Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Փարիզ
Լիզպոնի Հինգի Յիշատակին Նուիրուած
Հոգեհանգիստ Եւ Հոգեճաշ
Արիութեամբ, վճռականութեամբ եւ իրենց կեանքին գնով` Լիզպոնի հինգ նահատակները միացած են բոլոր այն հայ մարտիկներուն, որոնք Թուրքիոյ եւ համայն աշխարհին յիշեցուցին, թէ հայը կը պահանջէ արդարութիւն եւ իրաւունքներու հատուցում:
Այս տարի, Փարիզի մէջ, Լիզպոնի տղոց հերոսական արարքին 32-ամեակին առիթով կիրակի, յուլիս 26-ին տեղի ունեցան արարողութիւններ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Նոր Սերունդի «Աւետիս Ահարոնեան» խումբին եւ Փարիզի կոմիտէութեան:
Նախ` Ս. Յովհաննէս-Մկրտիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագէն ետք հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ: Այդ առիթով, թեմի առաջնորդ Վահան եպս. Յովհաննէսեան իր խօսքին մէջ Լիզպոնի օրինակով նուիրումի եւ միասնականութեան կոչ ուղղեց հոգեհանգիստին մասնակցած հաւատացեալներուն:
Այնուհետեւ Փարիզի Հայ մշակոյթի տան մէջ հրամցուեցաւ հոգեճաշ` Լիզպոնի հինգին յիշատակը յարգողներու մասնակցութեամբ: Բարի գալուստի խօսքէն ետք հակիրճ ելոյթներ ունեցան Նոր Սերունդի ներկայացուցիչը եւ Արնուվիլի կոմիտէութեան պատասխանատուն: Ներկաները միասնաբար երգեցին ազգային եւ յեղափոխական երգեր եւ ունկնդրեցին Թալին Թաշճեանի Լիզպոնի հինգին նուիրուած «Սուրբ հինգ սրտեր» երգի ինքնուրոյն մեկնաբանութիւնը:
Այսպէս խոր յարգանքով մասնակիցները յիշեցին երիտասարդ նահատակները եւ անոնց ձգած պատգամով, յանձնարարութեան բարձր տրամադրութեամբ ու ոգիով որոշեցին շարունակել Հայ դատի աշխատանքները:
Սլովաքիա
«Հայոց Ցեղասպանութիւնը Միջազգային Մամուլի
Առաջին Էջերով» Խորագիրով Ցուցահանդէս
Վերջերս, Սլովաքիոյ Պանսքա Պիսթրիցա քաղաքի Ազգային ապստամբութեան թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած «Հայոց ցեղասպանութիւնը միջազգային մամուլի առաջին էջերով» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին:
Խօսք առին թանգարանի գլխաւոր տնօրէն Ստանիսլաւ Միչեւն եւ Սլովաքիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սէյրանեան, որ անդրադարձաւ ներկայացուած ցուցանմուշներուն, Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն, նաեւ 20-րդ դարու առաջին ոճրագործութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին: Դեսպան Սէյրանեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Սլովաքիոյ Ազգային խորհուրդին` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալուն եւ քրէական օրէնսգիրքին մէջ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնելու վերաբերեալ նոր յօդուածներ աւելցնելուն համար:
Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 30 օգոստոս:
Միացեալ Նահանգներ
Յովսէփ Կանիմեան Կը Վերընտրուի Կարմիր
Խաչի Շրջանային Վարչութեան Անդամ
19 յունիսին տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Կարմիր խաչի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի տարեկան ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին վարչութեան անդամ վերընտրուեցաւ իրաւաբան Յովսէփ Կանիմեան, որ վերջին 9 տարիներուն եղած է սոյն վարչութեան անդամ: Այս ընտրութեամբ, Կանիմեան երեք տարի եւս պիտի մնայ վարչութեան մէջ:
Կանիմեան նաեւ ատենապետն է Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի թեմական խորհուրդին:
Կարմիր խաչի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը Ամերիկայի մէջ իրենց առաքելութիւնը կատարող աւելի քան 750 Կարմիր խաչի մասնաճիւղերէն մէկն է: Ան երկրին մէջ ծառայող երկրորդ մեծագոյն մասնաճիւղն է, որ կը գործէ Լոս Անճելըս գաւառին մէջ, ուր կ՛ապրին աւելի քան 10 միլիոն բնակիչներ:
Թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան շնորհաւորեց Յովսէփ Կանիմեանի ընտրութիւնը` դրուատելով անոր մարդասիրական յատկանիշները:
Վկայութիւններ` Ցեղասպանութեան
100-Ամեակին Առիթով Պոլսոյ Մէջ
Տեղի Ունեցած Ձեռնարկներէն
5 յուլիսին յաւարտ Ս. պատարագի, Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպած հերթական դասախօսութիւնը: Փրոֆ. Լեւոն Մարաշլեան եւ ամերիկահայ համալսարանական ուսանողներ` Արմէն Մանուկ Խալոյեան եւ Քրիստին Ապաճեան, որոնք ներկայ գտնուած էին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներուն, իրենց ականատեսի վկայութիւնները տուին, նաեւ այս առիթով ցուցադրեցին տեսերիզներ: Անոնք ներկաները մասնակից դարձուցին 22-24 ապրիլին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւններուն եւ հայաշունչ մթնոլորտին:
Փրոֆ. Լեւոն Մարաշլեան իր դասախօսութեան սկիզբը ցուցադրեց 100-ամեակի առիթով Պոլսոյ մէջ կատարուած ժողովրդական հաւաքներն ու հանդիսութիւնները ներկայացնող շարժապատկեր մը:
Ապա անդրադարձաւ 1990 թուականին Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ հրատարակուած, 60 էջերէ բաղկացած գրքոյկին, որ նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան ուրացումին` լուսարձակի տակ առնելով այդ տարիներուն կազմակերպուած յատուկ հեռատեսիլային շարժապատկերներու նկարահանումները, որոնք կը հետապնդէին մէկ նպատակ` ժխտել կատարուած մեծ ոճիրը: Ան ամփոփ կէտերու մէջ անդրադարձաւ նաեւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած հաւաքներուն:
Քրիստին Ապաճեան եւ Արմէն Մանուկ Խալոյեան իրենց կարգին խտասալիկներու ցուցադրութեամբ մանրամասն տեղեկութիւններ տուին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած եւ պատմական նշանակութիւն ունեցող հաւաքներուն, ձեռնարկներուն եւ ոգեկոչումներուն մասին: Անոնք ականատեսի վկայութեամբ հաստատեցին, որ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած սոյն ոգեկոչումները հայ ժողովուրդի զաւակներուն համար գեղեցիկ առիթ էին աշխարհի ժողովուրդներուն յիշեցնելու, որ 100 տարիներ ետք հայ ժողովուրդը տակաւին կը հետապնդէ ճշմարտութիւնը եւ արդարութեան ճանաչումը` մնալով պահանջատէր թրքական կառավարութեան նկատմամբ:
Արմիկ Աւետիսեան` Կլենտէյլի Համայնքային
Զարգացման Յանձնաժողովի Անդամ
29 յուլիսին իր երդումը տալով` Արմիկ Աւետիսեան պաշտօնապէս դարձաւ Կլենտէյլի Համայնքային զարգացման յանձնաժողովի անդամ:
Ան այս պաշտօնին առաջադրուեցաւ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Վարդան Կարապետեանի կողմէ, իսկ անոր նշանակումը վաւերացուեցաւ քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ:
Արեւմտահայերէնի Դասընթացքներ
Պիտի Տրամադրուին Ս. Պետրոս Եկեղեցւոյ Մէջ
Նախաձեռնութեամբ Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ, 14 սեպտեմբերէն 14 դեկտեմբեր եկեղեցւոյ սրահին մէջ պիտի մատուցուին արեւմտահայերէնի դասընթացքներ փրոֆ. Հերմինէ Մահսէրէճեանի կողմէ, որ հիմնադիրն է Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին մէջ գործող հայագիտական ծրագիրին:
Պիտի դասաւանդուին սկսնակներու յատուկ խօսակցական հայերէն, ինչպէս նաեւ` համալսարանական մակարդակի հայերէնի թիւ 101 դասընթացքը: Իւրաքանչիւր դասընթացքի համար նախատեսուած է նուազագոյնը 10 եւ առաւելագոյնը 20 ուսանողի մասնակցութիւն:
Ասորի Եկեղեցւոյ Ներկայացուցիչներու
Այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարան
Յուլիս 29-ին, Ասորի եկեղեցւոյ Լոս Անճելըսի համայնքի քորեպիսկոպոս Ճորճ Պէթ Ռաշօ, ընկերակցութեամբ ասորի հոգեւորական եւ աշխարհական ներկայացուցիչներու, այցելեց Ազգային առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցաւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հետ: Հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ Պօղոս վրդ. Թինքճեան:
Այցելութեան նպատակն էր առաջնորդ սրբազանը պաշտօնապէս հրաւիրել` մասնակից ըլլալու միջեկեղեցական արարողութեան, որ պիտի ոգեկոչէ Թուրքիոյ կողմէ ասորի, հայ եւ յոյն ժողովուրդներուն դէմ 1915-ին գործադրուած ցեղասպանութեան 100-ամեակը:
Հիւր ներկայացուցիչները փափաք յայտնեցին, որ առաջնորդ սրբազանը եւս պատգամ մը փոխանցէ միջեկեղեցական այդ արարողութեան ընթացքին: Անոնք առաջնորդարանին նուիրեցին ասորերէն լեզուով Աստուածաշունչ մը, իսկ սրբազան հայրը առաջնորդարանին կողմէ պատրաստուած յուշանուէրներ փոխանցեց հիւրերուն:
Լոնտոն
«Քեզի Հետ, Հայաստա՛ն» Համերգին`
Տիանա Ադամեանի Փայլուն Ելոյթը
21 յուլիսին Լոնտոնի «Քատոկան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Քեզի հետ, Հայաստա՛ն» համերգաշարի 5-րդ համերգը: Լոնտոնի թագաւորական նուագախումբի եւ «Կրեմմի» կրկնակի մրցանակակիր աշխարհահռչակ ջութակահար եւ խմբավար Ցուքերմանի մասնակցութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը ոգեկոչող համերգը դարձաւ Ցեղասպանութիւնը դեռ պաշտօնապէս չճանչցած Միացեալ Թագաւորութեան կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մէկը:
15-ամեայ հայ ջութակահար Տիանա Ադամեան մեկնաբանեց Պախի կրկնակի քոնչերթօն` ջութակահար Ցուքերմանի եւ Լոնտոնի թագաւորական ֆիլհարմոնիք նուագախումբին հետ: Համերգէն ետք բրիտանական մամուլին մէջ եղան բազմաթիւ հիացական անդրադարձներ: «Քեզի հետ, Հայաստա՛ն» համերգը առանձնայատուկ տեղ գրաւեց «Պի.Պի.Սի. Ռատէօ 4»-ի «Աշխարհը այս երեկոյ» հաղորդաշարին մէջ, որ կը համարուի առաջատարներէն մէկը, եւ որուն ունկնդիրներէն մէկն է Բրիտանիոյ վարչապետը:
Շուրջ 45 միլիոն ունկնդիր ունեցող «Պի.Պի.Սիշ Ուըրլտ Սէրվիս Ռատէօ»-ի «Նորութիւններու ժամ» հաղորդումի «Երաժշտութիւնը` իբրեւ դիւանագիտութիւն» վերնագրուած յատուկ յայտագիրը հիւրընկալեց Ցուքերմանը, անդրադարձաւ համերգին եւ համամարդկային արժէքներուն:
Միլիոնաւոր մարդիկ հետեւած են հրապարակումներուն առցանց մամուլով, ինչպէս նաեւ թերթերով: «Ամաթի Մակազին» հեղինակաւոր առցանց ամսագիրը հարցազրոյց մը հրապարակեց Տիանա Ադամեանին հետ եւ զայն համարեց շաբթուան արուեստագէտը:
Քանատա
Մոնրէալի Հայ Կեդրոնի
«Արթօ Եւ Ալիս Մարգարեան»
Ճաշասրահի Բացում
Հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Մեղրիկ եպս. Բարիքեանի վերջերս կատարուեցաւ բացումը Մոնրէալի Հայ կեդրոնի ճաշասրահին, որ վերանորոգուեցաւ եւ վերակահաւորուեցաւ առատաձեռն նուիրատուութեամբ բարերար Արթօ եւ Ալիս Մարգարեան ամոլին:
Առաջնորդ սրբազանը իր խօսքին մէջ դրուատեց Կիլիկեան Իշխանի շքանշանակիրներ Արթօ Մարգարեանը եւ Ալիս Մարգարեանը: Ան նկատել տուաւ, որ բարերարութեամբ կը նորոգուին թէ՛ Հայ կեդրոնին եւ դպրոցին շէնքերը, եւ թէ՛ անոնց մէջ պահպանուող հայեցի մթնոլորտը:
Ս. Յակոբ Առաջ. Մայր եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետը իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ Արթօ եւ Ալիս Մարգարեան ամոլը միշտ սատարած են համայնքի բազմազան ծրագիրներու իրագործման եւ յիշեալ ճաշասրահին վերանորոգութեան ու վերակահաւորման համար նուիրած են 150 հազար ամերիկեան տոլար: Ան յայտարարեց, որ եկեղեցւոյ հովիւին եւ հոգաբարձութեան որոշումով, ճաշասրահը պիտի կոչուի «Արթօ եւ Ալիս Մարգարեան ճաշասրահ»:
Ատոմ Էկոյեանի Նոր Ժապաւէնը
Քանատահայ ականաւոր բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան պատրաստած է հրեաներու ողջակիզման նուիրուած ժապաւէն մը, որ պիտի մասնակցի այս տարուան Վենետիկի շարժապատկերի փառատօնին:
Ժապաւէնը, որուն խորագիրն է «Յիշեցէք», պիտի մրցի շուրջ 20 ժապաւէններու հետ, որոնք ներկայացուած են Վենետիկի Միջազգային շարժապատկերի փառատօնին: Այս փառատօնը 72-րդն է եւ տեղի պիտի ունենայ 2-12 սեպտեմբերին: Փառատօնին պիտի ներկայացուին 55 ժապաւէններ:
Էկոյեանի ժապաւէնի գլխաւոր դերակատարն է Քրիստոֆըր Փլամըր, որ ողջակիզումէ փրկուած եւ ալզհայմըր հիւանդութենէ տառապող անձ մըն է: Այս անձը ստուգած է իր ընտանիքի անդամները սպաննող նացիներուն անունները եւ ստանձնած զանոնք սպաննելու պարտականութիւնը:
Սակայն ալզհայմըր հիւանդութեան պատճառած յիշողութեան կորուստին հետեւանքով, ամէն անգամ ան կը մոռնայ, թէ ինչո՛ւ սպաննել կ՛ուզէ այդ մարդիկը: