Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Օգոստոս 12, 2015
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

 Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը Իր Փորձառութիւնը
Կը Փոխանցէ Երիտասարդներուն

IMG_7490

«Հայաստանի պատանեկան նուաճումներ» կազմակերպութեան տարեկան ամառնային ճամբարին մասնակցող, հանրապետութեան տարբեր մարզերէն եւ Երեւանէն աւելի քան 110 աշակերտներ մասնակցեցան «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի առաջարկած «Գործառնութիւն-առաջադրանք» մրցումին:

Այս միացեալ նախաձեռնութեան նպատակն է ստեղծել երկխօսութիւն գործառնութեան եւ կրթութեան միջեւ` քաջալերելով աւագ դպրոցի աշակերտները զարգացնելու ձեռնարկատիրական հմտութիւններն ու նորարարական մտածելակերպը: Այս ծրագիրով ճամբարի մասնակիցները առիթ ունեցան իրենց ստացած գիտելիքները գործնականացնելու եւ գործառնութեան տեսանկիւնէ նորարարական լուծումներ եւ մօտեցումներ առաջարկելու:

IMG_7565

«Ուրախ ենք, որ կ՛աջակցինք սորվելու եւ կատարելագործելու ձգտում ունեցող, հետաքրքիր այս երիտասարդներուն, պատրաստ ենք միշտ օգնելու անոնց, որպէսզի յաւելեալ գիտելիքներ եւ հմտութիւն շահին: Այս երիտասարդներէն շատեր ապագային պիտի աշխատին գործառնութիւններու մէջ, ուստի շատ կարեւոր է, որ այս տարիէն անոնց մէջ սերմանուին կառավարման ճիշդ սկզբունքներ», ըսած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:

Մրցումին ընթացքին ճամբարականները ներկայացուցած են տարբեր առաջարկներ, որոնց կարգին փոփոխութեան ենթարկել «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գիները, որպէսզի անոնք աւելի մատչելի ըլլան երիտասարդներուն:

Աշակերտները սահմանուած ժամանակամիջոցին պէտք է առաջարկէին լուծումներ եւ զանոնք ներկայացնէին դատական կազմի անդամներուն, որուն մէջ էին «Հայաստանի պատանեկան նուաճումներ» կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Արմինէ Յովհաննիսեանը եւ Ռալֆ Եիրիկեանը: 10 շահողները ստացան «Էմ.Թի.Էս. սմարթ սթարթ» հեռաձայններ:

Նախարար Յակոբեան Ընդունեց Գործարար
Լեւոն Զեքի Ետալեանը

Hranush_Zaki_8-6-15

6 օգոստոսին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Հայ-սուրիական գործարարներու խորհուրդի նախագահ Լեւոն Զեքի Ետալեանը:

Հիւրը նախարարին ներկայացուց Սուրիոյ մէջ գտնուող հայութեան վերաբերող իր դիտարկումները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարութեան` սուրիահայութեան խնդիրներուն նկատմամբ ցուցաբերած սրտցաւ մօտեցումին եւ ջանադիր վերաբերումին համար: Ան նախարարին յայտնեց, որ պէտք է քաջալերել հայ գործարարները պատրաստուելու Սուրիոյ վերաշինութեան` դիտել տալով, որ ինք այս մասին խօսած է նաեւ գործարարներու հետ կայացած զրոյցներուն եւ հանդիպումներուն ընթացքին:

Զրոյցի աւարտին Լեւոն Զեքի Ետալեան նախարար Հրանուշ Յակոբեանին յանձնեց Հայ-սուրիական գործարարներու խորհուրդի յուշանուէրը:

Փաստագրական Գիրք` Ազրպէյճանի Մէջ Բնակող
Հայերու Կոտորածներուն Մասին

0808kirk

Ստեփանակերտի «Դիզակ Պլիւս» տպարանէն լոյս տեսած են ռուսաստանաբնակ արձակագիր Լեւոն Ադեանի «Անձրեւից յետոյ» եւ Միացեալ Նահանգներ բնակող Նելլի Աւաքովայի «Ղարաբաղ. ցաւ եւ յիշողութիւն» գիրքերը:

23723

Զոյգ գիրքերուն շնորհահանդէսը տեղի ունեցած է 7 օգոստոսին «Արմէնիա» պանդոկի համագումարներու դահլիճին մէջ: Բացման խօսքին մէջ Լ. Ադեանի գիրքի խմբագիր Միքայէլ Հաճեան` ներկայացնելով հեղինակներուն կեանքն ու ստեղծագործութիւնը, նշած է, որ ապրելով ու ստեղծագործելով հայրենիքէն հեռու` անոնք իրենց գրական գործերը ամբողջութեամբ նուիրած են հայրենի Արցախին:

Այնուհետեւ ներկաները անդրադարձած են Լեւոն Ադեանի «Անձրեւից յետոյ» ժողովածուի գեղարուեստական առանձնայատկութիւններուն: Գիրքին մէջ տեղ գտած ստեղծագործութիւնները հայ ժողովուրդին ու անոր արցախեան հատուածին անցեալին եւ ներկայ կեանքի իրողութիւններուն գեղարուեստական ընդհանրացումներն են:

Գիրքի գեղարուեստական առանձնայատկութիւնները արժեւորած է եւ գրականագիտական վերլուծութեամբ հանդէս եկած է բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ Սիլվա Մինասեան: Բանաստեղծ Նելլի Աւաքովայի «Ղարաբաղ. ցաւ եւ յիշողութիւն» փաստագրական գիրքի անհրաժեշտութեան անդրադառնալով` խմբագիր Աշոտ Բեգլարեան նշած է, որ 20-րդ դարու աւարտին Ազրպէյճանի մէջ բնակող հայութեան ողբերգական դէպքերուն ականատես դարձած Ն. Աւաքովայի նկարագրութիւնները ո՛չ միայն պատմական յիշողութիւնը վառ պահելու առումով կարեւոր են, այլ նաեւ` տեղեկատուական քարոզչութեան եւ նման ողբերգութիւնները կանխելու ու բացառելու:

Խմբագիրին համաձայն, այդ առումով անհրաժեշտ է ռուսերէն լեզուով գրուած գիրքը թարգմանել նաեւ այլ լեզուներու: Շնորհահանդէսին ներկայ` «Ղարաբաղ. ցաւ եւ յիշողութիւն» գիրքի հեղինակ Ն. Աւաքովա իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատած է հայրենի Արցախին դերը իր ստեղծագործական կեանքին մէջ: Հեղինակը նշած է, որ հայրենիք այցելութիւնները այսուհետեւ շարունակական պիտի ըլլան, եւ իւրաքանչիւր այցելութեան կը նախատեսէ նոր գիրքեր ներկայացնել Հայաստանի մէջ: Շնորհահանդէսին ներկայ էին նաեւ գրողներ, հեղինակներու ստեղծագործութեան երկրպագուներ եւ հիւրեր:

«Հայ Շինարարը Ազգային Արժէքներու Եւ Աւանդոյթներու
Փոխանցողն Է». Վարչապետ Աբրահամեան

0808Shinarar

Հայաստանի կառավարութեան նիստերու մեծ դահլիճին մէջ 7 օգոստոսին կայացած Շինարարի օրուան նուիրուած տօնական հանդիսութեան ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան լուսարձակի տակ առած է շինարարութեան եւ շինարարին կարեւորութիւնը Հայաստանի մէջ:

«Շինարարութեան ոլորտը Հայաստանի մէջ առանձնայատուկ ընկալում ունի եւ պատահական չէ, որ Հայաստանի անկախ Հանրապետութիւնը վերահաստատելով Շինարարի օրը, զայն վերածած է աւանդականի` փաստելով, որ շինարարութիւնը եղած է եւ կը մնայ մեր երկրի տնտեսութեան կարեւոր եւ առանցքային բնագաւառներէն մէկը», նշած է ան:

Վարչապետը Հայաստանի կառավարութեան եւ անձամբ իր անունով շնորհաւորած է շինարարները` մաղթելով ստեղծագործական անսպառ եռանդ եւ աշխատանքային յաջողութիւններ:

«Անցեալ դարուն փայլուն վարպետներուն փորձն ու հմտութիւնները համադրելով ժամանակակից շինարարական արհեստագիտութեան հետ, դուք այսօր կը կառուցէք աւելի բարձրորակ եւ կայուն շէնքեր: Կ՛ուզեմ ուրախութեամբ ընդգծել, որ հայկական ժամանակակից շինարարութիւնը շարունակելով ոլորտի հարուստ աւանդոյթները` այսօր ալ կը ստեղծէ շինութիւններ, որոնցմով իսկապէս կը հպարտանանք: Նորանկախ Հայաստանի մէջ ձեր շնորհիւ զարգացած է նաեւ շինարարական արհեստագիտութիւնը, ինչ որ մեր շէնքերի ամրութեան գրաւականն է», ըսած է վարչապետը:

Կառավարութեան ղեկավարը նշած է, որ հայ շինարարը կառուցած է երկրին մէջ տիրող ամէնէն դժուար ժամանակաշրջաններուն եւս` համոզում յայտնելով այն մասին, որ այսուհետեւ եւս շինարարները պիտի շարունակեն աշխատիլ նոյն սիրով եւ եռանդով, քանի որ հայ շինարարը ո՛չ միայն քարը քարին վրայ դնողն է, այլ նաեւ ազգային արժէքներու եւ աւանդութիւններու փոխանցողը:

Վարչապետը ընդգծած է, որ կառավարութիւնը նոր նախագիծերով եւ ծրագիրներով նպատակաուղղուած ջանքեր ի գործ կը դնէ երկրին մէջ շինարարութեան ոլորտը զարգացնելու, շինարարական կազմակերպութիւններուն եւ կառուցապատող ընկերութիւններուն աջակցելու նպատակով` նախատեսելով համապատասխան վարկերու միջոցով խրախուսման գործառնութիւնները:

«Արդէն իսկ ձեզ կը սպասեն ներդրումային քաղաքաշինական ծրագիրները մայրաքաղաքին մէջ` «Հին Երեւան»-ը, «Ֆիրդուս»-ի թաղամասը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ուշագրաւ նախագիծեր հանրապետութեան մարզերուն մէջ` ենթակառուցուածքներու, դպրոցաշինութեան, առողջապահութեան, մշակոյթի, սպորտի եւ այլ ոլորտներուն մէջ», յայտնած է Յովիկ Աբրահամեան:

Շինարարի օրուան առիթով եւ քաղաքաշինութեան բնագաւառին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդի համար Հայաստանի վարչապետի յուշամետալով պարգեւատրուած են Հայաստանի շինարարներու միութեան պատուաւոր անդամ Վովա Մարգարեանը եւ «Երեւանշին» ընկերութեան տնօրէն Վազգէն Պօղոսեանը: Հայաստանի վարչապետի շնորհակալագիր ստացած են «Գոհարիկ» ընկերութեան տնօրէն Սամուէլ Խաչատրեանը, «Մետրոշինվէրանորոգում» ընկերութեան վարչութեան նախագահ Արամայիս Որսկանեանը, նախագիծի գլխաւոր կառուցող Փոլ Չաթալպաշեանը:

Գիւմրիի Մէջ Յարգանքի Տուրք Մատուցուեցաւ
Լիզպոնի Հինգի Յիշատակին

Gumri_7-27-15

27 յուլիսին Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ` նուիրուած 1983-ին Լիզպոնի մէջ տեղի ունեցած գործողութեան ընթացքին զոհուած հինգ հայորդիներու յիշատակին:

Առաւօտեան Գիւմրիի թիւ 3 աւագ դպրոցէն ազատագրական զինեալ պայքարի հինգ նահատակներու նկարը տեղափոխուեցաւ Սուրբ Նշան եկեղեցի:

Արա Նախշքարեանի նախաձեռնութեամբ Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, այնուհետեւ տղաներուն միակ խմբային մեծ նկարը տեղափոխուեցաւ Գիւմրիի թատերական հրապարակ եւ դրուեցաւ Յովհաննէս Շիրազի յուշարձանին քով:

17047_large

Տղոց նկարը Շիրազի արձանին քով դնելը պատահական չէր. Շիրազը այդ օրերուն միակն էր, որ գրեց տղոց նուիրուած «Յիշէ՛ք, հայեր» բանաստեղծութիւնը:

Օրուան ընթացքին բոլոր անցորդներուն բաժնուեցան գրքոյկներ ու տեսասկաւառակներ այդ գործողութեան մասին:

«Լիզպոնի տղոց մասին պէտք է շատ խօսինք, բոլորը պէտք է գիտնան ու խօսին: Ասիկա աննախընթաց գործողութիւն էր, մեր պատմութեան չընթերցուած էջն է: Ինչքան այս մասին շատ բարձրացայնենք, այնքան շատ կ՛՛ունենանք ազգային դաստիարակութեամբ նոր սերունդներ», նշեց Արա Նախշքարեան:

 

«Արի Տուն» Ծրագիրի 6-րդ Հանգրուանին
Կը Մասնակցին 90 Իսլամացած Հայեր

IMG_5960

17 երկիրներէ 197 երիտասարդներ մասնակցեցան սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրի 6-րդ հանգրուանին:

Միացեալ Նահանգներէն, Արժանթինէն, Իտալիայէն, Ռուսիայէն եւ տասնեակ մը այլ երկիրներէ մասնակիցներէն բացի, «Արի տուն»-ի կը մասնակցին պատմական հայրենիքէն` Արեւմտեան Հայաստանէն ժամանած շուրջ 90 իսլամացած հայեր: Անոնց համար անկախ Հայաստանը բացայայտում է, իսկ ծրագիրը` ազգային մշակոյթին վերադառնալու նոր կարելիութիւն:

Հիւսիսային Պողոտային Վրայ Կայացաւ
«
Երեւան Տարազ Ֆեսթ»-ի Փառատօնը

0807daraz1

Դասական եւ ժամանակակից տարազները համախմբուած էին մէկ փառատօնի ընթացքին` Հիւսիսային պողոտային վրայ տեղի ունեցած «Երեւան տարազ ֆեսթ»-ի նախաձեռնութեամբ, որուն մասնակիցները հանրութեան ներկայացուցին աւանդական տարազներ, ինչպէս նաեւ տարազային տարրեր պարունակող ժամանակակից հագուստ: Այս փառատօնը առաջին անգամն ըլլալով կը կազմակերպուի Երեւանի քաղաքապետարանին եւ «Տէրեան» մշակութային կեդրոնին կողմէ:

Երեւանի քաղաքապետարանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան զբօսաշրջութեան բաժինի պետ Մարիա Բարաղամեան նշած է, որ փառատօնը կայացած է «Երեւանեան ամառ» եռամսեայ ծրագիրով:

«Փառատօնը իրականացնելու գաղափարը «Տէրեան» մշակութային կեդրոնինն է, որ առաջարկած է նման բան կազմակերպել: Տարազը տուեալ մշակոյթի բաղադրիչ մասն է, կարելիութիւն կու տայ կարծիք կազմել ժողովուրդի անցած ճանապարհին, մշակոյթին մասին: Տարազը իր մէջ ժողովուրդի մը պատմութիւնը կ՛ամփոփէ», յայտնած է Մ. Բարաղամեան` հաստատելով, որ փառատօնին կը մասնակցին նաեւ զբօսաշրջիկներ, ինչ որ կարեւոր եւ ուրախալի է:

Ան աւելցուց, որ ներկայացուած են ո՛չ միայն տարազներ, այլ նաեւ հայկական տարազներու բաղադրիչ ներառող հագուստներ, որոնք կը գրաւեն յատկապէս երիտասարդները:

«Տէրեան» մշակութային կեդրոնի տնօրէն Լիլիթ Մելիքեան նշեց, որ երկու տարի առաջ ուզած են նման փառատօն մը կազմակերպել:

Երեւանի պատմութեան թանգարանի տնօրէն Արմինէ Սարգսեան նշեց, որ տարազներու փառատօնը մշակութային մեծ աշխուժութիւն բերած է երեւանցիներուն եւ Հայաստան գտնուողներուն կեանքին մէջ: «Այս փառատօնին նպատակն է ներկայացնել մեր ազգային մշակոյթը: Կը կարծեմ, որ փառատօնը մնայուն պիտի դառնայ եւ պիտի յաւակնի երեւանեան մշակութային կեանքին մէջ ունենալ իր տեղը», յայտնած է Սարգսեան` աւելցնելով, որ թանգարանը փառատօնին ներկայացած է պատմական Հայաստանի տարբեր շրջանները ներկայացնող տարազներու կրկնօրինակներով` որոնց մէջ նաեւ երեւանցիի աւանդական տարազով:

Հիւսիսային պողոտային վրայ զետեղուած տաղաւարներուն մէջ, փառատօնի խորհուրդին համահունչ, ներկայացուեցան Երեւանի պատմութեան թանգարանի, Մէգերեան կարպետ-թանգարանի ցուցանմուշները, Անահիտ Սիմոնեան նորաձեւութեան տան, ինչպէս նաեւ շարք մը անհատ ստեղծագործողներու աշխատանքները: «Մարաշլեան» լուսանկարչական սթիւտիոյին մէջ ալ ուզողները նկարուեցան աւանդական զգեստներով: Փառատօնին ընթացքին համերգային ծրագիրին մասնակցեցան ազգագրական համոյթներ: Տեղի ունեցաւ հագուստներու ցուցադրութիւն, որուն ընթացքին ներկայացուեցան «Տէրեան» մշակոյթի կեդրոնի եւ ձեւագծող Արամ Նիկոլեանի տարազներու հաւաքածոները:

Համահայկական Ամառնային 6-րդ Խաղերուն
Նուիրուած Դրոշմաթուղթ Եւ Գեղաթերթիկ

0806stamp1

«Հայփոստ»-ը պաշտօնապէս հրապարակեց եւ շրջանառութեան մէջ դրաւ Համահայկական ամառնային 6-րդ խաղերը խորհրդանշող նոր, գեղաթերթիկ եւ դրոշմաթուղթ: Դրոշմաթուղթի հրապարակման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի կապի եւ փոխադրամիջոցներու փոխնախարար Գագիկ Թադեւոսեան, ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեան Վաղինակ Գալստեան, Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի անդամներ Տիգրան Ալթուն, Հերմինէ Դուզեան եւ Յակոբ Կիռմիզեան, խաղերու կազմակերպական կոմիտէի անդամ Յարութիւն Եաւրեան, «Հայփոստ»-ի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Հայկ Աւագեան, «Հայաստանի ֆիլատելիստների միութեան» նախագահ Յովիկ Մուսայէլեան:

Փոխնախարար Գագիկ Թադեւոսեանի համաձայն, բարի աւանդութիւն դարձած է յատկանշական բոլոր առիթներուն նուիրուած գեղաթերթիկ, դրոշմաթուղթ կամ ծրար ունենալը: «Համահայկական ամառնային 6-րդ խաղերն այնքան նշանակալից են մեր ազգին համար, որ նախարարութեան նամականիշներու խորհուրդն ու «Հայփոստ» ընկերութիւնը որոշեցին ստեղծել թէ՛ ծրար, թէ՛ գեղաթերթիկ, թէ՛ դրոշմաթուղթ: Յատկանշական է, որ նախաձեռնութեան մասնակցեցան Համահայկական խաղերու գործադիր խորհուրդի անդամներ, հայ նշանաւոր մարզիկներ, «Ֆիլատելիստների միութեան» նախագահը, «Հայփոստ» ընկերութեան տնօրէնը», յայտնած է Գագիկ Թադեւոսեան: Ըստ փոխնախարարին, դրոշմաթուղթը մեծ տպաքանակով հրապարակուած է` ամբողջ աշխարհով սպառելու նպատակով: «Կը կարծեմ, թէ Համահայկական ամառնային խաղերուն նուիրուած դրոշմաթուղթը իր ուրոյն տեղը պիտի գրաւէ համաշխարհային դրոշմաթուղթերու շարքին», աւելցուցած է փոխնախարարը:

0806stamp

Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի անդամ Հերմինէ Դուզեան, որ կը ներկայացնէ Ֆրանսան, հպարտ է նման նախաձեռնութեան մասնակցելուն համար: Ըստ անոր, դրոշմաթուղթին միջոցով մեծ ծանօթութիւն պիտի ունենան թէ՛ Համահայկական խաղերը, եւ թէ Հայաստանը:

Համահայկական ամառնային 6-րդ խաղերուն նուիրուած գեղաթերթիկին վրայ պատկերուած է խաղերուն ոսկի մետալին զոյգ կողմերը, ոճաւորուած կերպով պատկերուած են խաղերու նշանակն ու բաժակը, ինչպէս նաեւ նշուած են այն քաղաքները, ուր տեղի կ՛ունենան խաղերը` Երեւան, Գիւմրի, Վանաձոր, Ստեփանակերտ: Դրոշմաթուղթին վրայ պատկերուած է մարզադաշտ` վեց հիմնական մարզաձեւերով, ինչպէս նաեւ Համահայկական խաղերու նշանակը:

Ձեւաւորումը կատարած է Դաւիթ Տովլաթեան: Տպաքանակը 20 հազար օրինակ է, դրոշմաթուղթին չափերը` 28/45 մմ., գեղաթերթիկին չափերը` 52/77 մմ.:

Պոսթոնաբնակ Հայուհիներու Միջոցներով
Հիմնուած Է «Մաշտոց» Հայ Մշակոյթի
Պահպանման Եւ Զարգացման Հիմնադրամը

Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի բարեկամներու, պոսթոնաբնակ երկու հայուհիներու` Մարիա եւ Պէաթրիս Ղրտեաններու կողմէ եւ Մատենադարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ ստեղծուած է «Մաշտոց» հայ մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման հիմնադրամը:

Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի միջազգային կապերու բաժինէն հաղորդած են, որ 10 ապրիլ 2015-ին Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանի եւ հիմնադրամի համանախագահներ Մարիա եւ Պէաթրիս Ղրտեաններու միջեւ ստորագրուած է «Մաշտոց» հայ մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման հիմնադրամի հիմնադրման պայմանագիրը, որ նոր ուղիներ կը բանայ Մատենադարանի կրթական, գիտական եւ մշակութային ծրագիրներու առաւել ընդլայնման ու զարգացման համար:

Հիմնադրամի կարեւորագոյն առաջադրանքներէն են Մատենադարանի շրջանակներուն մէջ գործունէութիւն ծաւալող երիտասարդ գիտնականներու, որոնց կարգին ասփիրանդներու, հայցորդներու գիտական, ստեղծագործական, կրթական գործընթացի արդիւնաւէտ ապահովումը, աջակցութիւնն ու խթանումը եւ երիտասարդ գիտնականներու ներգրաւումը գիտաուսումնական, գիտահետազօտական աշխատանքներու մէջ:

«Մենք շատ կը սիրենք ճամբորդել, շրջագայած ենք բազմաթիւ երկիրներ, բայց հոս ամէն ինչ հարազատ է: Մատենադարանին մէջ մենք մեզ զգացինք այնպէս, կարծես հարազատ օճախ ըլլայ, տեսանք, կապ հաստատեցինք երիտասարդներու հետ: Ուրախ ենք տեսնելու երիտասարդ գիտնականներու աշխուժ ներգրաւուածութիւնը ձեր աշխատանքներուն մէջ: Մենք բարձր կը գնահատենք ձեր կատարած աշխատանքը եւ ի սրտէ կը փափաքինք, որ այս հիմնադրամը ծառայէ երիտասարդ գիտնականներու գիտելիքներու եւ հմտութեան համալրման վերաբերող ծրագիրներու», յայտնած է Պէաթրիս Ղրտեան` նշելով, որ հիմնադրամը այդ նպատակով հիմնուած է:

Մէկ տարի առաջ` հոկտեմբեր 2014-ին հայրենիք ժամանած Մարիա եւ Պէաթրիս Ղրտեաններ Մատենադարանին նուիրած են իրենց ընտանիքին պատկանող տպագիր եւ ձեռագիր գիրքերու ճոխ հաւաքածոն (հինգ ձեռագիրներ, որոնցմէ մէկը 17-րդ դարուն գրուած Աստուածաշունչ մատեան է, իսկ միւս չորսը արաբատառ ձեռագիրներ, եւ շուրջ 144 կտոր հնատիպ գիրքեր` մեծ մասամբ 17-18-րդ դարերու հայ գրքարուեստի երախայրիքներ): Բացի վերոյիշեալ հազուագիւտ գիրքերէն, վերջերս Մատենադարան հասած են նաեւ Ղրտեան քոյրերուն կողմէ նուիրուած պատմամշակութային արժէք ներկայացնող հայկական երկու թանկարժէք գորգեր: Մատենադարանի ֆոնտերը հարստացուցած այս կարեւոր հաւաքածոն, նուիրատուներուն փափաքով, Մատենադարանին յանձնուած է ի յիշատակ իրենց վաղամեռիկ եղբօր` մասնագիտութեամբ բժիշկ Ռուբէն Ղրտեանի: «Հիմա, որ այդ բոլորը իրենց ապահով տեղը գտան, հանգստացանք, Ռուբէնին սիրտն ալ հանգստացաւ», ըսած են Ղրտեան քոյրերը:

Այսպէս, մէկ տարուան նախապատրաստական աշխատանքներէ ետք պաշտօնապէս բացուած է նաեւ Ղրտեան ընտանիքին կողմէ ստեղծուած հիմնադրամը:

VivaCell-MTS_logotype_high

 

 

Նախորդը

Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Շրջանաւարտներու 29-րդ Հունձքը

Յաջորդը

Մեր Կորուստները. Ոչ Եւս Է Քաղաքագէտ Լեւոն Մելիք Շահնազարեան

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 9, 2025
Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար
Հայրենի Կեանք

Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար

Յուլիս 2, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունիս 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?