպանի  տարածուող գօտիին մէջ գտնուող բազմաթիւ շրջաններ սաստկօրէն ռմբակոծուեցան:

* * *

«Ազդակ», 20 յուլիս 1981-ի թիւով եւ «միասնականութեան ուժը» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր. կը բաւէ նայիլ լիբանանեան հայրենիքի երկփեղկումին եւ արտաքին վտանգներու դիմաց անոր ազգային դիմադրականութիւնը ջլատող քաղաքացիական պառակտումին` անդրադառնալու համար թէ միասնականութիւնը որքա՜ն բախտորոշ արժէք ունի անկախ պետականութիւններու պահպանման, այլ մանաւանդ` ազգային ու պետական գոյութեան իրաւունքի պահանջով մղուած պայքարներու մէջ:

Լիբանանեան փորձաքարին զարնուած հայութիւնը կը շարունակէ պահել իր միասնականութիւնը` համակարգելով քաղաքական իր կազմակերպութեանց կեցուածքները հաւաքական մեր ապահովութիւնը եւ իրաւունքները յուզող գլխաւոր հարցերուն նկատմամբ, կը նշէր «Ազդակ» եւ կ՛աւելցնէր.

Քաղաքացիական պատերազմով թրծուեցաւ միասնականութեան ուղին ընտրելու համազգային այդ գիտակցութիւնը, որ կրցաւ յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները եւ փորձութիւնները, ժամանակի ընթացքին դառնալով` լիբանանցիներու իսկ վկայութեամբ, տագնապահար այս հայրենիքին մնացած վերամիացման ամէնէն ապահով կամուրջի խորհրդանիշը:

Լիբանանեան փորձաքարով նուիրագործուած այդ միասնականութիւնը բաւեց, որպէսզի այլապէս տկարացող այլ գաղութներ, կամ` մինչեւ իսկ ազգային-քաղաքական մեր պայքարին գծով հոս թէ այլուր պարզուած տարակարծութիւններ տեղի տան հասարակաց շահի գիտակցութեան առջեւ, որովհետեւ հաւաքական մեր ուժին ամէնէն ապահով եւ անսպառ աղբիւրը կը հանդիսանայ ազգային միասնականութեան պահպանումն ու ամրապնդումը, կը շեշտէր «Ազդակ» եւ կ՛եզրափակէր ըսելով.

Խորքին մէջ տարակարծութիւնները աւելի քան բնական են ժողովուրդի մը կեանքէն ներս, եթէ ան քաղաքականօրէն լճացած չէ, գործն է եւ մանաւանդ, ազգային-ազատագրական պայքար մը ունի իր առջեւ: Անբնական պիտի ըլլար տարակարծութեանց չգոյութիւնը, որովհետեւ պիտի նշանակէր ազգային նպատակներու եւ անոնց իրագործման ուղիներու շուրջ կազմակերպական յանձնառութեան եւ մարտունակութեան մեծ բաց մը: Քաղաքականապէս ապրող ժողովուրդներուն համար կարեւորը ազգային ընդհանրական շահերու արմատաւորուած գիտակցութիւնն է, հասարակաց վտանգներու եւ նպատակներու գծով միասնական կեցուածք ցուցաբերելու վճռականութիւնն է: Երբ կայ հաւաքական ուժի աղբիւրը, տարակարծութիւնները այլեւս կը վերածուին կենսունակութեան ապացոյցի:

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (12 Օգոստոս 1965)

Յաջորդը

Սուրուճը 1915-ին

RelatedPosts

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր
Մշակութային եւ Այլազան

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?